Զէնք Ղրկող Հոլանտը և Համակերպո՞ղ Սարգսեանը

Եւ Կամ՝ Թրքական-Ազերիական Վարձկաններու Թափանցումը

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 22 Նոյեմբեր 2012

Ֆրանսայի նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, փոխանակ ըլլալու իսկակա՛ն նորարարական եւ անաչառական, շուտով ցոյց տուաւ իր խաւարամտական եւ կողմնակալական դիմագիծը, երբ միջին-արեւելեան հետզհետէ սրող տագնապներուն նկատմամբ  որդեգրեց անհաշտ եւ անյարիր ուղեգիծ մը:

Հարցը կ’առնչուի սուրիական փշոտ թղթածրարին, որուն անփառունակութեան յամեցումին մէջ, ամերիկեան-իսրայէլեան յանցագործութիւններէն աւելի, Ֆրանսան եղաւ (դարձաւ) “կատղած ցուլ”ը, իր քաղաքակրթութեան, ժողովրդավարութեան ու մարդասիրութեան յաւակնոտութեան հակառակ ուղղութեամբ գործելով:

Եւ Կամ՝ Թրքական-Ազերիական Վարձկաններու Թափանցումը

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 22 Նոյեմբեր 2012

Ֆրանսայի նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, փոխանակ ըլլալու իսկակա՛ն նորարարական եւ անաչառական, շուտով ցոյց տուաւ իր խաւարամտական եւ կողմնակալական դիմագիծը, երբ միջին-արեւելեան հետզհետէ սրող տագնապներուն նկատմամբ  որդեգրեց անհաշտ եւ անյարիր ուղեգիծ մը:

Հարցը կ’առնչուի սուրիական փշոտ թղթածրարին, որուն անփառունակութեան յամեցումին մէջ, ամերիկեան-իսրայէլեան յանցագործութիւններէն աւելի, Ֆրանսան եղաւ (դարձաւ) “կատղած ցուլ”ը, իր քաղաքակրթութեան, ժողովրդավարութեան ու մարդասիրութեան յաւակնոտութեան հակառակ ուղղութեամբ գործելով:

Ֆրանսական գործող իշխանութիւնները իրենց նախորդներուն (Շիրաք-Սարքոզի) տխրահռչակ արեւելումը գերազանցեցին, երբ՝ խիստ անպատկառօրէն, հանուր աշխարհին յայտարարեցին, թէ զէնք-զինամթերք եւ զինկռուող-զինմարզիչ կը ղրկեն Սուրիա, զայն… ազատագրելու ու փրկելու համար:

Հոլանտ(իկ)ին  յիշողութիւնը այդքա՞ն խամրած է, որ մոռցած է իրաքեան (կամ լիպիական) ողբերգութիւնը, երբ Ամերիկան ներխուժեց եւ աւերեց զայն, սին ու փուճ պատրուակներով (որոնք յետագային եւ այժմ յայտնի դարձան), իսկ այսօր, ինք կը գտնուի այդ թշուառական արկածախնդրութիեան մէջ, սակայն, յանուն ինչի՞ եւ որո՞ւ, ֆրանսական վարչակարգի՞ն հզօրութեան, թէ՞ արդարադատութեան:

Դժուար թէ՝ որեւէ դրական հաստատում մը կարելի է կատարել ի նպաստ նորօրեայ Ֆրանսային առաջնորդութեան, պարզապէս անոր համար, որ ա՛յս Ֆրանսան, ո՛չ մէկ ձեւով կրցաւ “տագնապոտ” հարցերուն մէջ գտնել իր անխտրական տեղը, ոչինչով կրցաւ իր համամարդկային կարգախօսներու հարազատութեամբ հանդէս գալ:

Գաղութարարութեան  “վերանորոգ” տրամաբանութեամբ կը գործէ նորօրեայ Ֆրանսան, երբ արաբական աշխարհը կը փորձէ նուաճել, աններելիօրէն հաւասարելով ամերիկեան-սիոնական առանցքին:

Արտառոց չէ՞, որ հազիւ երկու ամսուան նախագահ մը, կը շարունակէ Սուրիան դարպասել, իր կարճատես ու նեղմիտ հաշիւներով, մոռնալով Ֆրանսայէ մը ակնկալուած պարկեշտութեան սահմանները յարգելու չափանիշները:

Ինչո՞վ բացատրել, ապօրինի միջոցներով կամ ՙմարդասիրական կամուրջ՚ներու անունով, պատերազմիկութեան թափ տալու Ֆրանսայի ձաբռտուքները, որոնք ոչինչով կը տարբերին թրքական դատապարտելի միջամտութիւններէն, նոյնինքն Սուրիոյ մէջ:

Ֆրանսական վարչակազմային պատասխանատուներն ու փորձագէտները, որոնք այնքա՜ն նախանձախնդիր են սուրիացի ժողովուրդին ապահովութենէն եւ անվտանգութենէն, ինչո՞ւ չեն խօսիր ոչ-սուրիացի վարձականներուն մասին, որոնք “ողողած” են սուրիական դաշտը, միայն կոտորելու, քանդելու, զաւթելու ու թալանելու նպատակներով:

Նոյները ինչո՞ւ չեն տեսներ թուրք-ազերի վոհմակներու ներկայութիւնը, օրինակի համար, Հալէպի մէջ, ուր զբաղած են միայն ու միայն “հրահանգ”ները գործադրելու անոնց, որոնք Սուրիան կ‘ուզեն անդամալուծել, եղծանել:

Ի՜նչ դատարկապորտութեան ցուցանիշ, թէ Սուրիան բռնատիրութենէն կը ձերբազատուի, յար եւ նման այն տխմար բացատրութեան, որ (իբր թէ) տեղի ունեցաւ Իրաքի մէջ, որուն “զոհ”ը այսօր Հոլանտն եւ ընկերքն են, երբ կը կարծեն Սուրիան առաջնորդել դէպի (ան)խաղաղութիւն, (ան)ապահովութիւն եւ (ան)կայունութիւն:

Ֆրանսայի համար, որոշապէ՛ս, ամենէն վարկաբեկիչն ու նոյնիսկ ստորնացուցիչը պէտք է ըլլայ, երբ տարօրինակութիւններու-տարօրինակութիւններով, որոնք ոչ մէկ ձեւով ըմբռնելի են, սուրիական “արտասահմանեան կառավարութեան” մը ներկայացուցիչ մը (դեսպա՞ն) կ‘ընդունուի Փարիզի մէջ: Բայց, ի՞նչ ըսելու, ի՞նչ ընելու եւ զո՜վ համոզելու համար: (Ի դէպ, Ֆրանսայի “Էլիզէ”ական նախագահական պալատի կարգուսարքին մէջ, բացառուած է անպետական եւ անկառավարական անձնաւորութիւններու մուտքը, ուստի, ուրկէ՜-ո՜ւր, Պրն. Հոլանտը կ‘ոտնակոխէ այդ աւանդութիւնը, խախտելով զայն եւ ընդունելով նման անիրաւական պատուիրակութիւն մը, կարծելով թէ, այդ ձեւով “աշխարհաքաղաքական յառաջդիմական” քայլ մը կ‘առնէ…):

Հոլանտը, ինչ խօսք, “հոլ” դերի մէջ է, որովհետեւ, մէկ կողմէն՝ զէնք կը ղրկէ Սուրիա, միւս կողմէն՝ առիթ կու տայ սուրիացի սպաննելու. ինչո՞ւ, որովհետեւ կ‘ուզէ (եղե՜ր) իշխանափոխութիւն կատարել (տեսնե՞լ):

Այս արագ թուումները ունեցանք, մանաւանդ՝ ի լուր Հայաստանի ու Ֆրանսայի նախագահներուն գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 12 Նոյեմբեր 2012ին, Փարիզի մէջ:

Պիտի չխօսինք այդ գագաթաժողովին կարեւորութեան եւ անոր բերած ու բերելիք հետեւանքներուն մասին, որոնք կրնան շինիչ ըլլալ, բայց, երբ կը լսենք ու կը կարդանք, թէ երկու կողմերը կը գովերգեն զոյգ ժողովուրդներու բարեկամական կապերը ու փոխադարձ ներգործութիւնները, հո’ս, անխուսափելի կը դառնան հետեւեալ հարցումները.

ա. Պրն. նախագահ Ֆրանսայի հանրապետութեան, դուք՝ որ հայ ժողովուրդը շատ կը սիրէք ու կը յարգէք (գոնէ այդպէ՞ս պէտք է հասկնանք), ինչպէ՞ս կը բացատրէք կամ կ‘արդարացնէք, թուրք-ազերի ահաբեկիչներու հալէպեան թաղամասերէն եւ արուարձաններէն ներս ներկայութիւնը, ընդհուպ… հայկական:

բ. Պրն. Նախագահ Հայաստանի հանրապետութեան, դուք՝ որ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչն էք, պետական թէ ազգային տեսանկիւններէն դիտուած, արդեօք ըսի՞ք (թէ չըսի՞ք) Պրն. Հոլանտին, որ սուրիական տագնապին մէջ, ի՞նչ գործ ունին թուրք-ազերի վարձկանները, որոնք կը հասնին ու հասած են մինչեւ հայկական շրջաններ…:

Չէ՞ որ Պրն. Հոլանտը գոհ է Ֆրանսայի մէջ ապրող շուրջ հինգ հարիւր հազար ֆրանսահպատակ հայերու կառուցողական ներկայութենէն:

Չէ՞ որ Պրն. Սարգսեանը հպարտ է իր հայրենակիցներուն բարացուցական գործունէութիւններէն ֆրանսական բազմակողմ կեանքին մէջ:

Երկուքն ալ իրաւունք ունին, որովհետեւ ատոնք անհերքելի ճշմարտութիւններ են:

Այդուհանդերձ, երբ հալէպահայութիւնը (նաեւ հալէպցիներ) թիրախ կը դառնան օսմանական-թաթարական դաժանութիւններու, վկայութեամբը օտար լրատու աղբիւրներու, նոյն մարդասէ՜ր ֆրանսական զէնքերու առաքումով, Հայաստանի նախագահը, գէթ փափկանկատօրէն, հարցապնդում չկատարե՞ց, թէ՞ մնաց փրոթոքոլային նազուտուզերու մէջ, որոնցմէ շա՜տ կ‘ախորժին ֆրանսացիք:

Սփիւռքահայութեան ամենէն աւանդական, հարուստ ու հայադրոշմ գաղութը կ‘ենթարկուի անագորոյն ճակատագիրի, որուն մէջ, իրենց բարբարոսական թաթը ունին նաեւ թրքական-ազերիական ճիւաղներ, իսկ հայկական կողմը, իր պետական աւագանիով, “սիրալիր վերաբերմունք” կ‘ունենայ ֆրանսական իշխանութեանց հետ… ծպտուն չհանելով:

Եթէ հակառակը փաստող իրողութիւն կայ կամ՝ մետալին միւս երեսը, թէկուզ դիւանագիտական նուրբ-սուր ու սուր-նուրբ դիտողութիւններով, լաւ կ‘ըլլայ նոյն ճկունութեամբ տեղեակ պահել մասնաւորաբար հայութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ աշխարհը:

 

Ւ՞նչ Տեսակ Սփիւռք Կ'ուզուի. Ինքնակուր Թէ՞ … Խնկարկու

Պէյրութ, 19 Նոյեմբեր 2012

Հաւատացած պէտք է ըլլալ, որ վերոյիշեալ հարցում-խորհրդածութիւնը իւրաքանչիւր հայու, բայց մանաւանդ սփիւռքահայու մտահոգէ՛, տագնապեցնէ՛, այն աստիճան որ անիկա հրատապ եւ անխուսափելի է, միանգամայն:

Ներկայ իրավիճակը ոչ միայն այլընտրանք չի ձգեր, այլ կը պարտադրէ այս առընչութեամբ բացատրութիւններ ունենալու կամ տալու, պատասխաններ ստանալու կամ ուզելու, այնքան ատեն որ գոյատեւման հրամայականները այդ կը պահանջեն:

Իսկ ո՞վ կրնայ ըլլալ անիկա կամ ո՞վքեր կրնան ըլլալ հեղինակները, բացի անոնցմէ, որոնք կ'ապրին մղձաւանջը ազգային մեր ցաւերուն, որոնք չեն կրնար անտարբերութիւն խաղալ եւ կամ՝ ի վիճակի չեն համակերպելու յամեցող լճացումներուն:

Սփիւռքը սկսած է “մեծնալ”, Հայաստանը՝ “փոքրանալ”, առաջինը՝ իր տարտղնալու տարողութեամբ, իսկ երկրորդը՝ իր պարպուելու հայաթափութեամբ, իրողութիւններ՝ որոնք ցնցիչ դառնալու չափ սուր ու հատու են, այլեւ՝ զգաստանալու չափ նշդրակային ու կայծակնային:

Սփիւռքը, որ անցած է բազում փորձութիւններէ, դիմագրաւած՝ տարաբնոյթ մարտահրաւէրներ, դէմ յանդիման գտնուած՝ զանազան վտանգներու, այսօր, բոլորովին տարբեր խաղաթուղթեր զինք կը հետապնդեն, մերթ անկիւնաւորուելու, մերթ աքցանուելու ստիպողականութեամբ:

Արդ, եթէ Հայաստանի պետութիւնը իր ժողովուրդին հետ խօսելու դժուարութիւն ունի, քանի անոր մեծ մասը անվստահութիւն ունի իր նկատմամբ, ապա, սփիւռքահայ ղեկավարութիւնը եւս իր “հօտ”երուն հետ խօսելու խնդիր ունի, քանի անոր մեծ մասը թերահաւատութիւն ունի անոր նկատմամբ:

Աւելին՝ ի տես այս “գործող” ճշարտութեան, Հայաստանը իրաւունք ունի՞ Սփիւռքին նկատմամբ տածելու “ստրկացնելու” քաղաքականութիւն, իսկ այս վերջինը գտնուի “ստրկացած” վիճակի մը մէջ:

Անշուշտ, երբ կը խօսինք վերոյիշեալ վերաբերմունքներուն մասին, մեր ակնարկութիւնը կ’երթայ հայաստանեան-սփիւռքեան այն առընչութիւններուն, որոնք անհաշտ արժեչափերով կ’ընթանան կամ կը բնորոշուին, երբ փոխադարձ կապերը հիմնուած կըլլան, մեղմ ըսած, “սիրողական-արուեստական” մակարդակներու վրայ:

Այն բոլոր համագումարները կամ համաժողովները, խորհրդաժողովները կամ խորհրդահաւաքները, որոնք տեղի ունեցան ու կ’ունենան նաեւ սփիւռքահայ համապատասխան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, դժբախտաբար, դարձած են “պարգեւատրումներու փառատօններ”, յաճախ նախագահականէն, նախարարականէն մինչեւ կազմակերպողականը:

Ոմանք, թերեւս, այդ բոլորին մէջ չտեսնեն տարօրինակութիւն, հաւանաբար ալ ճիշդ հակառակը՝ դրականութիւն, այո՛, եթէ նախաձեռնող կողմը ըլլայ արդարաբաշխ, իսկ դիմացի կողմը՝ արժանաւոր:

Բնական է, երբեմն պարգեւատրողն ալ, պարգեւատրուողն ալ կրնան ըլլալ, փոխադարձաբար, անաչառ եւ արժանի, սակայն, երբ այդ արարողութիւնները կ’ըլլան միջնորդական փսփսուքներով եւ ցուցադրական դերերով, հոս է որ կը խախտին չափանիշները՝ Հայաստան-Սփիւռք նժարներու վրայ, մինչդեռ պահանջուածը կամ փնտռուածը երբեք այդ չէ ու չէ եղած, պարզապէս անոր համար որ ատոնք որեւէ ձեւով չեն ծառայեր ոեւէ մէկուն:

Ոչ ոք այն մանկամտութիւնը թող ունենայ, որ նման վարկածներ կամ օրինակներ չկան, երբ ԳԷԹ անցնող հինգ տարիներուն, հայրենիքի թէ Սփիւռքի կողմէ արձանագրուեցան “ջրիկ”ութեան բազմաթիւ պարագաներ:

Բայց, միա՞յն այս անհանդուրժելիութիւնն է, որ կայ Հայաստան-Սփիւռք բեւեռներուն վրայ, ի հարկէ՝ ո՛չ, որովհետեւ երբ օրինաչափութիւնները կը խարխլին, միջակութիւնները կ’ընդհանրանան կամ անշնորհները կը բազմանան, կը նշանակէ թէ՝ կա՛յ հիւանդկախ վիճակ մը, որ, առնուազն, ահազանգային է:

Ցաւալի է, որ այն տպաւորութիւնը սկսուած է տարածուիլ, թէ “գնահատողի ու գնահատուող”ի ախտային հոգեբանութիւն մը կայ, որուն մէջ կը գտնուին բոլոր անոնք, որոնք նեղ եւ ներանձնական շահեր կը հետապնդեն:

Հայրենասիրական եւ հայասիրական հասկացողութիւնները եւս սկսուած են ձեւափոխուիլ՝ իրենց գործնականութեան ու մտածողութեան բովանդակութիւններով, քանի հաշուենկատութիւնը սկսած է ենթահող շահիլ:

Հայաստանը պէտք չէ այն գոհունակութիւնը ունենայ, թէ Սփիւռքը կամ սփիւռքահայը կարեւորելու համար, լաւագոյն միջոցը միշտ զայն “պատուասիրել”ն է, մանաւանդ անտեղի, անիմաստ եւ անյարիր տնօրինումներով:

Այդ վերաբերմունքները, մեր կարծիքով, շատ յաճախ ճիշդ հակառակ արդիւնքը կու տան(եւ տուած են), նկատի ունենալով որ՝ ատոնք Հայաստանի պատկան կողմերուն համար, ինչ-որ տեղ վարկաբեկման համազօր սկսած են դառնալ, յատկապէս երբ անոնք կու գան պետական-պատասխանատու աղբիւրներէ:

Աւելի քան ընդգծելի է, որ Հայաստան կը շարունակէ Սփիւռքը եւ սփիւռքահայը “դարպասել”, տեղ մը իրաւացիօրէն, ուրիշ տեղ մը՝ անիրաւացիօրէն, “թացը չորին հետ այրելու” գնով:

Այս մատնանշումներէն ետք, հարցո՛ւմը.

Ի՞նչ տեսակ Սփիւռք կ’ուզուի կամ կը փնտռուի. ինքնակուռ թէ՞… խնկարկու:

Գիտակցաբար հարցը այս սրութեամբ կը դնենք, բայց, չենք կրնար ալ այլ որակումով արտայայտուիլ, որովհետեւ, այն ինչի ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլանք, հոս թէ հոն, ուրիշ բան չի յուշեր:

Սփիւռքի ինքնակուռութիւնը, առանց կտրուելու իր հարազատ պորտ՝ Հայաստանէն, պէտք է կ’առուցուի իր ինքնութեան հզօրացումին եւ արժանապատուութեան պահպանումին վրայ, մինչ խնկարկութիւնը զինք կ’այլափոխէ, կը զրկէ իր արմատներէն:

Հայրենի իշխանութիւնները, հակառակ իրենց բարեացակամութեան ու նախանձախնդրութեան, իրենց հերթին, պէտք է գիտնան յարգել այդ նուիրականութիւնները, առանց իյնալու չափազանցութիւններու ու հաճոյակատարութիւններու մէջ:

 

 

1 comment
  1. Yerp, Aysbess Gochvads Mer

    Yerp, aysbess gochvads mer lrakroghneruh, bidi kdnvin irents isgagan terin mech? Aysinkn,

    1. Pokhanag lradevagan-verloudsagan midk zarkatsenogh keroutunnerov hantess kalou, tatrin zgatsagan yev voch meg tsevov joghovourti kaghakagan midki magartaguh partsratsenogh ardahaydoutunner kordsadseleh? Orinag, Fransayee  hastseyeen oughvads "gardjades","neghmid","dkhmar","tadargabord" pareruh

    2. Mer norelloug krogh-herosneruh tatrin kidtsads-chekidtsads, Hayasdani ishkhanoutunneruh, masnavorapar nakhakahuh, (antsyalin, LDB, Kocharian, isg nergayis Sarkissian) knnatadeleh.

    3. Yev verchabes, kren voch te krelou sirouyn.

Comments are closed.

You May Also Like