Մտածումներ Վիճաբանութենէ մը Ետք
Օշին Էլակէօզ, 20 Օգոստոս 2013, Պոլիս
Երեք ամիս առաջ, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի վրայ գտնուող «Կէզի» կոչուած զբօսավայրի պատճառաւ բռնկած դէպքերու ժամանակ, գործընկերներէս մէկը, որ քեմալական մտայնութիւն ունեցող թրքուհի մըն է, առաւօտ մը կանուխ ներս մտաւ ջղայնացած՝ հայհոյելով անոնց, որոնք քուէարկած էին վարչապետ Էրտողանի կուսակցութեան, գիտնալով հանդերձ որ ես ալ անոնցմէ մեկն էի: Ջանացի իրեն բացատրել թէ ինչու համար քուէարկած եմ այդ կուսակցութեան ի նպաստ, որովհետեւ, ըսի, կը հաւատամ որ անձ մը քննադատելէ առաջ պէտք է պատճառը հարցնել:
Մտածումներ Վիճաբանութենէ մը Ետք
Օշին Էլակէօզ, 20 Օգոստոս 2013, Պոլիս
Ոստիկան մը երբ կը ձերբակալէ մարդասպան մը, կը հարցնէ անոր թէ ինչո՞ւ համար սպանած է զայն: Արհեստավարժ հետաքննողէ այդ կը պահանջուի: Հետեւաբար ես ալ ուզեցի իրեն բացատրել թէ ինչու համար ես, եւ իմ նման շատեր, որոնք կա՛մ ոչ-իսլամական են եւ կամ չեն պատկանիր իսլամ կրօնքին, իսլամական կրօնամետութիւն չունին, այլ՝ աշխարհիկ մտայնութիւն, կը շարունակեն քուէարկել Երտողանի կուսակցութեան ի նպաստ: Այսպէսով կը մտածէի թէ ինք պիտի կարենար համակրանք եւ կամ հասկացողութիւն ցոյց տալ եւ հասկնալ թէ այս հողերու վրայ ապրող հպատակներուն կարելի է կէսէ աւելին ի՜նչ մեծ դժուարութիւններու մէջ ապրած է, ի՜նչ տառապանքներ քաշած է, հարստահարուած է նախորդող Քեմալական մտայնութիւն ունեցող բոլոր կառավարութիւններու ժամանակ, որոնք գաւազանը ձեռքին իշխեցին շուրջ եօթանասունինը տարի: Կուզէի իրեն բացատրել թէ մենք, մասնաւորապէս փոքրամասնութիւններս, Էտրողանի շնորհիւ է որ հիմա քիչ մը շունչ կրնանք քաշել: Մեր ազգային հաստատութիւններուն կալուածները, որոնք մեզմէ կը գրաւուէին զանազան անհիմն պատրուակներով, վերջերս սկսան մեզ վերադարձնել: Մեր հաստատութիւնները հիմա իրաւունքը ստացան իրենց կալուածները շահագործելով ապահովելով իրենց գոյատեւումը: Մեր ազգային հաստատութիւններու մատակարար մարմինները, որոնք առաջ վախի ու դողի մէջ էին, որովհետեւ ամէն վայրկեան կրնային ձերբակալուիլ անհիմն պատրուակներով, չարչարանքի ենթարկուիլ եւ բանտարկուիլ, հիմա ազատ են եւ այս ազատութեան շնորհիւ է որ մեր համայնքին ձայնը հիմա աւելի զօրաւոր կ'ելլէ, երբ անարդարութեան մը հետ դէմ դիմաց գտնուինք:
Այս բոլորը ջանացի բացատրել իրեն, որովհետեւ այս երկրին մէջ կան իր նման շատ անձեր
Այսպէսով կը կարծէի թէ պիտի յաջողէի իմ գործընկերուհիիս մէջ համակրանք մը արթնցնել, որպէսզի հասկնայ թէ ինչու համար մենք կը քուէարկենք վարչապետ Էրտողանի կուսակցութեան ի նպաստ:
Երբ ես այս պատճառաբանութիւնը տուի, իմ Թուրք գործընկերուհիս, որուն հետ տասնըութը տարիներէ ի վեր օրական ութը, տասը ժամ միասին աշխատած ենք, մեր լաւ ու վատ ժամանակները միասին անցուցած ենք մեր գործատեղիին մէջ, որուն հետ աւելի շատ ժամանակ անցուցած եմ քան իմ ընտանիքիս անդամներուն հետ, որուն հետ ընտանեօք կը տեսնուէինք մինչեւ այդ օր, զայրացած ինծի հետեւեալ պատասխանը տուաւ. «Եթէ դուք այս երկրին մէջ այսչափ մեծ տառապանքներ կրած էք, ուրեմն թող ձգէիք այս երկիրը եւ հեռանայիք: Բոլորդ ալ արտասահմանի մէջ ազգականներ ունիք, ինչու՞ համար չէք գաղթեր եւ կը շարունակէք ապրիլ այս երկրին մէջ ու անհանգստութիւն պատճառել մեզի»:
Այս վիճաբանութենէն վերջ անգամ մը եւս անդրադարձայ թէ երբեք կարելի պիտի չըլլայ այս երկրին մէջ փոխել Քեմալականներուն ատելութեան զգացումը փոքրամասնութիւններու եւ թուրք չեղողներու հանդէպ, որովհետեւ անոնք մտային այն հասունութիւնը չունին որպէսզի ընդունին թէ մե՛նք ալ այս երկրին տէրերն ենք եւ նոյնիսկ իրենցմէ շատ աւելի հին ենք այս հողերու վրայ: Անոնք տակաւին կը հետեւին այն իթթիհատական քարոզչութեան որուն կարգախօսն է. «Թուրքիա կը պատկանի թուրքերուն, անոնք որոնք թուրք չեն, միայն թուրք եղողներուն ծառայելու համար է որ այս երկրին մէջ իրաւունք ունին ապրելու»:
Այս դէպքը անգամ մը եւս անդրադառնալ տուաւ ինծի, որ մինչեւ որ Թուրքիոյ մէջ չհիմնուի Եւրոպական ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ խարսխուած կուսակցութիւն մը, մենք այս երկրի մէջ մինչեւ այսօր արհամարհուած ազգերս, վարչապետ Էրտողանէն եւ իր ԱՔ կուսակցութենէն զատ այլընտրանք չունինք:
1 comment
Ինքնաբուխ ու խորիմաց յօդուած
Ինքնաբուխ ու խորիմաց յօդուած մը, ճշմարիտ ու դիպուկ եզերակացութեամբ, սակայն կը գրենք լեզուով մը՝ որուն սշխարհը ծանօթ չէ դժբախտաբար: Մենք կը գրենք մեր ցաւերը, ու մենք կ'իմանանք…
Comments are closed.