Զրոյց՝ ՄԱԿ-ի Նախկին Պաշտօնեայ՝ Սեպուհ Պաղտոյեանի Հետ

Հանդիպում-Զրոյց՝ Համօ Մոսկոֆեանի, Վիեննա-Պէյրութ, 15 Մարտ 2010

Հայ ազգի նուիրեալ, Լիբանանի հայութեան արժանի զաւակ Սեպուհ Պաղտոյեանի հետ մեր ծանօթութիւնն ու համագործակցութիւնը շուրջ 4 տասնամեակի կեանք ունի…: ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի միշտ աշխոյժ սկաուտապետ, մարզիկ ու վեթերան անդամ, ապա, սփիւռքահայ ազգային զարթօնքի տարիներուն՝ համագումարներու մասնակից ու կազմակերպիչ, իսկ Վիեննա հաստատուելէ ետք, Աւստրիոյ հայկական գաղթօճախին ղեկավար դէմքերէն ու Մայր Հայրենիքի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ ամրապինդ կամուրջներու հիմնադիրներէն է ան:

Հանդիպում-Զրոյց՝ Համօ Մոսկոֆեանի, Վիեննա-Պէյրութ, 15 Մարտ 2010

Հայ ազգի նուիրեալ, Լիբանանի հայութեան արժանի զաւակ Սեպուհ Պաղտոյեանի հետ մեր ծանօթութիւնն ու համագործակցութիւնը շուրջ 4 տասնամեակի կեանք ունի…: ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի միշտ աշխոյժ սկաուտապետ, մարզիկ ու վեթերան անդամ, ապա, սփիւռքահայ ազգային զարթօնքի տարիներուն՝ համագումարներու մասնակից ու կազմակերպիչ, իսկ Վիեննա հաստատուելէ ետք, Աւստրիոյ հայկական գաղթօճախին ղեկավար դէմքերէն ու Մայր Հայրենիքի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ ամրապինդ կամուրջներու հիմնադիրներէն է ան:

Իր ընտանիքը բարեկեցիկ կեանքով ապահովելու եւ անհրաժեշտ միջոցներ վաստակելու, հայ ժողովուրդին լաւագոյնս ծառայելու նպատակով, Սեպուհ Պաղտոյեան Վիեննայի մէջ վարած է ՄԱԿ-ի Թմրեցուցիչներու եւ Կազմակերպուած Ոճրագործութեան Դէմ Պայքարի Կազմակերպութեան պաշտօնեայի աշխատանքները՝ աշխարհի շատ երկիրներ ճամբորդելով: Այժմ հանգստեան կոչուած է եւ իր երկարամեայ գործունէութեան համար՝ ընտրուած է Վիեննայի “Արարատ” Մարզական Միութեան պատուոյ նախագահ: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի, եւրոպահայերու մարզական խաղերը կազմակերպեցին վիեննահայերը, որուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ նաեւ “Արարատ” Մարզական Միութիւնը, յաջողութեամբ պսակելով այդ կարեւոր իրադարձութիւնը:

Մայր Հայրենիքի հետ հաղորդակցութեան կարեւոր հարցին կապակցութեամբ մեր “հիւրը” այսպէս կ՝անդրադառնայ –

“Մեր յարաբերութիւնները լաւագոյն մակարդակի վրայ կը գտնուին Հայաստանի Աւստրիոյ մօտ դեսպանութեան հետ. նաեւ շփումներ ունինք Սփիւռքի նախարարութեան հետ: Կը նախապատրաստուինք գալ տարի համահայկական խաղերուն մեկնելու Հայաստան: Վիեննա ՄԱԿ-ի գծով համաշխարհային կազմակերպութիւններու կեդրոն է. մեծ թիւով պատուիրակներ կու գան ու կ՝երթան Միջազգային Աթոմական Ուժի Կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առնչութեամբ. նշեմ նաեւ Թմրեցուցիչներու եւ Կազմակերպուած Ոճրագործութեան Դէմ Պայքարի Կազմակերպութիւնը ուր տարիներ շարունակ Հայաստանի շահերը կը պաշտպանէի: Վիեննայի հայ գաղութը կարեւոր գաղութ է, իր պարտականութիւնը ունի Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ: Աւստրիոյ գաղութին ջանքերով, “Աւստրիաւան” մը շինուեցաւ Կիւմրիի մէջ 50 տուներով, ինչպէս նաեւ մանկական հիւանդանոց մը նոյն տեղը, որ մեր գուրգուրանքին կեդրոնն է եւ 1988էն ի վեր դեղօրայք եւ օգնութիւն կը ղրկենք հոն”:

Իսկ թէ ի՞նչ է Սեպուհ Պաղտոյեանի պատգամը իր հայրենակիցներուն, ան կ՝ըսէ. – “Միշտ սատար կանգնիլ մեր հայրենիքին մշակութային եւ տնտեսական վերելքին: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ելեւէջներուն, ես հաւատացած եմ որ իրարհասկացողութեամբ եւ խորհրդակցութեամբ՝ ամէն տեսակի հարցեր կարելի է լուծել: Սակայն պէտք է ճիշդ ժամանակին ըլլան այդ խորհրդակցութիւնները՝ հայրենի կառավարութեան կողմէ դէպի Սփիւռք եւ կամ Սփիւռքի տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ դէպի հայրենիք: Միայն ձեռք-ձեռքի տալով է որ մեր միացեալ նպատակներուն կարելի է հասնիլ: Նկատի առնելով որ 2010 թուականը Մեծ Եղեռնի 95ամեակն է, կենսական է որ ըլլանք համերաշխ ու ներդաշնակ: Անշուշտ, եթէ կարծիքներ ունինք արտայայտելու մեր հայրենի կառավարութեան, պէտք է այն ըլլայ քաղաքակիրթ ձեւով, զարգացած ժողովուրդի նման: Պէտք է արդիւնքի մը հասնինք որ խաղաղասիրական ըլլայ”:

 

You May Also Like
Read More

Մեր մտքերը Հայաստանում են․ ռազմական դրությունն ու օտարության մեջ գտնվող հայերը

Մարիամ Մուղդուսյան, Տորոնտո, 27 Սեպտեմբեր 2020 Ադրբեջանի կառավարությունը սանձազերծել է լայնատարած պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի և Հայաստանի հանրապետության դեմ՝…
Read More