Թուրքը Չի Փոխուիր

 Արմէն Քիւրքճեան, Թորոնթօ, 22 Ապրիլ 2016

17 Մարտ 1919:

1914-ին, իրաւագիտութեան դոկտորայի աստիճան ստացած բանաստեղծ, լրագրող, հրապարակախօս Արմին Թէոֆիլ Վեկներ (Armin Theophil  Wegner – 1886-1978) Պեռլինի Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան հրաւէրով,  «Ուրանիա»  թատերասրահին մէջ «Հայ Ժողովուրդի Անապատ Արտաքսումը» խորագրով եւ բազմաթիւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ դասախօսութիւն մը կու տայ: Ան նոյն տարուայ ընթացքին Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ ալ անապատներ քշուած հայերու տառապանքներուն մասին ելոյթներ կ’ունենայ: Հոծ հասարակութիւններու  ներկայութեան եղած այս ելոյթներու ընթացքին,  ան կը դատապարտէ թուրք ջարդարարները եւ զանոնք հովանաւորող գերմանական կառավարութիւնները: Բացայայտօրէն կ’ըսէ, թէ պատերազմի տարիներուն Թալաթի եւ Էնվէրի նպատակը ամբողջ Արեւելքի թրքացումն էր եւ հայեր փանթուրանիզմի քաղաքականութեան առաջին զոհերն էին, որոնց պիտի յաջորդէին Սուրիոյ քրիստոնեաները, ապա՝ յոյները եւ արաբները:

 Արմէն Քիւրքճեան, Թորոնթօ, 22 Ապրիլ 2016

17 Մարտ 1919:

1914-ին, իրաւագիտութեան դոկտորայի աստիճան ստացած բանաստեղծ, լրագրող, հրապարակախօս Արմին Թէոֆիլ Վեկներ (Armin Theophil  Wegner – 1886-1978) Պեռլինի Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան հրաւէրով,  «Ուրանիա»  թատերասրահին մէջ «Հայ Ժողովուրդի Անապատ Արտաքսումը» խորագրով եւ բազմաթիւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ դասախօսութիւն մը կու տայ: Ան նոյն տարուայ ընթացքին Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ ալ անապատներ քշուած հայերու տառապանքներուն մասին ելոյթներ կ’ունենայ: Հոծ հասարակութիւններու  ներկայութեան եղած այս ելոյթներու ընթացքին,  ան կը դատապարտէ թուրք ջարդարարները եւ զանոնք հովանաւորող գերմանական կառավարութիւնները: Բացայայտօրէն կ’ըսէ, թէ պատերազմի տարիներուն Թալաթի եւ Էնվէրի նպատակը ամբողջ Արեւելքի թրքացումն էր եւ հայեր փանթուրանիզմի քաղաքականութեան առաջին զոհերն էին, որոնց պիտի յաջորդէին Սուրիոյ քրիստոնեաները, ապա՝ յոյները եւ արաբները:

Արմին Թ. Վեկներ, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն, իր զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Օսմանեան Կայսրութեան Միջագետքի մէջ տեղակայուած 6-րդ բանակի գերմանական ստորաբաժանումներէն  միոյն մէջ՝ որպէս առողջապահական ծառայութիւններու սպայ: Ականատես կ’ըլլայ Հայոց Ցեղասպանու-թեան: Որպէսզի թէ՛ երկրին եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ  որեւէ  ապացոյց  չգտնուի, իթթիհատական երրեակի անդամ եւ օսմանեան 4-րդ բանակի հրամանատար Ճէմալ փաշա խստիւ կը հրահանգէ բռնագաղթի ենթարկուածները եւ ջարդուածները չնկարահանել: Հակառակ այս հրահանգին եւ  պատերազմական դատարանի յանձնուելու հաւանականութեան, Վեկներ գաղտնօրէն կը լուսանկարէ հայկական ջարդի բազմաթիւ տեսարաններ ու զանոնք, Գերմանիա վերադարձին՝ 1918-ին, իր հետ Պեռլին կը տանի: Իր տեսածները, ապրումները եւ լուսանկարները 1919-ին կը հրատարակէ   «Անվերադարձ  Ճանապարհ» խորագրեալ գիրքին մէջ, որու  հայերէն թարգմանութիւնը՝  «Ճանապարհ Առանց  Տունդարձի»-ն լոյս կը տեսնէ 2000-ին:

Արմին Թ. Վեկներ 1919-ին կը խմբագրէ բաց նամակ մը՝ «Կտակ Անապատի Մէջ», ուղղուած ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրօ  Ուիլսընի (Woodrow Wilson – 1913-1921), որ կը հրատարակուի գերմանական «Berliner Tageblatt» օրաթերթին մէջ: Այդ նամակը ամբողջութեամբ կամ հատուածաբար կը հրատարակուի բոլոր գերմանական եւ զուիցերիական թերթերուն մէջ: Ան փաստերով կը հաստատէ թուրք կառավարողներու ծրագրած Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ կը խարազանէ արեւմտեան կայսերապաշտ պետութիւնները՝ որպէս թուրքերու մեղսակիցներ: Այս նամակը կը թարգմանուի ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, սպաներէնի եւ հոլանտերէնի:

Արմին Թ. Վեկներ ներկայ կը գտնուի 15 Մարտ 1921 թուականին Թալաթ փաշան Պեռլինի Շարլոթէնպուրկ  թաղամասի Հարտէնպէրկ փողոցին մէջ գնդակահարող Սողոմոն Թէհլիրեանի դատավարութեան, որ կը տեւէ երկու օր: Դատավարութեան ընթացքին Թալաթի դէմ վկայութիւններ կու տան Արմին Թ. Վեկներ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն օսմանեան բանակի Զմիւռնիոյ զօրաբաժնի գերմանացի հրամանատար զօրավար Լիման ֆոն Սանտէրս փաշա, գերմանացի յայտնի հասարակական գործիչ, աստուածաբան, քարոզիչ, արեւելագէտ, փիլիսոփայութեան դոկտոր Եոհաննէս Լեփսիուս, Ցեղասպանութենէն վերապրած Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան, ապա՝ եպիսկոպոս, 1921-ին հրատարակուած  «Մեծ Ոճիրը»  գիրքի հեղինակ Արամ Անտոնեան, Հալէպի գերմանական դպրոցի աւագ ուսուցիչ դոկտոր Նիբակեն, թուրք զօրավար Շէրիֆ, որ դատավարութեան ընթացքին հասարակ թուրք ժողովուրդի անունով Թէհլիրեանէն ու հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրէ թուրք կառավարութեան իրականացուցած մեծ ոճիրին համար: Թէհլիրեանը կը պաշտպանեն երեք գերմանացի անուանի փաստաբաններ, որոնցմէ մին էր Քիլ (Kiel) Համալսարանի օրէնսդրութեան մեծահամբաւ դասախօս Թէոտոր Նիմայերն (Dr. Teodor Nimayern): Դատապաշտպան փաստաբանները Թալաթի յանցանքը ցոյց տալու համար կ’օգտագործեն Թալաթի ղրկած հեռագիրները, որոնց մէջ ան հայերու տեղահանութեան եւ բնաջնջման հրամաններ կու տայ: Պեռլինի նահանգային Գ. դատարանը, 12 հոգինոց ժողովրդական դատակազմի որոշումով, 2 Յունիսին Սողոմոն Թէհլիրեանը ազատ կ’արձակէ: Դատավարութեան կը հետեւի նաեւ լեհ հրեայ երիտասարդ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքին (Raphael Lemkin), որ այդ դատավարութենէն ազդուած, տարիներ յետոյ, որպէս փորձառու իրաւաբան, կը ստեղծէ  «Ցեղասպանութիւն – Genocide»  բառը:

Գերմանա-Հայկական Ընկերութիւնը կ’որոշէ դատական արձանագրութիւնները հրատարակել երեք լեզուներով՝ հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն, որ ապա կը հրատարակուի նաեւ գերմաներէնով: Հրատարակութեան աշխատանքները կը ղեկավարէ Եոհաննէս Լեփսիուս եւ այդ գիրքը՝ «Թալաթ փաշայի Դատավարութիւնը», 1921-ին լոյս կը տեսնէ Արմին Թ. Վեկների գրի առած  «Արդար Վճիռ»  յառաջաբանով: Այդ յառաջաբանին մէջ ան կը գրէ.        «…Ռազմական միջոցառումներու շինծու անհրաժեշտութիւնը, որպէս կանոն, սոսկ պատրուակ մըն է, անապատի մէջ վերաբնակեցնելը փուճ դատարկաբանութիւն մը՝ ներկայ դարու ամենաարիւնալի ոճիրը սքօղելու համար, որու  նպատակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ժրաջան եւ բարձրակարգ ցեղի մը իսպառ ոչնչացումը»:

Ան 1922-ին կը հրատարակէ  «Ճիչ՝ Արարատէն»  վերտառութեամբ գիրք մը, ուր կը ներկայացնէ Զմիւռնիոյ ջարդերը եւ կը մերկացնէ թուրք ղեկավար դասակարգին հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ արեւմտեան տէրութիւններու անտարբերութիւնը:

Արմին Թ. Վեկներ 1930-ին կը հրատարակէ  «Am Kreuzweg der Welten – Աշխարհներու Խաչմերուկին» խորագրեալ գիրքը, որուն մէջ կը գրէ. «1915-ի գարնան, երբ թրքական կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ երկու միլիոն հայերու երկրի երեսէն ջնջելու իր հրէշային ծրագրի իրականացմանը … չկար մէկը, որ խանգարէր … խելագարած  յանցագործներու գործողութիւնները»: Այդ գիրքին մէջ ան կ’արծարծէ փրկուածներուն բարոյական ու նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու, բռնութեամբ մահմետականացուած հազարաւոր հայերու քրիստոնէութեան դարձի բերելու, իրենց պապենական տուները վերադառնալու եւ փոխան կորսուած ինչքերուն՝ փոխհատուցում ստանալու իրաւունքի հարցերը:

Արմին Թ. Վեկներ 17 Մարտ 1919-ի դասախօսութեան օրը կը ծանօթանայ հայաստանցի երիտասարդի մը՝ Կարապետ Մելիք- Օհանջանեանի հետ, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան կազմակերպած ելոյթներուն:

Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի աշակերտ Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան 1913-ի Յունուարին, հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեայ եւ տպագրութեան 400-ամեայ յոբելեաններուն առթիւ Ճեմարանին մէջ կազմակերպուած գիտական նիստին, հայ տպագրութեան պատմութեան կապակցութեամբ ընդարձակ զեկոյց մը կը ներկայացնէ: 1914-ին ալ, հայագէտ փրոֆ. Կարապետ Կոստանեանի յանձնարարութեամբ, կը գրէ «Մամիկոնեաններու Նախարարական Տոհմը Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի Հայոց Պատմութեան» գիտական հետազօտութիւնը, որ կ’արժանանայ Ճեմարանի փրոֆեսորներու խորհուրդի յատուկ մրցանակին՝ չորս ամիսով Պեռլին երթալ ու գերմաներէնի մէջ հմտանալ, նաեւ՝ սանսկրիտ սորվիլ:

Ա. Աշխարհամարտի ծագումով, Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան (1893-1970), որ յառաջիկային կ’ըլլայ ականաւոր բանասէր, հայագէտ, արեւելագէտ, գիտական ու բանահիւսական  յուշարձաններու թարգմանիչ՝ ժողովրդային բանահիւսութիւնները մեկնաբանող, 1935-ին Երեւանի Համալսարանի փրոֆեսոր, ակադեմիկոս, կը ստիպուի մնալ Պեռլին ու բնակիլ Աւետիք Իսահակեանի բնակարանը, մինչեւ անոր Ժընեւ տեղափոխուիլը: 1915-ին կը ծանօթանայ եւ կը մտերմանայ հռչակաւոր արեւելագէտ ու հայագէտ Եոզէֆ Մարքվարթի (Josef Markwart) հետ: Շնորհիւ այս վերջնոյն եւ Եոհաննէս Լեփսիուսի միջնորդութեան, 1915-1917 տարիներուն կ’ըլլայ Պեռլինի Համալսարանի արեւելագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան բաժնի ազատ ունկնդիր, մասնակցելով զինք հետաքրքրող շարք մը կարեւոր նիւթերու դասախօսութիւններուն: 1920-ին կը վերադառնայ Երեւան:

1927-ին, հակաֆաշիստ եւ խորհրդային կարգերու համակիր Արմին Թ. Վեկներ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան 10-ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար Մոսկուայէն պաշտօնական հրաւէր կը ստանայ: Այս առիթէն  օգտուելով ան կ’այցելէ նաեւ Հայաստան, ուր կը մնայ մօտ երկու ամիս: Կը հանդիպի իր հին բարեկամ Կարապետ Մելիք-Օհանջանեանին եւ ուրիշներու, որոնց  հետ Պեռլինի մէջ մտերմացած էր 1918-1920 թուականներուն: Դեկտեմբերին կ’երթայ Էջմիածին, ուր հանդիպում կ’ունե-նայ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց (Տփղիսեցի) Կաթողիկոսին հետ (1911-1930): Կաթողիկոսը զինք կը պարգեւատրէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի շքանշանով:

Ազնիւ, լայնախոհ, առինքնող, մարդամօտ բնաւորութեան տէր, իր օժանդակութեան դիմողներուն սիրայօժար օգնող Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան, հայագէտներու մի քանի սերունդի անուանի ներկայացուցիչներուն պաշտօնական կամ անպաշտօն գիտական խորհրդատուն եւ դաստիարակը, Վեկները անգամ մը եւս Հայաստան հրաւիրելու համար, երկար փնտռտուքներէ ետք, իր հայրենիքէն հալածուած եւ 1936-ին Իտալիա ապաստանած Վեկների հետքը ի վերջոյ կը գտնէ ու զինք կը հրաւիրէ: Վեկներ 1968-ին կու գայ Երեւան: Կ’այցելէ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի Յուշահամալիրը ու անմար կրակին առջեւ ծունկի կու գայ՝ ի յարգանս բիւրաւոր նահատակներուն: Հանդիպումներ կ’ունենայ Երեւանի Համալսարանի դասախօսներուն հետ, նաեւ՝ ելոյթներ:

Վեկներ երրորդ եւ վերջին անգամ Հայաստան կ’այցելէ 1976-ին: Խոր ծերութեան մէջ, 92 տարեկան, իր մահկանացուն կը կնքէ 17 Մայիս 1978-ին, Հռոմ: Գերեզմանիայէն կը բերուի հող ու կը զետեղուի Մեծ Եղեռնի համալիրի յուշապատին մէջ:

Ակադեմիկոս Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան, ակնարկելով Պեռլինի  «Ուրանիա»  թատերասրահին մէջ 17 Մարտ 1919 թուականին տեղի ունեցած Վեկների ելոյթին, իր  «Թերթիկներ Իմ Յուշամատեանից»  խորագրեալ յօդուածին մէջ, հրատարակուած 1965-ին, կը գրէ.  «Դասախօսութեան ժամանակ մոգական լապտերով նա ցուցադրում էր իր կողմից լուսանկարուած Մեծ Եղեռնի քստմնելի ու զարհուրելի տեսարաններն ու պատկերներն: Թուրքիայի դեսպանութիւնը Բեռլինում, իմանալով Արմին Վեկների կազմակերպելիք դասախօսութեան մասին, հրահանգում է թուրք երիտասարդներին խանգարելու այդ դասախօսութիւնը: Այդ երիտասարդներին եւ նրանց գերման բարեկամներին յաջողւում է ձեռք բերել մօտ 100 մուտքի տոմս:

«Ծայրից ծայր լցուած թատրոնում հնչում են Արմին Վեկների առաջին նախադասութիւնները, որոնցմով նա հաւաստիացնում է ունկնդիրներին, թէ ինքը պատմելու է միայն այն, ինչ որ տեսել է, տեսածն էլ վաւերացնելու է ցուցադրուող լուսանկարներով, որ ինք անձամբ է նկարահանել: Այս նախաբանից յետոյ, նա մոգական լապտերով ցուցադրում է սուլթանական Թուրքիայի աշխարհագրական քարտէսը, որի վրայ ընդգծուած էին այն վայրերը, որտեղից արտաքսել էին հայ բնակիչներին, ճանապարհին աշխատունակներին կոտորելով, իսկ մնացածին տարագրել Միջագետքի անապատները ի սով եւ ի մահ…: Իրար ետեւից լուսապաստառի վրայ ցուցադրւում էին եղեռնի զարհուրելի տեսարանները, բազմաթիւ նկարներ՝ մէկը միւսից քստմնելի, մահասարսուռ…

«Ահռելի աղմուկ բարձրացաւ թատրոնում. թուրքերն ու թուրքասէրները հայհոյում էին ու վարկաբեկում Ա. Վեկներին՝ ստախօս անուանելով, հայերի կողմից կաշառուած, գերման-թուրքական բարեկամութեան թշնամի ու դաւաճան: Հայերն ու մնացած գերմանացիներն աշխատում էին հակադրուել նրանց ու պաշտպան կանգնել հումանիստ քաղաքացուն եւ տաղանդաւոր գրողին…: Կրքերը խիստ բորբոքուել էին, հայհոյանքը վերջ չունէր, աղմկարարները չէին հանգստանում…: Մանաւանդ ակտիւ էր իր ճիչ ու աղաղակներվ պրոֆ. Եոզէֆ Մարկվարդի օթեակում բազմած մի թուրք երիտասարդ, որն անընդհատ հայհոյում էր թէ՛ Արմին Վեկներին եւ թէ՛ «գռեհիկ»  ու  «դաւա¬ճան»  հայերին, իսկ ցուցադրուած  նկարները համարում էր հայերի կողմից կոտորուած թուրք խաղաղ բնակչութեան դիակներ, կախաղան եւ այլն:

«Մէկ էլ թատրոնում լսուեց աշխարհահռչակ արեւելագէտ, հայկաբան փրոֆ. Ե. Մարքվարթի սաստող ձայնը՝ «Wirst du schweigen, Schweinlund – Վերջապէս կը լռե՛ս, շուն, սրիկայ»: Այս խօսքերին հետեւեց մի շռնդալից ապտակ: Ապտակողը փրոֆ. Ե. Մարքվարթն էր:

«Այս ապտակը, ասես, մի ազդանշան էր. թատրոնում սկսուեց մի կատարեալ տուր ու դմբոց…: Վրայ հասաւ ոստիկանութիւնը կարգ հաստատելու:

«Շտապեցի յուզուած փրոֆեսորիս օթեակը: Մի երկու րոպէ անց, թուրք երիտասարդի ուղեկցութեամբ, օթեակը մտաւ ոստիկանական լէյդենանդը.

«– Ես թուրք դեսպան… փաշային որդի եմ, ձերբակալեցէ՛ք այս գռեհիկ հային,– ասաց երիտասարդ թուրքը, ակնարկելով փրոֆեսորին:

«– Ես Պեռլինի համալսարանի օրտինար փրոֆ. Ե. Մարքվարթն եմ. կալանաւորեցէ՛ք այս Verbrecher-ին (յանցագործ):

«– Հետեւեցէ՛ք ինձ, պարոն,– հրամայեց  լէյդենանդը թուրք երիտասարդին:

«Հասարակութեան պահանջով, խանգարիչները վտարուեցին թատրոնից եւ դասախօսութիւնը շարունակուեց:

«Հետեւեալ օրը հաշուետուութիւններ լոյս տեսան օրաթերթերում այդ ուշագրաւ դասախօսութեան մասին:  «Այժմ հասկանալի է, թէ ի՛նչ սոսկալի պայմաններում էին ապրում հայերը Թուրքիայում, երբ անգամ Պեռլինում թուրքերը ահաբեկում են նրանց»,– գրում էր թղթակիցներից մէկը»:

Որպէսզի ճշմարտութիւններ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչութիւն ունեցող նիւթեր թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ՛ այլուր հասարակութեան կողմէ  չիմացուին, թուրք ղեկավարութիւնը միշտ դիմած է սադրանքներու, դաւերու:

Պեռլինի վերոյիշեալ դէպքէն շուրջ 100 տարի յետոյ, երբ Հրանդ Տինք, Կ. Պոլիս հրատարակուող իր երկլեզու՝ հայերէն եւ թրքերէն, «Ակօս» շաբաթաթերթի 6 Փետըրուար 2004 թիւին մէջ կը գրէ, թէ Մուսթաֆա Քէմալի 1925-ին որդեգրած ու 1938-ին Տէրսիմը ռմբակոծող օդաչուներէն Սապիհա Կէօքչէն թրքուհի մը չէր, այլ՝ ծնողքը աքսորուած հայուհի մը՝ Խաթուն Սեպիլճեան, թրքական մեքենան կը սկսի զինք լռեցնելու աշխատանքին: 19 Յունուար 2007-ին Հրանդ Տինք կը գնդակահարուի իր խմբագրատան առջեւ:

Թանէր Աքչամ, Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէթս (Massachusetts) նահանգի Ուսթըր (Worcester) քաղաքի Clark Համալսարանի պատմութեան դասախօս, համալսարանի ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած առաջին թուրք մտաւորականը, Գանատայի Մոնթրէալ (Montreal) քաղաքի McGill եւ Concordia Համալսարաններէն ցեղասպանութեան հարցով դասախօսելու հրաւէր կը ստանայ: Երբ Աքչամ 16 Փետրուար 2007-ին Մոնթրէալի օդակայանը կը հասնի, պաշտօնեաներ զինք չորս ժամ կ’արգելափակեն : Բանից դուրս կ’ելլէ, թէ իր մասին լրատուութիւն եղած է որպէս ՙ «ահաբեկիչ»: Կառավարական բարձր անձերէ եկած հրահանգով, Թանէր Աքչամ կը կարողանայ դասախօսութեան հասնիլ:

29 Մարտ 2016 թուականին Թուրքիոյ նախագահը ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքը ժողովի կ’երթայ: Պատահմամբ կ’իջեւանի շէնքերու եւ պանդոկներու անուանի ճարտարապետ Միհրան Մեսրոպեանի կառուցած մէկ պանդոկին մէջ:  Մեսրոպեան Ցեղասպանութենէն ազատած է եւ 1921-ին ԱՄՆ գաղթած: Իր ընտանիքի 15 անդամները Ցեղասպանութեան օրերուն զոհուած են:  Պանդոկին առջեւ, նախագահի գործած անօրէնութիւններուն համար  «գող»,  «ոճրագործ» բացագանչող ցուցարարներու ձայնը որպէսզի լսելի չըլլայ, դիւանագիտական անցագիրով իր հետը տարած թիկնապահները կը պոռան, կ’աղմկեն:

1919-2016: 100 տարի: Թրքական ճակտին վրայ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն:

«Շալվար»-ի կամ  «էնդարի»-ի տեղ՝ տաբատ եւ շապիկ ու փողկապ, փոխան ֆէսի՝ գլխարկ, տրեխի ալ՝ կօշիկ փոխարինելը քաղաքակրթուածութեան չափանիշ  նկատել կարելի չէ:

Թուրքը չի փոխուիր:

You May Also Like
Read More

Նժդեհին սպասելով…

Սամվել Խալաթյան, Երևան-Գորիս-Երևան,14-16 դեկտեմբեր 2022 Առիթը տողերիս հեղինակի «Վերջին ծաղրածուն» պիեսի բեմելն էր Գորիսի պետական դրամատիկական թատրոնում, պատճառը՝…
Read More