Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 19 Յուլիս 2012
(Շար. Նախորդ Թիւէն և Վերջ)
Յօդուածաշարքիս նպատակն է Հայց. Եկեղեցիէն ներս սկսիլ ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ ՄԸ քսանմէկերորդ դարու մտածողութեամբ, որովհետեւ բոլոր ժամանակներէն աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտութիւնը կը զգանք եւ կ’ուզենք տեսնել վերածնեալ եւ վերածաղկեալ եկեղեցի մը, արդար եւ ճշմարիտ իր առաքելութեան մէջ։
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 19 Յուլիս 2012
(Շար. Նախորդ Թիւէն և Վերջ)
Յօդուածաշարքիս նպատակն է Հայց. Եկեղեցիէն ներս սկսիլ ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ ՄԸ քսանմէկերորդ դարու մտածողութեամբ, որովհետեւ բոլոր ժամանակներէն աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտութիւնը կը զգանք եւ կ’ուզենք տեսնել վերածնեալ եւ վերածաղկեալ եկեղեցի մը, արդար եւ ճշմարիտ իր առաքելութեան մէջ։
7. Վարչական Պարտաւորութեանց Թափանցիկութիւն. Իրարու շաղկապուած այս պարտաւորութիւնները, որոնց մասին քիչ մը անդին պիտի անդրադառնանք, ծառայութեան ընդարձակ դաշտ մը կը բանան միաբանի մը առջեւ, որ պարտաւոր է կանոնագրութեան Յօդ. 27-ի համաձայն “պարտաճանաչութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարել այն պաշտօնները, որոնք կը վստահուին իրեն Տնօրէն Ժողովին կողմէ, վեհափառին պաշտօնագրով, եւ վեցամսեայ դրութեամբ տեղեկագիր կը ներկայացնեն Տնօրէն Ժողովին”։
Նախ սահմանենք ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ բառը ու ապա տեսնենք անոր կիրարկութիւնը միաբանական կեանքէն ներս. 1. Անձի մը ստանձնած պարտականութիւնը. 2. Գրաւոր կամ բերանացի խոստում. 3. Պետութեան կամ կազմակերպութեան մը կողմէ դրուած՝ ճշդուած օրէնքներու կատարում. 4. (հոգբ.) Բարոյական հարկադրանք. 5. Պարտականութիւն։ Ահաւասիկ այս բոլորը անհրաժեշտ է կատարել պարտաճանաչութեամբ, որ անմիջապէս կ’ենթադրէ բարեխղճութիւն եւ ճշդապահութիւն, ու ապա բծախնդրութեամբ, ինչպէս կը թելադրէ կանոնագրութեան 27րդ յօդուածը։
Նկատի ունենալով որ բոլոր պաշտօնները կը բաշխուին Տնօրէն Ժողովին կողմէ ու ենթակայ են Վեհափառ Հայրապետին եւ կամ Կաթողիկոսական Տեղապահին հաւանութեան ու վաւերացման, ուրեմն ի՞նչ են Տնօրէն Ժողովին պարտաւորութիւնները, մարմին մը որ բոլորովին անուանական էր մեր օրերուն։–
ա. Նշանակել վանական տեսչութեանց վարիչները եւ հսկել անոնց գործունէութեան։ բ. Նշանակել վանական այլ պաշտօններու համար պատասխանատուներ, ըստ կարիքի: գ. Զբաղիլ միաբանական ընթացիկ հարցերով: դ. Հետամուտ ըլլալ վանական ներքին կեանքի կանոնաւորութեան եւ ներդաշնակութեան եւ ստեղծել կեանքի ու աշխատանքի յարմարագոյն պայմաններ եւ միջոցներ: ե. Վանքէն դուրս պաշտօններու համար յարմարագոյն միաբանները նշանակել, յօդուած թիւ 30-ի տրամադրութիւններուն համաձայն (Թեմերու մէջ պաշտօններու կոչուած միաբաններ կը ծառայեն թեմական կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, հնազանդելով տեղւոյն առաջնորդին, միաժամանակ Ս. Աթոռին եւ Միաբանութեան հետ պահելով իրենց կապը):
Վանական տեսչութիւններն են անշուշտ՝ Դպրեվանքի Տեսչութիւն, Մատենադարանի Տեսչութիւն, Թանգարանի Տեսչութիւն, Ելեւմտից Տեսչութիւն, Տպարանի Տեսչութիւն, ՀԱՍԿ-ի Խմբագրութիւն, Հրատարակչութիւն, Լուսարարապետութիւն, Դպրապետութիւն, Մատակարարութիւն եւ Հիւրընկալութիւն։ Թէեւ բոլորն ալ կարեւոր պաշտօններ են նուազ կամ առաւել չափով, սակայն եւ այնպէս մեզ ամենէն աւելի շահագրգռողը առաջին առթիւ՝ Դպրեվանքի Տեսչութիւնն է, ուր պիտի մշակուին եւ դարբնուին մեր ապագայ միաբանները, դիմագրաւելու 21րդ դարու կրօնական եւ ազգային մարտահրաւէրները։
Ամէնուրեք բարձրաղաղակ կը յայտարարենք թէ Դպրեվանքը Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտն է: Բայց դժբախտաբար անոր կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու մասին կատարուած աշխատանքները չե՛ն արդարացներ մեր ժողովուրդին ունեցած ակնկալութիւնները, որովհետեւ մինչեւ այսօր Դպրեվանքը պետականօրէն վաւերացուած (accredited) հաստատութեան մը չվերածուեցաւ, որպէսզի նոր սերունդի երիտասարդներ խանդավառուէին անոր ուսումնական վարկանիշերով եւ մտադրէին գալ եւ միանալ զինուորեալ միաբանութեան, հասնելու մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն։
Նկատի ունենալով որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին պարտաւորութեան սահմաններուն մէջ կ’իյնայ մշակել Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը եւ ճշդել հոգեւոր-կրթական գործի սկզբունքները եւ ուղղութիւնը (յօդ. 45), հետեւաբար կ’ակնկալենք որ այս խիստ կենսական հարցը Միաբանական Ժողովի յաջորդ օրակարգի առաջին նիւթը կը դառնայ եւ այդպէսով, –կը յուսանք եւ կը մաղթենք,– Նարեկ Սրբազան Ալեմէզեանի տեսչութեան օրով այս հրատապ հարցը անյապաղ իր ուղիղ եւ արդար լուծումը կը գտնէ….։
Երկրորդ կարեւոր կէտը ինծի համար, վանքէն դուրս պաշտօններու համար լաւագոյն եւ յարմարագոյն միաբաններու ընտրութիւնն է։ Որպէսզի չշփոթեն մեր ընթերցողները եւ լաւ հասկնան թէ ինչ՞ կը նշանակէ յարմարագոյն միաբան, տամ հետեւեալ դասաւորումները. 1.- Եթէ կը ճանչնաս բարձրաստիճան միաբան մը որուն համակրանքը կը վայելես, այդ պարագային դիւրին է պաշտօններու կոչուիլ։ 2.- Եթէ ունիս ձեռնադրութեան կնքահայր որ ազգային բարերար է եւ խօսքը կշիռ ունի Վեհափառին մօտ, դարձեալ դիւրին է պաշտօններու կոչուիլ։ 3.- Եթէ վերեւ յիշուած յենակները չունիս եւ ըմբոստ մէկն ես, այլ խօսքով կողի մէջ խրուած փուշ, կը հեռացուիս վանքէն եւ կը ղրկուիս որեւէ տեղ, որպէսզի ոտքի տակ արգելք չըլլաս։ 4.- Իսկ եթէ վերեւ յիշուած յենակները չունիս եւ նկարագրով մեղմ անձ մըն ես, “Խոր Վիրապ” կը նետուիս, այսինքն՝ աքսորի կ՚ուղարկուիս Վենեզուելայի պէս “չքնաղ” տեղ մը, եւ եթէ քիչ մը բախտաւոր ըլլաս՝ կը ղրկուիս Պարսկաստան….։
Որպէսզի կարենան յարմարագոյն միաբանը ընտրել վանքէն դուրս պաշտօնավարութեան համար, նախ անհրաժեշտ է որ երիտասարդ միաբանը ունենայ իր ծառայութեան դաշտին յատուկ պատրաստութիւնը եւ նաեւ մի փոքր փորձառութիւն թեմական պաշտօնի կամ պաշտօններու, իսկ եթէ չունի փորձառութիւն, առ նուազն ունենայ ճանաչողութիւնն ու գիտութիւնը այդ պաշտօնին։ Անշուշտ՝ պաշտօնի անցնելէ ետք, առաջնորդներ պարտին ըլլալ հոգատար, համբերատար եւ գուրգուրալից իրենց միաբանակից կրտսեր եղբայրներու նկատմամբ եւ առաջնորդեն անոնց նախաքայլերը ժողովրդային ծառայութեան մէջ։ Սէր ունեցողը համբերատար կ’ըլլայ եւ չի նախանձիր …:
Դժբախտաբար՝ Լոս Անճէլըսի գաղութի թեմական պատմութեան մէջ վերջին զոհերէն եղաւ Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեանը, որ աքսորուեցաւ զինք այնքան սիրող գաղութէն, պարզապէս անոր համար որ լիովին յաջողած էր իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ՝ համախմբելով խոշոր թիւով երիտասարդութիւն մը. երեւոյթ մը որ ցարդ տեսնուած չէր այս գաղութին մէջ։ Այլ խօսքով՝ փայլած էր եւ սակայն ուրիշներուն փայլը նուազեցուցած…։
Տակաւին մեզի համար անհասկնալի է՝ թէ Տնօրէն Ժողով եւ Կաթողիկոս ինչպէ՞ս տեղ տուին օրինական խախտումներու եւ համաձայնեցան հեռացնել այդքան սիրուած վարդապետը, ի հեճուկս մեր երիտասարդ սերունդի հոգեւոր սնունդի մատակարարութեան եւ դաստիարակութեան։ Մամուլով եւ բեմերու վրայ տրուած պատճառաբանութիւնները, ըլլայ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ եւ կամ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Դիւանէն եւ կամ նոյն ինքն Մուշեղ Արքեպիսկոպոսէն, ո՛չ մէկ ձեւով կը գոհացնեն արդարութեան եւ ճշմարտութեան անունով իրենց ուղղուած բոլոր հարցումները: Փաստը մէջտեղ է. բոլոր տրուած խոստումներն ու բացատրութիւնները անհեթեթ էին։
Երրորդ կարեւոր կէտը վանական ներքին կեանքի կանոնաւորութեան եւ ներդաշնակութեան հարցն է, իրողութիւն մը որ բացարձակապէս գոյութիւն չունէր մեր օրերուն, եւ ոչ՛ ալ այսօր, ինչպէս կը վկայեն երիտասարդ միաբաններ։ Մեր օրերուն կար շատ յստակ երկու կողմ, չըսելու համար երկու ճակատ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւ Գարեգին եպիսկոպոս (յետագային Կաթողիկոս): Կա՛մ այս խմբակին կը պատկանէիր եւ կամ միւս խմբակին։ Ամէն խմբակ իր “առաւելութիւններն” ունէր: Կը մնար միաբանին որոշել թէ ի՛նչ էին իր ակնկալութիւնները եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ: Կանոնաւորութիւն եւ ներդաշնակութիւն երազային բառեր էին մեր օրերուն: Եզրակացութիւնը կը թողում ընթերցողի հայեցողութեան։
Կանոնաւորութիւն եւ ներդաշնակութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ սէր եւ յարգանք իրարու հանդէպ, նկատի ունենալով որ բոլորն ալ կը պատկանին նոյն միաբանութեան եւ ուխտած են ծառայել նոյն նպատակին, եւ բոլորէն վեր՝ ունենալ ճանաչողութիւնը ՕՐԷՆՔԻ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ. օրէնքէ վեր ո՛չ մէկ անձ եւ ոչ մէկ հեղինակութիւն, ապա թէ ոչ միաբանութիւնը կը դառնայ անմիաբանութիւն, ուր կ’իշխեն հաշիւ, շահամոլութիւն, ամբարտաւանութիւն, ինքնիշխանութիւն,– իրողութիւն մը որ կրնայ առաջնորդել անիշխանութեան, որովհետեւ Կաթողիկոսը աւելի ճամբորդութեան մէջ է քան վանքին մէջ, հոգալու իւրաքանչիւր միաբանին՝ ուսումնական, դաստիարակչական, ընկերական, հոգեկան եւ մարդկային տարրական կարիքները։ Ինչ որ ցանես, զայն կը հնձես…։
Միաբանութեան անդամներ, որպէս կրօնաւորներ պարտին ունենալ աւետարանական մտածելակերպ, ունենալու համար կանոնաւորութիւն եւ ներդաշնակութիւն իրենց կեանքին մէջ։ Միաբանի մը առաքելութիւնը նախ եւ առաջ կը կայանայ իր նուիրեալ կեանքի վկայութեան մէջ, մշտապէս սնանելով աղօթքով եւ խոկմունքով։ Նուիրումի եւ աշխարհէ “հրաժարումի” այս ճանապարհէն քալելով, անոնք չեն օտարանար մարդոցմէ, այլ ընդհակառակը կը միանան անոնց սրտերուն եւ հոգիներուն որպէս “մշակ առանց ամօթոյ”։ Իւրաքանչիւր միաբան խոնարհաբար ապաւինելով աստուածային շնորհի օգնութեան պիտի կարենայ յաջողիլ եւ յաղթահարել բոլոր փորձութիւններն ու կեանքէ եկող դժուարութիւնները, առանց վտանգի ենթարկելու իր անունն ու արժանապատուութիւնը։
Վերը յիշուած վարչութիւններու կարգին կայ նաեւ Հրատարակչական Մարմինը (մեր օրերուն նման բան գոյութիւն չունէր) որ ըստ Կանոնագրութեան 67րդ յօդուածին կը բաղկանայ 3-5 հոգիներէ, որոնց պարտականութիւնն է ծրագրել Ս. Աթոռին հրատարակչական գործը՝ կրօնական, դաստիարակչական, բանասիրական եւ այլ երկերու հրատարակութեան գծով։ Ինքնին յո՛յժ գնահատելի այս Մարմինը, ենթակայ է անշուշտ Տնօրէն Ժողովին եւ ան ալ իր կարգին Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին, որուն կը նախագահէ Վեհափառ Հայրապետը։
Այս Մարմինէն դուրս կան նաեւ այլ հրատարակչական Մարմիններ, կազմուած զանազան Հիմնադրամներու կանոնագրութեանց տրամադրութիւններուն համաձայն, որոնց պարտականութիւնն է հսկել, քննել եւ վաւերացնել վաւերագրական գործերու հրատարակութիւններ, կտակատարին խնդրանքին համաձայն։ Իմ անձնական ականջալուրի փորձառութենէս մեկնելով կրնամ յայտարարել որ եթէ ենթական (բանասէր, բանաստեղծ կամ գրագէտ) անբաղձալի անձ մըն է վեհափառին համար, ինչ ալ ըլլան անոր գործին ծանրութիւնն ու արժէքը, չի՛ կրնար արժանանալ հրատարակութեան, որովհետեւ անհատական հաշիւներ աւելի “բարձր” կը գնահատուին քան հաւաքական շահերը։ Ահաւասիկ այս մտահոգութիւններէն ելլելով, մեր վերջին յօդուածը այս շարքին պիտի ըլլայ՝ Պատժական Տնօրինումներու Թափանցիկութիւնը։
8. Պատժական Տնօրինումներու Թափանցիկութիւն. Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցն է, որուն մասին խօսիլը անհնարին կը նկատենք եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, նամանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ, սակայն ոչ երբեք՝ օրէնքի տրամադրութեան համաձայն։ Տնօրէն Ժողովի աւագ պատասխանատուութիւններէն մէկն է քննել միաբաններու թերացումները եւ պարտն ու պատշաճը տնօրինել։ “Ծանր յանցապարտութեան պարագային հարցը քննել եւ վճռել Կանոնագրութեան 81րդ յօդուածին տրամադրութեան համաձայն” (Միաբանի մը ծանր յանցնապարտութեան պարագան կը քննուի Տնօրէն Ժողովին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, եւ ի հարկին՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական Ժողովի Դիւանին կողմէ, եւ որոշում կը ներկայացուի Վեհափառ Հայրապետին, առ ի պատշաճ տնօրինութիւն):
Ծանր յանցանքներ կը նկատուին. 1.- Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքի դէմ քարոզչութիւն։ 2.- Բղջախոհութիւն։ 3.- Գայթակղութիւն։ 4.- Մանկապղծութիւն 5.- Գողութիւն։ 6.- Խարդախութիւն։ 7.- Վաշխառութիւն։ 8.- Սպանութիւն։ Կան նաեւ այսպէս կոչուած մեղմ յանցանքներ որոնց համար սահմանուած են յատուկ պատիժներ, ինչպէս՝ ապաշխարութիւն եւ փիլոնազրկութիւն։
Նախ պահ մը կանգ առնենք եւ տեսնենք թէ ո՞վ է այն անձը որուն պատժական տնօրինման մասին կը խօսինք։ Աւետարանը քարոզելու եւ խորհուրդներ կատարելու պատրաստուած անձն է ան, որ աստուածային պաշտօնին նուիրման սեղանին առջեւ իր ուխտը կը կատարէ եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան, խորհրդաւոր եւ գեղեցիկ արարողութիւններու ընդմէջէն, ու ապա կը ստանայ օծում, նուիրագործելով իր ձեռնադրութիւնը որ Հայց. Եկեղեցւոյ Խորհուրդներու շարքին եօթներորդն է: Այլ խօսքով՝ ակնարկութիւնը կ’երթայ օծեալ անձի մը ։
Ահաւասիկ եկեղեցւոյ եւ ազգին այս նուիրեալները կը լրացնեն եթէ ոչ բոլոր, առ նուազն տարրական բոլոր պայմանները՝ ձեռնադրութեան ու Ս. Հոգիի ստացումը խորհրդաւորող օծումին արժանանալու համար. ա.- Չափահասութիւն՝ այսինքն մարմնական, մտաւորական եւ հոգեկան անթերի վիճակ։ բ.- Խնամուած պատրաստութիւն՝ մտաւորական եւ հոգեկան։ գ.- Նուիրումի եւ ծառայութեան անսակարկ ոգի։ դ.- Յարմարութիւն եւ արժանաւորութիւն աստուածային պաշտօնի։ ե.- Արժանաւորութեան վկայութիւն թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ժողովուրդին կողմէ։
Հետեւաբար՝ որչափ որ նուիրական է հայ եկեղեցականին պաշտօնը, այնչափ ալ ծանր է անոր պատասխանատուութիւնը: Եթէ չունի ան՝ հաւատք եւ նուիրեալ հոգի, չի՛ կրնար կատարել իր պարտքն ու պաշտօնը հանդէպ եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին։
Ուրեմն կը խօսինք Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդի մասին, որ կրօնական եւ աստուածաբանական իմաստով կը նշանակէ անտեսանելի բաներու յայտնութիւնը։ Խորհուրդը կ’ըմբռնենք հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ, որովհետեւ քրիստոնէական կրօնքը հիմնուած է հաւատքի վրայ եւ հետեւաբար առանց հաւատքի կարելի չէ ընդունիլ տուեալ Խորհուրդ մը։ Խորհուրդները հոգեւոր ազդակներ եւ միջոցներ են հաւատացեալին համար մնալու աստուածային շնորհքի մէջ եւ ապրելու հոգեւոր կեանք մը։
Ահաւասիկ այս պատճառով կարեւոր է գիտնալ խորհուրդներուն աստուածաբանական նշանակութիւնը, որպէսզի կարենանք զայն արտայայտել եւ դրսեւորել մեր կրօնական եւ հոգեւոր կեանքին մէջ, որովհետեւ այս գիտակցութեան բացակայութիւնը մեզի թոյլ պիտի չտայ որ զգանք աստուածային օրհնութիւնն ու շնորհքը մեր վրայ՝ առօրեայ մեր կեանքին մէջ։
Հայց. Եկեղեցին ունի եօթն Խորհուրդներ (Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Պսակ Ամուսնութեան, Կարգ հիւանդաց կամ վերջին օծում եւ Կարգ Ձեռնադրութեան), թէեւ Քրիստոսի կողմէ հաստատուած Խորհոուրդները միայն երկու են՝ Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն։
Աստուածային ճշմարտութիւնները ճանչնալու, սորվելու եւ պահպանելու համար երաշխիք մըն է օծումը։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ չենք կրնար մոլորիլ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ օծումով խորհրդաւորուած Ս. Հոգւոյն շնորհքը անբաժան է մեզմէ։ Հետեւաբար եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բոլոր աղօթքներն ու պաշտամունքները, բոլոր խորհուրդներն ու արարողութիւնները, որոնց նպատակն է հաւատացեալներուն սրբացումը, արդիւնք են աստուածային շնորհքի։
Վերջապէս, Աստուծոյ շնորհքն ու կոչումը անփոփոխ են եւ Աստուած չի զղջար զանոնք իր զաւակներուն տուած ըլլալուն համար (Հռմ. ԺԱ. 29), եւ Առաքեալներ իրենց բոլոր Թուղթերուն մէջ շնորհքով կը պարծին, շնորհքով կը խօսին, շնորհքով կ’ողջունեն, եւ կը մաղթեն որ շնորհքը ամենեւին չպակսի եկեղեցիէն ընդհանրապէս, եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալէն մասնաւորապէս։
Ահաւասիկ այս ճշմարտութենէն ելլելով, քահանայական ձեռնադրութեան ատեն կ’երգուի եւ եպիսկոպոսը կը կրկնէ. “Աստուածային եւ երկնաւոր Շնորհ, որ միշտ լնու զպէտս սրբոյ սպասաւորութեան առաքելական եկեղեցւոյ, կոչէ [այս անուն] ի սարկաւագութենէ ի քահանայութիւն, սրբոյ եկեղեցւոյ ի սպասաւորութիւն, ըստ վկայութեան անձին իւրոյ եւ ամենայն ժողովրդեանս”: Այսինքն՝ աստուածային եւ երկնաւոր շնորհքն է որ կը լեցնէ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ ծառայութեան պէտքերը եւ ահաւասիկ նոյն այդ շնորհքն է որ Եկեղեցւոյ ծառայութեան կը կոչէ ընծայեալը՝ թէ՛ իր իսկ անձին, եւ թէ՛ ժողովուրդին վկայութեամբ։
Այս բոլորը բացատրելէ եւ իմանալէ ետք, հիմա հարց տանք թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման շնորհքներով լեցուած անձ մը մէկ վայրկեանէն միւսը ան-շնորհք կոչել եւ յայտարարել ՝ թէ այդուհետեւ ան կը դադրի ընտրեալ եւ օծեալ ըլլալէ։ Կը նմանի այն իրողութեան որ մենք քրիստոնեայ հաւատացեալին ըսենք որ այսուհետեւ իր մկրտութեան դրոշմը յետս կը կոչենք եւ իր ստացած Սուրբ Հաղորդութիւնն ալ, որու միջոցաւ ինք հաղորդակից դարձած էր Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած Քրիստոսի սուրբ Մարմնին ու Արիւնին՝ անվաւեր է…: Կարելի է՞…:
Հետեւաբար, կրնանք բացորոշ կերպով յայտարարել՝ թէ ինչ որ նոյն ինքն Քրիստոսի ձեռքով եւ Անոր անունով հաստատուած Խորհուրդներ են,– Առաքեալներու մարտիրոսութեամբ վկայուած,– ՍԿԶԲՈՒՆՔՈՎ ԱՆՋՆՋԵԼԻ ԵՆ, ապա թէ ոչ եկեղեցւոյ բոլոր ուսուցումներն ու աւանդութիւնները կը դառնան անհեթեթ եւ խաբուսիկ:
Այս բոլորը ներկայացուցինք պարզապէս ցոյց տալու համար որ վերջին յիսունամեակին, առաւել եւս շեշտուած վերջին քսանամեակին մեր նուիրապետական Աթոռներուն կողմէ “ազատօրէն” մեծաքանակ կարգազրկութիւններ կը յայտարարուին, մոռնալով վերեւ յիշուած բոլոր շնորքներն ու բարեմասնութիւնները։ Կրնա՞յ ըլլալ…: Դժբախտաբար այո…:
Վերադառնանք ՕՐԻՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ են եկեղեցական կանոնագրութեանց տրամադրութիւնները այս ուղղութեամբ։ Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ։ Իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Եկեղեցին կ’ընդունի նաեւ քաղաքական իշխանութեան օրէնսդրական իրաւունքը, այնքան ատեն որ անոնք չեն հակառակիր եկեղեցւոյ նուիրական սկզբունքներուն։
Նոյնիսկ Գրիգոր Լուսաւորիչի ժամանակ եկեղեցւոյ կանոնները քաղաքացիական օրէնքներու հետ զուգընթաց կը գործադրուէին Հայաստանի մէջ։ Նոյն ժամանակաշրջանին, Տիեզերական Եկեղեցին ալ կ՚ընդունէր քաղաքական օրէնսդրական իրաւունքը այնքան որքան եկեղեցւոյ կեանքը կը շփուէր հասարակական-ընկերային կեանքին հետ, ընդհանուր կարգապահութեան, բարեպաշտութեան եւ հաւատքի պաշտպանութեան հարցերու մէջ։
Հետեւաբար մեր աչքին կը ներկայանան երկու տեսակ օրէնքներ՝ դաւանաբանական եւ վարչական. առաջինը հաստատուած եւ ընդունուած տիեզերական եւ ազգային ժողովներով, իսկ երկրորդը՝ վանական ներքին կանոնագրութիւններով, որոնք ժամանակի կարիքներուն հետ կ’ենթարկուին նոր տեսութեանց եւ մեկնաբանութեանց։ Մեզ հետաքրքրողը երկրորդն է այս պարագային, որովհետեւ մեզ մտահոգողը մեծաքանակ թիւով կարգազրկումն է ընդհանրապէս, երեւոյթ մը որ պէտք է յուզէ եւ շփոթի մատնելէ ետք պոռթկում յառաջացնէ իր եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։ Այս պարագային լուռ մնալը մեղսակցութիւն է, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, բարոյական պարտաւորութիւնը ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ բողոքելու յանուն արդարութեան։
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Եկեղեցին իրաւունք ունի դատելու, պայմանաւ որ եկեղեցականի կեանքին մէջ պատահած անկանոն երեւոյթները, բազմակողմանի քննութեան ենթարկուին անաչառ մօտեցումով, դատաստանը ըլլայ դռնբաց, դատաւորներու ( Տնօրէն Ժողով, Միաբանական Ընհանուր Ժողով եւ ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով) եւ մեղադրեալի ներկայութեամբ, եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով։ Դատաստան մը բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն անձին համար՝ որուն հանդէպ կատարուած են մեղադրանքները կամ զրպարտութիւնները։ Հետեւաբար՝ որպէսզի վճիռ մը իր բարոյական բարձրութեան վրայ մնայ եւ կշիռք ունենայ, անհրաժեշտ է որ ան չըլլայ որպէս արդիւնք քմահաճոյքի, կամայականութեան, քինախնդրութեան եւ կիրքի։
Այս բոլորը յիշատակելէ ետք, գանք հիմա պատիժներու։ Այդքան ալ թեթեւ պէտք չէ մօտենալ հարցին, այնքան ատեն որ ենթական չէ գործած վերեւ յիշուած՝ կրօնական հասկացողութեամբ՝ ծանր մեղքերէն մէկը։ Պէտք է անուղղելի նկատել այն հոգեւորականը որ ոչ միայն յաճախ կը կրկնէ իր սխալները, այլ նաեւ ան որ անզիջող եւ անուղղայ կը մնայ իր կեցուածքին մէջ. անհրաժեշտ է կանոնական զգուշացումներէ ետք պատժել ենթական որպէս օրինակ այլոց։
Իսկ եթէ կրօնաւորը զոհն է կամապաշտութիւններու, հաշիւներու, անհասկացողութիւններու եւ զրպարտութիւններու, այդքան ալ աժան մօտեցում ցուցաբերելով պէտք չէ ենթական կարգազուրկ ընել, պարզապէս ցոյց տալու համար որ ի յաթոռոյ այդ իրաւունքը կայ, ոտնակոխելով մարդկային օրինական եւ կանոնական սկզբունքներու բոլոր նորմերը։
Պէտք չէ մոռնալ՝ որ այդքան ալ դիւրին չէ այս դարուն պատրաստուած եկեղեցականներ եւ մշակներ պատրաստել եւ ունենալ՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր մատակարարութեան եւ ծառայութեան դաշտին համար։ Քանիցս ըսուած է որ պատրաստուած եկեղեցական մը, ի մասնաւորի կուսակրօն միաբան մը, ազգին արժած է հարիւր հազարաւոր տոլարներու գումար մը, եւ հետեւաբար որոշում առնելէ առաջ անհրաժեշտ է մտածել՝ նախ անհատին բարոյական-հոգեբանական արժանապատուութեան մասին, ու ապա նիւթական այդ մեծ կորուստին մասին որուն իր մասնակցութիւնը բերած է իւրանքանչիւր հայ։
Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ’ակնկալուի նուիրապետական Աթոռներէն։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն, ինչ որ կը նսեմացնէ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան պատկերը, որուն հովանիին եւ ներուժին կը պարտինք մեր գոյութիւնը այն օրէն երբ կորսնցուցինք մեր քաղաքական ինքնավարութիւնն ու անկախութիւնը։ Զուր տեղը չէ որ բրիտանացի Լորտ Աքթըն իր նամակներէն մէկուն մէջ ըսած է. “Power tends to corrupt and absolute power tends to corrupt absolutely.” Այսինքն՝ իշխանութիւնը, –կամ ներկայ յօդուածաշարքի ընդհանուր համաթեքսթէն ելլելով կարելի է ըսել՝ իշխանատիրութիւնը,– հակամէտ է ապականելու, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը (կամ իշխանատիրութիւնը) կ’ապականէ բացարձակօրէն…:
Յօդուածաշարքիս նպատակն է Հայց. Եկեղեցիէն ներս սկսիլ ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ ՄԸ քսանմէկերորդ դարու մտածողութեամբ, որովհետեւ բոլոր ժամանակներէն աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտութիւնը կը զգանք եւ կ’ուզենք տեսնել վերածնեալ եւ վերածաղկեալ եկեղեցի մը, արդար եւ ճշմարիտ իր առաքելութեան մէջ։
Վերջ