Թափանցիկութիւնն Ու Հաշուետուութիւնը Եկեղեցիէն Ներս II

 

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս

(Շար. Նախորդ Թիւէն)

3.- Հասարակաց կեանքի Թափանցիկութիւն.  Յօդ. 14.Վանքէն ներս միաբաններ կը վարեն հասարակաց կեանք մը՝ եղբայրական սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ, նոյն կանոններու կիրառութեամբ”։ Վանական միաբանական կեանքի մէջ, ինչո՛ւ չէ նաեւ թեմերէ ներս, ուր կը գործեն բազում միաբաններ հաւաքաբար, հասարակաց կեանքը պէտք է ըլլայ կենցաղավարութեան նպատակակէտը։ Նկատի ունենալով որ հասարակաց կեանքը հիմնուած է Քրիստոսի սիրոյն եւ եղբայրասիրութեան վրայ, այսինքն իրողութիւն մը որ հաստատուած է զոհողութեան հոգիի, եւ ո՛չ մարդկային սկզբունքներու վրայ, անհրաժեշտ է որ ըլլայ համահաւասար եւ թափանցիկ։ Ամենէն շատ խօսուած նիւթն է այսօր միաբաններու մօտ, որովհետեւ ամենաշատ զգացուած թափուր գոյավիճակն է միաբանական կեանքին, թէ՛ անցեալին իմ օրերուս, եւ թէ այսօր՝ վկայութեամբը շատ մը միաբաններու, որոնց հետ առիթը ունեցած եմ սրտբաց զրուցելու։

 

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս

(Շար. Նախորդ Թիւէն)

3.- Հասարակաց կեանքի Թափանցիկութիւն.  Յօդ. 14.Վանքէն ներս միաբաններ կը վարեն հասարակաց կեանք մը՝ եղբայրական սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ, նոյն կանոններու կիրառութեամբ”։ Վանական միաբանական կեանքի մէջ, ինչո՛ւ չէ նաեւ թեմերէ ներս, ուր կը գործեն բազում միաբաններ հաւաքաբար, հասարակաց կեանքը պէտք է ըլլայ կենցաղավարութեան նպատակակէտը։ Նկատի ունենալով որ հասարակաց կեանքը հիմնուած է Քրիստոսի սիրոյն եւ եղբայրասիրութեան վրայ, այսինքն իրողութիւն մը որ հաստատուած է զոհողութեան հոգիի, եւ ո՛չ մարդկային սկզբունքներու վրայ, անհրաժեշտ է որ ըլլայ համահաւասար եւ թափանցիկ։ Ամենէն շատ խօսուած նիւթն է այսօր միաբաններու մօտ, որովհետեւ ամենաշատ զգացուած թափուր գոյավիճակն է միաբանական կեանքին, թէ՛ անցեալին իմ օրերուս, եւ թէ այսօր՝ վկայութեամբը շատ մը միաբաններու, որոնց հետ առիթը ունեցած եմ սրտբաց զրուցելու։

Հասարակաց կեանքը կը թելադրէ որ միաբաններ ապրին եւ գործեն միեւնոյն օրէնքներու համաձայն։ Հետեւաբար պատշաճ է եւ անհրաժեշտ որ բոլոր միաբաններ, առանց բացառութեան, եթէ բժշկական արգելքներ չկան, մասնակցին բոլոր հոգեւոր արարողութեանց որովհետեւ աղօթքը որպէս հոգեւոր սնունդ պիտի արմատացնէ առաւել եւս եղբայրասիրութեան ոգին։ Դժբախտաբար, մեր օրերուն, նման մթնոլորտ մը չէր տիրեր, եւ ոչ ալ այսօր՝ քառասուն տարիներ ետք, նոր սերունդի միաբաններու վկայութեամբ։

Յօդ. 15.- “Միաբաններ վանքէն ներս կը ստանան բնակարան, սնունդ, զգեստ (կամ զգեստագին), բժշկական խնամք, դեղ ու դարման եւ թոշակ, իսկ անկարութեան ժամանակ հոգածութիւն”։ Այստեղ կ’ուզեմ պահ մը կանգ առնել եւ որոշ խորհրդածութիւններ եւ մեկնութիւններ կատարել, որովհետեւ այս պահուս միտքս կը սաւառնի եւ կ’երթայ դէպի 1966 տարին, երբ Խորէն Կաթողիկոսի օրով եւ Գէորգ Չաթալպաշեանի մեկենասութեամբ վեհարանին շինութիւնը տեղի կ’ունենար։  Խորէն Վեհափառի յատուկ կարգադրութեամբ շինութեան վերահսկիչ նշանակուած էի։  Ահաւասիկ ճիշդ այս օրերուն միաբանական միայարկ շէնքը, տակաւին, չըսելու համար խեղճ, սակայն կ’ուզեմ ըսել որ մարդկային տարրական պահանջքները լրացնող պայմանները չունէր, հետեւաբար միաբան մը պարտաւոր էր ճամբորդել, վանքին մէկ անկիւնէն միւս անկիւնը, Մայր Տաճարին առջեւէն անցնելով, բաղնիք երթալու համար, այն ալ ցամքոցով մը եւ կամ այլանդակ մէկ այլ կերպարանքով, եւ շատ յաճախ այս բոլորը հաւատացեալներու եւ կամ ուխտաւորներու ներկայութեան, անհաճոյ երեւոյթներ պարզելով։

 

Ահաւասիկ ճիշդ այս ժամանակ, Խորէն Կաթողիկոս հրահանգեց զգոյշ ըլլալ եւ բաղնիք չգործածել երբ այցելուներ ներկայ են վանքին չորս կողմը։  Հրահանգը վերէն էր եւ պէտք էր անսալ։ Նկատի ունենալով այս անպատեհութիւնները, մօտեցայ Վեհափառին եւ խնդրեցի որ փոքրիկ շեղում մը կատարենք վեհարանի ջեռուցիչի խողովակներուն մէջ, եւ առաջարկեցի հօրս մեկենասութեամբ (ճիշդ այս շրջանին հայրս ալ եօթ յարկանի շէնքի մը շինութեան աշխատանքներուն լծուած էր) հոգալ ամբողջական ծախսերը նոր խողովակներուն զետեղման մինչեւ միայարկանի վարդապետանոցի շէնքը, որ հազիւ 25 մեթր հեռաւորութիւն ունէր ջեռուցիչէն։ 

Առաջարկս մերժուեցաւ, որովհետեւ մօտիկ բաղնիք ունենալը շռայլութիւն նկատուեցաւ այդ օրերուն եւ մենք զրկուեցանք վարդապետանոցի շէնքին մէջ հասարակաց բաղնիք ունենալէ։  Հասարակաց կեանքի հասկացողութիւնը, երկու չափ երկու կշիռ ունէր այդ օրերուն։ Այսօ՛ր պէտք է Խորէն Կաթողիկոս բանայ իր աչքերը եւ տեսնէ  թէ որքա՜ն ճոխացած են շինարարութիւնները մայրավանքէն ներս, բայց բան չէ՛ փոխուած հասարկաց կեանքէն՝ որուն պակասը զգալի է միաբանական կեանքին մէջ, իրողութիւն մը որ կը ստիպէ արտասահման գտնուող միաբանները որպէսզի  այլեւս վանք չվերադառնան, չդառնալու համար զոհերը այն “հոգածութեան” զոր վանքը, կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, պարտաւոր է ցոյց տալ իր միաբաններուն նկատմամբ։ Բայց Ին՞չ է պատճառը չվերադառնալու…:

Տամ կարգ մը օրինակներ հինէն եւ նորէն, եւ թողում եզրակացութիւնը ընթերցողի հայեցողութեան։ 1967-ի գարնան, յատուկ առաքելութեամբ Հալէպ ղրկուեցայ երեք օրուան համար։  Մեկնելէ առաջ մտայ Խորէն վեհափառին մօտ, իր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները ստանալէ ետք գացի այցելելու ինծի շատ մօտիկ միաբանակից եղբօրս՝ Բաբգէն Վրդ. Թօփճեանին, որ աղիքային անհանգստութեամբ անկողնի կը ծառայէր, եւ ես՝ որպէս կրտսեր եղբայր, խոհանոցէն ճաշ կը մատակարարէի իրեն։  Մեկնումիս լուրը հաղորդելէ ետք թելադրեցի որ ինքզինքին հոգ տանի ու բաժնուեցայ այն ակնկալութեամբ որ մեծաւորներս, Կաթողիկոս, Դրան Եպիսկոպոս, եւ կամ միաբանակից եղբայրներ կը հոգան միաբանակիցի մը կարիքները հիւանդութեան պարագային. չէ՞ որ մեր վանական կանոնագրութիւնը այդպէս կը թելադրէր…։

Երեք օրեր ետք վերադարձայ մայրավանք ու առաջին առիթով այցելեցի միաբան եղբօրս եւ զինք գտայ ծայր աստիճան ծարաւ վիճակի մէջ ( dehydrated), եւ կ’աղերսէր կաթիլ մը ջուր: Կաթիլ մը ջո՜ւր…։ Երեք օրերու ընթացքին  ո՛չ մէկ միաբան, մեծ կամ փոքր, հետաքրքրուած էր իրմով։ Չեմ ուզեր արձանագրել այստեղ այն խօսքերը զորս արտասանեցի Խորէն Վեհափառին, բարկութեանս մէջ։  Ահաւասի՛կ հասարակաց կեանքի հասկացողութիւնը մեր օրերու։  Այս տխուր եղելութեանց արդիւնքը եղաւ այն, որ Բաբգէն Վարդապետ յուսախաբ թողուց միաբանութիւնը ու հեռացաւ անվերադարձ։

 

Իսկ այսօր աւելի խայտաբղէտ եւ խայտառակ է հասարակաց կեանքի հասկացողութիւնը, որովհետեւ Վարդան Արք. Տէմիրճեանի դիակը երեք օրեր ետք գտնուեցաւ իր սենեակին մէջ…:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու։ Միաբան մը վանքին մէջ երեք օրեր չտեսնուի ու ապա գտնուի անոր նեխած մարմինը սենեակի տախտակամածին վրայ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ոեւէ մէկը չհետաքրքրուեցաւ թէ Վարդան Սրբազանը այդ երեք օրերու ընթացքին ո՛չ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն մասնակցեցաւ, որ պարտաւոր էր ընել որպէս միաբան, ո՛չ ճաշարանի մէջ տեսնուեցաւ ճաշու ժամուն, եւ ո՛չ ալ  միաբաններու տեսնուեցաւ հասարակաց ընկերային ժամու մը ընթացքին։  Դէ՛հ, ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խենդանար…:

Այս բոլորը իմանալով, ո՞ր միաբանը պիտի ուզէ վերադառնալ մայրավանք։ Այս բոլոր ախտաճանաչումները կ’ընեմ այն մտահոգութեամբ եւ ակնկալութեամբ որ գրածներս ըլլան արթնութեան կոչ եւ բան մը փոխուի միաբանական հասարակաց կեանքին մէջ ի սէր եղբայրութեան։

Միաբանական կեանքէն ներս միաբաններուն արտօնուած նախասիրութիւններու նկատմամբ, միաբանակից եղբայրներ եւ մասնաւորաբար Վեհափառը, որպէս գերագոյն իշխանութիւն,  պարտին յարգալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերել, եւ ո՛չ թէ թերագնահատել, որպէսզի փոքրաւոր միաբանակից եղբայրը անտեսուած չզգայ ինքզինք։ Այս իրողութիւնը, զոր պիտի ուզէի կոչել փոխադարձ գնահատանքի վերաբերմունք, առիթ պիտի հանդիսանայ աւելի սերտ հաղորդակցութեան եւ մտքերու փոխանակումի, եւ հետեւաբար միաբանութեան մէջ իսկական եղբայրական հոգիի զօրացումին, որուն պակասը զգալի է մեր բոլոր վանքերուն մէջ անխտիր։

Մայրավանքը այն բնավայրն է՝ ուր ամէն միաբան կ’ապրի ու կը գործէ իր աստուածատուր իւրայատուկ շնորհքներուն եւ ձիրքերուն համաձայն. այլ խօսքով՝ բոլորն ալ համահաւասար հարազատ անդամներն են միաբանութեան եւ հետեւաբար բարոյական պարտականութիւնը ունին սատարելու անոր բարգաւաճումին, վերելքին, հոգեւոր զարգացումին ու առաքելութեան։  Այս իտէալ մթնոլորտը պահելու եւ ապրելու համար անհրաժեշտ է որ իւրաքանչիւր միաբան, բարձրաստիճան թէ փոքրաւոր, անսակարկ եղբայրական սէր ցուցաբերէ իր միաբանակիցին հանդէպ։

Եթէ այսօր մեր վանքերը “դատարկ” են, պարզապէս անոր համար է որ ամէն միաբան կ’ապրի անձնակեդրոն կեանք մը, վանքէն ներս եւ կամ դուրս,  մոռնալով իր ուխտն ու առաքելութիւնը, նիւթապէս ինքզինք ապահովելու երազով է տոգորուած միայն. որովհետեւ՝ իր ուսանողական տարիներէն սկսած, իր մեծաւորները իր մէջ չսերմանեցին այն ՍԷՐը որ պիտի ըլլար իր կեանքին ամենակենսական շաղախը, որ զինք պիտի կապէր իր եկեղեցիին եւ իր ազգին ծառայական կեանքին, անձնազոհողութեան վճռակամութեամբ։

Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, մարդկային պատմութեան լաւագոյն յորդորները կը փոխանցէ նոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ կ՚ըսէ. “Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ’ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն:  Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ’արժեմ:  Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ’օգտուիմ”:

“Սէր ունեցողը համբերատար կ’ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ:  Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ’ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ’ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ’ըլլայ ճշմարտութեան:  Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ”: (Ա. Կորնթ. 13:1-7):

Մեզի կը մնայ յուսալ որ Պօղոս Առաքեալի մարգարտանման այս խօսքերը լսելի ըլլան մեր բոլոր նուիրապետական  Աթոռներէն ներս կամ դուրս ապրող եւ գործող միաբան եղբայրներուն եւ Աստուծոյ Խօսքէն ներշնչուած մշտական աղօթքը դարձնեն իրենց կրօնաւորական նուիրումին գոյապատճառը։

4.-  Նիւթական Եկամուտներու Թափանցիկութիւն. Այնքան փափուկ եւ զգայուն հարց մըն է թէ՛ մեր եկեղեցական կեանքին մէջ եւ թէ՛ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Ամէն անձ կը խուսափի այս մասին խօսելու՝ չեմ գիտեր թաքուն ի՜նչ նպատակներով։ Եթէ ծածուկ չեն մեր գործերը, եւ եթէ գաղտուկ նպատակներ չենք հետապնդեր, ինչո՞ւ ուրեմն քողարկել ճշմարտութիւնները երբ կը գործենք կրօնական կամ ազգային հաստատութիւններէ ներս։  Միտքս աւելի պարզելու եւ աւելի հասկնալի դարձնելու համար խօսիմ օրինակներով։

Վերջին տասնամեակին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի անմիջական հովանաւորութեան ներքեւ, կազմուեցաւ Դպրեվանեցիներու միութիւն մը, որուն միակ նպատակն էր զանազան միջոցներով նիւթական եկամուտներ ապահովել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի կարիքներուն համար, որովհետեւ Դպրեվանքը այն օճախն է ուր տասնամեակներէ ի վեր սերունդներ կը  պատրաստուին հայեցի դաստիարակութեամբ, ծառայելու հայ ժողովուրդին ծով կարիքներուն։  Այս օգտաշատ շարժումը անմիջապէս խանդավառութիւն ստեղծեց Լոս Անճէլըս գաւառի մէջ, ուր կ’ապրին աւելի քան երեսուն նախկին դպրեվանեցիներ՝ աւագ եւ կրտսեր սերունդէն։  Թէեւ սկզբնական շրջանին մեծ թիւով դպրեվանեցիներ մասնակցեցան ժողովներու, բայց եւ այնպէս հետագային նօսրացաւ մասնակցողներուն թիւը, որովհետեւ Մուշեղ Արքեպիսկոպոս անօրէն եւ անպարկեշտ դիրք մը որդեգրեց նախկին միաբաններու նկատմամբ եւ թելադրեց վարչականներուն որ որքան կարելի է հեռու պահեն նախկին միաբանները այս խմբակէն եւ չքաջալերեն անոնց մասնակցութիւնը որեւէ ձեւով։  Վա՜յ քեզ քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է…:

Տարիներու ընթացքին Դպրեվանքի անունով տեղի ունեցող ժողովրդային հաւաքներու եւ հանդէսներու ընթացքին շօշափելի գումարներ հաւաքուեցան, այն հաւաստիացումով որ այդ գումարները պիտի փոխանցուին Կաթողիկոսարան, մասնաւորաբար Դպրեվանքի կարիքները հոգալու եւ գոհացնելու համար։  Դժբախտաբար, կարգ մը վարչական-ժողովականներու վկայութեամբ այդ գումարները որոնք հաւաքուեցան տարիներու ընթացքին կը հասնին աւելի քան 500 հազար տոլարի, եւ կը կարծեն տակաւին չեն փոխանցուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հակառակ որ ամէն անգամ հանդիսութեանց նախօրեակին պաշտօնապէս կը յայտարարուի որ այս դպրեվանքեան երեկոներու եկամուտները միայն ու միայն պիտի տրամադրուին Դպրեվանքի կարիքներուն։ Արդեօ՞ք…:

Հիմա հարց տանք մեր Արեւմտեան Թեմի Ազգային Իշխանութեան  անդամներուն ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին. ո՞ւր են այս գումարները եւ ինչո՞ւ Կաթողիկոսարան չփոխանցուեցան անոնք մինչեւ հիմա, հակառակ կատարուած հրապարակային խոստումներուն։  Իսկ եթէ փոխանցուեցան եւ մենք անտեղեակ ենք իրականութեան ու մեր ստացած տեղեկութիւնները ստոյգ չեն, կը խնդրենք որ Առաջնորդ եւ Ազգային Իշխանութիւն մամուլով յայտարարեն թէ ե՞րբ փոխանցած են այն գումարները, եւ կ’ուզենք իմանալ նաեւ գումարին քանակը։  Այս  բոլորը անհրաժեշտ են եւ պարտին  ընել դրամատան վաւերագրական փաստաթուղթերով։

Արդեօ՞ք տաս տարի անհրաժեշտ էր սպասել՝ իմանալու համար թէ Դպրեվանքի անունով հաւաքուած գումարներուն ճակատագիրը ի՞նչ եղաւ։  Եթէ մեր գործերը ծածուկ չեն եւ չենք հետապնդեր թաքուն նպատակներ, ինչո՞ւ այդ պարագային ճակատաբաց քաջութիւնը չունինք յայտարարելու ի լուր ժողովրդեան թէ Դպրեվանքի անունով հաւաքուած գումարները արդէն առաքուած են Կաթողիկոսարան եւ կը ծառայեն իրենց նպատակին։  Եթէ արդար են մեր գործերը ու բաց են մեր ճակատները՝ ժողովուրդին սէրը, համակրանքն ու վստահութիւնը շահելու համար քաջաբար հրատարակե՛նք մեր նիւթական գործառնութիւնները, ինչպէս կ’ընեն ամերիկեան բոլոր ոչ-շահակցական (non-profit) ընկերակցութիւնները, որպէսզի մեր պայծառ եւ արդար գործունէութիւնը առաւել եւս ժողովրդական քաջալերանք ստանայ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ հրատարակած իր վերջին հաղորդագրութեան (Press Release) մէջ կը յայտնէ. “Մեր բոլոր թեմերը ու կառոյցները նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։  Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն շուրջ 1,700,000 տոլար է, որուն 1/3-ը բաց է։ Ամէն ճիգ հարկ է թափել թէ՛ բարերարներու ճամբով եւ թէ եկամտաբեր աղբիւրներու որոնումով ինքնաբաւ դառնալու համար”:

Ինչո՞ւ սակայն մեր թեմերն ու կառոյցները նիւթական դժուարութիւններ ունին։  Դարձեալ տամ կարգ մը օրինակներ, միտքս աւելի հասկնալի դարձնելու համար, նոյն ատեն կատարելով ախտաճանաչումներ։ Վերջին տասնամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան Թեմը, բարերարներու շնորհիւ բախտաւորուեցաւ  ունենալու քարաշէն առաջնորդարան մը Լա Քրսէնթա Հովիտի շրջանին մէջ։

Անձնապէս տեսած եմ քարաշէն շէնքը իր բոլոր յարմարութիւններով։ Բայց ինծի համար անհասկնալի դարձաւ թէ ինչո՞ւ երեք միլիոն տոլար ծախսուեցաւ քարաշէն շէնքը մարմարապատելու՝ երբ մեր դպրոցները նիւթական դժուարութիւններ ունին եւ փակուելու վտանգին առջեւ կը կանգնին։  Արդեօ՞ք կարիքը կար մսխելու միլիոններ, երբ անդին հարիւրաւոր երախաներ չեն կրնար հայկական վարժարաններ յաճախել, որովհետեւ նիւթական միջոցները չունին կրթաթոշակ վճարելու։ Ո՞ւր են մեր նիւթական գործառնութեանց տրամաբանութիւնն ու թափանցիկութիւնը։  Ա՛յդքան կարեւո՞ր է առաջնորդարանի մը մարմարապատ ըլլալը։ Ո՞վ կը փորձենք հիացնել։  Եթէ օտարները պիտի հիացնենք մեր շէնքերով, աւելի լաւ պիտի ըլլար որ հիացնէինք զիրենք մեր նոր սերունդի բարձր դաստիարակութեամբ։ Նոյնքան անհրաժեշտ է իմանալ որ իսկապէ՞ս ծախսուեցաւ այդքան հսկայական գումար առաջնորդարանը մարմարապատելու համար եւ հետեւաբար ո՞ւր են շինութեան հաշիւները։ Չէ՞ որ ստուեր պէտք չէ տեսնէ մեր հաշուետուութիւնը, ինչպէս կը թելադրէ Արամ Կաթողիկոս։

Արամ Կաթողիկոսի Արեւմտեան մեր Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Հոկտեմբեր 2011-ին, արձանագրուեցան “բացառիկ” յաջողութիւններ։ Վեհափառը առիթ ունեցաւ այցելելու Կիլիկեան Թեմի Ազգային վարժարանները եւ մօտէն ծանօթանալու անոնց դժուարութիւններուն՝ ուսումնական եւ նիւթական։  Ահաւասիկ այս նպատակով, ո՛ւր որ ալ գնաց Վեհափառը՝ կոչ ոււղղեց ազգային բարերարներուն որպէսզի առատօրէն բանան իրենց քսակները օգնելու համար հայ դպրոցին որ այս օրերուն կը գտնուի նիւթական անձուկ վիճակի մէջ։

Վեհափառին բազմաթիւ կոչերը ապարդիւն չմնացին: Հայորդիներ լայն բացին իրենց քսակները օգնելու մեր վարժարաններուն։  Պաշտօնական յայտարարութիւններու համաձայն, մօտաւորապէս հաւաքուած է 2 միլիոն տոլար, գումար մը որ հնարաւորութիւն  պիտի ընծայէր մեր վարժարաններուն նոր շունչ մը առնելու։  Դարձեալ, պաշտօնական յայտարարութիւններու համաձայն, թելադրուեցաւ որ այս գումարը Վեհափառին հաւանութեամբ պիտի մնայ Արեւմտեան թեմէն ներս եւ գործածուի ազգային դպրոցներու անմիջական կարիքներուն համար։

Եօթ ամիսներ ետք, այժմ հարց կու տանք թէ ի՞նչ պատահեցաւ այս 2 միլիոն տոլարին։  Նկատի ունենալով որ մասնաւորաբար այս հանգանակութիւնը կատարուած էր մեր ազգային դպրոցներուն համար, կ՚ակնկալէինք որ գոյացած գումարը բաշխուած ըլլար վարժարաններուն, թեթեւցնելու համար անոնց նիւթական պարտաւորութիւնները։  Մեզի անծանօթ կը մնան բաշխումները, եթէ կատարուած են։  Յստակ եւ ստոյգ աղբիւրէ կ’իմանանք որ Օրէյնճ Քաունթիի Արի Կիրակոսեան վարժարանին փոխանցուած է 18 հազար տոլար, այսինքն հաւաքուած գումարին միայն մէկ  տոկոսը: Ո՞ւր մնաց մնացեալ գումարը եւ ինչպէ՞ս բաժնուեցաւ միւս վարժարաններուն, անշուշտ եթէ բաժնուեցաւ։ Չէ՞ որ թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը էական յատկանիշներն են Կիլիկիան Աթոռին եւ երբեք պէտք չէ  ստուեր տեսնեն։   

Եկեղեցիիէն դուրս եւ անդին, նոյնն է պարագան դժբախտաբար մեր բոլոր ազգային եւ բարեսիրական կազմակերպութեանց մօտ։ Թափանցիկ չըլլալու ցանկութիւնը միշտ ալ առիթ տուած է եւ պիտի տայ անտեղի խօսակցութեանց, այնքան ատեն որ կը խուսափինք արդար եւ ճշմարիտ ըլլալ մեր ծառայութեանց մէջ, նամանաւանդ երբ գիտենք որ արծաթսիրութեան մոլութիւնը մարդկային մեծագոյն տկարութիւններէն մէկն է։

Նոյնքան եւ առաւել եւս ձաղկելի է Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ենթակայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նորակառոյց Ս. Ղեւոնդ Եկեղեցին, իր համալիրով, որ ներքին վկաներու բացատրութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ արժեց մօտաւորապէս 21-23 միլիոն տոլար։ 23 միլիո՞ն տոլար…: Արդեօ՞ք իսկապէս այդքան ծախսուեցաւ, թէ՝ մեղրի սակառը բռնողներ մատերնին լզեցին, ինչպէս առածը կ’ըսէ։

Որպէսզի կասկածի տեղիք չտան, առաջին՝ անհրաժեշտ է որ բացայայտ եւ մանրամասն հաշիւ տան աւելորդ եւ անտեղի խօսակցութեանց առաջքը առնելու համար, եթէ ծածուկ չէ իրենց գործունէութիւնը։  Երկրորդ՝ անհաժե՞շտ էր այդքան մսխել եկեղեցի շինելու համար, այդ ալ հայրենիքէն դուրս: Արդեօ՞ք մեր աղօթքները  լսելի պիտի չըլլան եթէ մէկ միլիոննոց ըլլար եկեղեցին…: Չէ՞ որ մեր աղօթքները կը լսուին ուր որ ալ կ’աղօթենք եւ հետեւաբար չէի՞նք կրնար մնացեալ միլիոններով երիտասարդական կեդրոններ շինել եւ կամ Թեմին պատկանող դպրոցներէն ներս աղքատ աշակերտներ կարդացնել, եւ տակաւին, չէի՞նք կրնար հայրենիքէն ներս վերանորոգել կիսաւեր եւ կիսաքանդ մեր ճարտարապետական կոթող եկեղեցիները ։

Ինչո՞ւ այս անտեղի մրցակցութիւնը ի վնաս հայ մանուկի դաստիարակութեան։  Փառամոլութենէ մղուած մեր անձնական փառքերը չհիւսենք մարմարներու վրայ մեր անունները արձանագրելով, երբ կը քարոզենք թէ աւելի լաւ է վարձատրուիլ  երկնքի մէջ քան թէ երկրի վրայ, մեր կատարած արդար գործերուն համար։  Իսկական թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը Տիրոջ առջեւ է…..հեռու կենանք ինքնախաբէութենէ։

 

1 comment
  1. Of Mkhitarian and Cilician

    I first came across Vosgan Mekhitarian’s name when I read his expose of the Mkhitarian Order in Keghart.com and his recommendation for the best solution for saving the order from its inevitable end, as he saw it. Since then I had been under the impression that he had once been a lay official of the order, had intimate knowledge of its inner workings, knew the clergy, including the abbot. His last name may have reinforced that perception in me.

    With these two articles Vosgan Mekhitarian exposes the inner working of another age-old institution, that of the Catholicosate of Cilicia of which he was a member once, as he notes here.

    I just cannot relate to the possibility that in a single lifetime one can possibly be so intimately involved in these two institutions. The very nature of the Mkhitarian Order and the Cilician Catholicosate are meant for a life-long commitment to personalize the wellbeing of these esteemed institutions. Consequently, I withhold any judgment on the merits of what he advocates for both.

Comments are closed.

You May Also Like