Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 27 Յունիս 2015
Գանատայի հայ ազգային եկեղեցւոյ երկու առաջնորդներուն` Տէր Աբգար Սբազանին ու Տէր Մեղրիկ Սրբազանին Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կարգ մը ձեռնարկներուն յաճախ քով-քովի նստած կամ կանգնած ըլլալը վստահաբար գոհացուց մեզմէ շատերը եւ այդ պատկերը կրկին տեսնելու հաճոյքը անկասկած որ պիտի ուզէր ունենալ գանատահայերուն մեծամասնութիւնը։ Մէկ եկեղեցւոյ բազմերանգ խմբակներուն ծառայող առաջնորդները իրենց եղբայրական կեցուածքով եւ պատկերով փայլք աւելցուցին մեր հանդիսութիւններուն։ Անոնք այդ կ’ընէին անշուշտ Էջմիածնի եւ Անթիլիասի
վեհափառներուն օրինակով, որոնց միասին բերած մասնակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի զանազան ձեռնարկներուն եւ հանդիսութիւններուն՝ իմաստաւորեց մէկ եկեղեցի ըլլալու հանգամանքը։
Եւ ահա այդ պատկերով խանդավառ Մոնրէալի Հնչակեանները ուզած են, ի շարս բոլոր հայկական քաղաքական, բարեսիրական եւ մշակութային կամակերպութիւններուն ուղղուած հրաւէրին, հրաւիրել նաեւ երկու սրբազանները որ ներկայ գտնուին այս շաբաթավերջին հոն տեղի ունենալիք Հնչակեան Քսան Կախաղաններու հարիւրամեակի հանդիսութեան։

Ցաւով կարելի է միայն արձանագրել, որ անցեալի համբաւով ու դիրքով ճանչցուած մարդ մը կամ մարդիկ, որոնք տակաւին կարծէք չեն կրցած դուրս գալ անցեալին մեզ բաժնող եւ մեր համերաշխ ազգային կեանքը խանգարող հոգեվիճակէն ու մտայնութենէն, ձեւով մը արգելք հանդիսացած են որ առաջնորդներէն միայն մէկուն հրաւէր տրուի, որու պատճառաւ այդ առաջնորդին ուղղուած հրաւէրը յետս կոչուած է Հնչակեան կազմակերպիչներուն կողմէ, որպէսզի եկեղեցական կողմ ըլլալու ամօթի պատին ետեւ չկանգնին այլեւս։ Կը թուի թէ վերաշխուժացած Հնչակեան ընտանիքի Մոնրէալի ներկայացուցիչները վար դրած են անցեալէն մեզի բեռ մնացած եկեղեցական պայքարի գաղափարը եւ լծուած են լաւ օրինակ դառնալու այդ անցեալին մէջ ապրող մոլեռանդներուն (fanatics), որոնք դժբախտաբար տակաւին գոյութիւն ունին քիչ մը ամէն տեղ։
Գանատահայութեան երկու սրբազաններն ալ, որպէս ներկայացուցիչները հայ ազգային եկեղեցւոյ, որոնց իմաստուն պետերը (Վազգէն Ա. եւ Գարեգին Բ.) Հայաստանի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք նոր էջ բացին գործակցութեան ու միութեան, վստահաբար պատրաստ են միասին ծառայելու եւ ներկայացնելու գանատահայութիւնը` առանց նախապաշարեալ մտքի կամ բարդոյթի (complex)։ Երկուքն ալ ունին ներկայացուցչական օրինաւոր հանգամանք եւ արժանի են մեր բոլորի յարգանքին եւ մեծարանքին։ Ուրիշ առիթով խօսած էինք թէ ինչպէս մէկը միւսին բացակայութեան կամ իրարու հետ խորհրդակցաբար իրաւունքը պէտք է ունենայ իր բոլոր կողմերով գաղութս ներկայացնելու պետական կամ յարանուանական հանդէսներուն կամ հանդիպումներուն։ Այդ իրաւունքը տալու մեր առաջարկը կը բխի ազգային շահերը միասնաբար հետապնդելու գաղափարէն։ Այսպիսի առաջարկ կը թուի թէ դեռ պատրաստ չեն ընդունելու «էջմիածնական» կամ «անթիլիասական» կոչուիլ ուզող մոլեռանդ մարդիկ։
Անցեալի հնաձեւ (demodé) հագուստներ հագնող մարդիկ կարելի է կոչել բոլոր անոնք որոնք տակաւին էջմիածնական կողմ կամ անթիլիասական կողմ կ’ուզեն կոչուիլ այս օրերուն, երբ մեր ազգը Համահայկական Հռչակագրով որպէս մէկ եւ ամբողջական մարմին ներկայացաւ աշխարհին եւ ստացաւ նեցուկը Վատիկանի եւ յարգանքը աշխարհի։
Մեր նպատակը, երկու սրբազաններուն տրուելիք հրաւէրի դէպքը յիշելով, հին վէրքեր բանալով անհամութիւն յառաջացնել չէ, այլ կը միտի ժխտական դիրք մը մատնանշել. դիրք՝ որ կը յիշեցնէ կարգ մը աշխարհական մարդոց կողմէ եկեղեցին իրենց ենթարկելու անբարենպաստ ընթացքը անցեալին, որուն պատճառաւ ցաւալի դէպքեր պատահեցան մեր սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Լիբանանցիները խելացի եւ իմաստուն խօսք մը ունին, որ կ’ըսէ. «Թընզաքար ու մա թընա’ատ» (յիշուի եւ չկրկնուի)։ Այդպէս կարելի է միայն բնութագրել այն անցեալը, որուն սփիւռքահայութեան անմիաբան կեանքը բզկտող պատահարներն ու դէպքերը պէտք է միայն ցաւով յիշել բայց երբեք չկրկնել։
Այս առթիւ ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ՛ մը պէտք է արձակել առ Աստուած, որ տայ «ազգիս հայոց սէր, միութիւն», որ յաջողը գնահատուի եւ բարի գործը տարածուի, որ չար նպատակն ու միտքը ձախողին եւ ընդհանուրին շահը ծաղկի ու բարգաւաճի, որ մեր զիրար հանդուրժող ու իրարու հետ գործակցող համերաշխ ներկան պահուի, պահպանուի ու ամրապնդուի։