Լիբանանի հայ թատրոնի երիտասարդ բեմադրիչներէն Սուրէն Խտըշեան աստուածատուր տաղանդով օժտուած անձնաւորութիւն մըն է՝ իր հարազատներուն՝ բեմադրիչ-դերասան Վարուժան Խտըշեանի, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի, գրող ու մտաւորականուհի հանգուցեալ Սոնա Խտըշեանի նման։ Անոնք իրենց անգնահատելի վաստակը ունեցած են հայ թատրոնի, արուեստի ու գրականութեան աշխարհին մէջ, Լիբանանի ու Սփիւռքի տարածքին։
33ամեայ “Քրիստոսի տարիքով” Սուրէն Խտըշեան, թատրոնի բարդ ու դժուարին կեանքին մէջ իր քայլերը առաւ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մէջ, բեմադրելով «Յիմարներու Ընթրիքը» եւ «Սէրը Եղեռնին Մէջ»։ Ապա՝ Համազգայինի երիտասարդական թատերախումբին հետ՝ բեմ հանեց «Վլվլուկը», «Պրիժիթ-Պրիժիթ»ը, հիմնադրելով «Թէաթրոն»ը, 2009 թ.ին՝ խումբ մը տաղանդաւոր դերասան-դերասանուհիներու հետ՝ բեմադրելով «Լուսնի Վրայ» թատերախաղը։ Ապա «Թռիչք Մը Կուկույի Բոյնին Վրայ» («One Flew Over The Cuckoo’s Nest») դժուար թատերախաղը, որ մեծ համբաւ պարգեւեց երիտասարդ բեմադրիչին։
Լիբանանի հայ թատրոնի երիտասարդ բեմադրիչներէն Սուրէն Խտըշեան աստուածատուր տաղանդով օժտուած անձնաւորութիւն մըն է՝ իր հարազատներուն՝ բեմադրիչ-դերասան Վարուժան Խտըշեանի,
33ամեայ “Քրիստոսի տարիքով” Սուրէն Խտըշեան, թատրոնի բարդ ու դժուարին կեանքին մէջ իր քայլերը առաւ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մէջ, բեմադրելով «Յիմարներու Ընթրիքը» եւ «Սէրը Եղեռնին Մէջ»։ Ապա՝ Համազգայինի երիտասարդական թատերախումբին հետ՝ բեմ հանեց «Վլվլուկը», «Պրիժիթ-Պրիժիթ»ը, հիմնադրելով «Թէաթրոն»ը, 2009 թ.ին՝ խումբ մը տաղանդաւոր դերասան-դերասանուհիներու հետ՝ բեմադրելով «Լուսնի Վրայ» թատերախաղը։ Ապա «Թռիչք Մը Կուկույի Բոյնին Վրայ» («One Flew Over The Cuckoo’s Nest») դժուար թատերախաղը, որ մեծ համբաւ պարգեւեց երիտասարդ բեմադրիչին։
_”Նախքան Հայաստան մեկնիլս ուսման՝ հարազատիս՝ համբաւաւոր դերասան-բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանին հետ կը համագործակցէի՝ իր թատերախաղերու երաժշտական ձեւաւորումը պատրաստելով։ Ապա՝ Մայր Հայրենիքի Կինոյի եւ Թատրոնի Պետական Ակադեմիայի մէջ աշակերտելով հռչակաւոր Ռուբէն Գէորգեանցի։ Ի վերջոյ “պարգեւատրուեցայ” որպէս “վաւերագրական կինոռեժիսոր”, որ կեանքիս երազն էր ծառայել հայ թատրոնին եւ սինեմային՝ կարելիին սահմաններուն մէջ”։
Մեր հանդիպման կը մասնակցին «Թէաթրոն»ի դերասան-դերասանուհիները։ Կարէն Տարագճեան բազմակողմանիօրէն զարգացած, տաղանդաւոր արուեստագէտ մը, որ նաեւ ելոյթ ունեցած է լիբանանեան թատրոններէն արաբերէն լեզուով։ Շաղիկ Մայիսեան, գեղարուեստական ձեւաւորող, նաեւ՝ Սեւանայ Սեմերճեան, Սագօ Օհանեան, Պետրոս Սողոմոնեան, վաստակաշատ Փօլ Մինասեան, Գոհար Գէորգեան եւ բեմայարդար ու քուլիսային աշխատանքները նաեւ վարող Ովսաննա Նալպանտեան, Յակոբ Կոճիկեան, Ռաֆֆի Կիւմիւշեան։ Բոլորն ալ հայ թատրոնին ծառայութեան նուիրուած, փորձելով ժողովուրդին տալ կեանքի այն պատկերը որ մեր ամէնօրեան է։
_ “Թատրոնը հարցեր տալու տեղ է եւ ոչ թէ լուծում։ Բեմադրիչին դերը դուռեր բանալ է”,- կը բացատրէ Սուրէն Խտըշեան։ Շուտով Կարէն Տարագճեան, իր հեղինակութեամբ պիտի ներկայացնէ “մոնոլոկ”ը։
_ “Մեր նպատակն է սիրեցնել թատրոնը, հանդիսականներ եւ մանաւանդ երիտասարդութիւն հանդիսասրահ բերել։ Նոր ոյժ եւ հաղորդակից հանդիսատես, մանաւանդ որ մեր բեմադրած ամէն մէկ թատերախաղը՝ իր ոյժը ունի, ըմբոստանալով ընկերային անարդարութեանց դէմ”, իր թատերական առաքելութիւնը կը սահմանէ երիտասարդ բեմադրիչը։ Յոյսով ենք որ այն, ինչ որ կը ցանկանք, գոնէ կէսը կ’իրականացնենք։ Տուն մը կառուցելու չափ ջանքեր են պէտք, սակայն վստահ եմ որ պիտի հասնինք մեր նպատակին…”։