ԹԹՈՒԱԾԻՆ

 Լուսարձակի տակ

Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 1 Յունուար 2020

Քանի մը տարուան դադարէ ետք, keghart.com վերլուծական կայքը ահաւասիկ կը վերընձիւղի՝ էապէս թարմացած աշխատանքային ստեղծագործական անձնակազմով: Հրատարակչի՝ Տիգրան Աբրահամեանի New Team at Keghart’s Helm խօսքը կ’անդրադառնայ այս թարմացման՝ անուն առ անուն նշելով անձնակազմին անդամները եւ լաւագոյնս ներկայացնելով կայքի բովանդակութեան բնոյթը: Այստեղ կը փափաքինք լուսարձակը բանալ այս առնչութեամբ կարգ մը իրողութեանց վրայ.

1.– Անձնակազմը մէկ ծրագրի շուրջ կը մէկտեղէ երիտասարդ, միջին ու երէց սերունդի հայեր: Այս երեք խաւերը միեւնոյն երեւոյթներու հանդէպ յաճախ կրնան որոշակիօրէն տարբեր մօտեցումներ ունենալ, անոնց տալ տարբեր գնահատականներ: Եւ ճիշդ հո՛ս է keghart.com-ի յաջողութեան երաշխիք բանալիներէն մէկը: Կեանքը կը թաւալի, մա՛նաւանդ վերջին տասնամեակներուն՝ շատ արագացած է, եւ միայն երիտասարդութիւնն է, որ ըստ էութեան կրնայ այդ խօլ վազքին ետեւէն հասնիլ, երբեմն ալ՝ այդ վազքի դրօշակիրն ըլլալ, ինչպէս եղաւ 2018-ի Հայկական Գարնան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

 Լուսարձակի տակ

Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 1 Յունուար 2020

Քանի մը տարուան դադարէ ետք, keghart.com վերլուծական կայքը ահաւասիկ կը վերընձիւղի՝ էապէս թարմացած աշխատանքային ստեղծագործական անձնակազմով: Հրատարակչի՝ Տիգրան Աբրահամեանի New Team at Keghart’s Helm խօսքը կ’անդրադառնայ այս թարմացման՝ անուն առ անուն նշելով անձնակազմին անդամները եւ լաւագոյնս ներկայացնելով կայքի բովանդակութեան բնոյթը: Այստեղ կը փափաքինք լուսարձակը բանալ այս առնչութեամբ կարգ մը իրողութեանց վրայ.

1.– Անձնակազմը մէկ ծրագրի շուրջ կը մէկտեղէ երիտասարդ, միջին ու երէց սերունդի հայեր: Այս երեք խաւերը միեւնոյն երեւոյթներու հանդէպ յաճախ կրնան որոշակիօրէն տարբեր մօտեցումներ ունենալ, անոնց տալ տարբեր գնահատականներ: Եւ ճիշդ հո՛ս է keghart.com-ի յաջողութեան երաշխիք բանալիներէն մէկը: Կեանքը կը թաւալի, մա՛նաւանդ վերջին տասնամեակներուն՝ շատ արագացած է, եւ միայն երիտասարդութիւնն է, որ ըստ էութեան կրնայ այդ խօլ վազքին ետեւէն հասնիլ, երբեմն ալ՝ այդ վազքի դրօշակիրն ըլլալ, ինչպէս եղաւ 2018-ի Հայկական Գարնան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Միջին ու յատկապէս երէց սերունդները, չնչին բացառութիւններով, հազիւ կրնան այդ գնացքին վերջին վակոնէն կառչիլ՝ երթէն դուրս չմնալու համար: Հետեւաբար, վերջիններս իրաւունք չունի՛ն իրենց տեսակէտները պարտադրելու նոր սերունդին. անոնք պէտք է բաւարարուին երիտասարդութեանը յորդորելով միայն: Ամբողջովին իրաւացի էր լիբանանցի փիլիսոփայ գրող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը, երբ ծնողներուն կը յորդորէր՝ «Ձեր զաւակները ձեր զաւակները չե՛ն, անոնք կեանքի՛ն զաւակներն են»: Եւ մենք կ’ուզենք, որ մեր զաւակները համաշխարհային կեանքին ընդելուզուած հայ նո՛ր կեանքի զաւակներն ըլլան ու իրենց աշխատանքով, տքնանքով, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ ակամայ սխալներ թոյլ տալով կերտեն հայութեան պայծառ գալիքը:

2.–Անձնակազմը կը մէկտեղէ ներկայացուցիչներ հայութեան երեք հատուածներէ՝ հայրենաբնակներ, սփիւռքահայեր, Հայրենիքին մէջ ուսանած, ապա սփիւռք վերադարձած, կամ հոնկէ վերստին Հայրենիք եկած ու հոն հաստատուածներ: Եթէ հայրենաբնակներու եւ «մաքուր» սփիւռքահայերու քով կրնան որոշակի կարծրատիպեր ըլլալ մէկզմէկու նկատմամբ, վերջին հատուածը, ըստ էութեան լաւ իմանալով թէ՛ հայրենաբնակներու եւ թէ՛ սփիւռքահայերու հոգեբանական առանձնայատկութիւնները, անոնց հոգեկերտուածքի ու աշխարհայեացքի առաւելութիւններն ու թերութիւնները, կրնայ ոչ միայն ոսկէ կամուրջի դեր կատարել այս երկու հատուածներուն միջեւ, այլեւ լաւագոյնս ծնողն ըլլալ համահայկական ծրագիրներու գաղափարներու եւ նպաստել անոնց իրականացմանը:

Չենք յաւակնիր ըսել, թէ keghart.com-ը համահայկական բնոյթ ունի: Այդ մասին թող ընթերցողն ի՛նքը դատէ ըստ կայքի բովանդակութեան: Այդուհանդերձ, նշեալ երեք հատուածներու միաւորումը կայքին շուրջ՝ կարեւոր գործօն մըն է, որպէսզի հարցերը կայքին մէջ արծարծուին եւ վերլուծուին համահայկական շահերու մօտեցումով՝ անշուշտ պահպանելով թթուածինի նման անհրաժեշտ բազմակարծութիւնը:

Բացի անձնակազմին վերաբերող այս յատկանիշներէն, կ’առանձնացնենք keghart.com կայքի եւս մէկ յատկանիշը՝ անոր ի՛սկապէս ազատ ու անկախ լրատուամիջոց-հարթակ ըլլալու իրողութիւնը: Չենք ընդունիր այն խօսքը, թէ լրատուամիջոց մը կրնայ ազատ ըլլալ, բայց ոչ անկախ: Մեր համոզմամբ, մարդկային գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, ազատութիւնն ու անկախութիւնը ուղղակի փոխկապակցուած են, միեւնոյն հարթութեան վրայ կը գտնուին:

Շատ հինէն կու գայ ժողովրդային իմաստուն խօսքը, թէ «Դրամ տուողը կը թելադրէ երաժշտութիւնը»: Բարեբախտաբար, մեր կայքի «երաժշտութիւնը» թելադրողը նոյնինքն հայ ժողովուրդն է, որու շահերուն ծառայելու առաքելութիւնն ունի մեր կայքը: Հետեւաբար, մեր աշխատանքը չի կրնար պայմանաւորուած ըլլալ այս կամ այն դրամատիրոջ կամ շրջանակի շիլ հաշիւներով: Կայքը, բոլոր պարագաներուն եւ մշտապէս, պիտի մատակարարէ այն թթուածինը, որ անհրաժեշտ է մեր ազգի՝ առո՛ղջ միտքով գոյատեւման համար:

Եւ թող Աստուած, ընթերցողը ու Ժամանակը իրե՛նք ըլլան դատաւորը մեր ծառայական գործունէութեան:

====================

Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան ծնած է 1961-ին, Պէյրութ: Բարձրագոյն ուսումն ստացած է Երեւանի մէջ (թեքնիք գիտութիւններու մագիստրոս՝ էլեկտրական երկրաչափ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու): Հեղինակ է ութը մենագրութիւններու եւ 700-է աւելի յօդուածներու՝ զանազան պարբերականներու եւ ժողովածուներու մէջ: Խմբագրած է 100-է աւելի գիրքեր, եւ դասախօսութիւններով ու հայագիտական գիտաժողովներու մէջ զեկուցումներով հանդէս եկած Հ. Հ.ի, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ: 1990-ականներու սկիզբին խմբագրած է Պէյրութի “Սփիւռք” եւ արաբերէն “Սատա Արարատ” պարբերաթերթերը: Այժմ գլխաւոր խմբագիրն է «Մեհրի Մշակութային-Տեղեկատուական Կենտրոն»ին եւ մաս կը կազմէ «keghart.com»ի խմբագրական կազմին:
2 comments
  1. ԹԹՈՒԱԾԻՆ
    Հաճոյքով կարդացի ձեր գրութիւնը: Ներող եղէք եթէ աննշան բայց կարեւոր փոքր աղաջարկով մը ներկայանամ: Թերեւս Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի,  ծնողներուն ըրած յորդորը թարգմանենք՝ «Ձեր զաւակները ձե՛րը չեն, անոնք կեանքի՛ն զաւակներն են»: Ձեր զաւակները ձեր պատկանելիութիւնը չեն իմաստով:

  2. Նշմարում մըն ալ եւ Շնորհաւոր Նոր Տարի

    Սիրելի Գէորգ,

    Շնորհակալութիւն որ Գեղարդին մաս կազմելու համար ճակատաբացօրէն առաջ եկած ես: Նոր Գեղարդին բարի երթ մաղթելը բաւարար չէ: Պէտք է ատոր համար աշխատիլ եւ քրտնիլ:  Ճանչնալով անձնակազմէն շատերը՝ կասկած չունիմ այդ երթին յաջողութեան: Գրիչդ (կամ աւելի ճիշդ ստեղնաշարդ այս պարագային) թող բեղուն մնայ:

    Մատնանշումներդ ճիշդ են: Սակայն կարեւոր նշմարում մը պիտի ուզէի աւելցնել նման Պերճ Արապեանի երկտողին: Ճպրանի մէջբերումը, գոյքային պատկանելիութիւնէն ալ անդին կ'երթայ, մեր զաւակները մեզի չեն պատկանիր որովհետեւ մեր ստրուկները չեն: Նամանաւանդ մեր մտային ստրուկները չեն: Բայց գլխաւորաբար՝ որովհետեւ կայ հերակլիտեան խօսքն ալ, թէ «ո'չ ոք կրնայ նոյն գետը երկու անգամ մտնել»: Փաստօրէն, թէ ի'նք կը փոխուի եւ թէ' գետը: Այդ պատճառաւ իսկ՝ ժամանակը իր յարափոփոխութեամբն է որ կը պարտադրէ ջահին փոխանցումները: Նոր սերունդն է որ կ'ապրի նոր ժամանակներուն մէջ որպէս ամենօրեայ ներկայ մը:  Հինին գետը ուրիշ գետ էր:

    Այդ չի նշանակեր սակայն թէ հիներս բան չունինք ըսելիք կամ ընելիք: Գետը անցնելու համար պէտք է գոնէ լաւ լողալ գիտնալ: Կամ ալ կամուրջ կառուցել, թերեւս նաւ շինել սորվիլ, ու որոշել նաւարկելու ուղղութիւնը, ափէ ա՞փ, հոսանքն ի վե՞ր, հոսանքն ի վա՞ր: Վերարժեւորել նպատակը, ի՞նչ կ'ուզենք: Գե՞տը անցնիլ թէ անընդմէջ կռուիլ թէ ո՞վ նաւապետը պիտի ըլլայ նոյնիսկ երբ տակաւին նաւ մը իսկ չկայ մէջտեղը (կամ ալ նաւը անհրաժեշտ անգամ չէ): Թերեւս պէտք է միմիայն ուղղաթիռ մը վարձել եւ արագօրէն միւս ափ կը հասնինք, բայց ի՞նչ ընելու համար հոն:  Հարցումները շատ են, եւ հաւանաբար տակաւին նոյնիսկ չենք մտածած անոնց մասին:

    Հինը՝ որպէսզի նորին ըսելիք ունենայ, պարտի ամէն բանէ առաջ նախապատւութիւն տալ իր միտքին ինքնաքննադատութեան, զայն մաքրելու համար իր անձնական նախապաշարումներէն: Հոն է ազատութեան եւ անկախութեան երաշխիքը: Հինը ուրեմն, մէջբերելով Ե. Կողբացին «… պարտի զմիտս յստակել եւ զխորհուրդս սրբել, զյոյզս շարժմանց պարզել, զի յայն զոր առաջի եդ՝ հասանել կարասցէ …»: Գրաբարէ թարգմանութեան պէտք չկայ կը կարծեմ:

    Հայկական իրականութեան մէջ ամենուրէք ողբացած եմ այնքան անհրաժեշտ, անձնուրաց եւ նուիրուած դաստիարակ-խորհրդատուին (mentor) բացակայութիւնը: Ո'չ միայն ըսենք ընտանիքներու մէջ, այլ նաեւ բառին լայնագոյն իմաստով որ ամբողջ կեանքի մը վրայ կ'երկարի. երբ իւրաքանչիւր գիտակից հայ պիտի կարենար յենիլ իր, արժանիքներու վրայ հիմնուած, կեանքի որոշիչ ուղեգիծ մը հարթող անձնաւորութիւններու անսակարկ նուիրուածութեան վրայ:

    Այդ ժամանակ՝ նոր սերունդը անկասկածօրէն պիտի սորվի իր սխալներէն, որովհետեւ ճիշդ է թէ ձախողութիւնը մեծագոյն դաստիարակն է: Սակայն, առ նուազն, նորը պիտի չկրկնէ հինին սխալները: Որովհետեւ հինն ալ պիտի չամչնայ ընդունելու իր սխալները եւ անոնց մասին անկեղծօրէն եւ քննադատական միտքով արտայայտուելու: Այսօրուան դառն իրողութիւնը այն է թէ ազգովին քնացած ենք հին փառքերու առասպելաբանութեամբ մը որ ո'չ մէկ կապ ունի իսկական պատմութեան եւ ո'չ ալ հայութեան ապրող ներկային հետ:

    Հիներուս մաղթելով անաչառութիւն եւ մենք մեզի հետ անկեղծութիւն,

    Նորերուն մաղթելով հիներուն փորձառութիւնը ընդունելու համեստութիւն եւ այդ փորձառութիւնն ալ քննադատող խիզախ միտք,

    Շնորհաւոր Նոր Տարի Գեղարդին իր անձնակազմով եւ ընթերցողներով,

    Միշտ բարեկամօրէն՝

    Վիգէն Լ. Ադդարեան

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

«Հայերը հերոսության հրաշքներ են գործել»

Ռուսաստանի Հրթիռային և հրետանային գիտությունների ակադեմիայի (ՌՀՀԳԱ) նախագահի տեղեկատվական քաղաքականության գծով տեղակալ, ռազմական գիտությունների դոկտոր Կոնստանտին Սիվկովը մեկնաբանել…
Read More