Էրտողան՝ Օդին Մէջ Երկարած Լեզու Մը

Erdogan
Սայիտ Աս-Սապպահ, “Ալ-Պինէ՛”, Պէյրութ, 2 Դեկտեմբեր 2011
Հայացուց մեթր Գ. Տէրտէրեան

ErdoganԲախտի ծաղրանք մըն է՝ երբ թուրք վարչապետ մը Կոլանի ճակատին չբացուիլը վերագրէ Սուրիոյ պարտուողական կեցուածքին…: Այս նոր-թուրանականը մոռացութեան կու տայ՝ որ Պաղեստինի շուրջ արաբ եւ իսրայէլեան հակամարտութեան պատմութիւնը, եւ՝ ատոր գուպարին մէջ Սուրիոյ խաղացած կեդրոնական դերը, սկսած՝ Պաղեստինի մէջ սիոնական գաղութներու վերաբնակեցումի շարժումէն, 19-րդ դարու վերջերէն, մինչեւ 1948 թուի Պաղեստինի շուրջ պատերազմը, որուն մէջ Սուրիոյ երիտասարդ բանակը ունեցաւ պատուաբեր դերակատարութիւն, եւ այնուհետեւ՝շարունակեց կատարել իր դերը փայլուն կերպով, զինադադարի գիծի երկայնքին տեղի ունեցած բոլոր արիւնալի ճակատումներուն մէջ: Իսկ 1967-ին, արաբներու դէմ կատարուած “իսրայէլեան” նախայարձակումին դիմակայելով՝ սուրիական բանակը արձանագրեց հերոսական էջեր Կոլանի մէջ, որուն բլուրները պաշտպանեց թիզ առ թիզ, եւ այս մասին վկայեցին զինուորական օտար յայտնի մասնագէտներ, որոնց շարքէն յիշենք Էտուար Օփալանսը, որուն լոյս ընծայած հատորը, այս պատերազմին մասին, արաբերէնի թարգմանեց այժմ հանգուցեալ Մազէն Ալ-Պանտաք:
 

Սայիտ Աս-Սապպահ, “Ալ-Պինէ՛”, Պէյրութ, 2 Դեկտեմբեր 2011
Հայացուց մեթր Գ. Տէրտէրեան

ErdoganԲախտի ծաղրանք մըն է՝ երբ թուրք վարչապետ մը Կոլանի ճակատին չբացուիլը վերագրէ Սուրիոյ պարտուողական կեցուածքին…: Այս նոր-թուրանականը մոռացութեան կու տայ՝ որ Պաղեստինի շուրջ արաբ եւ իսրայէլեան հակամարտութեան պատմութիւնը, եւ՝ ատոր գուպարին մէջ Սուրիոյ խաղացած կեդրոնական դերը, սկսած՝ Պաղեստինի մէջ սիոնական գաղութներու վերաբնակեցումի շարժումէն, 19-րդ դարու վերջերէն, մինչեւ 1948 թուի Պաղեստինի շուրջ պատերազմը, որուն մէջ Սուրիոյ երիտասարդ բանակը ունեցաւ պատուաբեր դերակատարութիւն, եւ այնուհետեւ՝շարունակեց կատարել իր դերը փայլուն կերպով, զինադադարի գիծի երկայնքին տեղի ունեցած բոլոր արիւնալի ճակատումներուն մէջ: Իսկ 1967-ին, արաբներու դէմ կատարուած “իսրայէլեան” նախայարձակումին դիմակայելով՝ սուրիական բանակը արձանագրեց հերոսական էջեր Կոլանի մէջ, որուն բլուրները պաշտպանեց թիզ առ թիզ, եւ այս մասին վկայեցին զինուորական օտար յայտնի մասնագէտներ, որոնց շարքէն յիշենք Էտուար Օփալանսը, որուն լոյս ընծայած հատորը, այս պատերազմին մասին, արաբերէնի թարգմանեց այժմ հանգուցեալ Մազէն Ալ-Պանտաք:
 

Սուրիական այս բանակն է, որ յաջողապէս մղեց 1973 թուի Հոկտեմբերի պատերազմը “Իսրայէլ”ի դէմ, վախճանեալ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հրամանատարութեան տակ, զինակցելով եգիպտական բանակին հետ, եւ կարողացաւ ազատագրել Կոլանը, եւ սակայն, այս պատերազմը աւարտեցաւ անբաղձալի արդիւնքով… դաւաճանութեամբը Էնվեր Սատաթի, որ անայլայլօրէն ու լիահագագ յայտարարեց՝ որ ինք, Հոկտեմբերի պատերազմը մղեց պարզապէս իրավիճակը շարժելու… եւ՝ հակամարտութեան հանգուցալուծումի բանալին տալու՝ իր սիրեցեալին, Քիսինճըրին…:

Էրտողան անուն այս նոր-թուրանականը լսած չէ՞ր արդեօք՝ սուրիական բանակին մղած հարիւրօրեայ կռիւին մասին, զոր ան մղեց Հոկտեմբերի պատերազմի վաղորդայնին, ազատագրելով կարեւոր շրջաններ Կոլանէն, ինչպէս՝ Քոնէյթրա քաղաքը…:

Էրտողան էֆէնտին կարդացած չէ՞ երբեք՝ Ասատի Սուրիոյ թափած այն յարատեւ ջանքերուն մասին, որոնց շնորհիւ Սուրիա յաջողցուց միութիւնը Իրաքի հետ, ամրապնդեց հիմերը զինակցութեան մը՝ յեղափոխական Իրանի եւ Սովետ Միութեան հետ եւ աջակցեցաւ Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Արաբ աշխարհի միւս բոլոր դիմադրական շարժումներուն…:

Այս արեւմտամէտ-թուրանականը, որ կեղծաւորաբար հագած է “Իսլամի դիմակը”, իրօք մոռցա՞ծ է՝ նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ասատի ի գործ դրած ճիգերը՝ ստեղծելու Արաբ-Իսլամ զինակցութիւն մը, ընդգրկելով՝ Սուրիոյ կողքին, Իրանը, Թուրքիան եւ դիմադրական տարբեր շարժումներ, դիմակայելու համար սիոնա-իմփերիալիստական ծրագրերուն, եւ ստեղծելու՝ քաղաքատնտեսական ընդդիմադիր համախմբում մը…:

Բայց ի՞նչ ըրիք դուք՝ Էրտողան Էֆէնտի…:

Փաստօրէն՝ աշխատեցաք Սուրիոյ մէջ բորբոքելու դաւանական պառակտումի կրակը, հովանաւորելու ոճրագործներու, արդարադատութենէն փախստականներու եւ քրէագործներու խմբակներ, անոնց տրամադրելով յատուկ որջեր ձեր հողերուն վրայ եւ զանոնք մկրտելով՝ “Ազատն Սուրիոյ Բանակ” անունով, որուն պարագլուխն է սուրիական բանակի շարքերուն կողմէ անիծեալ մեքենագէտ սպայ մը՝ “Ռիատ Ալ-Ասաատ” կոչեցեալ, որ ձեր տրամադրած որջերէն քորոզացաւ՝ թէ իր կարծեցեալ բանակը յաջողած էր դաւադրաբար սպաննել հոյլ մը՝ սուրիական օդուժի արծիւներէն…:

Մենք սա Էրտողանին հարց կու տանք, ի՞նչ կեցուածք ունեցած են թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները՝ Արաբ-սիոնական հակամարտութեան հանդէպ: Թուրքիան չէ՞ր այն իսլամական առաջին երկիրը, որ ճանչցաւ “իսրայէլը”, եւ տակաւին՝ ամենասերտ զինուորական, քաղաքական, տնտեսական, փորձագիտական ու ապահովական կապեր հաստատեց անոր հետ…:

Էրտողան էֆէնտի, դուն եւ քու մեծասքա՜նչ կուսակցութիւնդ ի՞նչ բանով սատարեցիք պաղեստինեան դատին…:

Իրականութեան մէջ, սիոնական թշնամին ձեզի տուաւ ապտակ՝ ապտակի ետեւէ, որոնց ամենաուժգինը եղան՝ “ազատութեան նաւ”ուն տրուած հարուածը եւ “Իսրայէլ”ի մօտ ձեր դեսպանին նուաստացումը, եւ եբրայական կառավարութիւնը յամառօրէն մերժեց ներողութիւն հայցել Թուրքիայէն…:

“Ազատութեան նաւ”երը պաշտպանելու համար դուք միայն ակնարկեցիք թրքական ռազմանաւեր ուղարկելու մասին, եւ սակայն, այդ մասին՝ դուք բաւականացաք լոկ խօսքեր արձակելով…:

Դուք նոյնպէս՝ միայն խօսեցաք, թէ կը ծրագրէիք այցելել շրջափակեալ Կազայի մարզ, եւ սակայն, հոս ալ վախցաք նման քայլի մը վնասակար հետեւանքներէն…:

Եւ յետոյ՝ որոշեցիք ատլանտեան ուխտի հակահրթիռային վահանակին հաստատումը արտօնել Թուրքիոյ հողերուն վրայ… որուն նպատակն է “Իսրայէլ”ի պաշտպանութիւնը… եւ միաժամանակ աշխատեցաք յաջողեցնելու ամերիկեան-”իխուանճիական” (”Իսլամ եղբայրներ”ու…) գործառք մը, որուն նպատակն է՝ “Իսրայէլ”ի եւ Արեւմուտքի հետ հաշտուած “իսլամանուն” վարչակարգերու համախմբումի մը ստեղծումը… խափանելու համար Արաբ-Իսլամ դիմադրական եւ ընդդիմադիր ճակատի մը ստեղծումը…: Ճակատ մը՝ որ արդէն ձեւաւորուիլ սկսած է Պելուճիստանի լեռներէն մինչեւ Նաքուրա եւ Կազա…:

Դուք բարձրաձայն կը բարբռիք՝ թէ պատրաստ էք ճակատելու “Իսրայէլ”ի դէմ, մեղադրելով ճշմարիտ դիմադրականները՝ թշնամիին հետ ճակատումէն փախուստ տալու մէջ… մինչդեռ դուք՝ ամենասերտ զինակիցները կը մնաք սիոնական թշնամիին եւ անոր տէրերուն՝ իմփերիալիստ Արեւմուտքին… ջանալով հանդերձ խափանել ճշմարիտ դիմադրականներու եւ ընդդիմադիր պետութիւններու համախմբուելու ջանքերը…:

Իսկապէս տարօրինակ է՝ երբ սա Էրտողանը կը բարբառի, ժողովուրդներու կեանքին եւ ազատութեան պաշտպանութեան ի խնդիր… երբ իրեն համար աւելի լա՛ւ պիտի ըլլար՝ որ ան ներողութիւն հայցէր հայ ժողովուրդին, որուն դէմ իր օսմանցի նախորդները գործած էին զանգ ուածային ջարդեր, եւ՝ հայ ժողովուրդին վերադարձնէր անկէ բռնազաւթուած հողերը… եւ նոյնը ընէր քիւրտ ժողովուրդին հանդէպ:

Տակաւին, մեր Արաբ ազգը եւս ունի հի՜ն հաշիւ մը Էրտողանի պետութեան հետ, ատիկա Իսկէնտէրունի Սանճաքի բռնազաւթումն է Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր բնիկ ժողովուրդին տարագրումը… ինչ որ կատարուած է նոյնպէս՝ Կիլիկիոյ եւ անոր շրջակայքին մէջ…:
Լաւատեղեակներ անկեղծ թելադրութիւն մը ունին Էրտողանին եւ անոր կուսակցութեան աւագանիին՝ շուտափոյթ կերպով հեռանալու Թուրքիայէն… որովհետեւ՝ իրենց կը սպասէ այն նոյն ճակատագիրը, որուն արժանացան՝ զինք նախորդող վարչապետ Ատնան Մենտերեսը, եւ հանրապետութեան նախագահ Ճելալ Պայարը…:

Էրտողան չափազանցօրէն կը շաղակրատէ բազմաթիւ հարցերու մասին, եւ կը փորձէ հանդէս գալ առասպելական հերոսի մը կերպարանքով…: Իսկ անոր “բարբաջանքներուն” ճիշդ կը սազի բանաստեղծի մը սա խօսքը՝ “օդին մէջ երկարած լեզու մը”…:

Լիբանանցի սիւնակագիր Սայիտ Աս-Սապահի այս գրութեան բնագիրը լոյս տեսած է “Ղովմի-Սուրի” կուսակցութեան “Ալ-Պինէ՛” օրաթերթի 2 Դեկտեմբեր 2011 թուակիր համարին մէջ, զոր հայացուցած է մեթր Գ. Տէրտէրեան՝ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն համար:

 

You May Also Like