Խմբագրական, 26 Փետրուար 2013
Յայտարարուած պաշտօնական արդիւնքներուն համաձայն՝ թեկնածուներէն Ս. Սարգսեանին օգտին քուէարկած են 861,160 քաղաքացիներ, ձայներու 58.64%-ը, իսկ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին օգտին ձայն տուած են 539,672 ընտրողներ, այսինքն ընտրաձայներու 36.75%-ը, միւս թեկնածուներուն ձայն տուած է ընտրողներու 4.61%-ը:
Այսօրուան դրութեամբ ընտրութիւնները կարելի է աւարտած համարել՝ հակառակ ընտրակեղծիքներու դէմ Ռ. Յովհաննիսեանի եւ իր կողմնակիցներու բուռն բողոքներուն եւ բողոքարկումներուն, ուսանողական դասադուլներուն եւ հանրահաւաքներու ատեն արձակուած բուռն արտայատութիւններուն: Ցարդ տասներկու պետութիւններու ղեկավարներ շնորհաւորած են վերընտիր նախագահը, որոնց մէջ ըլլալով Ռուսաստանը, ԱՄՆ, Իրանը, Ֆրանսան, Լիբանանը, Իսրայէլը, Ուքրանիան եւայլն:
Եթէ արտաքին աշխարհի այս ճանաչումներն ու շնորհաւորանքները կ'ամրապնդեն Ս. Սարգսեանի դիրքերը, ապա ներքին ճակատի վրայ, հայրենիքի մէջ, կարեւոր ուժեր կը պնդեն թէ ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքները կեղծ են եւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանն է ընտրեալ նախագահը: Այս համոզման հեղինակներն են Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան (նախ. Թեկնածու), Ազգային Ժողովի անդամ Նիկոլ Փաշինեան, Անդրէաս Ղուկասեան (նախ. Թեկնածու), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ այլ ազդեցիկ քաղաքական անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ:
Կատարուած ընտրութիւնները մեզի մտածել կու տան կարգ մը հարցերու շուրջ:
ա.- Ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ հրապարակ նետուեցաւ լուրջ յաւակնորդ հանդիսացող նախագահական հաւանական թեկնածու, նախկին Արտգործ նախարար Վարդան Ոսկանեանի դէմ ենթադրեալ չարաշահումի պարագան՝ կապուած CIVILITAS-ի հետ, որուն պատճառաւ Պրն. Վ. Ոսկանեան քաշուեցաւ մրցասպարէզէն:
բ.- Ընտրութեան նախորդող օրերուն մահափորձի ենթարկուեցաւ նախագահական թեկնածու Պարոյր Հայրիկեան, յուզումի ու վախի ալիքի մը տարածման պատճառ ըլլալով երկրէն ներս:
գ.- Երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս եւ ուսանողութեան գործօն տարրը ի նպաստ Ռ. Յովհաննիսեանին էր, իսկ Ս. Սարգսեանի հանդէպ լեցուած էր անվստահութեան զգացումով:
դ.- 0SCE/ODIHR կը յանձնարարէր աւելի խիստ պատժամիջոցներու դիմել ընտրակեղծիքներ գործադրողներու եւ անոնց «ճարտարապետներուն» հանդէպ:
ե.- Ընդդիմադիր (հակա-Սարգսեանականներ) չյաջողեցան համաձայնիլ մէկ թեկնածուի շուրջ՝ իրենց մէջ հին եւ նոր տարակարծութիւններու կամ նախկին վիրաւորանքներէ ձերբազատուած չըլլալու պատճառաւ:
զ.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը դիրքորոշուած էին ի նպաստ Ս. Սարգսեանին եւ եղան առաջին շնորհաւորողներէն:
է.- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնն ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ընտրութենէն արդէն շաբաթ մը առաջ սատար կը կենային Ս. Սարգսեանին՝ հակառակ մամուլով իրենց հրապարակած բազմաթիւ ակնկալութիւններուն եւ սպասելիքներուն:
ը.- Անվստահութեան հսկայ ալիք մը բարձրացած էր միջազգային դէտերու կատարած գործին եւ անոնց արտայայտութիւններուն հանդէպ:
Նախագահական այս ընտրութիւնը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու թէ Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին շատ հեռու են ժողովրդավարութենէ ու թափանցիկութենէ: Անգամ մը եւս պարզուեցաւ թէ իշխող վերնախաւը, յատկապէս սակաւապետութիւնը (օլիգարխները), յամառօրէն ու անզիջող կերպով կ'ուզեն պահել այս իշխանութիւնը: Ամէնէն մտահոգիչը, ի հարկէ, հայ ժողովուրդի բեւեռացումն է եւ անվստահութեան մթնոլորտը ներկայի իշխանութիւններուն եւ վերնախաւին հանդէպ (որ ձեռնտու է կարգ մը ներքին ու արտաքին ոյժերու):
4 comments
Diaspora Silence Encourages Corrupt Regime
I frequently read Keghart and appreciate the work you are doing. I live in Armenia, but currently work in Oman. Like so many citizens of Armenia, I have to work abroad to support my family.
What upsets me is Diaspora's ignorance of the political situation in Armenia. Not a single person in Armenia believes that the elections were fair, not even the members of the ruling party. Why is the Diaspora not airing this very important issue? For how long will the Armenian statehood suffer from internal enemies? We will not survive if we continue on this same path.
Hovsep S. Ghumashyan
Oman
Homeland News
Dear Hovsep Ghumashian,
Not all of us are unaware of what goes on in our homeland. Give me your email address; I will email you my articles that shed light on many issues there. Unfortunately, space is limited here.
Other Keghart readers also may contact me at [email protected] to receive copies of the said articles.
Regards,
G.P.
Homeland News
To my dear people,
We should have national dignity and integrity towards our nation through our actions.
Do your best for your country and GOD will bless the rest.
You do something wrong, you pay for it sooner or later including myself.
With love,
Bedros Zerdelian
The Problem
Dear Bedros,
The problem is that different people understand in different ways as to what's "best for the country." For example, Serge Sarkissian and his HHK party find it necessary to rig elections and stick to power as long as possible (please see his reply to singer Serje Tankian). But there is no doubt that it [his election] will have a devastating effect on Armenia's future. As responsible citizens, the best thing we can is to oppose the HHK rule and stop them as soon as possible. That would be for the benefit of our country and nation. HHK is the biggest problem and threat to Armenia's future.
Comments are closed.