Երբ Միացեալ Ազգերու քարտուղարի նախկին օգնական, այժմ Արեւմտահայերու համագումարի համանախագահ Սուրէն Սերայտարեանին ու Մոսկուայի հայոց ֆորիւմի ղեկավար Իկոր Զարգարեանին հետ մուտք գործեցինք Վիսպատենի «կեթօ»էն ներս, հանդիպակաց «Կապադովկիա» ճաշարանէն «քրտացած» երկու հայեր դուրս եկան եւ ողջագուրուեցան մեզի հետ, համբուրելով նաեւ շշմած ու… վախցած հիւրերուն աջերը, ըստ հայկական տոհմիկ սովորութեան։ Զազա նշանաւոր երգիչ ու յեղափոխական Միխայէլ Ասլան եւ ծագումով հայ, գզըլպաշ տուտուկահար Զաֆէր Քիւչիւք, նկատելով Սուրէնին եւ Իկորին այլայլումը՝ ծիծաղելով ըսին. «Ասո՛նք են Արեւմտեան Հայաստանի մեր եղբայրները, տեսա՞ք թէ ինչպէ՜ս արիւնը կը քաշէ…»։
Երբ Միացեալ Ազգերու քարտուղարի նախկին օգնական, այժմ Արեւմտահայերու համագումարի համանախագահ Սուրէն Սերայտարեանին ու Մոսկուայի հայոց ֆորիւմի ղեկավար Իկոր Զարգարեանին հետ մուտք գործեցինք Վիսպատենի «կեթօ»էն ներս, հանդիպակաց «Կապադովկիա» ճաշարանէն «քրտացած» երկու հայեր դուրս եկան եւ ողջագուրուեցան մեզի հետ, համբուրելով նաեւ շշմած ու… վախցած հիւրերուն աջերը, ըստ հայկական տոհմիկ սովորութեան։ Զազա նշանաւոր երգիչ ու յեղափոխական Միխայէլ Ասլան եւ ծագումով հայ, գզըլպաշ տուտուկահար Զաֆէր Քիւչիւք, նկատելով Սուրէնին եւ Իկորին այլայլումը՝ ծիծաղելով ըսին. «Ասո՛նք են Արեւմտեան Հայաստանի մեր եղբայրները, տեսա՞ք թէ ինչպէ՜ս արիւնը կը քաշէ…»։

Նոյն օրը յետմիջօրէին, Պերլինէն գալով, Ֆրանքֆորթի կեդրոնական կայարանին մէջ հանդիպած էինք Գերմանիոյ համշէնահայերու «Մայր»՝ Ալիէ-Ալիս Ալթի, որուն «Համշէնահայութիւնը Պատմութեան Հայելիին Մէջ» գիրքը արդէն իսկ թարգմանուած է յունարէնի (Եորկօ Անտրէատիսին կողմէ) եւ թրքերէնի (Ռագըպ Զարաքոլուին նախաձեռնութեամբ)։
«Ես արդէն յոգնած եմ ինծի հետ հանդիպող հայերուն խոստումներէն։ Գիրքս իմ մայր լեզուովս ե՛ս թարգմանել պիտի տամ, հոգեբանի աշխատավարձովս եւ պիտի շարունակեմ ա՛յն պայքարը, որ սկսայ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ», հոգւոց մը հանելով ըսաւ Ալիէ-Ալիս Ալթ, որուն ազգականները թրքական պետութեան մէջ հասած են մինչեւ վարչապետի աստիճանին, ինչպէս՝ Մեսուտ Եըլմազ…։ Իսկ անոր մեծ մայրը, սարսափած այս քաջարի հայուհիին տարած աշխատանքէն՝ բացագանչած է՝ «Դարձեա՞լ հայ պիտի ըլլանք…»։
Իսկ Պերլինի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անխոնջ մարտիկ, «Ազատ Համալսարան»ի դասախօս Տոքթ. Ժիրայր Քոչարեանի կազմակերպած երեկոյին ընթացքին կը հանդիպինք «Տերսիմ» քաղաքական շարժման հիմնադիրներէն, վկայեալ երկրաչափ, գզըլպաշ Իսմայիլ Քիլիչին, որ «Տեսմալօ Սուրէ» ամսագրին ու Տերսիմի ինքնավարութեան համար պայքարող (1938-ին վերջ տրուած աթաթիւրքեան ցեղասպանութեամբ) Սէյֆի Ճենկիզին զինակիցն է։ Հաւանաբար ամենէն մոլեռանդ հայը այդքան ոգեւորութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ չէր կրնար պաշտպանել Տերսիմի հնագոյն հայերուն իրաւունքերը, առաւել եւս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ պէտք է Տերսիմի ցեղասպանութեան հետ միջազգային դատարան տարուի՝ ըստ մեր գզըլպաշ «հայրենակիցներ» Քիլիչի ու Ճենկիզի։
Թրքական արհեստական պետութիւնը, հիմնուած հուրի եւ սուրի ցեղասպանութեանց եւ տարագրութեանց վրայ, այսօր մասնատուելու վտանգին դիմաց կը գտնուի։ «Հանրապետութիւն» մը, որուն նախագահն ու վարչապետը , գլխաւոր կուսակցութիւններու ղեկավարները, մեծ մասամբ «տէօնմէ»-կրօնափոխ հայեր, քիւրտեր, յոյներ, ասորիներ են, երբեմն աւելի վտանգաւոր՝ քան նոյնինքն «մաքուր» թուրքերը, որոնք 10 տոկոսէն ալ պակաս կը հաշուեն 70 միլիոնանոց Թուրքիոյ մէջ։ Նոյնիսկ Խարբերդի ալեուի թիւրքմէնները, որոնց կրօնական արարողութիւններուն մէջ կը գոյատեւեն զրադաշտական ծէսերը, Մերիամ Տոզանի նման զօրակցեցան Հրանդ Տինքի շարժման, հայերէնով Կոմիտասի երգերը սորվելով ու ցոյցեր կազմակերպելով՝ «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսներով։
Թուրքիոյ գլխաւոր վտանգը միայն ՔԱԿը չէ (Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը), որուն բանտարկուած ղեկավարը՝ Աբօ Օճալան աւելի վտանգաւոր է բանտին մէջ՝ քան ազատութեան…։ Ան է, որ իր պայքարով դէմք եւ ինքնութիւն տուաւ Թուրքիոյ մէջ երկրորդ աստիճանի քաղաքացիներ նկատուած քիւրտերուն, որոնց ստուար մէկ մասը «քրտացած» հայեր են…։ Այսօր, հզօր շարժում դարձած է Տերսիմի ցեղասպանութեան եւ հատուցման երթը, որուն ղեկավարներն են զազա-ալեուի կամ գզըլպաշ դարձած հայեր կամ իրանա-արիական ժողովուրդներ։ Հարաւի արաբները կը պահանջեն Ալեքսանտրէթի սանճագը, ոտքի ելած են Պոնտոսի դաւանափոխ յոյները, ասորիներն ու նեստորականները՝ որոնցմէ 800 հազար քաղաքացիներ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան Ա. Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն։
Թուրքիա կրնա՞յ դիմագրաւել դաւանափոխ, «քրտացած» հայերու, զազաներու, գզըլպաշներու, Պոնտոսի յոյներու, ալեուիներու, ասորիներու պահանջատիրութիւնը, յատկապէս, զանգուածային լրատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու այս դարշրջանին, երբ այլեւս «գաղտնիքներ» գոյութիւն չունին եւ թրքական մերկապարանոց ոճիրները ծանօթ են բոլորին…։
1 comment
Armenian Fonts
Please, please…. could you use a different Armenian font. The one that has been used for the above article is really difficult on the eyes and is not the best font of all. It seems every Armenian publication on the internet utilizes fonts which seem, how can I put it, as if the letters are going to fly off the screen.
What about those rigid and darker coloured fonts that we used to see in our local newspapers? It seem for those of us living in the West, who do not have access to regular Armenian material to read, these new so-called ‘stylish’ internet fonts are doing no justice to the readers.
I have heard this type of comments from others too… or perhaps you think this is an unusual comment. I usually shift to read such articles in English because it is easier to read. I have not forgotten my language, but I am really finding these fonts difficult to read.
Why should the Armenian letter ‘r’ look so big in the middle of a word as though it was a capital R? It is so off-putting.
Vatché
Comments are closed.