Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Մայիս 2014
Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն կա՞յ, աւելի ճիշդ՝ մնա՞ց, իր իսկակա՛ն բովանդակութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ։
Խօսքը բնաւ չի վերաբերիր այն ցոյցերուն, որոնք գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենան հոս ու հոն, սակայն, յաճախ, բուռ մը մասնակիցներով, բողոքելու այս կամ այն երեւոյթին դէմ։
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Մայիս 2014
Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն կա՞յ, աւելի ճիշդ՝ մնա՞ց, իր իսկակա՛ն բովանդակութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ։
Խօսքը բնաւ չի վերաբերիր այն ցոյցերուն, որոնք գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենան հոս ու հոն, սակայն, յաճախ, բուռ մը մասնակիցներով, բողոքելու այս կամ այն երեւոյթին դէմ։
Կասկած չկայ, որ իսկական ընդդիմութիւն, իր լայնահունչ ու լայնածիր բովանդակութեամբ, կար երկրորդ եւ երրորդ նախագահափոխութեան եւ նախագահակրկնութեան եւ անոնց յաջորդող շրջաններուն, երբ ամբողջ մայրաքաղաքը կ’ողողուէր մարդկային ծովածաւալ ալիքներով։
Ընդդիմութեան պատասխանատուները, մէկ կոչով, մէկ յայտարարութեամբ, մէկ կարգախօսով, «լեռներ շարժել»ու չափ մարդ կը հաւաքէին, որ կը փութար իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու, իր ներկայութիւնը զգացնելու։
Հաւատք կար ժողովուրդին մօտ, վստահութիւն ընդդիմախօսներուն հանդէպ, վճռակամութեամբ զինուած էր, ի դէմս այն անարդարութիւններուն ու բռնատիրութիւններուն, զրկանքներուն ու հալածանքներուն, որոնց կ’ենթարկուէր հասարակութիւնը, ըստ իրեն, մեկնելով այն պահանջքներէն եւ իրաւունքներէն, որոնցմէ անարդարօրէն զրկուած էր։
Ամէնէն երեւելի եւ զգալի չարաշահութիւնը կը պարզուէր նախագահական, պատգամաւորական, մարզպետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու ստուգատեսին, ուր կ՚արձանագրուէին խիստ կոպիտ խախտումներ ու զեղծումներ, խարդախութիւններ ու կաշառակերութիւններ, շատ յաճախ թափանցիկ եւ ակնբախ միջոցներով, որոնց կ՚անդրադառնային ներքին (տեղական) եւ արտաքին (միջազգային) աղբիւրներ։
Անշուշտ, իշխանական կամ յաղթական կողմը, ոչ միայն կ՚անտեսէր այդ վերագրումները, այլեւ բուռն կերպով կը հակազդէր, շատ յաճախ ալ վկայակոչելով օտար դէտերու «դրական» արտայայտութիւնները, որոնք կ՚ընդունէին ատոնց «օրինականութիւն»ը, առանց ամչնալու «բայց» մը աւելցնելով ու թուելով սուր օրինազանցութիւններ։
Այս բոլորը զայրոյթ ու պոռթկում կ՚առաջացնէին ժողովուրդին մօտ, որ հետամուտ էր արժանապատիւ ու բարեկեցիկ կեանք մը վայելելու, բայց, վիճելի չէ, առանց զայն գտնելու այս կամ այն իշխանութեան մօտ։
Արդի՞ւնք, հետեւիլ ընդդիմութեան շարժումներուն, գործադրել անոնց ցուցմունքները, շարունակել պայքարը, մնալ պատնէշի վրայ։
Հեռանկա՞ր, լծուիլ իշխանափոխութեան, պատրաստուիլ բարեկարգութեան, նախաձեռնել նորարարութիւններու, կազմակերպուիլ հաւաքականօրէն։
Ո՞վ չի յիշեր այն փոթորկայոյզ հանրահաւաքները Ազատութեան հրապարակին վրայ, Օփերայի շրջափակին մէջ, Բաղրամեան պողոտայի երկայնքին, Մաշտոցի անուան մատենադարանին դիմաց եւ այլուր, ուր մասնակից բազմութիւնները կը ժամանէին, լսելու ընդդիմախօս ղեկավարներու բոցաշունչ ելոյթները, ոգեւորող խօսքերը, զգայացունց ճառերը, խանդավառող յայտարարութիւնները։
Պահանջքներ, լոզունգներ, առաջադրանքներ, ծրագիրներ, նոյնիսկ սպառնալիքներ, սաստեր, վերջնագիրեր, զգուշացումներ, որոնք, առաջինի պարագային կ՚ուղղուէին ներկայ բազմութեան, երկրորդ պարագային՝ իշխանութիւններուն, իսկ ատոնք, իրօք, վստահութիւն կը ներշնչէին ժողովուրդին, քանի խոր համոզում կար, որ փոփոխութիւնները «դրան ետին» են, իսկ այդ բոլորը իշխանութիւնը ծունկի պիտի բերէր։
Հանրահաւաքները վերջ կը գտնէին նոր հանդիպումի մը խոստումով, որ տեղի կ՚ունենար որոշուած թուականի մը, դարձեալ (յետաձգուած) ուրիշ թուականի մը յայտարարութեամբ, եւ այսպէս՝ շարունակաբար, մինչեւ որ ժողովուրդը հետզհետէ զգաց, թէ «բան մը» սխալ կ՚ընթանայ, տեղ մը «թերացում» կայ, մանաւանդ երբ ընդդիմախօս «լիտր»ները եւս սկսան անհետանալ, ուրիշներ՝ հրաժարեցան, ոմանք ալ՝ անջատուեցան։
Հարցը հոս այն էր, որ ժողովո՞ւրդն էր միամիտ, թէ՞ ընդդիմախօսը, առաջինը հրապարակ կը վազէր «պտուղ» մը քաղելու անյագ ակնկալութեամբ, երկրորդը հրապարակ կը բերէր ամբոխը անոր ներկայութենէն «օգտուելու»։
Այսօր, Հայաստանի մէջ զանգուածային ընդդիմութեան մասին խօսիլը, իր մեծաշռինդ հասկացողութեամբ ու մասնակցութեամբ, ուղղակի անհեթեթութիւն է, որովհետեւ՝ չկայ անիկա, եթէ նոյնիսկ կայ, վտիտ է ու չի կրնար ազդեցիկ դառնալ, ժողովուրդը ապրելով անոր դառնութիւնն ու յուսախաբութիւնը, տեսնելով առաջնորդ ընդդիմախօսներուն մեծ մասին անճարակութիւնը եւ փուչիկային ամբոխավարութիւնը։
Ընդդիմադիր չորս կուսակցութիւնները՝ Հայ Ազգային Քոնկրէս, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ժառանգութիւն (վերջերս ալ՝ Օրինաց Երկիր), որոնք կը յաւակնին իրենց կոչումին հարազատ կրողը դառնալ, իշխանափոխական, բարեկարգչական, պահանջատիրական հիմնահարցերով, արդեօք ո՞րքանով կրնան յաջողիլ իրենց դիտաւորութիւններուն կամ հետապնդումներուն մէջ։
Նախագահական նախկին թեկնածու ու Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, որ կարծր (՞) դիմադրութիւն ցոյց տուաւ գործող նախագահին դէմ, նոր յոյսի նշոյլ մը բացայայտելով, շուտով թուլցաւ, թէեւ վերջերս նորէն սկսաւ խօսիլ «պայքարի նոր շրջան»ի մը մասին, սակայն, հարց է, թէ ատիկա ի՞նչ ժողովրդականութեան կրնայ արժանանալ եւ ի՞նչ յաջողութիւն կրնայ արձանագրել, բազմիցս հիասթափուած եւ յուսաբեկուած ժողովուրդին կողմէ։
Միւս կուսակցութիւնները եւս, ժողովրդային ու հանրահաւաքային առումներով, չեն կրնար զօրաւոր բարենիշներ արձանագրել, որուն պերճախօս փաստը, 1 Մարտի տխուր դէպքերուն առիթով, զոհուածներու յիշատակին արարողութիւնն էր, համեմատաբար, խիստ սակաւաթիւ մասնակիցներով։
(Ի դէպ, այդ ցաւալի ողբերգութեան մեղաւորներն իսկ չբացայայտուեցան կամ պատժուեցան, մինչ Պրն. Ռոպերթ Քոչարեան վագր… կ՚որսայ եւ ներկայ իշխանաւորները… կը քննադատէ։
Ասիկա մեզի յիշեցնել կու տայ ուրիշ ազգային-պետական գերողբերգութիւն մը, 27 Հոկտեմբեր 1999-ի խորհրդարանական սպանդը, որուն ԲՈՒՆ չարագործ-հեղինակները ազատ-անկախ կը դեգերին…)։
Ինչո՞ւ այս բարձրաձայն մտորումը։
Եթէ գործող իշխանութիւնները քննադատելի են, հետեւաբար, ոմանց համար՝ փոփոխելի, ապա, ի՞նչ պիտի ըսել ընդդիմութեան եւ ընդդիմախօսներուն մասին, որոնք ոչ միայն ձախողեցան ու ձախողցուցին բարեշրջումներու հաւանականութիւնները, այլեւ շահագործեցին ժողովուրդին բարեմտութիւնն ու համբերութիւնը, զայն մղելով իրմէ հեռանալու, հիմնովին թերահաւատ ըլլալու։
Արտագաղթի՞ մասին կը խօսուի, բայց, ո՞վ ըսաւ թէ ատոր միակ պատճառը իշխանութիւնն է։ Երէկուան եւ այսօրուան ընդդիմութիւնն ու ընդդիմախօսները դեր չունի՞ն ատոր մէջ, ժողովուրդը հրահրելով, ժողովուրդին անունով խօսելու ու ժողովուրդով երդուելու, նոյնհետայն, առնուազն, զայն ձգելով իր անտէր բախտին ու ճակատագրին, որովհետեւ անկազմակերպ, աններդաշնակ եւ անհեռանկար գործելաոճ մը որդեգրած էին։
Հետաքրքրական է (արդեօ՞ք է), ո՛վ՝ զո՛վ պիտի զգաստացնէ, ո՛վ՝ որմո՛վ պիտի զգաստանայ, երբ հայրենի ժողովուրդն է որ «գնդակ»ի դերի մը մէջ կը գտնուի, մերթ վերնախաւին, մերթ դիմադրական խաւին կողմէ։