Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս 8 Մայիս 2012

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս 8 Մայիս 2012



1.- Ընտրութեան Թափանցիկութիւն. Միացեալ նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 40րդ ընթացիկ շրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 20 եւ Շաբաթ 21 Ապրիլ 2012ին։ Նստաշրջանի օրակարգի վրայ էին Թեմակալ Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները։ Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ հաղորդագրութենէն կ’իմանանք որ Երեսփոխանական Ժողովը անցնելով իր աշխատանքներուն, ընտրած է մնայուն դիւանը։ Անշուշտ կ՚ենթադրենք որ այդ դիւանի ընտրութիւնները կատարուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Կանոնագրութեան 15րդ Յօդուածի համաձայն. “Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր Դիւանը կ՚ընտրէ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ”։
Առաջնորդարանի մամլոյ հաղորդագրութիւնը կը նշէ թէ Ժողովի մասնակցողները ծանօթացան Արամ Վեհափառին կողմէ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին ուղղուած այն նամակին, որ ըստ օրինի՝ թեկնածուներու եռանուն ցանկ մը կը ներկայացնէր ( Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Մասիս Վրդ. Զոպուեան)։ Նոյն նամակին մէջ Վեհափառը անդրադառնալով մեր Թեմի վերջին շրջանի դժուարութիւններուն, կը յորդորէր որ երեսփոխաններն ու ժողովականները իրապաշտ մօտեցումով քննարկեն մարտահրաւէրները, ի մտի ունենալով եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու յանձնառութիւնը։
Անշուշտ զաւեշտական պէտք է նկատել աժան այս խօսքերը։ Առաջարկուած եռանուն ցանկը արդէն բացի ծիծաղէ՝ նաեւ զայրոյթ կ՚առթէ ընթերցողի մտքին մէջ։ Գաղութիս ծանօթ Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, արդէն անբաղձալիներու ցանկին վրայ է երկար տարիներէ ի վեր, հետեւաբար՝ իր դիտումնաւոր թեկնածութիւնը նախ անպատուութիւն եւ նախատինք կ’ենթադրէ միաբանին արժանապատուութեան դէմ, ու ապա կը նուաստացնէ զայն անգամ մը եւս Երեսփոխանական Ժողովի անդամներուն մօտ, երբ անոնք յստակ գիտեն թէ այս բոլորը ձեւակերպութիւններ են, մէկ խօսքով՝ հանրութիւնը խաբելու միջոցներ։ Իրականութիւնը այս պարագային միայն ինքնախաբէութիւն է։
Իսկ Մասիս Վրդ. Զոպուեանի թեկնածութիւնը առաւել եւս խայտաբղէտ խայտառակութիւն է, որ կրկնակի կ՚անպատուէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանը, որուն անձին եւ կարողութիւններուն մասին դոյզն գաղափարն իսկ չունին Երեսփոխանական Ժողովի անդամները, որքան ալ ազնիւ ու բարձր ըլլան անոնք։ Կարելի՞ է այսքան բացայայտ եղծում. ով որո՞ւ կը խաբէ այս պարագային։
Իսկ գալով Առաջնորդի ընտրութեան, կը մէջբերեմ Առաջնորդարանի հաղորդագրութիւնը. “Առաջարկ ներկայացաւ, որ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոս-եանի ընտրութիւնը կատարուի միաձայնութեամբ։ Առաջարկը երկրորդուեցաւ, ապա, Ժողովը միաձայնութեամբ Առաջնորդ վերընտրեց Մուշեղ Սրբազանը՝ չորս տարուան նոր շրջանի մը համար”։ Նախ առաջ բերեմ Թեմիս Կանոնագրութեան 21րդ Յօդուածը. “Թեմակալ Առաջնորդը կ՚ընտրուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ ԳԱՂՏՆԻ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՄԲ եւ պարզ մեծամասնութեամբ՝ չորս տարուան շրջանով եւ վերնտրելի է”։ Սիրելի ընթերցող, չէ՞ք կարծեր որ այստեղ ոչ միայն հակասութիւն կայ, այլ նաեւ կայ ԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄ, եւ հետեւաբար նմանօրինակ ընտրութիւն մը կարելի է նկատել անվաւեր։
Աւելի պարզ ներկայացնեմ բեմադրութիւնը. Արդէն Գալիֆորնիոյ Հայ գաղութին ծանօթ էր որ նախապատրաստական աշխատանքներ տարուած էին Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը վերընտրելու, ին՜չ-ին՜չ հաշիւներով։ Բայց ելլել եւ բացայայտօրէն յանձնարարել որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ընտրութիւնը կատարուի միաձայնութեամբ, ու ապա ներկաներուն հարցնել բարձրաձայն թէ հակառակ մէկը կա՞յ…: Արդեօք կարելի՞ էր երեւակայել որ ներկայ ժողովականներէն ոեւէ մէկը ոտքի պիտի ելլէր եւ քաջաբար յայտարարէր. ‘’Պարոն Ատենապետ, կանոնագրութեան խախտում է ձեր կատարածը. ու՞ր մնաց 21րդ յօդուածին տրամադրութիւնը՝ գաղտնի քուէարկութեան մասին:’’ Ի տես այս խախտումներուն, կարգ մը բարեկիրթ երեսփոխաններ, չդիմանալով նեխած մթնոլորտին եւ եղած անպարկեշտ խախտումներուն, սրահը թողլով դուրս ելած են։ Ողբա~մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…
Ամենազարհուրելին այն է որ Ազգային Առաջնորդարանը, առանց դոյզն փափկանկատութեան, կը յայտարարէ որ Առաջնորդը վերընտրուեցաւ միաձայնութեամբ։ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱ՞ՄԲ…: Օրինական բոլոր խախտումներէն ետք, առ նուազն համեստութիւնը ունենային յայտարարելու որ մեծա-մասնութեամբ ընտրուեցաւ եւ ոչ թէ միաձայնութեամբ։ Ամենէն տկարամիտն անգամ պիտի չհաւատար որ նման միաձայնութեամբ ընտրութիւն մը չէր կրնար տեղի ունենալ երբ այդքան հրապարակային, հանրային պոռթկումներ եւ բողոքներ կազմակերպուեցան Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի դէմ։ Արդեօ՞ք ժողովուրդը յիմարի տեղ դրած են։
Ահաւասիկ թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է թափանցիկութիւնը մեր ընտրական կեանքէն ներս, ըլլայ ան հոգաբարձական համեստ պաշտօնէն մինչեւ Առաջնորդական եւ Կաթողիկոսական ընտրութիւն։ Ապա թէ ոչ՝ կը դառնանք խուժան հասարակութիւն մը, զուրկ ժողովրդավարական բոլոր սկզբունքներէ, եւ այս բոլորէն ետք համարձակութիւնն ու քաջութիւնը ունինք ուրիշներէն թափանցիկութիւն պահանջելու։
Այս ձեւով կատարուած ընտրութիւնները, որոնք ոչ մէկ ձեւով համահունչ են Սահմանադրական Օրէնքներուն հետ, պատճառ կը դառնան որ մեր երիտասարդները ո՛չ թէ մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին լուսանցքին մէջ մնան, այլ ամբողջութեամբ հեռանան եկեղեցական եւ ազգային մեր հաւաքական կեանքէն։ Այսօրուան համալսարանական, ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատացող երիտասարդին կարելի չէ մօտենալ շուկայական հաշիւներով եւ մեր կամքը պարտադրել մեր անհատական շահերէն մեկնելով։ Այնուհետեւ զուր են բեմերէն արտասանուած բարձրաղաղակ կոչերը, ինքնահոսներէն թափուած մելանները, երբ մեր արդար գործերով չենք փաստեր թէ կը հաւատանք թէ՛ մեր քարոզներուն եւ թէ՛ մեր ճառերուն։ Մէկ խօսքով՝ կարելի պիտի չըլլայ գաղութներուն ներքին միասնականութիւնը ամրապնդել, նորահնար խարդախութիւններով։ Յո՞ երթաս Հայ ժողովուրդ…:
2.- Հոգեւոր կեանքի թափանցիկութիւն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Կանոնագրութեան մէջ «հոգեւոր կեանք» հասկացողութիւնը հետեւեալ բառերով կը բնորոշուի. «Յօդ. 6.- Առանձնական եւ հասարակաց աղօթքն է միաբանի մը ամենօրեայ հոգեւոր կեանքին առանցքը եւ սնունդը։ Միաբաններ պարտին հասարակաց կարգի եւ այլ արարողութեանց մասնակցիլ կանոնաւորաբար։ Յօդ. 7.- Միաբան մը պարտի Կաթողիկոսարանէն ներս սուրբ խորհուրդներուն կատարումին մէջ իր պարտականութեան բաժինը բերել կանոնաւոր կերպով։ Յօդ. 8.- Տարին շաբաթ մը՝ Լուսաւորչի Ուխտի շաբաթը յատկացնել խոկումի, բոլոր միաբաններու մասնակցութեամբ։ Յօդ. 9.- Միաբաններ ամիսը մէկ անգամ կ՚ունենան հաւաքական խորհրդածութեան պահ մը, առաւելաբար նուիրուած Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական հայրերու սերտողութեան։»
Ահաւասիկ չորս կարճ յօդուածներու մէջ ամփոփուած է հոգեւոր կեանքի ամբողջական մեկնաբանութիւնը, որ թէեւ ո՛չ մէկ ձեւով կը պարզէ իրական միաբանական կեանքի առօրեայի պատկերը, որուն մէկ անդամը եղած եմ տարիներով, եւ անշուշտ կարելի է ըսել քառասուն տարիներ ետք, նոր միաբաններու վկայութեամբ, տակաւին ոչինչ փոխուած է հոգեւոր կեանքի հասկացողութենէն։ Հետեւաբար հարց կու տանք այստեղ. արդեօ՞ք այս է լիիրաւ հասկացողութիւնը հոգեւոր կեանքի ապրումին, թէ՝ պէտք է այս սահմանափակումներէն անդին՝ խորանալ գիտակցօրէն կրօնաւորական բարեպաշտութեան մէջ եւ յարատեւօրէն հետամուտ ըլլալ միշտ բարձրութեան մէջ պահելու ներհայեցողական եւ ներանձնացեալ կեանքը, կրօնական լուրջ հրատարակութիւններու ընթերցումներով, եւ այդ ընթերցումներու ընկալումի ճամբով աւելի մօտենալ Աստուծոյ, մարտիրոսանալու ջերմեռանդութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ. այլ խօսքով՝ պատրաստ աւետարանելու զԲան Աստուծոյ ի փրկութիւն ժողովրդեան մերոյ…:
Հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ նաեւ Աղքատութեան Ուխտը։ Իւրաքանչիւր միաբան ձեռնադրութեան ժամանակ կ՚ընթեռնու զայն, խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնայի, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ։ Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:
Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր մեր կարգ մը եկեղեցականները որոնք, զուրկ եւ դատարկ հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան եւ կը գոռոզանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութիւններով։ Նախ կ՚արժէ այստեղ յիշատակել եւ խոնարհիլ այն յոյլ մը սրբակեաց եկեղեցականներուն անթառամ յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց անձին օրինակով ապրեցան եւ յայտարարեցին. Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ, եկանք ետեւէդ, ժառանգելու յաւիտենական կեանքդ։ Մինչ ուրիշներ՝ միլիոններ դիզած, աղքատ եւ սնանկ հոգեւոր կեանքով, սակայն մոլորեալ արծաթսիրութեամբ կը փորձեն աթոռներ ապահովել, ի հարկին գնել, մոռնալով իրենց աղքատութեան ուխտը։
Այս մոլորեալներու առաջին կարգի վրայ կու գայ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ առաւել քան հինգ միլիոն տոլար թողուց իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն ի Գանատա։ Վախճանելով որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, զերծ մնաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Կանոնագրութեան Յօդ. 25-ի տրամադրութենէն, ըստ որուն «երբ միաբան մը վախճանի Կաթողիկոսարանէն ներս կամ դուրս, անոր օրինաւոր միակ ժառանգորդը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է:» Նաեւ կ՚արժէ յիշատակել այստեղ որ Գարեգին Վեհափառ 750,000 Տոլար նուիրեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շինութեան։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ ազգայինք քաջութիւնը չունեցան եւ չհարցուցին թէ ինչպէ՞ս կաթողիկոս մը այդքան դրամ կրնայ ունենալ երբ որպէս կաթողիկոս ի պաշտօնէ ամսական թոշակ իսկ չունի։ Եթէ պահ մը հաշուէք իր ամսաթոշակները առաջնորդական տարիներուն, ու ապա նկատի առնէք որ իր ստացած ամսաթոշակներէն ոչ մէկ լումայ ծախսած է, առաւել՝ խորհրդակատարութիւններու նախագահելէն ստացած նուիրատուութիւններն ալ խնայելու պայմանով, դարձեալ չէր կրնար այդքան աստղաբաշխական գումարներ ապահոված ըլլալ։ Հետեւաբար՝ կամ կողմնակի առեւտրական գործառնութեան ձեռնարկած է, կամ «Սթաք մարքէթ»ով զբաղած է, եւ կամ ալ չարաշահած է Կաթողիկոսարանին տրուած նուիրատուութիւնները։ Ին՛չ որ ալ ըլլան պարագաները, մեր ընթերցողներուն կը թողունք մեկնաբանութիւնը։ Մեզի համար կարեւորը այն է որ հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան պակասը եւ աշխարհական ապրումներու մէջ տուայտող եկեղեցականը, նամանաւանդ երբ ան բարձրաստիճան հոգեւորական մըն է, ո՛չ միայն կը նսեմացնեն արժանաւորներու պատիւն ու ծառայութեան ոգին, այլ վատ օրինակ կը հանդիսանան նաեւ նոր հասնող սերունդին, որ ապագային իր փրկութիւնը պիտի ուզէ փնտռել արծաթսիրութեան մէջ, մոռնալով իր ուխտն ու հաւատարմութիւնը իր միաբանութեան։
Մոլորեալներու շարքին մէջ է, անկասկած, Մեսրոպ Արք. Աշճեան որ դարձեալ միլլիոններ թողուց իր ընտանիքի հարազատներուն, հակառակ այն իրողութեան որ վախճանեցաւ որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան։ Հարկ չենք տեսներ այստեղ կրկնելու ինչ որ վերեւ արձանագրեցինք Գարեգին կաթողիկոսի պարագային։
Շարքը երկար է արծաթսիրութեամբ մոլորեալներուն. յիշատակենք մի քանին եւս, որոնք թէեւ միլիոններ չթողուցին, բայց հարիւրաւոր հազարներ թողուցին որու որ անկ է։ Հրանդ Արք. Խաչատուրեան, Սմբատ Արք. Լափաճեան եւ բազումք…։ Բազում են նաեւ նորեկ միլիոնատէրեր որոնք ողջ են այսօր եւ տակաւին կը տուայտին մոլորեալ արծաթսիրութեամբ, մոռնալով ամէն աւետարանական սկզբունք եւ ուխտ… Ողբա՜մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…:
Ին՞չ է արդեօք պատճառը որ եկեղեցականներ այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ, որ ամբողջութեամբ հակառակ է քրիստոնէական բոլոր սկզբունքներուն։ Չէ՞ որ միաբանի մը կեանքը ապահովուած է Հասարակաց Կեանքի կանոնագրական հասկացողութեան մէջ. «Յօդ. 15.- Միաբաններ վանքէն ներս կը ստանան բնակարան, սնունդ, զգեստ (կամ զգեստագին), բժշկական խնամք, դեղ ու դարման եւ թոշակ, իսկ անկարութեան ժամանակ՝ յատուկ հոգածութիւն:» Այնուհետեւ ի՞նչ մնաց մտահոգուելու իսկական միաբանին, որ կը հաւատայ իր ուխտին եւ առաքելութեան։
Իսկ անոնք որ կը բնակին եւ կը գործեն վանքէն դուրս առաջնորդական պաշտօններու բերումով, իրենց տրուած շռայլ ամսականներով՝ նամանաւանդ Ամերիկաներու մէջ՝ կրնան շատ հանգիստ քրիստոնէավայել կեանք մը ունենալ հեռու մնալով ամէն զեխութիւններէ, եւ հարկ չենք տեսներ որ մտահոգուին իրենց ապագայով, որովհետեւ վանքէն ներս ամէն հանգստութիւն եւ մարդկային տարրական բոլոր պահանջքները լրացնող պայմանները ունենալով կրնան հանգիստ հասարակաց կեանք մը ապրիլ, ինչպէս իրենց մնացեալ միաբանակից եղբայրները։ Ահաւասիկ այս խոր գիտակցութիւնը ունեցող արտասահմանի մէջ գործող մեր միաբանները, կարիքը պիտի չզգան միլիոնաւոր տոլարներ արժող տուներ շինելու կամ գնելու։ Դժբախտաբար իրականութիւնը այդ չէ սակայն այսօր, որովհետեւ հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան պակասը զիրենք առաջնորդած է ընչաքաղցութեան: Եւ որովհետեւ չեն ուզեր վերադառնալ մայրավանք եւ ապրիլ հասարակաց կեանք՝ կը փնտռեն իրենց հանգիստը օտար ափերու վրայ, աղքատ ու սնանկ՝ հոգեւոր արժէքներով, եւ մոլորեալ արծաթսիրութեամբ։
Հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան մէջ նոյնքան կարեւոր է Կուսա-կրօնութեան եւ կամ Ողջախոհութեան ուխտը։ Կուսակրօնութեան ուխտով միաբանը ինքզինք կ՚ընծայէ Աստուծոյ եւ աստուածային շնորհքի օգնութեամբ՝ ազգին ծառայութեան, եւ յանձնառու կը դառնայ ապրիլ կուսակրօն կեանք մը։ Թէեւ երկարապատում վերլուծումներու կը կարօտի այս բաժինը, որ ինքնին ներհակ է մարդկային բնախօսական օրէնքին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական սկզբունքներուն, երբ այսօր ամուսնութիւնը սրբագործուած ըլլալով մաս եւ բաժին դարձած է մեր եկեղեցւոյ խորհուրդներուն։
Կուսակրօնութիւնը առաւելութիւն մը չ’երաշխաւորեր ձեռնադրեալին։ պատմութենէն գիտենք որ կուսակրօնութիւնը վանական կեանքի մէկ արգասիքն է եւ յետսամուտ է մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Դարձեալ պատմութենէն գիտենք, որ մինչեւ հինգերորդ դար մեր կաթողիկոսներն ալ ամուսնացած էին եւ կաթողիկոսական աթոռն ալ ժառանգական էր մինչեւ Սահակ Պարթեւ, երբ այս վերջինը չունեցաւ արու զաւակ շարունակելու կաթողիկոսական աթոռը։ Ահաւասիկ այս երանաշնորհ հայրապետները այսօր մեր սուրբերու շարքին կը դասուին եւ ջերմեռանդութեամբ կը յիշատակուին Ս. Պատարագի ընթացքին։ Հետեւաբար՝ ի՞նչ է այս սեւ պերճանքին բռնութիւնը բնութեան անեզր ազա-տութեան դէմ։ Չեմ կրցած հաշտեցնել մատղաշ տարիքն ու պարտքը, զոր եկեղեցին դրած է երիտասարդի վզին վրայ անուրի մը նման։
Մարդկային կազմուածքին դէմ տրուած այս վճիռը մերժած եմ ես, եւ սակայն այնքան ատեն որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի՛ լուծեր այս հարցը տրամաբանական սահմաններու մէջ, միաբանք պարտին ըլլալ թափանցիկ իրենց հոգեւոր կեանքին մէջ, առանց գայթակղութիւն յառաջացնելու իրենց անմիջական շրջապատէն ներս եւ կամ այն թեմերէն ներս ուր կը ծառայեն։ Տխրութեամբ կ՚արձանագրենք այս տողերը եւ սակայն շատ են օրինակները սայթաքութեան մեր եկեղեցական կեանքէն ներս, բայց մեր նպատակը խաղող ուտել է եւ ոչ թէ այգեպանը ծեծել, հետեւաբար չենք փափաքիր աւելի մանրամասն գրել այդ մասին, այդ բաժինը թողլով խոր եւ մանրազնին մեկնաբանութեան եւ վերլուծումի մեր հրատարակելի “Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Հրատապ Հարցը” գրքոյկին մէջ:
Շարունակելի.
1 comment
Transparency and Father Muron
It is said that the U.S. Army does not exercise democracy but protects it. An officer is not elected by the consent of the soldiers he will command. The Supreme Commander, however commands by the consent of the people being the President.
On the apex of our Apostolic Church sits the Catholicos as the Supreme Commander of the church. In electing him, the people vested in the Catholicos the powers to present his choice for the convention to vote. Customarily the Catholicos instead offers the names of three candidates.
As far as I am concerned this practice of election has been transparent. The call for unanimous open voting may have been made to show appreciation of Archbishop Moushegh’s good leadership for the Catholicos to have nominated him for reelection for an unprecedented 5th term.
****
Father Muron pastors the North Hollywood Armenian Apostolic Church. Along with his sermon he presents to the parishioners the significance of the day’s mass in a flyer to take home. I have learned a lot reading these three-fold flyers and became familiar with designations I knew not such as of Ganatch, Garmir, Hokekalousti Sundays. I was told that not all the churches offer such informative flyers. He conducts weekly bible studies. I have found him to be very friendly and accessible to his parishioners.
Father Muron’s calling may be elsewhere in the church at the moment. It is unfair for Vosgan Mekhitarian to call him a long time undesirable and imply that the Catholicos proposed his name as a sort of filler. He may or may not be elected as a Prelate one day here in U.S. or elsewhere, but he surely is a devoted celibate servant of our church and worthy of our respect and affection.
Incidentally I learned that his baptismal name is Vahe as well.
Comments are closed.