Թուրքիոյ Ծածկագիրները – 1, 2, 3

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն

Օրհան Քեմալ Ճենկիզ, «Ռատիքալ», 2 Օգոստոս 2013
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 20 Օգոստոս 2013

Այնքան ատեն որ Թուրքիա կ’ուշացնէ իր անցեալին հետ առերեսուիլը, անոր բեռը ամօթալի ձեւով պիտի շարունակուի տարածուիլ աջ ու ձախ։

Մէկ թուանշանը վերածուեցաւ մարմինին մխրճուած եւ միւս կողմէն միսի կտոր մը փրցնելով դուրս եկած նիզակի ծայրին, երկուքը՝ մարդ հնձող մանգաղի մը տեսքը ստացաւ, իսկ երեքը երեւցաւ` կարծես քիչ առաջ զոհին մարմինէն դուրս եկած արիւնոտ տափան մը ըլլար։

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն

Օրհան Քեմալ Ճենկիզ, «Ռատիքալ», 2 Օգոստոս 2013
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 20 Օգոստոս 2013

Այնքան ատեն որ Թուրքիա կ’ուշացնէ իր անցեալին հետ առերեսուիլը, անոր բեռը ամօթալի ձեւով պիտի շարունակուի տարածուիլ աջ ու ձախ։

Մէկ թուանշանը վերածուեցաւ մարմինին մխրճուած եւ միւս կողմէն միսի կտոր մը փրցնելով դուրս եկած նիզակի ծայրին, երկուքը՝ մարդ հնձող մանգաղի մը տեսքը ստացաւ, իսկ երեքը երեւցաւ` կարծես քիչ առաջ զոհին մարմինէն դուրս եկած արիւնոտ տափան մը ըլլար։

Թուանշանները այս կերպով կենդանացան աչքիս առջեւ, երբ «Ռատիքալ» թերթին մէջ կարդացի «Ահաւասիկ ցեղային ծածկագիրները. յոյներ 1, հայեր 2, հրեաներ 3» խորագրեալ լուրը, որ առնուած էր «Ակօս» շաբաթաթերթէն։ Մինչդեռ Լոզանէն ի վեր «գաղտնի» ծածկագրեր կը տրուին եղեր մեր ոչ մահմետական հայրենակիցներուն իրենց ինքնութեան փաստաթուղթերուն մէջ։

Պետութեան բոլոր միաւորներուն այս իրողութենէն տեղեակ ըլլալը հաստատուեցաւ, երբ կրթական նախարարութիւնը պատասխանեց մօր մը, որ կ’ուզէր իր զաւակը արձանագրել տալ հայկական վարժարան մը։ Հայկական վարժարան կրնան արձանագրուիլ եղեր անոնք միայն, որոնց «գաղտնի ազգային ծածկագիրը 2 է»…

Մեր ոչ մահետական հայրենակիցները իրենց ողջ կեանքի ընթացքին շատ հաւանաբար զգացին, որ անտեսանելի նիզակ մը, մանգաղ մը կամ տափան մը զիրենք տեւական կը մշտէր, կը քաշքշէր եւ երբեմն ալ իրենց միսին մէջ մխրճուելով՝ աներեւակայելի ձեւով կը ցաւցնէր իրենց սիրտը։ Սակայն կա՛մ շատ վախցան եւ նոյնիսկ պատմել չհամարձակեցան եւ կա՛մ թերահաւատ աչքերով նայողներ գտան իրենց դէմը, երբ ուզեցին պատմել։

Առանց իսկութիւնը հասկնալու՝ մեր ոչ իսլամ հայրենակիցները տեւապէս զգացին, որ կ’ապրէին պետական իշխանութեան մը ներքոյ, որ գրեթէ միշտ տեղեակ էր իրենց իսկական ինքնութեան մասին։ Իսհաք անունը Իսմայիլի վերափոխեց հրեայ հայրենակիցը, սակայն խաղի չեկող այդ պետութեան ատելավառ հայեացքները զգաց միշտ իր ծոծրակին վրայ։ Գնաց եւ իր ինքնութեան տոմարին մէջ իսլամ արձանագրել տուաւ, սակայն չես գիտեր ինչպէ՛ս, իսկութեան մէջ անոր քրիստոնեայ ըլլալը միշտ գիտցան։ Եորկոյին տղան հաւանաբար մոռցաւ, որ արմատներով յոյն էր, սակայն գլուխը եկած «տարօրինակ» պատահարներուն մասին մտածելով՝ զարհուրանքով զգաց, որ խորքին մէջ ամէն բան կապ մը ունենալու էր իր արմատներուն հետ։

Հարիւր տարիէ ի վեր իր հայրենակիցները կոտորած, վախցուցած, փախցուցած, աքսորած, կալուածները գրաւած, գերեզմանները թալանած, մահափորձեր կազմակերպած «ազգայնապաշտ պետական հոգեբանութիւնը» յաճախակի յայտնութիւններով գործը կատարած, ապա դարձեալ անյայտացած էր իր սեւ սնտուկին մէջ. ահա այդ սնտուկին ծածկագրերն են այդ թուանշանները։

Սկսեալ Թրակիոյ հրեաներու ջարդերէն (1934, Գ.Կ.) մինչեւ 6-7 Սեպտեմբեր (1955, Գ. Կ.) եւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, ամէն բան անգամ մը եւս աչքէ անցընելու համար ճամբու նոր քարտէս մը կը բացուի մեր առջեւ։ Մեր այն պնդումին, թէ՝ «երբ անցեալին հետ չենք առերեսուիր, ատիկա անցեալ չէ», ոմանք կ’առարկեն, թէ անիմաստ եւ անտեղի է վէրքերը քերել, ահաւասիկ շատ ուշադիր հետեւելու են անոնք պարզուած տեսարանին։ Երբ կը նայինք սնտուկներէն ելլող թուանշաններուն, հարկ է, որ վերադառնանք մինչեւ 1915, երբ Թալէաթ փաշան ճարտարապետի մը ճշգրտութեամբ պարպել տուած ամէն մէկ գիւղի կամ ագարակի մէջ աշխատող յոյն փռապանի կամ հայ հիւսնի մը փոխարէն՝ մահմետական վարպետ մը տեղաւորելու աշխատանքը կը տանէր։ Այս թուանշանները կը պարզեն արդի Թուրքիոյ ծածկագրերը։

Երբ այս տողերը կը գրէի, «Ռատիքալ»-էն հրատարակիչս հեռաձայնեց եւ ինձմէ խնդրեց իրաւական արժեւորում մը ընել այս նիւթին կապակցութեամբ։ Վերջին քանի մը խօսքն ալ այս ուղղութեամբ թող ըլլայ։ Հիմա պահ մը երեւակայեցէք, որ այս թուագրութեան հարցը պատահած ըլլար ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Գերմանիոյ մէջ, եւ թէ… գերման պետութիւնը հրեաները զատորոշէր թուանշաններով. ի՞նչ կը կարծէք, որ պատահէր ըստ ձեզի։ Հանգիստ կրնամ ըսել, որ ասիկա ամբողջ պետութիւնը մինչեւ ողն ու ծուծը ցնցող ահռելի երկրաշարժի մը կը վերածուէր։

Որովհետեւ այս թուագրումը ցոյց կու տար, որ նացիական հոգեբանութիւնը նոյնութեամբ կը շարունակուէր գոյատեւել այսօրուան պետութեան մէջ։ Յետոյ, այդ աննախընթաց քննարկումներէն ետք հաւանաբար պետութեան ամբողջ համակարգը պարփակող բարեփոխումներու շարք մը յաջորդէր մէկը միւսին։ Հարկ է, որ Թուրքիան նոյնը ընէ։ Ինչ կը վերաբերի ոչ մահմետական հայրենակիցներուն իրաւունքներուն, նախ եւ առաջ բոլորը «տեղեկութիւն ստանալու օրէնք»ին վրայ հիմնուելով՝ պէտք է գիտնան, որ ինչպէս դասակարգուած են եւ ասիկա վաւերացնելէ ետք կրնան դիմել վարչական դատարաններ՝ իբրեւ խտրականութեան վնասուց հատուցում։ Իրենց դատերը հետապնդելու համար կարելի է նոյնիսկ նկատի ունենալ Եւրոպայի Մարդկային իրաւունքներու դատարանը։ Կը վախնամ, որ այս թուանշանները պիտի ծառայեն հայկական սփիւռքին կողմէ նոր դատեր բանալու, որոնք համոզուած են, որ 1915-ի քաղաքականութիւնները առանց ընդմիջումի շարունակուած է հանրապետական Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, եւ կամ առկայ դատերուն մէջ այս թուագրումը պիտի օգտագործուի իբրեւ նոր եւ հզօր փաստարկ։

Բուն հարցը հետեւեալն է. այնքան ատեն որ Թուրքիան կ’ուշացնէ իր անցեալին հետ առերեսուիլը, անոր բեռը ամօթալի ձեւով կը շարունակուի տարածուիլ աջ ու ձախ. այս թուանշաններուն բացած ուղիէն պէտք է հետապնդել անցեալի հետքերը…

 

 

You May Also Like