Յակոբ Նազարեան, ՌԱԿ Մամուլ, Լոս Անճելըս, 8 Մարտ 2010
Հեռուստացոյցին առջեւ նստած կը դիտէի քանդուած շէնքերու անհամար շարան մը եւ խուճապահար ամբոխ մը վերապրողներու, որոնք ասդին-անդին վազելով իրարու հետ կը խօսէին եւ աղաղակելով օգնութիւն կը հայցէին: Ոմանք տխուր արտայայտութիւններով եւ երբեմն սառած նայուածքներով՝ դեռ չէին պատկերացներ ահաւոր հետեւանքները մեծ երկրաշարժին գործած աւերներուն, որոնք խլած էր իրենց սիրելիները՝ զանոնք ճզմելով շէնքերու փլատակներուն տակ:
Մեռեալներու թիւը, որ 50,000 կը գնահատուէր երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ, հասած էր մօտաւորապէս 200,000-ի: Ասիկա հետեւանքն էր 7.0 չափի ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը, որ տեղի ունեցաւ Հայիթիի մայրաքաղաք Փորթ-օ-Փրենսի մէջ Յունուար 13-ին: Երկրաշարժի մակակեդրոնը (էփիսենթըր) շատ մօտ եղած էր մակերեսին եւ ճեղքին խզուածքը եղած էր մօտաւորապէս 10 մղոն: Ասիկա շատ նման էր Սպիտակի երկրաշարժին, որ տեղի ունեցաւ 22 տարիներ առաջ, միայն այն տարբերութեամբ, որ երկրորդ երկրաշարժին պարագային՝ մեռեալները սեւամորթ գերիներու սերունդներէն կու գային եւ հաստատուած էին Հայիթիի մէջ:
Նշմարելի էր թէ գրեթէ բոլոր բազմայարկ շէնքերը երկաթ-պեթոնէ շինուած էին եւ չունէին տոկունութիւնն ու որակը դիմագրաւելու նոյնիսկ շատ աւելի մեղմ երկրաշարժներ: Յստակ կը դառնար, հետեւաբար, թէ երկրաշարժը չէր որ սպաննած էր բազմաթիւ քաղաքացիներ, այլ՝ անորակ եւ տկար շէնքերն ու բնակարանները: Աղէտը այնքան ահաւոր էր, որ տարիներ պիտի առնէ վերականգնելը Փորթ-օ-Փրենս քաղաքը եւ ժողովուրդին կրած հոգեկան աւերները: Երկրաշարժէն առաջ ալ, արդէն Հայիթին կը նկատուէր ամէնէն աղքատ երկիրը Արեւմտեան երկիրներու մէջ:
Գալով Սպիտակի երկրաշարժին, անիկա ունէր 6.8 չափի ուժգնութիւն, որուն հետեւանքները շատ սուղ արժեցին հայրենի ժողովուրդին, պատճառելով մարդկային աղիտալի եւ բնակելի շէնքերու մեծ կորուստներ: Ըստ կարգ մը գիտական կանխագուշակումներու, Երեւանի մէջ ալ, մօտ ատենէն տեղի պիտի ունենայ զօրաւոր երկրաշարժ մը եւ եթէ գործադրութեան չդրուին շէնքերու զօրացման ծրագիրներ, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ շէնքերու վնասները շատ աւելի մեծ պիտի ըլլան քան Սպիտակինը: Անցեալին ալ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են շատ մը աւերիչ երկրաշարժներ: Երեւանի մէջ եւ մօտակայ շրջանները կան առնուազն երեք գործող (active) երկրաշարժային ճեղքեր, որոնք կրնան որեւէ ատեն շարժիլ եւ մեծ վնասներու ենթարկել սովետական շրջանին շինուած անորակ բազմայարկ շէնքերը: Գործող են Երեւանի, Գիւմրիի եւ Արաքսի ճեղքերը:
Հայաստանի ամենահին երկրաշարժը, ըստ պատմաբաններու, տեղի ունեցած է 550 թուականին Քրիստոսէ առաջ: Այս թուականէն մինչեւ 1932, տեղի ունեցած են երկու 7.0 եւ 7.4 չափ ուժգնութեամբ երկրաշարժներ եւ 15 հատ 5.0-էն 6.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժներ: 893 թուականին Դուինի մէջ 6.0 չափի ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը 70,000-էն աւելի մարդկային զոհեր խլած է եւ Դուինը, որ Հայաստանի մայրաքաղաքն էր, մեծաւ մասամբ կործանած է: Իսկ 1679ի Գառնիի երկրաշարժը կործանած է Երեւան քաղաքը, պատճառ դառնալով 8000-է աւելի զոհերու: 1840-ին տեղի ունեցած է 7.4 ուժգնութեամբ Արարատեան երկրաշարժը:
1932-էն մինչեւ 1993 տեղի ունեցած են մէկ երկրաշարժ 6.3 ուժգնութեամբ եւ չորս երկրաշարներ 5-էն 6 ուժգնութեամբ, Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Սպիտակի երկրաշարժի 10-րդ տարեդարձին առիթով մենք մեր վերապահութիւնները եւ մտահոգութիւնները յայտնեցինք Երեւանի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմայարկ շէնքերու մասին, մամուլով: Հոն նաեւ յայտնեցինք մեր տեսակէտները մինչեւ 1998 շինուած շէնքերուն մասին, որոնք, շատ քիչ բացառութիւններով, նոյն անորակ մեթոտներով շինուած էին: Ի՞նչ է պատկերը այսօր Երեւանի մէջ գոյութիւն ունեցող շէնքերու եւ բնակարաններու: Ի՞նչ է վիճակը սէյզմակայնութեան: Բացի այն շէնքերէն որոնք շինուած են վերջին տասը տարիներուն, սովետական շրջանին շինուած շէնքերը, ընդհանրապէս, կարելի է բաժնել հետեւեալ մասերուն, իսկ սէյզմակայնութիւնը կարելի է հիմնել Սպիտակի երկրաշարժի արդիւնքներէն.
ա) Մէկ-երկու յարկանի բնակարաններ եւ շէնքեր՝ երկաթ-պեթոնէ, քարէ եւ ուրիշ շինանիւթերով կառուցուած: Ընդհանրապէս շատ մը դպրոցներ, կրթական եւ վաճառականական հաստատութիւններ եւ գործարաններ կը պատկանին այս խումբին: Այս տեսակի շէնքեր շատ մեծ վնասներ կրեցին եւ խլեցին շատ զոհեր:
բ) Չորս եւ հինգ յարկանի շէնքեր, քարէ պատերով, շրջանակային կառոյցներ, հաւաքովի ծածկերով: Տկար սէյզմակայնութիւն ունեցող այս շէնքերը մեծ վնասներ կրեցին, եւ հետեւաբար, նաեւ շատ աւելի զոհեր խլեցին: Ամէնէն տկար մասը եղած են ծածկերը, պատերը իրարու միացնող կապերու պակասը:
գ) Հաւաքովի երկաթ-պեթոնէ միւս ուղղութեամբ շինուած 9-12 յարկանի շէնքեր, որոնց դիմադրականութիւնը եղած է տկար եւ այս պատճառաւ գրեթէ մեծամասնութիւնը այս շէնքերուն դարձած են փլատակ:
դ) Այս դասակարգի շէնքերը, որոնք շինուած էին բանելային քոնսդրուկցիա մեթոտով, երկաթ-պեթոնէ եւ շատ մը պատերով 1-9 յարկանի, շատ լաւ դիմացած են երկրաշարժի ցնցումներուն եւ շատ քիչ վնասներու ենթարկուած:
ե) Յարկերու բարձրացման մեթոտով երկաթ-պեթոնէ շէնքերը, որոնք մինչեւ 16 յարկանի են, շատ տկար դիմադրականութիւն ցոյց տուած են եւ կը նկատուին շատ վտանգաւոր:
Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն արդեօք վերջերս շինուած բազմայարկ շէնքերը: Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, արդիական շինարարարական օրէնքները կը կիրարկուին եւ շէնքերու որակը եւ զօրութիւնը կը բարելաւուի: Միւս կողմէ հին շէնքերու զօրացման որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի, կամ, առ նուազն, մենք տեղեակ չենք այդպիսի ծրագիրի մը մասին: Եթէ նորոգումներ ալ կ’ըլլան անոնք ալ կը կատարուին միայն շէնքին արտաքին եւ ներքին տեսքը բարելաւելու համար: Հոս կ’ուզենք շեշտել թէ երկրաշարժը կրնայ պատահիլ որեւէ ժամանակ, առանց նշանի, որուն հետեւանքով բնակիչները պէտք եղած ժամանակը չեն կրնար ունենալ շէնքէն դուրս գալու: Նկատի առնելով որ առանց պէտք եղած քայլերը առնելու զանազան պատճառներով, անխուսափելին, դժբաչտաբար պիտի պատահի ի մօտոյ, եւ յաջորդ երկրաշարժը Երեւանի մէջ պիտի վերածուի ազգային մեծ աղէտի, խլելով մեծ թիւով զոհեր: Հաւանական է որ զոհերու թիւը ըլլայ Սպիտակի զոհերուն քառապատիկը: Այս տխուր իրականութիւնները նկատի առնելով հետեւեալ թելադրութիւնները կ’ընենք.
1. Երեւանի քաղաքապետարանը թող պատրաստէ ցանկ մը ամէնէն վտանգաւոր նկատուած շէնքերուն եւ մշակէ զանոնք զօրացնելու ծրագիր մը: Նկատի առնելով որ կրնայ շատ մեծ ըլլալ այսպիսի շէնքերուն թիւը եւ պէտք ըլլայ հսկայ դրամական ներդրումներու, նպատակը պէտք է ըլլայ ծախսել նուազագոյն գումարներ շէնքերու զօրացման համար, որպէսզի բնակիչները կարենան շէնքը պարպել եւ իրենց կեանքերը ազատել:
2. Օրէնքներ անցընել, որ երբ շէնքեր ծախու կը հանուին, ճարտարագէտներ ցոյց տան, որ շէնքը ունի որոշ աստիճանի սէյզմակայունութիւն եւ տոկունութիւն, դիմագրաւելու երկրաշարժի ցնցումները, առանց բոլորովին փլելու եւ առիթ տալու, որ բնակիչները կարենան շէնքէն փախուստ տալ. հակառակ պարագային հարկ է որ զօրացումներ կատարուին, նոր օրէնքներու հիման վրայ:
3. Արտասահմանէն հայեր, որոնք կ’ուզեն ներդրումներ կատարել հին շէնքեր գնելով կամ նոր շէնքեր շինելով, հաշուարկները կատարեն արտասահմանի մէջ եւ շինարարութեան ատեն հսկիչներ նշանակեն, ապահովելու համար շէնքին անհրաժեշտ որակը եւ սէյզմակայունութիւնը:
4. Նոր շէնքերու շինութեան հաշուարկներ հիմնուին սէյզմակայուն շինարարութեան նախագծման նորմերու վրայ: Իսկ շինարարներ, իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները կատարելու են, ապահովելու համար շէնքին բարձր որակը. շինութեան ատեն ալ հարկ է որ ըլլայ շարունակական հսկողութիւն, որպէսզի տեղի չունենան շինարարական օրէնքներու խախտումներ:
Իսկ երբ դիտումնաւոր խախտումներ ըլլան, շինարարները ենթարկուին պատժամիջոցներու:
Այս մտորումներու վերջաւորութեան, կ’ուզենք ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ դրուագը. 1993-1995ին խումբ մը մտահոգ հայեր նախնական ծրագիր մը յղացան 1000 շէնքեր եւ տուներ զօրացնելու Երեւանի մէջ, գոնէ մասամբ մը նուազեցնելու համար մարդկային զոհերու թիւը ապագայ երկրաշարժի մը պարագային: Պիւտճէն 250 միլիոն տոլար որոշուած էր. եթէ իրագործուէր, գործ պիտի ստեղծուէր 5000 անձերու եւ ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի տեւէր 3-5 տարի: Դժբախտաբար գլխաւոր երեք պատասխանատուներէն երկուքը, մէկը Փարսընզ ընկերութեան փոխ նախագահը, միւսը պատուաւոր հայ մը, մահացան իրարու ետեւէ, եւ ծրագիրը չգործադրուեցաւ: Այս հարցը ուրեմն կը մնայ իբրեւ մարտահրաւէր Հայաստանի կառավարութեան եւ արտասահմանի հայութեան: Այս հարցը մասամբ կը լուծուի, եթէ դրական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին հին շէնքերը զօրացնելու. հակառակ պարագային, Երեւանի մէջ ականատես կրնանք ըլլալ Հայիթիի աղէտին կրկնութեան:
1 comment
Earthquake safety precaution in Yerevan
No any earthquake security mesures will take into consideration as long as the corruption is the ruling power in Armenia.
There 400 appartments are under construction in Spitak or around that region. Mr. president Serj Sarkisian inspected recently and noticed the poor condition of construction. ordered to fix. But nothing is happened.
One of profecional withness said not even dogs will live in that appartments. These appartments are nearly to finish and earthquake homeless families has to occupy them soon.
Comments are closed.