Ընդելուզում-համարկում՝ շահաւէտ հայապահպանում

Ստորեւ կը հրապարակենք լիբանանահայ հասարակական բեղուն գործիչ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի հետաքրքրական յօդուածը Հայ Դատի նկատմամբ արաբ մտաւորականներու եւ գործիչներու դիրքորոշումներուն մասին: Նշենք սակայն, թէ ան չէ յիշատակած Հայկական Ժողովրդային Շարժումին կարեւոր ներդրումը իր բերած 25 օրինակներու գոնէ մէկ մասին մէջ: Ան գրեթէ ամէն ինչ վերագրած է կոմունիստներուն, մինչդեռ ատիկա ճշմարտութեան մէկ մասն է միայն: Չենք ուրանար հայ կոմունիստներուն ու անձնապէս Գասպարին կարեւոր մասնակցութիւնը այս աշխատանքներուն մէջ, սակայն այդ պէտք չէ իրեն կամ ոեւէ մէկուն իրաւունք տար ուրիշներուն կատարածները անտեսելու կամ «մոռնալու»Խմբ.

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 13 Հոկտեմբեր 2019

Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ, յետեղեռնեան Տարագիր Արեւմտահայութեան ղեկավարները, որոնք կոչուած էին առաջնորդելու տարագիր բեկորները այս օտար ափերուն վրայ, վարեցին «Հայապահպանում»ի իրարու հակոտնեայ երկու քաղաքականութիւններ՝ մէկը՝ մեկուսապաշտական կամ կեթթոյական, միւսը՝ ընդելուզական կամ համարկուողական: Սխալմամբ ոչ-ազգային յորջորջուած կամ կարծուած հայ համայնավարները հետեւողականօրէն կիրարկեցին ընդելուզումի ճամբով համարկուելու քաղաքականութիւնը, իսկ նոյնքան սխալմամբ ազգային յորջորջուած աւանդական կուսակցութիւնները, երբ անոնց իշխանութեան ղեկը կը գտնուէր «ԱՋ» թեւի ձեռքին, վարեցին կեթթոյական քաղաքականութիւն, բայց երբ ղեկը գտնուէր «ՁԱԽ» թեւի ձեռքին, վարեցին վարանոտ համարկուելու քաղաքականութիւն:

Ստորեւ կը հրապարակենք լիբանանահայ հասարակական բեղուն գործիչ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի հետաքրքրական յօդուածը Հայ Դատի նկատմամբ արաբ մտաւորականներու եւ գործիչներու դիրքորոշումներուն մասին: Նշենք սակայն, թէ ան չէ յիշատակած Հայկական Ժողովրդային Շարժումին կարեւոր ներդրումը իր բերած 25 օրինակներու գոնէ մէկ մասին մէջ: Ան գրեթէ ամէն ինչ վերագրած է կոմունիստներուն, մինչդեռ ատիկա ճշմարտութեան մէկ մասն է միայն: Չենք ուրանար հայ կոմունիստներուն ու անձնապէս Գասպարին կարեւոր մասնակցութիւնը այս աշխատանքներուն մէջ, սակայն այդ պէտք չէ իրեն կամ ոեւէ մէկուն իրաւունք տար ուրիշներուն կատարածները անտեսելու կամ «մոռնալու»Խմբ.

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 13 Հոկտեմբեր 2019

Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ, յետեղեռնեան Տարագիր Արեւմտահայութեան ղեկավարները, որոնք կոչուած էին առաջնորդելու տարագիր բեկորները այս օտար ափերուն վրայ, վարեցին «Հայապահպանում»ի իրարու հակոտնեայ երկու քաղաքականութիւններ՝ մէկը՝ մեկուսապաշտական կամ կեթթոյական, միւսը՝ ընդելուզական կամ համարկուողական: Սխալմամբ ոչ-ազգային յորջորջուած կամ կարծուած հայ համայնավարները հետեւողականօրէն կիրարկեցին ընդելուզումի ճամբով համարկուելու քաղաքականութիւնը, իսկ նոյնքան սխալմամբ ազգային յորջորջուած աւանդական կուսակցութիւնները, երբ անոնց իշխանութեան ղեկը կը գտնուէր «ԱՋ» թեւի ձեռքին, վարեցին կեթթոյական քաղաքականութիւն, բայց երբ ղեկը գտնուէր «ՁԱԽ» թեւի ձեռքին, վարեցին վարանոտ համարկուելու քաղաքականութիւն:

Աւանդական կուսակցութիւններու «ԱՋ» եւ «ՁԱԽ» թեւերու միջեւ գլխաւոր բաժանարար գիծը կ’որոշուէր անոնց Սովետ Հայաստանի հե՞տ կամ դէմ ըլլալը նկատի ունենալով եւ ոչ թէ ընկերային, հասարակական գիտութիւններու գիտական արժեչափերով…: Ասկէ՝ Հ. Յ. Դ.ի ղեկը գտնուած է «ԱՋ» թեւին ձեռքը՝ մինչեւ Հրայր Մարուխեան, իսկ Ս. Դ. Հ. Կ.ի եւ Ռ. Ա. Կ.ի ղեկը՝ «ՁԱԽ» թեւին ձեռքը՝ մինչեւ Գ. Հանրապետութիւն:

Հայապահպանման համար կեթթոյական քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ, օգտակար, արդիւնաւէտ եւ անփոխարինելի համարողները իրենց ենթակայ տարագիրները բանտեցին «հայկական» (իմա՝ կուսակցական) նեղ խոզակին մէջ՝ զանոնք մեկուսացնելով տեղաբնիկ ժողովուրդէն, նոյնիսկ՝ տեղաբնիկ ժողովուրդին վերէն նայելու մարդատեաց խտրականութիւնը յուշեցին անոնց (այն ծայր աստիճանի, որ այս խեղճերը սկսան երդումներ ընել. «Եթէ այդպէս ըրած եմ, կամ՝ եթէ այդպէս ըսած եմ՝ թող արաբ ըլլամ»…): Եւ տակաւին՝ տարագիրներուն թելադրեցին հաւատարիմ մնալ զիրենք հիւրընկալող արաբ ժողովուրդին երկիրը գաղութացուցած ֆրանսացի կամ անգլիացի բարձր կոմիսարին, եւ իբր օրինակելի տիպար, անոնց ղեկավարներէն մին, որ երեսփոխան էր, քուէարկեց հիւրընկալ երկրի անկախութեան դէմ՝ գործադրելով ֆրանսացի բարձր կոմիսարին հրահանգը: Իսկ Սովետական Հայաստանի դէմ կոյր թշնամանքը հասած էր այն աստիճանին, որ երկրին խորթացած տարագիրներուն կատարել տուին ասպնջական արաբ երկրին դէմ լրտեսական աշխատանքներ ի շահ ամերիկեան իմփերիալիզմին եւ ի վնաս Սովետական Միութեան, ներառեալ՝ Սովետական Հայաստանի…: Տարագիրներու այս խորթացումն ու մեկուսացումը տեղաբնիկ ժողովուրդին նկատմամբ, եւ՝ գաղութարար ու իմփերիալիստ օտար տէրութիւններուն ծառայող այս հայ տարագիրները՝ կասկածելի եւ անվստահելի տարրեր դարձան տեղաբնիկ ժողովուրդի աչքին, ինչ որ պատճառ եղաւ որ մենք չկարողանանք մեր հողային դատին կողքին շահիլ արաբ ժողովուրդներն ու պետութիւնները:

Հայապահպանման համար ընդելուզումի ճամբով համարկուելու քաղաքականութիւնը որդեգրեցին այս երկիրներուն մէջ ապրող եւ գործող հայ կոմունիստ տարագրեալները՝ մասնակցելով հիւրընկալ երկրի ժողովուրդի կեանքի բոլոր (ներառեալ՝ ընկերային, քաղաքական, ռազմական, տնտեսական ու մշակութային) մարզերուն, ծանօթանալով անոր պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքական ճակատագրին, փոխադարձաբար անոր ծանօթացնելով հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքական ճակատագիրը (ներառեալ՝ հողային արդար դատը): Այս հայ կոմունիստ տարագրեալները ոչ միայն բանտերու մէջ անգամ սորվեցան արաբերէնը եւ ծանօթացան արաբական գրականութեան ու քաղաքակրթութեան, այլեւ գործօն մասնակցութիւն բերին այս երկիրներու ներքին դասակարգային-ընկերային պայքարին, անոնց անկախութեան կռիւներուն ու ազատագրական պայքարին՝ ընդդէմ թաթարներուն, իմփերիալիզմին ու սիոնիզմին, եւ շահեցան տեղաբնիկ մտաւորականութեան վստահութիւնը, իրենց հետ շփուող ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը եւ մանաւանդ՝ անոնց նեցուկն ու զօրավիգը Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան դատին:

Ուրեմն, համարկուելով հիւրընկալ երկիրներու կեանքին հետ, յառաջդիմական ու յեղափոխական արեւմտահայ տարագրեալները փոխադարձ հարստացման, զարգացման ու ծանօթացման ճանապարհով ոչ միայն պահպանեցին իրենց ազգային ինքնութիւնը, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան դատին ի նպաստ դարձուցին հիւրընկալ արաբ երկիրներու առնուազն՝ կոմունիստ, ձախակողմեան ու դեմոկրատ մտաւորականութիւնը, պատմաբաններ, գրողներ, քաղաքագէտներ, արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ:

Եւ քանի որ այս արաբ մտաւորականները գլխաւորաբար հայ կոմունիստ մտաւորականներէն ծանօթացան հայոց պատմութեան, Մեծ Եղեռնին, Սովետական Հայաստանին ու Արեւմտեան Հայաստանի դատին, այսպիսիները եղան միակները, որոնք երբ տարբեր առիթներով խօսեցան Ապրիլ 24-ի մասին, անպայման յիշեցին ցարդ գերեվարեալ մնացած Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան անհրաժեշտութիւնը, մինչ պահպանողական արաբ մտաւորականները, երբեմն ալ աջակողմեանները, լաւագոյն պարագային, միայն ճանչցան Ցեղասպանութեան ոճիրը, մոռնալով (կամ՝ մոռացութեան տալով) գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանը, եւ նոյնիսկ չյիշեցին գէթ, որ ցեղասպանութիւնը գործուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, եւ տակաւին ըսին՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ… բոլորովին մոռացութեան տալով ցեղասպանուող ժողովուրդին պատմական հայրենիքը…: Բայց ինչո՞ւ մեղադրել այս պահպանողական, աջակողմեան արաբ մտաւորականները, երբ ՀԱՅ աւանդական կուսակցութիւններն ալ, Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին անգամ, չբարձրացուցին Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան պահանջը…:

Մեծ մասամբ Նորա Արիսեանի, եւ մասամբ ալ մեր ջանքերով հաւաքուած արաբ 100 մտաւորականներու՝ Հայ Դատին ի նպաստ կարծիքներուն հազիւ թէ 30-ը չեն մոռցած Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան դատը: Անոնց մեծամասնութիւնը կոմունիստներ, ձախակողմեաններ, դեմոկրատներ կամ յառաջդիմականներ են, կամ՝ հայ կոմունիստներու հետ իրենց ունեցած շփումներուն շնորհիւ ծանօթացած են Եղեռնին: Եւ, որովհետեւ, օրինակ՝ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, երբեւէ գոյութիւն չէ ունեցած Կոմկուսի պլոք կամ ձախակողմեան պլոք, Լիբանանի խորհրդարանի ճանաչումի երկու բանաձեւերն ալ ո՛չ մէկ քաղաքական կեցուածք կ’արտայայտեն, ո՛չ մէկ իրաւական արժէք ունին եւ ամօ՛թ մըն են ոչ միայն խորհրդարանի ճակատին, այլեւ անոր անդամ հայ երեսփոխաններուն, մինչդեռ մեծ մասամբ կոմունիստ հայերու համարկումի քաղաքականութեան շնորհիւ ահա՛ թէ ինչ ըսած են արաբ 25 յառաջդիմական եւ դեմոկրատ-ձախ մտաւորականներ.

1 – Սուրիացի իրաւաբան, պատմաբան եւ ազգային ազատագրական պայքարի մարտնչող մտաւորական ՖԱՅԷԶ ԱԼ-ՂՈՒՍԷՅՆ (1889-1968) դեռ 1917-ին Պոմպէյի մէջ (Հնդկաստան) հրատարակեց Մեծ Եղեռնին նուիրուած հատոր մը, որուն ճշմարտախօս վերնագիրն էր «Հայաստանի Մէջ Գործուած Ջարդերը» («ալ-Մազապեհ ֆի Արմինիա») եւ ոչ թէ «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ…»: Երկարօրէն նկարագրելէ յետոյ ջարդերն ու տեղահանութիւնները, ան կ’եզրակացնէ. «Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Արեւելեան Թուրքիոյ Հայկական Նահանգներուն մէջ ջարդուած հայոց թիւը կը գնահատուի մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարէն աւելի, ներառեալ այն հայերը, որոնք սովամահ մեռան տեղահանութեան ճամբուն վրայ»: (Լիբանանի Կոմկուսի Հայկական Կազմակերպութեան «Կանչ» եւ «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթերու խմբագրութեանց պատասխանատու Պարոյր Երէցեան Մեծ Եղեռնի 80-րդ տարելիցին առիթով 1995 թուին արաբերէն հատոր մը հրատարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որուն մէջ բազմաթիւ մէջբերումներ կան Ֆայէզ ալ-Ղուսէյնի այս գիրքէն: Գիրքին յառաջաբանը գրեց Կոմկուսի Քաղպիւրոյի անդամ Ղասսան Ռիֆաային):

2 – Լիբանանցի մեծահամբաւ բանաստեղծ ՍԱԻՏ ԱՔԸԼ (1912-2014) Էրեբունիի հիմնադրութեան 2750-ամեակին առիթով Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին կազմակերպած հանդիսութեան, Լիբանանեան Լսարանին մէջ (Cénacle Libanais), փրոֆ. Վարազդատ Յարութիւնեանի եւ փրոֆ. Փասքալ Փապուճեանի կողքին խօսք առնելով հայկական ճարտարապետութեան մասին, ըսաւ. «Հայկական Հողային Դատը գուցէ եւ մարդկութեան խիղճը անհանգստացնող ամէնէն կարեւոր բանն է: Երբ մարդկային քաղաքակրթութեան բոլոր մարզերուն մէջ իր նպաստը բերած ստեղծագործ արտակարգ ժողովուրդի մը երկու երրորդը կը բնաջնջուի պատմութեան քարտէսէն, ասիկա աներեւակայելի ցեղասպանութեան ոճիր մըն է…: Այս դատը ո՞ւր հասած է հիմա: Իմ անձնական պատկերացումովս, եւ աշխարհի ամէն անկիւնը գտնուող պատուարժան մարդուն խղճմտանքով, պէտք չէ սպասել մեծ տէրութիւններու, որ իրաւունքը տան հայ ժողովուրդին: Հայկական զանգուածներու ճակատամարտ մը ի՛նք պէտք է պարտադրէ վերականգնումը պատմական Հայաստանին, հայութեան բռնագրաւեալ հայրենիքին, գերիշխան պետութեան մը մէջ եւ իր պատմական հողերուն վրայ, ինչ որ շահ մը պիտի ըլլար մարդկային քաղաքակրթութեան»:

3 – Սուրիացի պատմաբան ԱՀՄԷՏ ՈՒԱՍՖԻ ԶԱՔԱՐԻԱ Հալէպի մէջ 2008 թուին հրատարակուած «Ուղեւորութիւն Դէպի Եփրատ» վերնագրով հատորին մէջ կը խօսի 1916-ին Եփրատի հովիտ իր այցելութեան մասին, եւ կը գրէ. «Ապի Հարիրայի մէջ տեսայ մեծ, հարիւրաւոր վրաններով վրանաքաղաք մը հայ տեղահանեալներու կարաւաններուն, որոնք աքսորուած էին թուրանական կառավարութեան կողմէ (այդ ժամանակի) իրենց հայրենիք Հայաստանէն…»:

4 – Սուրիացի պատմաբան ՇԷՅԽ ՔԱՄԷԼ ԱԼ-ՂԱԶԶԻ Հալէպի մէջ 1927-ին հրատարակած (1949-ին վերահրատարակուած) իր «Ոսկիի Գետը Հալէպի Պատմութեան Մէջ» վերնագրով հատորին մէջ կը գրէ. «1915 թուականին թուրանական Թուրքիան սկսաւ հայերը աքսորել իրենց պատմական հայրենիքէն…»:

5 – Սուրիացի պատմաբան ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՔԸՐՏ ԱԼԻ իր «Յիշատակներ» (Դամասկոս, 1951) եւ «Շամի Ծրագրեր» (Պէյրութ, 1969) հատորներուն մէջ գրած է. «1915 թուին թուրանական իթթիհատականները գործեցին ցեղասպանութեան եւ զանգուածային տեղահանութեան ոճիրները հայոց պատմական հայրենիքին մէջ: Իրենց գաղտնի համագումարին մէջ, անոնք նաեւ որոշած էին նոյնը ընել արաբներուն»:

6 – Լիբանանցի Միջազգային Հանրային Իրաւունքի մասնագէտ փաստաբան եւ իրաւագէտ ՄՈՒՍԱ ՓՐԷՆՍ (1925-1998) 1967 թուին հրատարակեց «Մոռցուած Ցեղասպանութիւնը՝ Հայասպանութիւնը (L’ARMÉNOCIDE)» վերնագրով բազմահատոր երկասիրութիւնը (ֆրանսերէն), իսկ 1975 թուին զայն վերահրատարակեց լրացումներով եւ նոր վերնագրով՝ «Հայոց Դէմ Ջարդերը՝ Մարդկութեան Դէմ Գործուած Ոճիրներ» (արաբերէն): Այս գիրքերուն մէջ ան պահանջեց միջազգային դատավարութիւն մը՝ Նիւրեմպերկի նման, նիւթական հատուցումներու կողքին վերականգնելով Արեւմտեան Հայաստանի անկախ պետութիւնը: (Առաջին գիրքը ֆրանսերէնէ արաբերէնի թարգմանեց եւ 1996 թուին Հալէպի մէջ հրատարակեց Կիլիկիոյ Մշակութային Միութիւնը):

7 – Եգիպտացի բանասէր ՖՈՒԱՏ ՀԱՍԱՆ ՀԱՖԷԶ 1986-ին Գահիրէի մէջ իր հրատարակած «Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւնը Սկիզբէն Մինչեւ Այսօր» վերնագրով հատորին մէջ յատուկ գլուխ մը յատկացնելով Մեծ Եղեռնին, գրած է. «Հայոց դէմ բնաջնջումի ջարդերը շարունակուեցան 1894-էն մինչեւ 1915, եւ այս վերջինը յանգեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերէ պարպումին…»:

8 – Սուրիացի գրող ԺԻՀԱՏ ՍԱԼԷՀ 1987-ին Պէյրութի մէջ իր հրատարակած «Թուրանականութիւնը Արմատականութեան եւ Ֆաշիզմի Միջեւ» վերնագրով հատորին մէջ գրած է. «Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի ցեղապաշտական ցեղասպանութիւնը թուրանական Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ, հայ ժողովուրդէն միանգամընդմիշտ ազատուելու համար էր, որպէսզի ան Արեւմտեան Հայաստանը պահանջելու կամ հոն վերադառնալու այլեւս անկարող ըլլայ…»:

9 – Սուրիացի համայնագիտարանագիր եւ բանասէր ՆԱԱՅԻՄ ԱԼ-ԵԱՖԻ (1936-2003) 1992-ին Լաթաքիոյ մէջ իր հրատարակած «Հայոց Դէմ Գործուած Ջարդերն ու Արաբ Հանրային Կարծիքին Դիրքորոշումները Ատոնց Նկատմամբ» վերնագրով հատորին մէջ գրած է. «Եթէ թուրանական թուրքերու կողմէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը կը ցնցէ մարդկային խիղճը եւ զայն կը մղէ բողոքելու ու մերժելու ադամորդիներու միջեւ այսպիսի վայրագ գործելակերպը, ապա ատիկա կրկնակի արձագանգ կ’ունենայ արաբ մարդոց խիղճին մէջ: Հայ Դատը մէկ կողմէ մարդկային ընդհանրական ողբերգութիւն մըն է, միւս կողմէ սերտօրէն կապուած է արաբ ազգին պատճառուած սրտակեղեք ցաւերուն հետ: Արդ, Հայկական Դատը ցարդ մնաց առանց արդար լուծումի, թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները կ’ուրանան հայոց դէմ իրենց գործած ցեղասպանութիւնը…: Սակայն հայերը կը շարունակեն պայքարը եւ կը պահանջեն երեք բան, որոնք իրենց մարդկային օրինական ու իրաւական իրաւունքներն են. 1) ճանաչումը ցեղասպանութեան, 2) ատոր նիւթական արդար հատուցումը, եւ 3) վերադարձը հայրենի հողերուն, զորս չկրցան բնաջնջել թուրքերը: Փանթրքական եւ սիոնական ֆաշիզմը թէեւ կրնան հայերու եւ արաբներու խումբեր սպանել, սակայն չեն կրնար սպանել հայոց ազգն ու հայրենիքը եւ արաբ ազգն ու Պաղեստինը, ԻՍԿ ԱՊԱԳԱՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՆՈՐ, ՈՐ ՏԷՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ԻՐ ԴԱՏԻՆ ՈՒ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ»: (Այս ոսկեղէն ճշմարտութիւնը կը յանձնենք Արեւմտեան Հայաստանը մոռացութեան տուող անջիղ եւ անողնաշար ազգայինճիներու ուշադրութեան – Գ. Տ.):

10 – Լիբանանցի պատմագէտ եւ բանասէր ԴՈԿՏ. ՍԱԼԵՀ ԶԱՀՐԷՏՏԻՆ, որ մասնագիտացած է Հայկական Դատին մէջ, հեղինակած է շարք մը հատորներ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան, նաեւ՝ Հայկական Դատին մասին: Անոնց մեծագոյնն է «Հայերը՝ Ժողովուրդ Մը եւ Դատ Մը» վերնագրով համապարփակ հատորը, որուն բովանդակութեան սատարեցին երկու լիբանանահայ կոմունիստներ՝ Պարոյր Երէցեան եւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան (անոնց հետ իր ունեցած հարցազրոյցները երեք ամիսներու տեւողութեան սփռուեցան «Սաութ ուլ-Ժապալ» ռատիոկայանէն): Այդ հատորը ան կ’եզրափակէ հետեւեալ պարբերութեամբ. «Փանթուրքիզմը հարիւր տոկոսով սիոնիզմ է, իսկ ասոնց առնչութիւնը իրարու՝ պորտակապային է: Փանթուրքիստ Իթթիհատը գործադրեց հայոց ցեղասպանութիւնն ու զանգուածային տեղահանութիւնը՝ բռնազաւթելով անոնց պատմական հայրենիքը, իրականացնելու համար փանթուրքիզմի ծաւալողապաշտ երազը՝ հողային անմիջական կապ ստեղծել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Այդ երազը կը պահանջէր արեւմտահայութեան ու արեւելահայութեան բնաջնջումը եւ երկու Հայաստաններուն բռնազաւթումը, որպէսզի Թուրքիա այսպիսով կապուէր Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ ու թրքալեզու երկիրներուն հետ, ուրկէ օսմանցիները եկած էին Փոքր Ասիա, որու մէջ անոնք եկուորներ էին…»:

11 – Լիբանանցի պատմագէտ եւ իրաւագէտ ԴՈԿՏ. ՏԱԱՏ ԱՊՈՒ ՄԱԼՀԱՊ ԱԹԱԼԼԱ, «Պատմութիւն» եւ «Ժամանակակից Միջազգային Աշխարհաքաղաքական Յարաբերութիւններ» նիւթերու դասախօս Լիբանանեան Համալսարանին մէջ, իր հեղինակած «Հայկական Հարցը Ժամանակակից Աշխարհակարգին Մէջ» վերնագրով հատորին մէջ կը գրէ. «Հայաստանը՝ երրորդ հազարամեակին մէջ շարունակուող հարց մըն է: Ամէն տարի նշուող 24 Ապրիլի թուականը կը խորհրդանշէ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իրարու կը կապէ հայ ժողովուրդն ու անոր զաւթուած հայրենի հողը: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային պարզապէս ճանաչումը ինքնաբերաբար (ipso facto) կը նշանակէ ճանաչումը բռնագրաւեալ հայրենի հողին, որուն կը հետեւի այս հողերուն վրայ ինքնորոշուելու հայոց իրաւունքին ճանաչումը…»:

12 – Աղեքսանդրիոյ համալսարանի «Ժամանակակից Պատմութիւն» նիւթի դասախօս ՓՐՈՖ. ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՌԻՖԱԱԹ ԱԼ-ԻՄԱՄ 2003 թուին Գահիրէի «Նուպար» հրատարակչատան միջոցով լոյս ընծայած իր «Հայկական Դատը Օսմանեան Պետութեան Մէջ. 1878-1923» վերնագրով հատորի Բ. մասին մէջ, «Հայոց Դէմ Գործադրուած Ցեղասպանութիւնը Ողբերգութեանց Մայրն Է» ենթախորագրին տակ կը գրէ. «Փանթուրանական վարդապետութեամբ գերյագեցած իթթիհատականները հայ ցեղը արմատախիլ ըրին իր պատմական հայրենիքէն՝ գործելով քսաներորդ դարու առաջին զանգուածային ցեղասպանութիւնը՝ կանխամտածումով եւ կանխածրագրումով…»:

13 – Սուրիացի բանասէր ՕՄԱՐ ՍԱԼԻՊԻ (1951-2003) 1996-ին Դամասկոսի մէջ լոյս ընծայած իր «Տէյր էլ-Զօրի Սանճաքը Օսմանեան Ժամանակաշրջանին՝ Վարչականօրէն եւ Քաղաքականօրէն» վերնագրով հատորին մէջ կը գրէ. «Արդեօ՞ք հակասած կ’ըլլանք պատմութեան, եթէ ըսենք, որ հայոց դէմ գործադրուած մեծ սպանդները կազմակերպուած էին հրեայ սիոնական Իթթիհատի կողմէ, Ապտուլ Համիտ Բ. սուլթանի գահընկեցութենէն ետք: Հայոց ջարդերն ու իրենց պատմական հայրենիքէն անոնց տեղահանութիւնները շարունակուեցան ամբողջ յիսուն տարի, որու հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն մեծ թիւով աքսորեալներ Սուրիա եւ Տէյր էլ-Զօրի սանճաքը հասան»:

14 – Տէյր էլ-Զօրի Արաբ Կանանց Միութեան նախագահ եւ պատմութեան ուսուցչուհի, կոմունիստ ՄՈՒՀՍԻՆԷ ԱԱՅԵԱՇ (1935-2000) յայտարարած է. «Ամէն Ապրիլի 24-ին կը յիշենք 1915 թուի Հայոց Ցեղասպանութեան սեւ ոճիրը, որ խլեց կեանքը մէկ միլիոնէ աւելի հայոց, որոնք նահատակուեցան, որպէսզի ապրի Արեւմտեան Հայաստանը: Ոճրագործներուն գլխաւորներէն էին այն քաղաքական մարդիկն ու զինուորականները, որոնք իրենց սեւ մատնահետքերը թողուցին Թուրքիոյ այս ժամանակաշրջանի արիւնալի պատմութեան վրայ: Անոնք էին ծագումով հրեայ, թուրանական Իթթիհատի «տէօնմէ» սիոնական ղեկավարներ Էնվերը, Թալէաթն ու Ճեմալը»:

15 – Սուրիացի պատմաբան եւ հրապարակագիր ՍԱՄԻՐ ԱԱՐՊԱՇ, հեղինակը «Հայաստան՝ Հող եւ Ժողովուրդ» (Պէյրութ, 1991) եւ «2015 – Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը» (Դամասկոս, 2014) վերնագիրներով հատորներուն, հետեւեալը գրած է. «Հայկական Դատը մինչեւ այսօր առկախ կը մնայ մարդկութեան ճակտին վրայ, բայց խորապէս խրած՝ մարդկային խղճմտանքին մէջ, սակայն՝ առանց լուծումի: Միջազգային օրինականութիւնը պարտի ի վերջոյ զօրակցիլ եւ իր ձայնը ցեղապաշտ թուրք պետութեան ձայնէն աւելի բարձր հնչեցնել, քանի որ վերջինս փախուստ կու տայ եւ հայ ժողովուրդին չի վերադարձներ անոր հողային ու նիւթական հատուցումի ամբողջովին օրինական ու արդարացի իրաւունքները»:

16 – Լաթաքիաբնակ սուրիացի մեծ վիպագիր ՀԱՆՆԱ ՄԻՆԱ իր «Կեռաս Բերանը» («ալ-Ֆամմ ալ-Քարազի») վէպը ամբողջութեամբ նուիրած է Հայ Դատին եւ թուրանական Թուրքիոյ հետ դաշնակցած ֆրանսական գաղութարարութեան դէմ հայ-արաբական միացեալ պայքարին: Այս գիրքին մէջ Հաննա Մինա կը գրէ. «Հայ ժողովուրդը օժտուած է յեղափոխական պայքարի միջազգայնական շունչով, որուն շնորհիւ այս հին ժողովուրդը անպայման պիտի յաջողի հասնիլ իր պատմական հայրենիքի՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումին, Սովետական Հայաստանի նման, որպէս միակ արդար լուծումը իր հողային դատին»: (Հաննա Մինա եղած է Լաթաքիոյ նաւահանգիստի բեռնակիր, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Կոմկուսի անդամ: Ան կը գործակցէր Իսկենտերունի Սանճաքի հայ կոմունիստներուն հետ: Ինքնազարգացումով՝ ան դարձաւ արաբական աշխարհի ժամանակակից մեծագոյն վիպագիրներէն մէկը՝ իրեն գաղափարակից մեծ վիպագիր ԱՊՏԷԼ ՌԱՀՄԱՆ ՄՈՒՆԻՖի մակարդակով: Այս վերջինն ալ իր երեք վէպերուն մէջ՝ «Քաղաքի Մը Կենսագրութիւնը» («Սիրեթ Մետինէ»), «Աղին Քաղաքները» («Մուտուն ալ-Միլհի») եւ «Սեւութեան Հողը» («Արտ ալ-Սաուտա’ա») (լոյս տեսած նոյն յաջորդականութեամբ՝ 2000, 1986-1989 եւ 1999 թուականներուն), կերտած է հայու դրական ու թանկարժէք կերպարներ եւ պաշտպանած հայոց Հողային Դատը…):

17 – Սուրիացի ծանօթ գրող եւ բեմագիր (սենարիստ) ՀԱՍԱՆ Մ. ԵՈՒՍԷՖ, «Հողին Եղբայրակցութիւնը» («Ուխուուաթ ալ-Թուրապի») հեռուստատեսիլային մեծարժէք հաղորդաշարի բեմագրութեան հեղինակը, գրած է. «Թուրանական թուրքերը շրջանի ժողովուրդներուն, ներառեալ հայ հին ժողովուրդին դէմ կիրարկեցին բիրտ ուժի արարքներ, որոնց նմանը չկայ շրջանի պատմութեան մէջ: Մեր հայ եղբայրները 20-րդ դարու առաջին քառորդին աքսորուեցան իրենց պատմական հայրենիք Հայաստանէն եւ ցեղային մաքրագործումի դաժանագոյն գործողութեան ենթարկուեցան»:

18 – Հայոց Ցեղասպանութեան 70-րդ տարելիցին առիթով Լիբանանի Կոմկուսը 1985 թուին հրապարակեց 10 տպագիր էջէ բաղկացած պաշտօնական «Յայտարարութիւն» մը՝ որդեգրելով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան եւ արդի Թուրքիայէն պահանջուելիք նիւթական հատուցումի գումարին շուրջ կուսակցութեան Հայկական Կազմակերպութեան Վերին Մարմնին մշակած ծրագիրը: Իր հերթին, Հայկական Կազմակերպութիւնը «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթին մէկ թիւը յատկացուց 30 լիբանանցի գրական, քաղաքական ու մտաւորական դէմքերու ի նպաստ Հայկական Հողային Դատին վկայութիւններուն:

19 – Լիբանանցի իրաւաբան եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար ՄԵԹՐ ԱԼՊԵՌ ՄԱՆՍՈՒՐ (տողերուս հեղինակին դասընկերը Սեն Ժոզէֆ Համալսարանի Իրաւագիտութեան եւ Տնտեսագիտութեան Ֆաքիւլթէին մէջ), Մեծ Եղեռնի 70-րդ տարելիցին առիթով յայտարարեց. «Բռնազաւթեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ օսմանեան թուրանական գաղութարարութեան ձեռամբ հերոսական հայ ժողովուրդին դէմ գործուած հրէշային ոճիրին 70-րդ տարելիցին առիթով, կ’ողջունենք հերոսական հայ ժողովուրդին դիմադրական կեցուածքը, փա՜ռք ու պատիւ կու տանք անոր նահատակներուն, որոնք ինկան որպէսզի ապրի ու վերականգնի Արեւմտեան Հայաստանը՝ հայ ժողովուրդի այժմ գրաւեալ պատմական հայրենիքը, օրինակ հանդիսանալով աշխարհի բոլոր մարտնչող հայրենասէրներուն: Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքն է ազատօրէն ինքնորոշուիլ իր պատմական հայրենի հողերուն վրայ»:

20 – Լիբանանցի հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր, Կոմկուսի Քաղպիւրոյի անդամ ՔԵՐԻՄ ՄՐՈՒՈՒԷ նոյն առիթով յայտարարեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրը 20-րդ դարու իր տեսակին մէջ առաջին ողբերգութիւնն է, որ բնաջնջեց մէկուկէս միլիոն հայեր, անզէն զաւակները հայ հին ժողովուրդին, եւ որ իր պատմական հայրենիքէն ամբողջութեամբ աքսորեց ժողովուրդ մը, որուն արդար դատը ամէն ազատատենչ ժողովուրդ կը հետաքրքրէ, որովհետեւ թուրանական ֆաշիզմը մինչեւ օրս անպատիժ կը մնայ: Հայ Դատին արդար լուծումը Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումն է»:

21 – Լիբանանցի երեսփոխան, Յառաջդիմական Սոցիալիստական Կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն, ժողովրդասէր ՖԵՐԻՏ ԺԸՊՐԱՆ յայտարարեց. «1915 թուին օսմանեան գաղութարար վարչակարգին գործած ոճիրները հայ ժողովուրդին եւ անոր պատմական հայրենիք Հայաստանի դէմ, անպատիժ ձգուելիք կամ մոռացութեան տրուելիք ոճիրներ չեն, Պատմութիւնը այդպիսի մոռացումը չի ներեր…: Հայ ժողովուրդը մեծ է, քանի որ չէ մոռցած իր նահատակներն ու բռնագրաւեալ հայրենիքը…»:

22 – Լիբանանցի յառաջապահ բանաստեղծ ԱՏՈՆԻՍ յայտարարեց. «Հայ հին ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն զաւակներու ցեղասպանութեան տարելիցը կը զուգադիպի արաբական աշխարհին – մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ – ուրիշ ցեղասպանութեան մը, աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր սիոնիզմին կողմէ ուղղակի կամ իր շրջանային զինակիցներուն կողմէ փոխանորդաբար: Այսպիսով՝ հայն ու արաբը կը միանան իրարու: Այս միացումէն կը բխի աննահանջ յեղափոխութիւն մը Չարին ու Խաւարին դէմ՝ վասն Լոյսին յաղթանակին, որ մարդիկը կ’ազատագրէ եւ անոնց առջեւ նոր հորիզոններ կը բանայ: Ջերմագին սիրով կը խոնարհիմ հայ ժողովուրդին եւ անոր հողային արդար դատին առջեւ, եւ վստահ եմ, որ այս ստեղծագործ ու մարտունակ ժողովուրդը՝ ոչ միայն պիտի ազատագրէ իր բռնագրաւեալ հայրենիքը, այլեւ շրջանի ժողովուրդներուն կողքին պիտի մարտնչի ի խնդիր անոնց ազատագրութեան ու յառաջդիմութեան»: (Ատոնիս 5 Ապրիլ 1975-ին ներկայ եղած էր Սեն Ժորժ պանդոկին մէջ Մեծ Եղեռնի 60-ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Համազգային Մարմնի կազմակերպած ճաշկերոյթին, որուն հրաւիրուած էին 400 լիբանանցի ականաւոր դէմքեր, եւ որուն հանդիսավարը համեստս էր: Ճաշկերոյթին վերջաւորութեան, ոգեւորուած բանաստեղծը ինծի յանձնեց իր այս սրտաբուխ յայտարարութիւնը…):

23 – Լիբանանի վարչապետներէն ՌԱՇԻՏ ԱԼ-ՍՈԼՀ Մեծ Եղեռնի 70-րդ տարելիցին առիթով յայտարարեց. «Թուրքիոյ երիտթուրք թուրանական կառավարութիւնը մեծագոյն ոճիրը գործեց հայ ստեղծագործ ու շինարար ժողովուրդին դէմ՝ ջարդելով մէկուկէս միլիոն անզէն հայեր մեծ տէրութիւններու մեղսակցութեամբ, չարաշահելով Ա. Աշխարհամարտին առիթը: Կը խոնարհիմ հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ կ’ըսեմ՝ հայ ժողովուրդին իրաւունքն է վերադառնալ իր պատմական հայրենիքը՝ Արեւմտեան Հայաստան, հոն վերականգնել իր լուսաւոր քաղաքակրթութիւնը, որ նպաստած է աշխարհի այլ ժողովուրդներու քաղաքակրթութեանց հիմնումին…»: (Լիբանանի Կոմկուսի Հայկական Կազմակերպութեան Վերին Մարմնի քարտուղար Պարոյր Երէցեան կուսակցական պարտականութիւն ունէր շաբաթական հանդիպումներ ունենալու վարչապետ Ռաշիտ ալ-Սոլհի հետ…):

24 – Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ ԷԼԻ ՖԸՐԶԼԻ նոյն առիթով յայտարարեց. «Փանթուրքիզմի ծրագրին գործադրութեամբ, Թուրքիոյ երիտթրքական-սիոնական կառավարութիւնը ոչ միայն ցեղասպանեց հայ ժողովուրդը իր հայրենիքին՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, այլեւ անկէ բռնահանեց զինք, եւ մինչեւ այսօր անպատիժ մնաց Միջազգային Ընտանիքի մեղսակցութեան հետեւանքով: Միջազգային Հանրային Իրաւունքը Տարագիր Հայութեան իրաւունք կու տայ վերադառնալու իր պատմական հայրենիքը՝ Արեւմտեան Հայաստան, անոր հողին վրայ ինքնորոշուելու եւ Թուրքիայէն ստանալու ոչ միայն նիւթական, այլեւ հողային հատուցում: Անշուշտ, մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու կեանքը անկարելի է հատուցել որեւէ գումարով, իսկ կարելին՝ վերադարձն է Արեւմտեան Հայաստան…»:

25 – Լիբանանի նախկին նախարարներէն ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՊԱՅՏՈՒՆ նոյն առիթով յայտարարեց. «Հայոց Հողային Դատը լիբանանցիներուս վրայ պարտք կը դնէ զօրակցիլ մեր հայ եղբայրներուն իրենց պայքարին մէջ, որպէսզի անոնք յաջողին ձեռք բերել իրենց հիմնական իրաւունքները, առաջին հերթին ԻՐԵՆՑ ԲՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ»:

Երբ արաբ՝ լիբանանցի, սուրիացի եւ եգիպտացի, իսլամ թէ քրիստոնեայ, բայց գիտակից ու յառաջդիմական մտաւորականներ (պատմաբան, վիպագիր, բանաստեղծ, պետական թէ հասարակական գործիչ), շփուելով իրենց հետ համարկուող հայ յառաջդիմականներու հետ, այսպիսի կեցուածքներով ամբողջապէս, անվերապահ եւ անմնացորդ զօրավիգ կը կանգնին Տարագիր Արեւմտահայութեան Հողային Դատին, արդար, իրաւ եւ ճշմարիտ չըլլա՞ր երբ ըսենք, թէ հայապահպանումի ՇԱՀԱՒԷՏ քաղաքականութիւնը ընդելուզումի ճամբով համարկումն է հիւրընկալ երկրին ու ժողովուրդին հետ եւ ոչ թէ մեկուսացումն ու կեթթոյացումը, եւ թէ այս տեսակի արաբ հայասէրները հայոց Հողային Դատը շատ աւելի լաւ ըմբռնած են եւ անոր արդարութեան ու հրամայականութեան աւելի խորապէս համոզուած են, քան այն հայերը, որոնք Մեծ Եղեռնի դարադարձին անգամ մոռցան կամ մոռացութեան տուին Արեւմտեան Հայաստանը եւ թութակաբար կրկնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, սնամէջ ճանաչումին մուրացկանութիւն-մաշած սկաւառակը… եւ որպէս միակ «նորութիւն», դարադարձի իբր խորհրդանիշ գործածեցին սիոնական «անմոռուկ»ը (փանթուրքիզմի մանկաբարձ սիոնիզմի «անմոռուկ»ը)՝ սրբապղծելով մեր նահատակներուն յիշատակը:

Մեր այս աւանդապահ, պահպանողական եւ իբր թէ ազգայնական (ազգայինճի…) հայ ուշացած «յիմար կոյսերը» պահ մը գէթ կը խպնի՞ն արդեօք իրենց յետամնացութեան համար, երբ լսեն, որ Մեծ Եղեռնի 70-րդ տարելիցին արդէն, Լիբանանի վարչապետը ըսած է. «Հայ ժողովուրդին իրաւունքն է վերադառնալ իր պատմական հայրենիք Արեւմտեան Հայաստան եւ հոն վերականգնել իր լուսաւոր քաղաքակրթութիւնը», որ Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահը ըսած է. «Մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու կեանքը ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է հատուցել որեւէ գումարով, իսկ ԿԱՐԵԼԻՆ՝ վերադարձն է Արեւմտեան Հայաստան», եւ որ լիբանանցի նախարար մը ըսած է. «Հայոց Հողային Դատը լիբանանցիներուս վրայ պարտք կը դնէ զօրակցիլ մեր հայ եղբայրներուն իրենց պայքարին մէջ, որպէսզի անոնք ձեռք բերեն ԻՐԵՆՑ ԲՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ…»:

You May Also Like