«Էլհամտուլիլլահ, Հայ Ենք»

Վերճիհան Զիֆլիօղլու «Ռատիքալ», 25 Յունիս 2011

Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ
 

Շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած ժողովրդականացման քայլերուն` իրենց ինքնութիւնը պահող հայեր սկսած են հրապարակ ելլել: Հակառակ որ ասոնցմէ շատեր իրենք զիրենք հայ կը նկատեն, սակայն իրենց առօրեայ կեանքը կ՛ապրին իբրեւ «թուրք իսլամ» եւ կամ «քիւրտ ալեւի»:

Վերճիհան Զիֆլիօղլու «Ռատիքալ», 25 Յունիս 2011

Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ
 

Շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած ժողովրդականացման քայլերուն` իրենց ինքնութիւնը պահող հայեր սկսած են հրապարակ ելլել: Հակառակ որ ասոնցմէ շատեր իրենք զիրենք հայ կը նկատեն, սակայն իրենց առօրեայ կեանքը կ՛ապրին իբրեւ «թուրք իսլամ» եւ կամ «քիւրտ ալեւի»:

Ինքզինք իբրեւ սիւննի իսլամ բնութագրող տիգրանակերտցի ծանօթ հայերէն Կաֆֆար Թիւրքայ կ՛ըսէ, թէ հայրը ուխտագնացութեամբ հաժի գացած է, եւ թէ ինք մեծցած է սիւննի իսլամ մշակոյթով: Իր իսկական մականունին Օհանեան ըլլալը 15 տարեկանին սորված Թիւրքայ կ՛ըսէ. «Կ՛ապրիմ իբրեւ իսլամ, բայց չեմ կրնար ուրանալ անցեալս եւ մշակոյթս: Կրօնը կարեւոր չէ, սակայն կ՛ուզեմ, որ լեզուս իմանամ»: Ըստ Թիւրքայի, Տիգրանակերտի հայերը զիրար կը ճանչնան, եւ թէ` քրիստոնեայ հայեր կը ստորագնահատեն իսլամ հայերը. «Կարծես մե՛նք ընտրած ըլլայինք այս կացութիւնը: Հայկական ինքնութիւնը հարկ է որ միանայ ազգային արմատներուն շուրջ եւ ոչ թէ կրօնի պատկանելիութեան»:

Հալաչօղլուն Օրակարգի բերած էր

Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահը` Հալաչօղլու, որ պաշտօնանկ եղած էր, անցեալին պնդած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտեր իսկութեան մէջ թիւրքմեններ եւ իրենք զիրենք քիւրտ ալեւի բնութագրողներն ալ հայկական ծագում ունէին: Իսկ Թիւրքային ըսածները մեկնաբանելով` կ՛աւելցնէ. «Միմիայն Տիգրանակերտի մէջ չէ, ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին նման հայեր կը գտնուին, եւ թէ` այլեւս իրենց ինքնութիւնը կը յայտարարեն»:

Արարողութիւնը բնութեան մէջ կը կատարուի

Արդուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ ապրող եւ հայերէնի մէկ բարբառը խօսող իսլամացած հայեր իրենք զիրենք իբրեւ համշէնցի կը համարեն: Համշէնցի Իսմեթ Շահին, որ քաղաքագէտ եւ ուսումնասիրող մըն է, կ՛ըսէ, թէ համշէնցիները պահած են քրիստոնեայ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակ Գեազըմ Կիւնտօղան կ՛ըսէ, թէ Թունճելիի (Տերսիմ) մէջ բնակող իր ընտանիքը կ՛ապրի քիւրտ ալեւի ինքնութեամբ, եւ կ՛աւելցնէ, որ Թունճելիի ինքնութիւննին պահող հայերը իրենց աղօթքը կ՛ընեն բնութեան մէջ:

 
2 comments
  1. Մամիկոնեանները Ի՞նչ եղան

    Այս բռնի ձուլուած եւ մասամբ կորսուած հայերուն մասին որ կը կարդանք, կը յիշեցնէ ինծի, ասկէ մոտ 50 տարի առաջ գրութիւն մը, կարծեմ «Զարթօնք»ի մէջ,  որ կը ներկայացնէ շուրջ 1850-ի ատենները Եւրոպացի ճամբորդի մը հետաքրքրական յուշերը, Քիւտիստանի մէջ:

    Այս ճամբորդը կը գտնուի ցեղախումբի մը մէջ որ կը կոջուի Մամիկոն: Հիւրը կ’ըլլայ ցեղապետին: Հիւրասիրութեան ատեն այս ցեղապետը կը հանէ եւ ցոյց կու տայ իր նախահայրերէն մնացած շատ, շատ հին դրօշակ մը. ճամբորդը  կը նշէ որ այս դրօշակը կը ներկայացնէր Մամիկոնեաններուն դրօշակը:

    Կրնանք հարց տալ թէ այդ Քիւրտ-Մամիկոն ցեղը գոյութիւն ունի՞տակաւին:

    Նոր ճամբորդներուն կը մնայ փնտռտել:            

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

 Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել, 23 Հուլիս 21  «Դէպի արեւն էին գնում ամբոխները խելագարուած»: Եղիշէ Չարենց Օրհասական ժամանակներ ենք…
Read More