Տօքթ.Սարգիս Ատամ, Ֆրանքֆուրդ, 10 Նոյեմբեր 2013
Թուրքիոյ մէջ երկար ատենէ ի վեր, հայկական սրբավայրերու եւ գերեզմաններու հանդէպ բարբարոսութիւնnեր ու անարգանքներ կը կատարուին:
Թրքական մամուլէն կը տեղեկանանք, թէ Թուրքիոյ զանազան հին հայաբնակ վայրերու մէջ, նոր ճամբայ շինելու, բնակարան, դպրոց կառուցանելու պատճառաբանութիւններով եւ այլ նպատակներով կը քանդուին, ու նաեւ կը թալանուին բազմաթիւ հայկական սրբավայրեր ու գերեզմաններ: Այս ընթացքը, որ վերջերս սովորական երեւոյթ մը դարձած է, թրքական իշխանութիւնները, փոխանակ հայկական սրբավայրերն ու գերեզմանները վերանորոգելու ու պահպանելու, աչք կը գոցեն քանդումներու ու թալանումի վրայ:

Այսօր իսկ կը շարունակուի, Թուրքիոյ հին հայաբնակ վայրերու հայկական սրբավայրերու ու գերեզմաններու քանդումն ու թալանումը, ինչպէս վերջերս Սիիրդի (Սղերդ) Էրուղ գիւղաքաղաքի, Պաթմանի, Թէգիրտաղ քաղաքներու շրջակայքի, Սեբաստիոյ Զարա գիւղաքաղաքի, Կէօքչէատայի Յունական գերեզմաններու աւերումը եւ թալանումը առանց տեղական իշխանութիւններու միջամտութեան, թերեւս ալ անոնց կամքով քանդուեցան ու թալանուեցան:
Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ իշխանութեան կողմէ վերանորոգուած ու թանգարանի կարգավիճակ ստացած Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցիէն եւ Թուրքիոյ իշխանութեան կողմէ տրուած արտօնութեամբ ու բարոյական հովանաւորութեամբ վերանորոգուած Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիէն զատ, Անատօլուի հայկական սրբավայրերը, գերեզմաններն ու հայկական հնագիտական վայրերը հերթակամօրէն կը քանդուին ու կը թալանուին զանազան պատճառաբանութիւններով: Այս քանդումները եւ ոչնչացումները, Անատոլուի հնագոյն ժողովուրդներէն հայերը շատ ծանրօրէն կը վիրաւորեն ու կը յուզեն:
Այս աշխարհատարածքին վրայ շատ ծանր վնասներ կրած, տանջանքներ, ողբերգութիւններ ապրած հայ ժողովուրդը, Թուրքիոյ պետութենէն գոնէ իր ննջեցեալներուն այս հողերուն տակ հանգիստ քնանալու ապահովուիլը կ'ակնկալէ:
Անշուշտ, եթէ հայկական սրբավայրերն ու գերեզմանները հանրութեան ի նպաստ շինուելիք ճանապարհներու, կառուցուելիք բնակարաններու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու, հաւատքի վայրերու ու աղօթատեղիներու շինարարութեան նախագիծերուն խոչընդոտ կը հանդիսանան, այդ պարագային, ընդհանուր իմաստով ողջամտութիւնը եւ ,մարդկային խիղճը, արդիականութիւնն եւ բարեացակամութիւնը մեզմէ կը պահանջեն այդ սրբավայրերու կամ գերեզմաններու յարմար վայր մը տեղափոխումով պահպանումը եւ ոչ թէ, քանդումը, թալանումը եւ ոչնչացումը: Այլապէս կը ստեղծուի հաւատքի եւ մշակոյթի բազմազանազութիւնը ու արդիական հասկացողութեան սկզբունքները չյարգող մտայնութիւն եւ ժովուրդներու միջեւ ատելութիւն, որ երբեք այսօրուայ արդիական Թուրքիոյ պետական հայեցողութեան չի յարմարիր:
Հետեւաբար կը յուսամ, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը այս անմարդկային աւերներու վերջ տալու համար արագ միջոցառումներով կը միջամտէ եւ քանդումին, թալանումին ու ոչնչացումին դադրեցման համար տեղական իշխանութիւնները կը խթանէ:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան վերին իշխանութիւններէն կը խնդրեմ, յանուն ողջմտութեան, այս ողբերգութեան վերջ տալու համար ազդեցիկ ու գործնական միջոցառումներով նախախնամական դերակատարութիւն մը ունենայ:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Նկար.- Կիլիկիա, Իսկենտերունի շրջան, Չորք-Մարզպան (Տորթ-Եոլ), Ս. Աստուածածին եկեղեցին շինհրապարակ, 2011