Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Սեպտեմբեր 2014
Հայկական Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցն ալ եկաւ եւ… անցաւ, իսկ հիմա հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի 100-րդ տարելիցի դիմաւորումին։
Հայկական Ցեղասպանութեան խայտաբղէտ մարմինները, իրենց կարգախօսներով ու լոզունգներով, գործունէութիւններով ու ծրագիրներով, կը յաւակնին «արժանավայել» շուքով ոգեկոչել զայն, (իբրեւ) նոր «յառաջխաղացք»ի մէջ դնելով անոր հետապնդման երթը։
Անկասկած, այդ բոլորը գնահատելի եւ ողջունելի են, սակայն, երբ շուտով հարիւրամեակի իրողութեան առջեւ գնուելու հեռանկար մը կը պարզուի մեր դիմաց, արդեօք ո՞րքանով տեսակարար կշիռք դառնալու գոհոնակութիւն կու տան մեզի ցարդ կատարուած (ու կատարելի) աշխատանքները։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Սեպտեմբեր 2014
Հայկական Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցն ալ եկաւ եւ… անցաւ, իսկ հիմա հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի 100-րդ տարելիցի դիմաւորումին։
Հայկական Ցեղասպանութեան խայտաբղէտ
Անկասկած, այդ բոլորը գնահատելի եւ ողջունելի են, սակայն, երբ շուտով հարիւրամեակի իրողութեան առջեւ գնուելու հեռանկար մը կը պարզուի մեր դիմաց, արդեօք ո՞րքանով տեսակարար կշիռք դառնալու գոհոնակութիւն կու տան մեզի ցարդ կատարուած (ու կատարելի) աշխատանքները։
Պատասխաններ ունենալու համար, խարխափումներու կարիք չկայ, ոչ ալ՝ մոլորանքներու մէջ իյնալու, այնքան ատեն որ «խօսուն պատկեր»ը ինքզինք պարտադրող է, երբ կը ծանօթանանք այդ ծրագիրներուն կամ ականջալուր կ'ըլլանք գործունէութեանց, որոնք, դժբախտաբար, «դէպի 100 ամեակ»ի արժեւորման մակարդակային տպաւորութիւն ու գոհունակութիւն տալու այնքան ալ յուսադրող կողմեր չունին։
Ականջ պէտք է լսելու, աչք՝ տեսնելու, ժամանակ՝ տրամադրելու, թէ ինչո՞ւ դժգոհողներու ու գանգատողներու ձայները, մերթ բարձրաձայն, մերթ կիսաձայն, մերթ անձայն, քիչ մը ամէն տեղ էին (եւ են), պարզապէս հարցադրելու կամ պահանջելու բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ, «դէպի 100 ամեակ» ընթացող… մակընթաց, յամրընթաց եւ սովորընթաց գործունէութեանց մասին։
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Հայկական Ցեղասպանութեան կեդրոնական վարչութիւններ կազմուած են, հանդէս գալով բաւական շռնդալից յայտարարութիւններով ու գործադրելի նախագիծերով, այն վճռակամութեամբ, որ «դէպի հարիւրամեակ»ը պիտի դառնայ… անկիւնադարձային։
Սակայն, 99-րդ տարելիցը, ինչո՞վ կը տարբերի իր նախորդներէն, իր ընթացիկութենէն եւ կամ՝ «դէպի հարիւրամեակ»ը ինչո՞վ կրնայ «զգայացունց» դառնալ, երբ «մէկ քայլ ոստում» կայ մեր առջեւ… մինչեւ 2015։
Բաց աստի, կարեւոր եւ անխուսափելի մտածում մը, որ բազմաթիւ տարիներ մտահոգած ու չարչրկած պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդը:
Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, հետապնդումը, կազմակերպումը, նշումը, եւայլն, ինչո՞ւ ու մինչեւ ե՞րբ աւանդական տնօրինումներով ու մասնակցութիւններով պիտի ըլլան։
Ճակատային հարցադրում մըն է ասիկա, որմէ կարելի չէ խուսափիլ կամ մնայուն կերպով մատներու ետին պահուըտիլ, որովհետեւ «որդեգրուած» ձեւը այլեւս ոչ միայն ժամանակավրէպ է, այլեւ՝ անհանդուրժելի ու վտանգաւոր, միանգամա՛յն։
Հայութեան մեծ մասը, տակաւին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդունման հեւքի մէջ է, ինչ-որ տեղ ալ հատուցման պահանջատիրութեան, առանց անդրադառնալու, թէ ատոնք ամրացնելու ու հզօրացնելու համար, անհրաժեշտ է աւելի ազդու միջոցներու դիմել։
Սակայն, հասնելու համար այդ արդիւնքներուն, ի՞նչ կարելիութիւններ կան, աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ ծրագրուած են, ի՞նչ նախաձեռնութիւններ իրագործելու հիմքեր նկատի առնուած են եւ ի՞նչ սկզբունքներ որդեգրուած են։
Առաջին հարցումը, որ կը ծագի (ու պէտք է ծագի) մեր մտքին մէջ ու պէտք է դառնայ համատարած մտահոգութիւն, հրամայականութի՛ւն, հետեւեալն է:
Ունի՞նք ցեղասպանագէտներ, որոնք ա՛յդ մասնագիտութեամբ ու բովանդակութեամբ լաւագոյնս կրնան Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգայնացումը ապահովել՝ իր շօշափելի ու կիրարկելի գործընթացով։
Ունի՞նք օրէնսգէտներ, որոնք միջազգային հիմունքներով ու սկզբունքներով, կրնան Հայկական Ցեղասպանութեան թղթածրարը շրջանառութեան մէջ դնել, համապատասխան ցեղասպանական կառոյցներու եւ ատեաններու առաջ։
Պատասխանները թէեւ թափանցիկ ու յստակ են, սակայն, պահ մը ենթադրենք, որ անոնք կան ու կը գործեն, արդեօք մտորելի չէ՞ թէ անոնք միացեալ-հաւաքական ո՞ր հովանիին տակ են կամ ո՞րուն հովանոցին տակ կը գտնուին։
Չկա՛յ այդպիսի մարմին մը, հակառակ անոր հրատապ-պահանջքին՝ Համասփիւռքեան համագումարի մը, մինչ հոս ու հոն կազմուած Հայկական Ցեղասպանութեան կեդրոնական վարչութիւնները, նախ՝ ժամանակաւոր եւ պարագայական են, ապա՝ անոնք բաղկացած ըլլալով հատուածական ներկայացուցիչներէ, իրենց մէջ կը բացակային պատմագէտները, օրէնսգէտները, իրաւագէտները, քաղաքագէտները, փորձագէտները։
Եթէ այս է չոր պատկերը, ինքնին հարց չէ՞, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգայնացումը, ժողովրդականացումը ու համապարփակումը ինչպէ՞ս կրնայ նոր թռիչքներու ենթարկուիլ ու նոր հորիզոններու առջեւ բացուիլ։
Յուշագի՞ր պատրաստելով, հանրահաւա՞ք կազմակերպելով, շքե՞րթ առաջնորդելով, դասախօսութիւննե՞ր ձեռնարկելով, հանդիսութիւններու՞ նշումով, յայտարարութիւննե՞ր հրատարակելով, բացառիկնե՞ր լոյսին բերելով, որոնք, բոլոր պարագաներուն, օգտակար ու նպաստաւոր ըլլալով, որոշապէ՛ս, այդ ծիրէն դուրս գալու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին, միջազգային ու համաշխարհային ոլորտները դարձնելով հիմնական գործադաշտը։
Այս առումով, հայութեան որոշ շրջանակներու մօտ, սկսած է ձեւաւորուիլ (եւ արդէն գործադրուիլ) վտանգաւոր մտածում մը, որ տագնապեցուցիչ ըլլալու ու դառնալու նախանշաններ ալ ունի. ատիկա՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ ստեղծելու ու թուրքերու հետ կապեր հաստատելու փորձութիւններն են։
Այդ մերձեցումներուն հակառակելու որեւէ միտում կամ դիտաւորում չկայ, պէտք չէ ըլլայ, ՊԱՅՄԱՆԱՒ ՈՐ, սակայն, ատոնք ուսումնասիրուած ու հիմնաւորուած ըլլան, որովհետեւ խակ փորձութիւնները կ'առաջնորդեն ձախաւերութիւններու, պատեհապաշտութիւնները՝ խաղքութիւններու, շուտիկութիւնները՝ արկածախնդրութիւններու, իսկ թուրքերը այդ բոլորին «վարպետ»ներն են, գիտեն դիմացի կողմերուն լարերուն հետ խաղալ եւ, ըստ այնմ, վերաբերուիլ անոնց հետ։
Յիշենք՝ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը, «փրոթոքոլային համաձայնութիւնները», Կիւլ-Էրտողան-տաւուտօղու-ի շնական յայտարարութիւնները (ներողութիւն, այցելութիւն, հիւրընկալութիւն, եւայլն), որոնք բոլորն ալ կը բխին միակողմանի ու պայմանական շահերէ եւ յաչս աշխարհին ներկայանալու… «ոչխար»ի մորթով։
Այս կեղծ մերձեցումներէն պէտք է զգուշանալ, խուսափի՛լ, մանաւանդ ա՛յս հանգրուանին, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակը մօտալուտ է, իսկ Անգարայի վարիչները արդէն խոստացած են «անակնկալ»ներ մատուցանել, որոնք կրնան անբաղձալի հետեւանքներ ունենալ։
Մեր աչքին առջեւ է հալէպահայութեան ու մասնաւորաբար քեսապահայութեան ցաւալի վիճակը, որ ստորնամիտ ու դաւադրական յարձակումի ենթարկուելով, թալանուեցաւ ու պարպուեցաւ, որովհետեւ ատիկա, ամենայն հաւանականութեամբ, թրքաբարոյ վերանորոգ «պատասխան» մըն է խաղաղ քեսապահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան։
Հետեւաբար, ո՛չ ոքի իրաւունք տրուած է անհեռատես եւ կարճատես, անձնասէր եւ եսասէր մօտեցումներով վերաբերուիլ թուրքիա-թուրքեր գործօններուն հետ, այնքան ատեն որ նենգամիտը, չարամիտը ու կասկածամիտը կը շահագործէ այդ բոլորը իր սատանայական ծրագիրներուն ի սպաս։
Մեր ակնարկութիւնը ընդհանուրին ուղղուած ըլլալով հանդերձ, առաջին հերթին ուղղուած է լիբանանահայութեան, որ որդեգրելու է չափազանց զգուշաւոր քաղաքական ուղեգիծ մը, որպէսզի որեւէ կողմ իր ազգային հրապարակը չօգտագործէ, ոչ ալ զինք թիրախ դարձնէ։