ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ` ՀԱՃԸՆԻ ԵՒ ՀԱՃԸՆՑԻԻ ՄԸ
ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Զուիցերիա, 19 Հոկտեմբեր 2014
Վերջերս ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնելու ծրագրով կը թղթատէի զուիցերիացի հայասէրներու նախաձեռնութեամբ 1916-1944 թուականներու ընթացքին Պազէլի մէջ հրատարակուած “Mitteilungen über Armenien – Տեղեկութիւններ Հայաստանի Մասին” անունը կրող պարբերաթերթը: Ինչպէս թերթին անունն արդէն կը յուշէ, զուիցերիացի հայասէրները սոյն հրատարակութեան միջոցով աշխատած են ջերմ պահել զուիցերիացի ժողովուրդին մարդասիրական զգացումները օսմանեան բռնատիրութեան տակ հեծող հայութեան նկատմամբ, հաղորդելով հաւաստի տեղեկութիւններ ժամանակի տխուր անցուդարձերուն մասին:
ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ` ՀԱՃԸՆԻ ԵՒ ՀԱՃԸՆՑԻԻ ՄԸ
ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Զուիցերիա, 19 Հոկտեմբեր 2014
Վերջերս ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնելու ծրագրով կը թղթատէի զուիցերիացի հայասէրներու նախաձեռնութեամբ 1916-1944
Թերթը իր սիւնակներուն մէջ պարբերաբար տեղ տուած է նաեւ զուիցերիացի միսիոնարներու կողմէ “Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութեան” փոխանցուած վկայութիւններուն` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին իրագործուող բռնի տեղահանութիւններուն եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Հուսկ ան հետապնդած է գերազանց նպատակ մը` քաջալերել զուիցերիացի բարեգործները յարատեւելու համար իրենց մարդասիրական ներդրումներուն մէջ` ի նպաստ մահուան ճիրաններէն ճողոպրած հայութեան մնա-ցորդացին, Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական ապաստանարան գտած հայութեան վտարանդի եւ որբ զաւակներու գոյատեւման աշխատանքներուն:
Կարգ մը հետաքրքրաշարժ տեղեկագրութիւններու եւ յօդուածներու շարքին, ուշադրութիւնս կեդրոնացաւ կարճ պատմուածքի մը վրայ, որ տպագրուած էր նոյն թերթի 1938 թուականի Մարտ ամսուան 80-րդ թիւին մէջ: Պատմուածքը, որ կը կրէ “Հայուն Աստուածաշունչը” խորագիրը, ինծի համար մասնաւոր կարեւորութիւն կը ստանար ոչ միայն այն հանգամանքով, որ կը ներկայացնէր տոհմիս օրրանը հանդիսացող արծուեբոյն Հաճընի եւ հաճընցիի մը կեանքի պատմութենէն դրուագ մը, այլ նաեւ այն փաստով, որ սոյն պատմուածքը, հոս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` վկայութիւնը, կը հանդիսանար մեզի համար ցարդ անյայտ մնացած գրական-վկայաբանական յուզիչ արգասիքներէն մին զուիցերիացի քաջածանօթ հայասէր Եագոպ Քիւնցլերի (Jakob Künzler):
Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ որբութեան կրակէ շապիկը հագած սերունդի հաւաքական յիշողութեան մէջ դեռ վառ կը մնայ այս մեծ երախտաւորին` Եագոպ Քիւնցլերին անմեռ անունը: Գերմաներէն լեզուով շարադրուած պատմուածքը, որ բուն շարժառիթն է առկայ յօդուածին, թարգմանաբար ներկայացնելէ առաջ, միանգամայն շահեկան պիտի ըլլար այստեղ համառօտ գիծերու մէջ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս մեծ հայասէրին բազմաբովանդակ կեանքին եւ բեղուն գործին:
Եագոպ Քիւնցլեր ծնած է 1871 թուականին Զուիցերիոյ Ափենցել Աուսերհոտեն քանթօնի Հունտվիլ գիւղը: Պատանի տարիքին կը կորսնցնէ հայրը եւ աւելի ուշ` մայրը: Զրկուելով ծնողական գուրգուրանքէ, կը տրուի ազգականներու խնամքին: Դպրոցական տարիներու ընթացքին կը դիմէ տարբեր աշխատանքներու եւ Աարաուի Շթայն քաղաքին մէջ կը սորվի հիւսնութեան արհեստը: Սոյնը սակայն գոհունակութիւն չի տար իր սրտին. հոգեւոր-կրօնական ներքին կոչում մը զինք կը մղէր ծառայական աշխատանքի, կոչում մը, որ պիտի դառնար իր համակ կեանքին գերազանց առաքելութիւնն ու բովանդակութիւնը: Անսալով այս խորունկ համոզումին, իր հոգեւոր կանչին, 1891 թուականին ան կը դիմէ Պազէլի “Diakonenhaus – Սարկաւագաց Տուն” ուսումնարանը, ուր կը ստանայ հիւանդախնամի կրթութիւն:
1894-1899 թուականներուն Քիւնցլեր կը ծառայէ Պազէլի քաղաքացիական հիւանդանոցին մէջ: Այս մի¬ջոցին, Ուրֆա մեկնած պազէլցի բժիշկ Հերման Քրիստի միջոցով ան կը ծանօթանայ, յետագային, “Հայ ժողովուրդի դատին մեծ պաշտպան”, արդարօրէն “Հայութեան իրաւաբան” (Anwalt des armenischen Volkes) յորջորջուած Եոհաննէս Լեփսիուսի, որ զինք կը ներգրաւէ իր հիմնած “Armenisches Hilswerk – Հայկական Նպաստամատոյց” կազմակերպութեան մէջ: 1899 թուականին Քիւնցլեր բժիշկ Հերման Քրիստի մօտ օգնականի պաշտօնով կը մեկնի Ուրֆա, ուր դեռ եւս 1897-էն սկսեալ կը գործէր հիւանդանոց մը, զոր հիմնած էր Ցիւրիխէն բժշկուհի մը`Ժոզեֆին Ցիւրխեր անունով: Ուրֆայի զուիցերիական այս հիւանդանոցը կը գործէր Արեւելքի մէջ գերմանական առաքելութեան պատասխանատուութեան ներքոյ, եւ կը կազմէր մինչ այդ “Հայկական Նպաստամատոյց”-էն “Deutsche Orient-Mission – Արեւելքի Մէջ Գերմանական Առաքելութեան” անուանափոխուած կազմակերպութեան հովանիին տակ` Պերլինի մէջ ունենալով իր վարչական կեդրոնը:
Ահաւասիկ այստեղ է որ Եագոպ Քիւնցլեր, սկիզբը` իբրեւ բժիշկի օգնականի, ապա` բժիշկի բացակայութեան բերումով` բժիշկի, իսկ աւելի ուշ, այսինքն մինչեւ անոր լուծարումի թուականը՝ 1922, ղեկավարի պաշտօնով անձնապէս ինք է որ կ’առաջնորդէ մարդասիրական այս կարեւոր կեդրոնը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենադժնդակ տարիներուն, Եագոպ Քիւնցլեր իր կնոջ՝ Էլիզապէթի հետ կը դառնան հեղինակաւոր վկաներէն արեւմտահայութեան վայրագ բնաջնջումին, որ Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ կանխամտածուած եւ բոլոր մանրամասնութեանց մէջ հետեւողականօրէն ծրագրուած մարդկութեան դէմ ոճիր մըն էր, բառին բուն իմաստով, գերազանցելով ցեղասպանութիւն մը ըլլալու բոլոր չափանիշերը:
Նախապէս, Համիտեան կոտորածներու ընթացքին, Ուրֆայի հայ բնակչութիւնն ալ տուժած էր թուրք-քրտական բարբարոսութիւններէն, տալով իր հազարաւոր զոհերը: Ուրֆայի մայր եկեղեցիին մէջ միայն՝ պատսպարած երեք հազար հայեր հրոյ ճա¬րակ դարձած են իրենց ճենճերող մարմիններուն վրայ քարիւղ ողողող թուրք եւ քիւրտ ջարդարարներու դիւային քրքիջներուն տակ:
Դեռ 1914-ին, ուղեւորութեան մը առթիւ, երբ Եագոպ Քիւնցլեր Պաղտատէն կ’անցնէր, կառքին մէջ ակամայ ականջալուր դարձած էր Երիտթուրք ղեկավարներէն Նեֆիս Պէյի չարաբաստիկ արտայայտութեան. “Մենք` թուրքերս, հայերը առանց բացառութեան՝ մասնակի կամ ամբողջութեամբ պիտի բնաջնջենք, կամ ալ զիրենք պիտի պարտադրենք տարագրութեան: Մեր կայսրութեան սահմաններուն մէջ անոնց հետ ապրիլը միանգամայն բացառուած է”: Դահիճին այս խոստովանութիւնը պիտի իրականանար շուտով եւ, ահաւասիկ, Եագոպ Քիւնցլեր, արդէն 1915-ի գարնան, իր օրագրին մէջ պիտի նշէր. “Քաղաքի թուրքերը հայերու դէմ կը սպառնան գրեթէ ամէն օր”: Մահուան ստոյգ վտանգը կը թեւածէր օդին մէջ: Արդարեւ, երբ չարին կործանարար ալիքը նոյն թուականի Օգոստոսի կէսերուն կը հասնի Ուրֆա, ձերբակալուելու կը սկսին տեղւոյն առաջին հայ ընտանիքները` խոշտանգուելով բանտերուն մէջ կամ ենթարկուելով դէպի Տէր Զօր տանող մահուան երթին, Եագոպ Քիւնցլեր իր բոլոր միջոցներով, երբեմն նոյնիսկ վտանգելով իր կեանքի ապահովութիւնը, կը փորձէ ահազանգել Հալէպի մէջ առկայ միջազգային դիւանագիտական ատեաններուն առջեւ, բայց՝ ի զուր:
Ա. Համաշխարհային Պատերազմի թանձր ստուերին մէջ, միեւնոյնն է, արդէն իսկ գոյութիւն չունեցող կամ զլացուած ամէն օգնութիւն շատ ու շատ ուշացած պիտի ըլլար արեւմտահայութեան կեանքն ու հայրենիքը փրկելու համար: Արեւմտեան մեծ պետութիւններու դիւանագիտութիւնը այս ողբերգութեան մէջ կը հետապնդէր այլ նպատակներ, հետաքրքրութիւններ, որոնց պողպատեայ կուռ օրէնքը չի զիջիր բարեկամական յարաբերութիւններու, զգացական իրավիճակներու, կրօնա-բարոյական արժէքներու առջեւ: Անոր համար նոյնիսկ չկան յարատեւ թշնամիներ ու բարեկամներ, այլ՝ կան միայն յաւիտենական շահեր: Արեւմտահայ ժողովուրդի մը կամ միացեալ Հայաստանի մը գոյութիւնը դուրս կը մնար միջազգային դիւանագիտութեան արժեչափերու ծիրէն: Պատմական փաստերը ցոյց տուին, որ Փոքր Ասիոյ տարածքին Օսմանեան Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելը շատ աւելի առաջնահերթ էր արեւմտեան մեծ տէրութիւններու տնտեսական-քաղաքական շահերուն համար, քան՝ իրենց հաւատակից ցեղասպանուող ժողովուրդի մը փրկութեան գործը:
Ուրֆան հայոց նահատակութեան այդ արհաւրալից օրերուն դարձած էր անցումային խաչմերուկ մը, ուր Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններէն ու քա¬ռուղիներէն կ’անցնէին այն տարագրուած բիւրաւոր հայորդիներուն խումբերը` խրտուիլակներու կերպարանք առած տարեց մարդերուն, ցնցոտիներու մէջ եւ յաճախ կիսամերկ՝ ոսկրացած մարմինները հայ կիներուն, սովալլուկ, վատոյժ երեխաներուն, որոնք, նման սպանդանոց քշուող անասուններու հօտերուն, թուրք ոստիկաններու խժդժութիւններով, սեռային տարատեսակ բռնութիւններով, եաթաղանի հարուածներու ուղեկցութեամբ կը քալէին, կ’անցնէին օրերով անվերջ, դէպի Տէր Զօր տանող ճամբաներուն վրայ ձգելով իրենց անթաղ դիակները: Դէպի Սուրիոյ անապատը տա¬նող մահուան երթը հայութեան, հարիւրաւոր եւ հազարաւոր տարագրուածներէ կազմուած, վերածուած էր համակեդրոնացման շարժուն ճամբարներու, որոնք մին միւսին ետեւէն կու գային ի վերջոյ տառապալից հիւծելու, վերջանալու համար մինչեւ Տէր Զօրի երկայնքին տարածուող բազմաթիւ զոհասեղաններուն վրայ:
Ահաւասիկ, այս ահեղ տեսարանին ակամայ ականատեսն է որ կը դառնայ Եագոպ Քիւնցլեր: Եւ ամենաահաւորը սակայն, ուղղակի անտանելին, անկարողութի´ւնն է. ունենալ ամբողջապէս ընդարմացած ըլլալու զգացումը՝ կարենալ ոչի´նչ ընելու: Չարիքը վերացնելու փոխարէն, դատապարտուած ըլլալ զայն ծանր կաշկանդումով մը դիտելու, առանց կասեցնել կարենալու անոր կործանարար մոլուցքը:
Հակառակ այս ամէնուն, Եագոպ Քիւնցլեր իր տիկնոջ՝ Էլիզապէթի հետ Ուրֆայի զուիցերիական հիւանդանոցը քանի մը տասնեակ կիներու եւ երեխաներու համար կը դարձնէ փրկարար ովասիս մը, անոր յարկին տակ պահելով դժոխքի բովէն պոկուած այդ խլեակները, տրամադրելով անոնց խնամք, սնունդ եւ այն ամէնը ի սակաւէ անտի զորս ունէր:
Սակայն ամենամեծ ներդրումը, արդարեւ պիտի ուզէի ըսել՝ հերոսական արարքը զուիցերիացի այս մեծ բարեգործին, ութ հազար որբ երեխաներու փոխադրումն էր մահուան ստուերին ընդմէջէն դէպի լոյսը կեանքին եւ փրկութեան: 1922 թուականին Եագոպ Քիւնցլեր իր տիկնոջ եւ քանի մը այլ օգնականներու հետ, “Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութեան” յանձնարարութեամբ, կը ստանձնէ Կիլիկիոյ տարածքէն դէպի Սուրիա եւ Լիբանան` ֆրանսական հովանաւորութեան տակ գտնուող աւելի ապահով երկիրներ տեղափոխել հայ մանուկներու այդ թշուառ մնացորդացը:
Այնուհետեւ, 1923-1929 թուականներուն, Եագոպ Քիւնցլեր ամբողջապէս կը նուիրուի որբախնամութեան գործին, եւ կը վարէ Պէյրութէն շուրջ 30 քմ. հեռաւորութեան վրայ դէպի հիւսիս, Լիբանանի լեռներուն մէջ գտնուղ Ղազիր աւանի որբանոցը: 1929-1931 թուականներուն ան կը դառնայ “Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութեան” վստահելի աշխատակիցներէն մին, եւ Պէյրութի ծովափնեայ շրջաններուն մէջ հաստատուած հայ ապաստանեալներու ճամբարներուն մէջ, հարիւրաւոր կարօտեալ այրիներու եւ երեխաներու համար իր տիկնոջ հետ օրական ձրիաբար կը բաշխէ սննդեղէն եւ կը մատակարարէ կերակուր:
Եագոպ Քիւնցլեր իր մահկանացուն կը կնքէ Ղազիրի մէջ 15 Յունուար 1949-ին: Իր մահէն երկու տարի առաջ՝ 1947 թուականին, Պազէլի համալսարանը զինք կը պատուէ՝ իրեն շնորհելով բժշկական “Պատուոյ Տոքթոր”-ի կոչում, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը յետ մահու` 1971-ին կը պարգեւատրէ Լիբանանի Պետական Արժանեաց Շքանշանով:
Ահաւասիկ, կեանքի համեստագոյն պայմաններէ եկած այս պարզունակ զուիցերիացի բարեգործը, իր աննահանջ նուիրումով, անխոնջ ծառայասիրութեամբ դէպի կարօտեալ, զրկուած, անիրաւուած, հալածուած եւ ի վերջոյ մահուան դատապարտուած հայը, յիշատակի արժանի մեծ գործ մը կը թողու հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Դարաշրջանի մը ամբողջ արհաւիրքը վերապրած հայութեան զաւակները ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, բայց նաեւ առանձնապէս Լիբանանի մէջ, երախտագիրութեան անմեռ զգացումներով զինք պիտի յիշեն յաւիտեան:
Եագոպ Քիւնցլեր հեղինակ է բազմաթիւ մենագրութիւններու, պատմուածք-ներու եւ վկայութիւններու, որոնցմէ կարեւորագոյններէն կարելի է սեպել զոյգ մը հրատարակութիւններ, թարգմանուած նաեւ արեւելահայերէնի` Դորա Սաքայեանի եւ Էվելինա Մակարեանի աշխատանքով: Ահաւասիկ այդ հատորներուն խորագիրները. “Երեսուն Տարի Ծառայութիւն Արեւելքում”, Երեւան, 2008, նաեւ` “Արեան Եւ Արցունքի Երկրում, Տպաւորութիւններ Միջագետքից Աշխարհամարտի Տարիներին, 1914-1918”, Երեւան, 2011:
Թարգմանաբար կը ներկայացնեմ Եագոպ Քիւնցլերի գրչին պատկանող «Հայուն Աստուածաշունչը» պատմուածք-վկայութիւնը Հաճընի եւ հաճընցիի մը կեանքի պատմութենէն:
————————-
Յունարէնի “διακονία – diakonia” բառակապակցութենէն սերող քրիստոնէական ըմբռնումը, որուն հիմնական նպատակը ծառայասիրութեան ոգին կը կազմէր, “Caritas”-ի նման կ’իրականացնէր հիմնական առա¬քելութիւն մը` հասնիլ չքաւորութեան հետեւանքով թշուառացած մարդոց, ծառայասիրական գործունէութեամբ նպաստել աղքատներու ընկերային կեանքի բարելաւումին, խնամել տարատեսակ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդները` փոխանցելով անոնց ընկերային-հասարակական միջավայրէն, բայց յատկապէս՝ Աստուծմէ սիրուած եւ ընդունուած ըլլալու արժանապատուութեան գիտակցութիւնն ու զգացումը: Այս նպատակի իրականացման համար անհրաժեշտ էր ունենալ համապատաս¬խան մարդուժ մը ծառայողներու, առաքեալներու, բժիշկներու, հիւանդախնամներու, դաստիարակ¬ներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու, որոնք պատրաստ պիտի գտնուէին նմանօրինակ անձնդիր ծառա¬յասիրական աշխատանքներ կատարելու: Այս հեռանկարով, ահաւասիկ, Եւրոպայի ընդհան¬րա¬պէս աւետարանական եկեղեցիներու միջավայրին մէջ սկսան հետզհետէ հիմնուիլ ծառայասիրութեան ուսումնարաններ, որոնք իրենց հաստատութիւններուն տուին յունարէնի “diakonia” եզրը: Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ առաջին անգամ 1889-ին հիմնադրուեցաւ նման ուսումնարան մը՝ “Diakonen¬haus”, բառացի` “Սարկաւագաց Տուն”, իմա` “Ծառայողներու Տուն” անունով: Հոս էր որ կը դիմէր Եագոպ Քիւնցլէր 1891-ին, ստանալու համար հիւանդախնամի կրթութիւն: