Էրտողանի Վերաբերմունքը 1915-ի Նկատմամբ

Օշին Էլակէօզ, Պոլիս, 21 Նոյեմբեր 2013

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ Էրտողան, կը ճանչցուի իր  հակա-իթթիհատական եւ հակա-Քեմալական մտայնութեամբ: Աէեն առիթով կը քննադատէ եւ կը  դատապարտէ իթթիհատական մտայնութիւնը, պատմութեան մէջ իրենց այս հողերու վրայ ապրող ժողովուրդին դէմ գործած յանցագործութիւններու եւ  դաժանութիւններու պատճառաւ:

 

Օշին Էլակէօզ, Պոլիս, 21 Նոյեմբեր 2013

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ Էրտողան, կը ճանչցուի իր  հակա-իթթիհատական եւ հակա-Քեմալական մտայնութեամբ: Աէեն առիթով կը քննադատէ եւ կը  դատապարտէ իթթիհատական մտայնութիւնը, պատմութեան մէջ իրենց այս հողերու վրայ ապրող ժողովուրդին դէմ գործած յանցագործութիւններու եւ  դաժանութիւններու պատճառաւ:

 

Ամեն անգամ որ առիթը  ներկայանայ Վարչապետ Էրտողան կը յիշէ այս հողերուն վրայ,  ալեւիներու  եւ քիւրտերու դէմ  գործադրուած  կոտորածները: Իթթիհատականներու եւ նոյն  մտայնութիւնը որդեգրողներու կողմէ իրագործուած բոլոր դաժանութիւններու մասին ան շատ խիստ խօսքերով կ'արտայայտուի  եւ կը  դատապարտէ անոնց կողմէ գործադրուած բոլոր ոճիրները,  ի բացառեալ 1915-ին հայերու դէմ գործադրուած  մեծ ոճիրէն:

Յուզիչ է տեսնել որ երբ խօսուի  1915-ի դէպքերուն մասին, վարչապետ Էրտողան  կարծէք պաշտպան կը հանդիսանայ Իթթիհատականներուն եւ չ'ընդունիր որ այն նոյն Իթթիհատականները, զորս ինք միշտ կը քննադատէ,  քիւրտերու եւ ալեւիներու դէմ իրենց կատարած  ոճիրներու պատճառաւ, շատ աւելի մեծը եւ աւելի վայրագը գործած  են հայերու դէմ:

Կարելի չէ հասկնալ  վարչապետ Էրտողանի այս վերաբերմունքը մասնաւորապէս երկու պատճառաւ. 

Առաջինը այն է որ նոյն Իթթիհատականները 1919-1921 թուականներուն, Օսմանեան դատարանի կողմէ  առաջին աշխարհամարտին հայերու դէմ իրենց  գործած ոճիրներու պատճառաւ դատուած եւ հեռակայ կարգով մահուան դատապարտուած էին արդէն: Հեռակայ կարգով կ'ըսեմ որովհետեւ իրենք առաջուընէ տեղեակ պահուելով որ պիտի դատապարտուէին, երկրէն հեռացած եւ Գերմանիա ու  այլ երկիրներ ապաստանած էին:

Ուրեմն ամենապարզ մէկ պատճառաբանութեամբ, եթէ մտածելու  ըլլանք, ինչու՞ համար ժամանակուայ Օսմանական  դատարանի կողմէ դատուած եւ մահուան դատապարտուած անձերուն գործած ոճիրը, ինիսուն երկու տարի վերջ հերքելով  նեղ կացութեան մէջ իյնալ: Այդ նոյն անձերը եւ նոյն մտայնութիւնը չէի ՞ն որ այս հողերուն վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն, նոյնիսկ մահմետական սիւննի Թուրք ժողովուրդին անգամ զուլում ըրին պատմութեան մէջ: Ինչու՞ համար իննսուն երկու տարի առաջ Օսմանական ատեանի կողմէ մեղաւոր նկատուած անձերը հիմա պաշտպանել եւ իրենց գործած ոճիրը անտեսել:

Երկրորդ զարմանալի  կէտն ալ այն է որ վարչապետ Էրտողան իր գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն սկսեալ, միշտ պայքարած է երկրին քաղաքականութեան մէջ տիրող զօրապաշտական խնամակալութեան  դէմ: Իր իշխանութեան  շրջանին դատավարութեան ենթարկուեցան եւ դատապարտուեցան  հանրապետութեան շրջանին Թուրքիոյ մէջ իրականացած զինուորական հարուածները եւ հարուածի փորձ ընողները: Առայժմ քանի մը տասնեակ  ախկին զօրավար եւ հարիւրէ աւելի բարձրաստիճան սպայ բանտարկուած են զինուորական հարուած ծրագրած ըլլալու մեղադրանքով եւ դատավարութիւնները դեռ կը շարունակուին: Այդ հարուածներու ժամանակ դատապարտուող անձերուն եւ քաղաքագէտներուն պատիւը իրենց վերադարձուած է  պետութեան կողմէ:

Այս բոլորը լաւ, բայց   հապա Իթթիհատականնե՞րը: Անոնք ինչպէ՞ս գործի գլուխ եկան Օսմանական Կայսրութեան ժամանակ արդեօք: Իթթիհատականներն ալ ի վերջոյ 13 Ապրիլ 1909 (31 Մարտ 1325) թուականին տեսակ մը զինուորական հարուածով է որ սուլթան Համիտը տապալելով իշխանութիւնը ձեռք անցուցին: Ուրեմն քանի որ վարչապետ Էրտողան դէմ է զօրապաշտական խնամակալութեան եւ քանի որ իր իշխանութեան շրջանին կը դատուին զինուորական յեղաշրջումները, ինչու՞ համար չդատել նաեւ Իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպուած զինուորական հարուածը: Կամ ալ ժամանակը պիտի գա՞յ եւ Իթթիհատականներու հարուածն ալ պիտի դատուի՞ եւ դատապարտուի՞ արդեօք: Եթէ այսպէս դատավարութիւն մը կատարուի եւ անոնք դատապարտուին զինուորական հարուած կատարելով ոճիր գործած ըլլալու մեղադրանքով, այդ պարագային ցեղասպանութեան հարցն ալ կարելի կրնայ ըլլալ  լուծել, որովհետեւ այդ դէպքն ալ Իթթիհատականներու գործած մէկ ոճիրն էր:      

Սա, արդարեւ, իրականութիւն մըն է որ վարչապետ Էրտողան իր գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն մինչեւ այսօրուայ տասնմէկ տարիներու տեւողութեան, Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան որակը բարձրացնելու համար  շատ կարեւոր եւ նոյնչափ ալ վտանգաւոր քայլեր նետեց, որոնք տասնմէկ տարիներ առաջ երազել անգամ կարելի չէր: Այս քայլերուն  ամէն  մէկը ժողովուրդին համար մէյ մէկ պերլինեան պատի փլուզում էր կատարեալ: Ահաւասիկ այժմ Քրտական հարցն  ալ կը հարթուի եւ կը հաւատամ որ եթէ այսպէս շարունակուի, կարգը ի վերջոյ պիտի հասնի նաեւ Հայկական հարցի լուծման:

Վերջին տարիներուն Թուրքիա  Հայկական հարցի մէջ ալ ըստ իս  շատ կարեւոր քայլեր նետեց: Հրատարակուած գիրքերը եւ կազմակերպուած դասախօսութիւնները  ասոր  ամենալաւ ապացոյցներն են: Իսկ վերջին երեք տարիներուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, մայր հրապարակներու վրայ սկսուած է 24 Ապրիլը  ոգեկոչուիլ Հայ, Քիւրտ եւ նաեւ Թուրք հայրենակիցներու  կողմէ, որ ասիկա ըստ իս շատ կարեւոր զարգացում մըն է:

Հակառակ որ Թուրքիա պաշտօնապէս չ'ընդունիր ցեղասպանութիւնը, կ'արտօնէ  որ փափաքողներ ոգեկոչեն 24 Ապրիլը: 24 Ապրիլի ոգեկոչումի ժամանակ պետութեան ոստիկանները, պաշտպանողական դիրք կ'առնեն  24 Ապրիլը ոգեկոչող հայրենակիցներուն դէմ ազգայնամոլ կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուելիք հաւանական յարձակումները կանխելու համար:  Այսինքն՝ պետութիւնը կը պաշտպանէ անոնք, որոնք 24 Ապրիլը կ'ուզեն ոգեկոչել:

Աւելի ուրախալի է տեսնել որ այս երեք տարիներու ընթացքին զգալի ոչ մէկ դէպք պատահեցաւ բացի 24 Ապրիլի հակառակ ցոյց ընող սակաւաթիւ խումբերէ: Ես կը հաւատամ որ բոլոր այս զարգացումները, կառավարութեան  կողմէ Թուրք համայնքին մէջ   համոզմունք ստեղծելու համար մասնաւորապէս կ'արտօնուին, որպէսզի ժողովուրդը հետզհետէ լսելով վարժուի այդ գաղափարին եւ ուսումնասիրելով իմանայ թէ 1915 թուականին այս հողերուն վրայ հայերու դէմ ոճիր մը իրագործուած է իսկապէս:

Կը հաւատամ նաեւ  որ մօտ օրէն այս հարցն ալ պիտի հարթուի, կը բաւէ որ կողմերը հարցը չվերածեն վրէժխնդրութեան հարցի, այլ զայն նկատեն պատմութեան մէջ պատահած անարդարութեան մը փոխարինութեան:

Իսկ այս հարցին լուծումը կարելի կրնայ ըլլալ միայն վարչապետ Էրտողանի նման զօրաւոր,  իր արած որոշումը առանց վարանելու ամէն գինով  իրականացնող  առաջնորդի մը վարչապետութեան ժամանակ:

Պէտք է գիտնալ նաեւ որ այս հարցը յաղթական ելլելու  կամ պարտուած մնալու հարց մը չէ: Ողբերգութեան յաղթականը չ'ըլլար: Կողմերէն մէկը այս ոճիրը գործած ըլլալով, իսկ միւսն ալ նոյն ոճիրը կրած ըլլալով արդէն պարտութիւն մը կրած են պատմութեան մէջ: Երբ օրը հասնի եւ կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ նստին, երկուքն ալ պարտուած ըլլալով է որ պիտի սկսին բանակցութեան եւ   այս հարցը  լուծելով է որ միանգամայն պիտի ազատին հարիւր տարիներէ ի վեր զիրենք  կապող շղթաներէն:

 

3 comments
  1. Դուք շատ փափուկ եք վերաբերվում

    This comment is edited and brought down to a reasonable size. Ed.

    Իմ կարծիքով Դուք շատ փափուկ եք վերաբերվում այն հարցին, որ իմ ողջ երկու հսկա գերդաստանը կոտորվել է 1915 թվականին: Ի մանկուց որբ տատիկիս պատմություններն իր որբ ընկերուհիների հետ լսելիս և նրանց ծածուկ  լացը և խոսելու վախը ատել եմ և վրեժխնդիր եմ եղել: եթե մեկը կա, որ կցանկանա ինձ համոզել, թե չարի գործը և չարը ատելը լավ չի, դա միայն սատանան է:

    Միլիոնավոր մարդիկ, առավել ևս ողջ իմ ընկերական շրջապատը, առավել ևս հայ ազգի մեծամասնությունը կրում է կոտորածի դաժան և քայքայիչ ազդեցությունները: Չարը և չարի գործը անիծված է: Ոչ ոք իրվաունք չունի դիտավորյալ, շահի համար, կամ հավատքի համար, մյուսին սպանի: Այդ կյանքը Աստված է տվել մեզ: Աստծո՝ մեկ ուրիշին տվածը վերցնել նշանակում է գողանալ, իսկ եթե դա կյանքն է, նշանակում է մարդասպան:

    Էրդողանը ընդունի թե չընդունի 1915 դաժան և զարհուրելի ցեղասպանության ճշմարտությունը, ասի թե չասի ներեղություն, իսկ ես սա գրեմ, թե չգրեմ, միևնույն է՝ Աստված իր ազգի և ապագա կյանքերը վերցնելու է:

    Ես չեմ հավատում էրդողանին, այլ հավատում եմ, որ ամեն հանցանք իր պատիժը ստանալու է, թեկուզ 2000 տարվա:

    Պիտի զղջա, ներում խնդրի, հատուցի, ապա նոր քավություն ստանա։

  2. Էրտողանի Վերաբերմունքը

    Good analysis, these trends of thinking will relieve the pressure of responsibility from the population and bear it on the state, which regardless of the changes in the leadership remains sustained and will eventually still hinder the outright recognition of the responsibility for genocide.

  3. The common denominator

    Our sole common denominator is the conviction that the survival of our race be our utmost goal. With an Armenia, or without; whole, or partial; all-inclusive, or a mere concentration; independent, or attached; of this religion, or of that… Above  else, if this is what will guide us, all rest will be details-and the devil will not be in the details, 'cause we collectively have only one target. And the biggest revenge of ours, the sole source of our sufferings, the capital response to all perpetrators, will be our survival… Forget not that we live concentrated in that part of the world, but we are spread all over the world; that we are Apostolic,  of several Sees, but we are Catholic, Protestant, Sunni, Alevi, Atheist too; that we are Socialists, but Capitalists, Communists, Anarchists…too! And our forefathers perished, throughout history, to survive as a race, no matter what section of the above they belonged to. LET HATRED TO EACH OTHER BE OUT OF OUR HEARTS!!!
      

Comments are closed.

You May Also Like