Հրաչ Թուրիկեան, Թորոնթօ, 18 Փետրուար 2016
Համաձայնելով հանդերձ Keghart.com-ի ընթերցողներէն Հրաչ Թուրիկեանի կարգ մը մատնանշումներուն՝ մտավախութիւն կը յայտնենք հեղինակի հայրենի հանրապեութեան վերնախաւի կապակցութեամբ դրսեւորած անվերապահ զօրակցութեան նկատմամբ: – Խմբ.
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, սփիւռքահայութեան որոշ հատուածներու կողմէ՝ յոռի, ոչ կառուցողական, նոյնիսկ ազգավնաս դիրքորոշում մը որդեգրուեցաւ հայրենի վարչակարգին եւ իշխանաւորներուն նկատմամբ:
Այս ոչ-շինիչ կեցուածքը շարունակուեցաւ ամբողջ եօթանասուն տարիներ, մինչեւ Սովետական միութեան փլուզումը:
Ներկայիս, ազատ եւ անկախ Հայաստանի 25 ամեայ յաջող երթով սպասելի էր, որ սփիւռքահայութիւնը մէկ մարդու նման թիկունք կանգնէր հայրենի իշխանութեանց եւ վերնախաւին:

Դժբաղդաբար այդպէս չեղաւ: Երրորդ հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր, Հայաստանի նախագահին, կառավարութեան անդամներուն եւ ընդհանրապէս իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակցականներուն նկատմամբ աննախընթաց ցեխարձակում մը ընթացքի մէջ է մանկամիտ, տղայական եւ փողոցայիններու յատուկ արտայայտութիւններով:
Սփիւռքահայեր, ձայնակցելով Հայաստանի քաղաքացիներու, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներով հակադրուած են իշխանութեան, իրենց ստեղծած անտեղի պայքարով միայն վնաս կը հասցնեն հայրենիքին, ի շահ՝ թշնամիներուն:
Երկրին մէջ ընդիմադիր ուժը անհրաժեշտութիւն է, իսկ եթէ գոյութիւն չունի պէտք է ստեղծել զայն: Ընդիմադրութիւն մը, որու մատնանշումները եւ քննադատութիւնները ըլլան դիպուկ, շինիչ եւ հայրենիքին համար շահաբեր:
Ժողովրդավարական կարգեր, ամէն գնով էական են Հայաստանի համար, սակայն ժողովրդավարութեան պահանջքի պատրուակով հայրենիքի քանդումը անընդունելի է: Երանի, հազար երանի սփիւռքահայեր իսկական ժողովրադավարութեան հետապնդման ճիգին մէջ, աշխատանք եւ ճիգ չխնայէին իրենց ապրած երկիրներուն մէջ այդ կարգերը հաստատելու համար:
Քառորդ դարու նորաստեղծ մեր հանրապետութիւնը վստահաբար երկար ճամբայ ունի կտրելիք հասնելու համար ժողովրդավարութեան փափաքելի բարձրութեան: Իսկ, հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, այսպէս կոչուած ժողովրդավար արեւմտեան երկիրներ տակաւին շա՜տ հեռու են իտէալական ըլլալէ:
Իսկ, ինչպէս բացատրել Հայաստանի մէջ այսպէս կոչուած ընդիմութեան կողմէ անտեսումը եւ լռումը բանակաշինութեան, պետականաշինութեան, կառոյցներու ակնյայտ վերելքին նկատմամբ: Ովքե՞ր, եթէ ոչ հանրապետութեան նախագահները, պետական այրերը իրենց տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքով ստեղծած են հզօր բանակ, առողջ տնտեսական կառոյցներ, յաջող դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ յարգանք Հայաստանի հանդէպ:
Զգոյշ, ով սփիւռքահայեր: Ներկայ աշխարհաքաղաքական ծանր այս օրերուն, ամուր պահեցէք ազատամարտիկներու արեամբ առնուած եւ քաջարի զինուորներու կամքով պահպանուած հայրենիքը:
Սփիւռքահայեր, ամբողջութեամբ նուիրուեցէք հայրենիքի վերելքին համար տարուող աշխատանքներուն, թեւ եւ դիկունք կանգնեցէք պետութեան, ձեր հայրենանպաստ ծրագիրներով, գերազանցեցէք զիրար ձեր առաւելագոյնը տալով ներկայ բարգաւաճ եւ ապագայի հզօր հայրենիքին համար:
Կեցցեն հայրենի արժանաւոր պետական այրերը,
Կեցցէ՝ յաւերժական Հայաստանը: