Երկար վիճաբանութիւններէ եւ հանրաքուէէ վերջ, ժողովուրդին 48 տոկոս դէմ քուէի դիմաց 52 թեր քուէներով Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկրին մայր սահմանադրութեան մէջ գտնուող որոշ յօդուածները յաջողեցաւ փոխել: Կառավարութիւնը այսպէսով վերջ տուած եղաւ սահմանադրութեան մէջ գտնուող զինուորական տիրապետութեան ու որդեգրած եղաւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքի վրայ հիմնուած, ժողովրդավարական, ոչ զինուորական սահմանադրութիւն մը:
Շատ մը Թուրք մտաւորականներ եւ Թուրք հայրենակիցներուն մեծ մասն ալ կը զօրակցէին կառավարութեան սահմանադրութիւնը մասամբ փոխելու իր այս որոշումին մէջ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ Թուրք հայրենակիցներուն մէկ մասը, մանաւանդ Քեմալական մտայնութիւն ունեցող մտաւորականները եւ հայրենակիցներն ալ դէմ էին կառավարութեան այս որոշումին: Անոնք կը պնդէին թէ, կառավարութիւնը որ ըստ իրենց Իսլամական քաղաքականութիւն մը կը վարէ, իր այս որոշումով կը ցանկայ զինուորականութեան ոյժը տկարացնել եւ այսպէսով Թրքական սահմանադրութեան եւ վարչակարգի մայր ազդակը եղող աշխարհավար վարչաձեւը տկարացնել եւ կամ բոլորովին ջնջել:
Այս վերջինները կը նախընտրէին զինուորականներու կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւն մը քան թէ հիմա իշխող կառավարութեան կողմէ: Թուրք հայրենակիցները բաժնուած են երկուքի: Անոնք որոնք կը զօրակցին կառավարութեան որոշումներուն , եւ անոնք որոնք դէմ են եւ այս երկու կողմերուն միջեւ զօրաւոր հակամարտութիւն մը կը տիրէ:
Ոստիկան, զինուոր, դատախազ, դատաւոր, ջրհան, Թուրք ազգային օդանաւային հաստատութեան պաշտօնեայ եւ այլ ինչ պաշտօններ որոնք կը պատկանին պետական հաստատութիւններու, անոնց մէջ Հայ մը ,Յոյն մը կամ Հրեայ մը կամ այլ ուրիշ իսլամ կրօնքի չպատկանող հայրենակից մը չընդունուիր իբրեւ պաշտօնեայ, հակառակ անոր որ սահմանադրութեան մէջ նշուած է ընդհակառակը: Մենք, թրքահպատակ ոչ-իսլամ հայրենակիցներս, մեր հայրենակցական բոլոր պարտականութիւնները անթերի կատարելով հանդերձ, մեզ արտօնութիւն չի տրուիր որպէսզի մեր պետութեան պատկանող հաստատութեան մը մէջ պաշտօնավարենք:Սահմանադրութեան մէջ այսպէս օրէնք մը չկայ բայց կերեւի թէ կան որոշ "խորունկ օրէնքներ" որոնք կը գերազանցեն երկրին մայր սահմանադրութիւնը եւ կ’արգիլեն որ մենք պետական պաշտօնեաներ դառնանք:
Այս նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն վերջ ին՞չ բարելաւումներ պիտի ըլլան երկրին ոչ-մահմետական հայրենակիցներուն համար:
-Մեր հաստատութիւնները աւելի ազատ պիտի ըլլա՞ն արդեօք:
-Մեր հաստատութիւններէն գրաւուած շէնքերը ետ պիտի վերադարձուի՞ն:
-Մեր վարժարաններու մէջ, այս երկրին մէկ հայրենակիցը եղող վարժարանին թրքահպատակ հայ տնօրէնին հետ միատեղ << էթնիկ ծագումով թուրք >> փոխ տնօրէն մըն ալ պաշտօնի վրայ բռնելու պարտաւորիչ օրէնքը պիտի վերանա՞յ արդեօք: Այս պարտաւորութիւնը շատ անարդար պարտաւորութիւն մըն է, որովհետեւ կը նշանակէ թէ մեր ազգային վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող թրքահպատակ ոչ մահմետական տնօրէնները իրենց Քրիստոնեայ ըլլալնուն պատճառաւ պետութեան կողմէ չէն յարգուիր իբրեւ այս երկրին հայրենակիցները :
-Մեր վարժարաններուն իրաւունք պիտի տրուի՞ որպէսզի թրքերէն լեզուով աւանդուած դասերուն ուսուցիչները, իրենք իրենց կամքով ընտրեն ինչպէս կ’ընեն միւս թուրք վարժարանները, թէ մինչեւ հիմա եղածին պէս պիտի ստիպուին գոհանալ պետութեան կողմէ իրենց ղրկուած ուսուցիչներով:
Պետութեան մը առաջին պարտականութիւններէն մէկը իր հայրենակիցներուն արդար կերպով օգնել պէտք է որ ըլլայ :Երբ վարժարան մը նիւթապէս տկար է եւ կը կարօտի պետութեան օգնութեան, այն ժամանակ պետութիւնը իր ուսուցիչները կրնայ տրամադրել այդ վարժարանին համար: Իսկ եթէ վարժարան մը կարողութիւնը ունի իր նախընտրած ուսուցիչը ընտրելու այն ժամանակ պէտք է որ այս վարժարանին վարչութիւնը ազատ ըլլայ իր որոշումին մէջ: Պետութեան մը ընդհանրացում ընելը արդար վարուելակերպ մը չէ:
Մեզի, թրքահպատակ ոչ-մահմետական հայրենակիցներուս, ասկէ վերջ պիտի արտօնուի՞ արդեօք որ պետական հաստատութիւններու մէջ պաշտօնավարենք իբրեւ պետական պաշտօնեայ: Պիտի արտօնուի՞ որ մեր երկրին մէջ պաշտօնավարենք իբրեւ զինուոր, ոստիկան, դատաւոր, դատախազ կամ այլ պաշտօններ որոնք կը պատկանին պետական հաստատութիւններուն: Բան մը որ այժմ կարելի չէ:
Մայր Սահմանադրութեան այս փոփոխութենէն վերջ, ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու պատկանող համայնքներուն ծնողները, իրենց զաւակները իրենց համայնքին պատկանող ազգային վարժարանները արձանագրելէ առաջ պիտի շարունակե՞ն ինչպէս այժմ ներկայանալ Ուլուս դաղի մէջ գտնուող հրեայից վարժարանը եւ հոն ներկայ գտնուող պետական պաշտօնեաներուն փաստել թէ իրենք իսկապէս ծագումով հայ կամ յոյն կամ հրեայ են: Ծնողի մը իր զաւակը իր համայնքին պատկանող մէկ ազգային վարժարանը արձանգրելու համար իր էթնիկական ծագումը փաստելու ստիպողականութիւնը արդէն ինքնին ոչ ժողովրդավարական եւ ցեղապաշտ մտայնութիւն մըն է:
Հետեւաբար, թէ մեզի եւ թէ բոլոր հայրենակիցներուն համար նպաստաւոր եղող սահմանադրութիւնը այն մէկն է որ առանց խտրութեան, առանց բացառութեան եւ հաւասարապէս կը գործադրուի երկրին բոլոր հայրենակիցներուն համար:
Երբ կարդացի նոր սահմանադրութեան յօդուածները, տեսայ որ մեր իրաւունքներուն բարելաւման նպատակով արձանագրուած ոչ մէկ յօդուած կայ այս նոր սահմանադրութեան մէջ: Որոշ մարդկային իրաւունքները աւելի լաւ պաշտպանելու համար, նոր սահմանադրութեան մէջ անոնց ի նպաստ տեսակ մը դրական առանձնաշնորհում նախատեսուած է, բայց ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան տակ առնելու մասին դրուած յատուկ ոչ մէկ յօդուած կայ:
Յաճախ կը լսենք պետութեան կառավարիչներու, քաղաքագէտներու եւ մտաւորականներու յոյս ներշնչող յայտարարութիւնները որոնք կ’ըսեն թէ ոչ մահմետական փոքրամասնութիւնները այս երկրին մշակութային հարստութեան մէջ շատ կարեւոր մաս մը կը կազմեն: Եթէ այս վերջինները անկեղծ են իրենց յայտարարութեան մէջ ուրեմն պէտք է որդեգրուին օրէնքներ որպէսզի երկրին փոքրամասնութիւններուն մշակութային հարստութիւնները պաշտպանութեան տակ առնուին:
Տարիներու ընթացքին մշակուած հակա ոչ մահմետական քաղաքականութեան պատճառաւ, երկրիս ոչ մահմետական փոքրամասնութիւնները այժմ մշակութային այլասերումի հետ դէմ դիմած կը գտնուին ու կը կարօտին պաշտպանութեան տակ առնուելու ու դրական առանձնաշնորհումի: Բայց այս առանձնաշնորհումը պէտք է շեշտուի սահմանադրութեան մէջ յօդուածով, որպէսզի այս դրական առանձնաշնորհումը մնայուն ըլլայ ու կախեալ չըլլայ միայն երկրին մէջ իշխող կառավարութեան բարեկամեցողութենէն ինչպէս որ է հիմա:
Բայց նորէն ալ << կայսրինը կայսրին >>. կ’ուզեմ ընդգծել որ Թուրքիա, Վարչապետ էրտողանի հիմնած կառավարութեան տակ անցուցած վերջին ութ տարիներու ընթացքին մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մէջ շատ մեծ քայլեր առաւ:
Հակառակ բոլոր ժխտական պարագաներուն , Թուրքիոյ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն հիմակուայ կացութիւնը, ութ տարի առաջուանին հետ բաղդատել անգամ կարելի չէ :Հիմա եթէ հարց մը կամ գանգատ մը ունենանք գոնէ մեր դիմացը մեզի մտիկ ընող եւ մեր հարցերը լուծելու համար աշխատող կառավարութիւն մը կայ: Հիմա, բաղդատելով ասկէ առաջուանին հետ շատ աւելի յարգանք կը տեսնենք:Գուցէ այս է պատճառը որ մեր ձայնը հիմա շատ աւելի զօրաւոր կը հնչէ եւ մեր իրաւունքները աւելի քաջութեամբ կրնանք պաշտպանել, մինչդեռ ասկէ առաջ մեր հաստատութիւններուն վարիչներուն պետութեան մօտ գանգատ յայտնելու համարձակութիւնն անգամ քաջութիւն կը նկատուէր: