Արժանթինի Հայ Համայնքը Արգելք Հանդիսացաւ Որ Աթաթուրքի Կիսանդրին Զետեղուի Պուէնոս Այրէսի Մէջ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչէպ Թայյէպ Էրտողան վերջին պահուն ջնջեց Մայիս 31ին Արժանթին կատարելիք իր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը անընդունելի համարելով Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ Աթաթուրքի կիսանդրիին զետեղման դէմ քաղաքի իշխանութիւններուն դրած արգելքը որպէս հետեւանք երկրի հայ համայնքի բողոքին:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչէպ Թայյէպ Էրտողան վերջին պահուն ջնջեց Մայիս 31ին Արժանթին կատարելիք իր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը անընդունելի համարելով Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ Աթաթուրքի կիսանդրիին զետեղման դէմ քաղաքի իշխանութիւններուն դրած արգելքը որպէս հետեւանք երկրի հայ համայնքի բողոքին:
Թիւ 26.1999 օրէնքը պատճառ դարձած էր, որ թրքական դիւանագիտութիւնը աշխուժանայ Արժանթինի եւ Ուրուկուայի մէջ, ի մասնաւորի այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» եւ հայ-թրքական փրոթոքոլներու գործընթացի ժամանակ: Պուէնոս Այրէս գործուղղուած դեսպանը՝ Հայրի Հայէթ Եալավ, օգտագործելով փրոթոքոլներու թրքական մեկնաբանութիւնը, ի մասնաւորի ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութիւնը յանձնաժողովներու մէջ քննարկելու հարցին, բազմացուց իր ճիգերը ե՛ւ դիւանագիտական, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ լրատուական, ե՛ւ հասարակական շրջանակներու մէջ՝ թրքանպաստ մթնոլորտ զտեղծելու համար: Անկախ դիւանագիտական իր հանդիպումներէն, թրքական դեսպանատան միջոցառումները, յատկապէս Ապրիլեան յիշատակումներու նախօրեակին, ընդգրկեցին ի մէջ այլոց նամակարշաւ Խորհրդարանի անդամներուն, քաղաքական դէմքերու եւ հանրածանօթ հրապարակագիրներու հրաւէրներ Թուրքիա այցելելու, հրապարակային դասախօսութիւններ, Թուրքիոյ բարեկամներու խմբակցութեան առաջացում եւ թուրք-արժանթինեան մշակութային կապերու հասարակական կազմակերպութեան ստեղծում:
Թրքական այս քարոզարշաւին դիմաց, դժբաղդաբար, Հայաատանի դիւանագիտութիւնը, շատ հաւանաբար աւելի շահագրգռուած փրոթոքոլներու գործընթացի յաջողութեամբ, անհրաժեշտ հակազդեցութիւնը չունեցաւ: Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան յանձնառութիւնը չթարգմանուեցաւ թրքական ժխտողականութեան զսպումի եւ դատապարտումի ակտիւ քաղաքականութեամբ:
Առանց աղմուկի
Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղումը թրքական դեսպանատան միջոցառումներէն ամենէն անաղմուկն էր, եւ թերեւս ամենէն հիմնականը: Պատահական չէր, որ այն կու գար Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին եւ ծրագրուած էր Արժանթինը նկատի ունենալով: Պրազիլի մէջ նման միջոցառում տեղի չունեցաւ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այդ մասին իմացաւ Էրտողանի այցելութենէն միայն մէկ շաբաթ առաջ:
Հ. Դ. Յանձնախումբի նախաձեռնած հետաքննութիւնը երեւան հանեց, որ հրապարակային տեղ մը կիսանդրիի զետեղման ամբողջ գործընթացը, որուն համար անհրաժեշտ են Պուէնոս Այրէս Ինքնավար Քաղաքի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած սահմանադրական քայլերու ամբողջ շարան մը, եղած էր ապօրինի: Թուրք դեսպանը, ինչպէս ինք արժանթինեան մամուլին տեղեկացուց, դիմած էր քաղաքի իշխանութիւններուն, որոնք դեռեւս անյայտ պատճառներով համաձայնած էին նոյն այդ հրապարակին վրայ նախապէս գտնուող եգիպտագի հայրենասէր Ահմատ Արապիի կիսանդրին վերցնել եւ անոր տեղը դնել Աթաթուրքի կիսանդրին: Թուրք դեսպանը, առաւել, սուտ խօսեցաւ մամուլին յայտարարելով որ կիսանդրիին «վերաբացումն» էր որ ծրագրուած էր, երբ Աթաթուրքի կիսանդրի երբեք չէր զետեղուած Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Յիշենք, որ կիսանդրիի բացման արարողութեան համար թրքական դեսպանատունը հրաւէրներ ուղարկած էր Արժանթին կայք հաստատած պոլսահայերու: Անոնցմէ որոնք տակաւին թրքական անցագրով կը ճամբորդեն, ինչպէս տեղեկացուեցաւ, դեսպանատան պաշտօնեաներ զանգեցին «յորդորելով» որ ներկայ գտնուէին արարողութեան այլապէս իրենց թուղթերու վերանորոգման համար կրնային դժուարութիւններու դէմ յանդիման գալ…
Համայնքային զօրաշարժ
Կիսանդրիի զետեղման լուրն ու անոր մանրամասնութիւնները իմանալէն յետոյ, Հ. Դ. Յանձնախումբը դիմեց համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով հաւաքուեցան Առաջնորդարանին մէջ Հինգշաբթի 27 Մայիսի գիշերը:


Հայ Դատի Յանձնախումբը բողոքի նամակներով դիմեց խորհրդարանականներու եւ կառավարական պատասխանատուներու յայտնելով որ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղումը վիրաւորանք է հայ ծագումով քաղաքացիներու եւ անյարիր է մարդկային իրաւանց պաշտպանի արժանթինեան պետական յանձնառութեան: Անհատ քաղաքացիներ, զուգահեռաբար, դիմեցին դատական իշխանութիւններու՝ միջոցառման կասեցման համար իրաւական գործընթաց սկսելու նպատակով:
Համայնքէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեանբ Արժանթինահայոց Առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի եւ բաղկացած Հ. Յ. Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէէն, Հայ Դատի Յանձնախումբէն, Հ. Ա. Ե. Կեդրոնական Վարչութենէն եւ Հայկական Մշակութային Միութենէն ներկայացուցիչներէ, Ուրբաթ 28 Մայիսին այցելեց Քաղաքային իշխանութեան մէջ Միջավայրի եւ Հանրային Տարածութիւններու նախարար Տիէկօ Սանթիլիի, որուն դիմեց կիսանդրիի զետեղման ջնջման պահանջով: Նախարարը, ընդառաջելով դիմումին, նոյն օրը, Մայիս 28ին, հրամանագիր ստորագրեց կասեցնելով ամբողջ գործընթացը:
Քաղաքային իշխանութիւնները իրենց կեցուածքը մամուլին բացատրեցին ըսելով որ ե՛ւ գործընթացը օրինական հունէ չէր անցած, ե՛ւ ընդունելի չէր Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն մէկուն կիսանդրիին զետեղումը: Եւ հակառակ այն իրողութեան, որ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը փորձեց այցելութեան ջնջման պատասխանատու համար քաղաքային իշխանութիւնները, արժանթինեան մամուլին համար յստակ էր, որ այն եղած էր արդիւնք համայնքի ազդեցիկ բողոքին:
Մայիսեան տօնախմբութիւն
Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման ջնջումը, որ զուգադիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 92ամեակին ճիշդ նոյն օրը, ողջունուեցաւ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններու կողմէ: Անկախ իրենց գաղափարախօսական հակումներէն, բոլոր կազմակերպութիւնները խմբագրականներով, հրապարակային ելոյթներով թէ Կիրակի 30 Մայիսին եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակ արտասանուած քարոզներով եւ խօսքերով կարեւորութեամբ շեշտեցին համայնքային միասնականութիւնն ու անմիջական զօրաշարժը:
Շաբաթ Մայիս 29ի գիշերը, Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպած Մայիսեան տօնախմբութեան խօսք առնելով Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը շնորհաւորեց համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց միասնականութեան եւ ճիգերու միաւորման համար: «Հաւաքական յիշողութեան եւ Ճշմարտութեան իրաւունքի յանձնառու երկրի մը մէջ անընդունելի է Ցեղասպանութեան ժխտումը որ Էրտողան կ’ուզէր իր հետ բերել եւ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղումով հաստատագրել», ըսաւ ան, միաժամանակ պահանջելով որ Հայաստանի պետական քաղաքականութիւնը աւելի ակտիւօրէն յանձնառու ըլլայ թրքական ժխտողական ակրեսիւ քաղաքականութեան հակազդեցութեան:
Երկուշաբթի 31 Մայիսին մամուլին ուղարկած հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Դատի Յանձնախումբը այցելութեան ձախողութեան պատասխանատուութիւնը դրաւ Էրտողանի ուսերուն: «Էրտողան կ’ուզէ իր երկրին մէջ իրագործած ժխտումի քաղաքականութիւնը հոս արտածել եւ մեզի պարտադրել: Թոյլ պիտի չտանք»: