Զէյթունցի Թագաճեան Գերդաստանը (1895 – 2010)

Համօ Մոսկոֆեան,Պէյրութ, Լիբանան, 15 Փետրուար 2010

Հայ Եկեղեցւոյ, Ժողովուրդին ու Մշակոյթին Ծառայութեան Մէջ
«Որոշուած էր որ թուրք զինուորներ իրենց զէնքերը պիտի թողէին զօրանոցը եւ առանց զէնքի դուրս պիտի գային: Դռան առջեւ ձիուս վրայ կեցած, սուրս մերկացուցած եւ բարձրացուցած, կուրծքէս ալ խաչը կախուած, զօրքերը մէկիկ-մէկիկ անցան սուրիս տակէն, խոնարհութիւն ընելով խաչին… :

Համօ Մոսկոֆեան,Պէյրութ, Լիբանան, 15 Փետրուար 2010

Հայ Եկեղեցւոյ, Ժողովուրդին ու Մշակոյթին Ծառայութեան Մէջ
«Որոշուած էր որ թուրք զինուորներ իրենց զէնքերը պիտի թողէին զօրանոցը եւ առանց զէնքի դուրս պիտի գային: Դռան առջեւ ձիուս վրայ կեցած, սուրս մերկացուցած եւ բարձրացուցած, կուրծքէս ալ խաչը կախուած, զօրքերը մէկիկ-մէկիկ անցան սուրիս տակէն, խոնարհութիւն ընելով խաչին… :

 
Ասկէ մտադրեցի Սիս եւ Ատանա իջնել, բոլոր Կիլիկիան ոտքի հանել եւ ազատել զայն թուրքերու իշխանութենէն: Զէյթունի իշխանները համաձայն չգտնուեցան, չափազանց յախուռն տեսան այդ ծրագիրը, ըսելով որ խոհեմութիւն պիտի չըլլայ մեզի համար հեռանալ մեր ամուր լեռներէն եւ մեր ուժերը բաժնել: Այս փառաւոր յաջողութիւնները սակայն, ինծի մեծ քաջալերութիւն մը եղած էին: Թուրքերը անունս լսելով լեղապատառ կը փախչէին, երբ լուր առնէին թէ Տէլի վարդապետը կու գայ զիրենք ջարդելու… եւ իրաւ ալ թշնամին չկրցաւ Զէյթուն մտնել, մինչեւ որ մեր եւ իրենց միջեւ հաշտութիւն կնքուեցաւ»:

Վերոյիշեալ վկայութիւնը կը պատկանի Զէյթունի 1895-96 թթ. ապստամբութեան հերոս Բարթուղիմէոս Ծ. Վարդապետ Թագաճեանին:

Բարթուղիմէոս ծայրագոյն վարդապետին քաջագործութիւնները դրոշմուած են Արծուեբոյնի թէ Կիլիկիոյ ամէն հայու սիրտին մէջ: Իր լուսանկարը, հանգուցեալ հօրեղբօրս՝ Յովհաննէս Մոսկոֆեանին հետ, Երուսաղէմի Սրբ. Յակոբայ վանքին մէջ, անցեալ դարու 30ական թուականներուն՝ առաջին ծանօթութիւնս էր Տաւրոսեան լեռներու այդ առիւծին հետ: Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին աննկուն պաշտպանը, Թագաճեան ընտանիքին ամէնէն հռչակաւոր դէմքը, երբեք չի՛ լքեց իր ժողովուրդը, անոր հետ վայելելով յաղթանակներն ու հերոսապատումները եւ հայ ապաշնորհ ղեկավարներու պատճառով տեղի ունեցած տարագրութեան ու Եղեռնի տառապանքներուն դառն փորձութիւնները:

Իր շառաւիղները, որպէս մեր ընտանիքին բարեկամները, երկար տարիներ կ՝ապրէին Լեռնալիբանանի Ալէյ քաղաքին չքնաղ մէկ անկիւնին մէջ կառուցուած ՙտոհմական՚ բնակարանին մէջ: Այնտեղ էր նաեւ Բարթուղիմէոս հայր սուրբին օրհնեալ սուրն ու վեղարը՝ որոնք դժբախտաբար անհետ կորսուեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի արիւնալի տարիներուն: Այնտեղ է որ ճանչցայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան հաւատաւոր անդամ եւ գործիչ, գրող ու մտաւորական Սուքիաս Թագաճեանը, որ իր հայրենակից զէյթունցիներու նման ուսանած էր Երուսաղէմի ժառանգաւորացին մէջ, Մեծն Բարթուղիմէոս Ծ. Վարդապետի հովանիին ներքոյ:

Սուքիաս Թագաճեանի բնակարանը այդ տարիներուն Հայաստան էր, ամսագիրներով, գիրքերով, նկարներով ու ձայնապնակներով: Հայրենասիրութեան տիպար, ազնիւ գրող ու մտաւորական, բազմաթիւ գեղարուեստական հանդիսութիւններու կազմակերպիչ, բարերար եւ հոգաբարձու Ալէյի Գ. Չաթալպաշեան վարժարանի: Դժբախտաբար, Լիբանանի այդ տարիներու դժոխքը ստիպեց իրեն եւ ընտանիքին տեղափոխուելու Միացեալ Նահանգներ, ուր հայրենիքի եւ Զէյթունի կարօտը սրտին մէջ հեռացաւ այս անցողիկ կեանքէն:

Սուքիաս Թագաճեան կը պատգամէր «Մեր կեանքին նպատակն է որպէս տարագրեալ զէյթունցիներ եւ հայրենասէրներ՝ վերադառնալ ու տէ՛ր կանգնիլ մեր պապենական հողերուն եւ հերոսական անցեալին»:

Թագաճեան գերդաստանի բազմատաղանդ շառաւիղ, քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանին հետ, ՙճակատագրի բերումով՚ բոլորովին վերջերս ծանօթացայ իր հիանալի ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն: Համա-լիբանանեան եւ միջազգային համբաւի ու յարգանքի արժանացած այս արուեստագէտին քանդակներուն եւ արձաններուն ընդմէջէն, կարելի է տեսնել զէյթունցիի ըմբոստ ոգին՝ ընդդէմ մարդկային անարդարութեանց, պատերազմներու, տառապանքներու, եւ կո՛չ խաղաղութեան ու գեղեցիկ, ստեղծագործ կեանքի:*

Վստահ ենք, որ այս արժանաւոր գերդաստանին նոր զաւակներն ու սերունդը՝պիտի շարունակէ փառաւոր անցեալի բարի աւանդոյթները:

 

1 comment
  1. Молодец

    Молодец КЕГАРД  за статьи на армянском языке!
    Радует глаза  мастерски написанная история  АМОМОСКОВЯНОМ.

    Успеха ему. 
          
    С уважением :
    Асламазян А.К.

Comments are closed.

You May Also Like