Ըսի Ըսաւներ Բան Մը Չըսելու Համար

Հեղինակ՝ Հայկ Նագգաշեան, ՌԱԿ Մամուլ, Մոնթրէալ, 12 Ապրիլ 2010

Մակերեսային մօտեցումով կրնանք մխիթարուիլ որ միջազգային քաղաքականութեան կրկէսին մէջ տեղ մըն ալ Ղարաբաղը ունի։ Միջազգային զանազան մարմիններու եւ հեղինակաւոր քաղաքագէտներու կողմէ խօսակցութեան նիւթ կ’ըլլայ Ղարաբաղը, բայց ոչինչ ըսելու համար։ Հիմնաւորելու համար ստացուած այս տպաւորութիւնը, ակնարկ մը նետենք այս օրերու սփիւռքահայ մամուլին մէջ երեւցած յայտարարութիւններուն։

Հեղինակ՝ Հայկ Նագգաշեան, ՌԱԿ Մամուլ, Մոնթրէալ, 12 Ապրիլ 2010

Մակերեսային մօտեցումով կրնանք մխիթարուիլ որ միջազգային քաղաքականութեան կրկէսին մէջ տեղ մըն ալ Ղարաբաղը ունի։ Միջազգային զանազան մարմիններու եւ հեղինակաւոր քաղաքագէտներու կողմէ խօսակցութեան նիւթ կ’ըլլայ Ղարաբաղը, բայց ոչինչ ըսելու համար։ Հիմնաւորելու համար ստացուած այս տպաւորութիւնը, ակնարկ մը նետենք այս օրերու սփիւռքահայ մամուլին մէջ երեւցած յայտարարութիւններուն։

 
«Եկել է Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ժամանակը», ըսեր է Գորան Լեմպարկըրը, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահն ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցերով եւրոպական այդ Մարմնին յատուկ ներկայացուցիցչն է։ Եւ կը շարունակէ.- «Մենք շատ կարեւոր հանդիպումներ կ’անցկացնենք երկու երկիրների նախագահների հետ։ Իմ կարծիքով Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խմբի գործունէութիւնը նշանակում է խնդրի կարգաւորման ուղիներ փնտռելու համար անհրաժեշտ հենքի առկայութիւն։ Սակայն այստեղ կարեւորն այնպիսի ուղի գտնելն է, որը ձեռնտու կը լինի երկու երկրներին եւ երկու պետութիւններու նախագահներին»։ Ու դեռ կը շարունակէ.-

«Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խմբի առաջարկութիւնների հիման վրայ շարունակում են արտգործնախարարների եւ նախագահների մակարդակներով հանդիպումները։ Ես Ղարաբաղեան հիմնախնդրի շուրջ ստեղծուած ներկայ վիճակը գնահատում եմ որպէս որոշումներ կայացնելու ժամանակ։ Երկու նախագահներն ալ, հաշուի առնելով առկայ հնարաւորութիւնները, պէտք է ջանքեր թափեն հակամարտութեան կարգաւորման հարցում համաձայնութեան հասնելու համար» ըսեր է Լեմպարկըրը, որ համազօր է բան մը ըսած չըլլալու։ Տարիներէ ի վեր, բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօնեաներու կողմէ կրկնուած նոյն խրատն է՝ պէտք է խաղաղ լուծում գտնել, թէ ինչպէ՞ս, որո՞ւն իրաւունք տալով, այդ իրենց գործը չէ։ Իրենք այդ պաշտօնը ստանձնած են այդքանը ըսելու համար։ Մինչ Ղարաբաղը արդէն կայացած ու գործող պետութիւն է, որ սակայն ոչ մէկ պետութեան կողմէ չէ ճանչցուած, նոյնիսկ դժբախտաբար Հայաստանի կողմէ։

Մարտի 8-ին, Մոսկուա այցելած Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը տեսակցեր է Ռուսիոյ Արտ. Գործոց Նախարար Սերգէյ Լավրովի հետ եւ «հանգամանօրէն անդրադարձել են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կարգաւորման բանակցային գործընթացին»։ Բայց ո՞ւր յանգելու համար, յայտնի չէ։ Բառե՜ր ու բառեր։

Միջազգային նման վէճեր լուծելու համար Մ.Ա.Կ. որդեգրած է երկու հիմնական սկզբունք – 1) Հողային ամբողջականութեան յարգում, 2) Տեղւոյն վրայ բնակող ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Իր պահանջատիրական թէզը պաշտպանելու համար Ազրպէյճան կը յենի հողային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ։ Բայց ին՞չ հողային ամբողջականութեան խօսք կրնայ ըլլալ, երբ շուրջ հարիւր տարի առաջ Ազրպէյճան անունով պետութիւն գոյութիւն չունէր, մինչ Արցախը հազարաւոր տարիներէ ի վեր մասն էր Հայաստանի։

Սովիէթ Միութեան կազմութեան ընթացքին յառաջ եկած պետութիւն է Ազրպէյճանը։ Եթէ համայնավարութեան դէպի Կովկաս թափանցումի ընթացքին 1918-20-ի հայ կառավարութեան քաղաքականութիւնը պատրուակ եղաւ Սթալինի եւ Բերիայի պէս հակահայ բռնատէրերուն, որպէսզի Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը նուիրեն «համայնավար» Ազրպէյճանին, այդ անիրաւ եւ քինախնդիր կարգադրութիւնը պատմական եւ օրինական ոչ մէկ հիմք ունի, եւ Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունքով եւ կեանքի զոհողութեամբ տիրացած է իր անկախութեան։

Այս մասին վերջին խօսքը պիտի տանք Սովիէթ Միութեան քայքայման գլխաւոր պատասխանատու եւ վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովին, որ երկու լրատու աղբիւրներու հետ հարցազրոյց ունեցած է։ Առաջինը՝ ռուսական «Կոմերսանտ» թերթին հետ, ուր կ’ըսէ.- «Յեղափոխութեան ժամանակ եւ անկէ ետք որոշուեցան արտաքին եւ ներքին սահմանները եւ բաժնուեցան հողեր, եւ այնպէս բաժնուեցան որ հարեւանները միշտ կախում ունենան իրարմէ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հակամարտութիւն սերմանել, իսկ Մոսկուան հաշտարար նշանակել։ Ես միշտ ըսած եմ որ ազգային գետնի վրայ տեղի ունեցող նման հակամարտութիւններ չեն կրնար լուծուիլ, եթէ կողմերէն մէկը յաղթող ըլլայ, միւսը՝ պարտուող։ Երկու կողմերը պէտք է ընդհանուր յայտարարի գան», եզրակացուցած է Պր. Կորպաչով։ Սակայն, այս անկեղծ ու պարկեշտ խոստովանութեան եզրակացումը կը մնայ անպարկեշտ, երբ ան աւելի յառաջ չ’երթար ճշդելու թէ որո՞ւն հողը որո՛ւն տրուած էր եւ ինչո՞ւ։

Հետաքրքրական խոստովանութիւններ կատարած է Կորպաչով։ Օրինակ, «Ես առաջարկում էի Ղարաբաղին տալ հանրապետական կարգավիճակ։ Ազրպէյճանի այդ ժամանակուայ ղեկավարը Վեզիրովն էր կարծեմ, որ ուզում էր համաձայնել, բայց չստացուեց»։ Ինչո՞ւ չստացուեց։ Ամենազօր Ս.Միութեան մաս կազմող Ազրպէյճանը ինչպէ՞ս կարելի է որ չենթարկուէր Մոսկուայի հրահանգին, եթէ անկեղծ էր ան եւ եթէ նենգութիւն չկար գործադրութեան մէջ։ Կորպաչով կը խոստովանի նաեւ որ «Ղարաբաղի հարցը Սովետական Պետութեան սխալ քաղաքականութեան հետեւանքն էր։ Այդ ժամանակ գուցէ հնարաւոր լինէր խնդիրը կարգադրել, իսկ հիմա արդէն հնարաւոր չէ պատկերացնել որ Ղարաբաղը նորից լինի Ազրպէյճանի կազմում»։

Այս սրտցաւ խոստովանութեանց յառաջ բերած ներողամտութեան ու համակրական զգացումներուն առընթեր՝ չենք կրնար հարց չտալ ամենազօր Ս.Միութեան ամենազօր նախկին ղեկավարին, թէ ինչո՞ւ ուրեմն չգործադրեցիր վերոյիշեալ մտածումներդ, կամ գէթ մէկ մասը անոնց, ինչ որ կը վերաբերէր Ղարաբաղին, որպէսզի այսօր իբրեւ պետութիւն ճանչցուելու դժուարութեան առջեւ չգտնուէր, ոչ թշնամիներուն եւ ոչ իսկ բարեկամներուն կողմէ։

Եթէ անշուշտ, այս բոլոր արտայայտութիւններդ դասականացած կեղծիքին շարունակութիւնը չեն։

 

You May Also Like