The Turkish Dilemma 1998
Միակ երկիրը, որուն մուտքը արգիլուեցաւ Եւրոպական Միութեան եղաւ Թուրքիան:
The Turkish Dilemma 1998
Միակ երկիրը, որուն մուտքը արգիլուեցաւ Եւրոպական Միութեան եղաւ Թուրքիան:
Ընդհանրապէս միջազգային Rotary-ի հաւաքոյթներուն «խօսք առնող» մը կը հրաւիրուի, որպէսզի 15 վարկեանի ընթացքին, արտահայտուի ներկայ մեր ապրած կեանքէն՝ արդիական նիւթի մը շուրջ: Այդ գիշերուան խօսողը՝ Հռոմի մէջ գտնուող Իրլանտայի դեսպանն էր. նիւթը՝ Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Անգլիոյ միջեւ խաղաղութեան կարելիութիւնները: Հակիրճ ձեւով՝ իրլանտացին խօսեցաւ 700 տարուան Անգլիոյ գաղութարարութեան մասին. ապա ելոյթին մեջբերեց վերջին տասը տարիներու Իրլանտայի տնտեսութեան յատկանիշներն ու արդիւնաբերութեան սլացքը, Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու առաւելութիւնները ջատագովեց, ու Անգլիոյ հետ խաղաղութեան պայմանը, ըսաւ ան, միացեալ Իրլանտայի մը գոյութիւնը կրնայ ըլլալ միմիայն:
Հարցում-պատասխաններու շարքին, ներկաներէն մին հարցուց Եւրոպական Միութեան Լիւքսեմպուրկի վերջին ժողովներուն՝ Թուրքիոյ անդամակցելու դիմումին մերժումին դրդապատճառներուն մասին: Թէեւ, ըսաւ Պարոն դեսպանը, իմ այսօրուան նիւթին հետ մօտէն կապ չունի այս հարցը բայց կ’արժէ որ արտայայտուիմ այս մասին: Եւրոպական խորհուրդը երկուքի բաժնուած է այսօր Թուրքիոյ անդամակցութեան կապակցութեամբ, թեր եւ դէմ: «Turkey had a European vocation but not the same position as the other 11 countries»: Ու բացատրեց, թէ ըստ Եւրոմիութեան սահմանադրութեան յօդուած 312-ին, Թուրքիոյ քաղաքացիներուն առիթը կը տրուի ազատօրէն ճամբորդել որեւէ եւրոպական անդամ երկրի ցամաքատարածքին, եթէ ան ըլլայ անդամ, կացութիւնն մը որ անհանգիստ կ’ընէ Յունաստանը: Աւելին, գերմանացիք արդէն բաւականաչափ անլուծելի հարցեր ունին իրենց հողատարածքին վրայ ապրող 3 միլիոն թուրքերուն հետ. անոնք դէմ են այս անդամակցութեան: Գերմանիոյ այս դիրքորոշումը նեղացուցած է Եըլմազը, սակայն Էրպաքան երջանիկ կ’երեւայ ու այս առիթով այցելած է իսլամական պետութիւններ այս տարուան սկիզբները:
Աջ կողմս գտնուող իտալացի մը գոհ կը թուէր այս մերժումի որոշումէն ու զրուցեց ըսելով՝ թէ «այս մարդիկ» մոլեռանդ այլազգիներ են ու օր մը իրենց մոլեռանդութիւնը այս կողմերը կը ներածուի: Տեսե°ք ինչեր կ’ըլլան իսլամական պետութիւններու մէջ. թէ այս մարդիկը» կուլտուրա չունին: Անոնք Ասիոյ խորերէն թափանցեցին մինչեւ մեր դռները դարեր առաջ, թէ այս երկրին անդամակցութեան պարագային, Փոքր Ասիոյ բոլոր անուսներն ու անգործները պիտի հաւաքուին մեր շուրջ: Եւրոպացի անգործներուն թիւը արդէն 15 միլիոնը կանցնի:
Ձախ կողմս գտնուող հիւր Rotary-ի անդամ գերմանացի մը, ցած ձայնով ըսաւ թէ՝ ինք կը զբաղի Ղազախստանէն Գերմանիա ներգաղթող, վերաբնակելու եւ վերականգնելու կարիքաւոր երկու միլիոն գերմանացիներու հետ, թէ ինք կը նախընտրէր՝ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ռազմական գերի ինկած եւ հեռու՝ Ղազախստան քշուած իր արիւնակիցներուն ներգաղթը Անատոլիոյ թուրքերէն, թէ արդէն Գերմանիոյ տարածքին վրայ գտնուող 3 միլիոն թուրքերը «ներածած» են Թուրքիան՝ ի Գերմանիա.. թէ գերմանացիք մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ժողովուրդ են: Ու փաստելու համար իր այս վերջին խօսքը, մեզ հրաւիրեց Հռոմի St.Maria dell Anima, գերմանացիներու պատկանող մայր տաճարը, յաջորդ օրուան, Աւագ Երեքշաբթի՝ կայանալիք Պախի «Johannes Passion»-ի, կատարողութեամբ 120 հոգիներէ կազմուած Պաւարիական՝ Straubing նուագախումբին եւ երգչախումբին: Մենք ըմբոշխնեցինք յաջորդ երեկոյ ձեռնարկը:
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը նորութիւն մը չէ, այս նիւթին հետեւողներուն համար:
European Management Forum հաստատութիւնը զոր կը գտնուի Cologny, Զուիցերիա եւ ներկայիս նշանաւոր է իր կազմակերպած տարեկան Davos-ի գիտաժողովներով, Թուրքիոյ ճարտարարուեստի եւ առեւտրականներու միութեան հետ միասին՝ Մայիս 4-6, 1977-ին, Իսթանպուլի մէջ կազմակերպած էր «կլոր սեղան» մը, գլխաւոր նպատակ ունենալով՝ Թուրքիոյ տնտեսութիւնն ու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը: Ներկայ եղաւ «կլոր սեղան»-ին որպէս հայ, 60 այլ եւրոպացի ու ամերիկացի ճարտարարուեստի եւ մեծ պիզնես ներկայացնող փորձագէտներու հետ որոնց շարքին՝ Hoffman-La Roch, Sandoz, Olivetti, Brown Boveri, Coca-Cola, BP, Ciba-Geigy, Goodyear, M.A.N.GM, GE եւ տասնեակ մը միջազգային դրամատուներու եւ թրքական ճարտարարուեստի ներկայացուցիչներ՝ Koc, Sabanci, Ozsaruhan, Eczacibasi, Kocabiyik, Yasar… եւ սենաթորներ՝ Պ. Ուսթինել եւ Քամուրան Ինան, Թուրկութ Օզալ եւ այլ հեղինակաւոր անձինք:
Գիտաժողովը կայացաւ Սեւ ծովու ափին Թարապիայի մեծ պանդոկի մէջ, պանդոկ մը որ նախապէս հայու մը կը պատկանէր:
Եւրոմիութեան ուսումնասիրութիւններու թրքական կեդրոնի նախագահ՝ Էրթուկրուլ Սոյսալ, բացատրեց, թէ թուրք ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ի նպաստ կարծիք ունի եւրոպական համայնքին միանալու: Պարզապէս, երկու ծայրահեղ խմբակներ՝ համայնավար կուսակցութիւնն ու ծայրահեղ աջը ընդդիմանան այս անդամակցութեան: Մեծ ճարտարարուեստներուն դիրքորոշումը դրական է, իսկ փոքր եւ միջակ ձեռնարկատէրներն հակառակ են այս միացման: Աշխատաւորական ամենակարեւոր համադաշնակցութիւնները բարեհաճ կեցուածք ցոյց կու տան, մինչդեռ ծայրահեղ DISK սենտիքան հակառակ է: Թէ Թուրքիան տնտեսական նկատառումներէ աւելի, ի սկզբանէ, ունի քաղաքական արդարացումներ Եւրոպամայնքին միանալու: Պարզապէս պահպանողական կուսակցութիւն մը ազգայնական ու կրօնական դրդապատճառներով կը հակառակի այս միացումին: Այս խմբակը կը կազմէ ընտրական ձայներուն 7%-ը:
Թուրկութ Օզալ, Վարչապետական նախկին քարտուղարը, այդ ժամանակ յայտնաբերեց, թէ դժուար էր նախատեսութիւններ ընել: Թուրքիոյ Եւրոմիութեան կատարեալ կառչում մը (adhesion) կարելի չէ քննել (envisager) 1995 էն առաջ: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը պատրաստ չէ այժմ այս քայլին: Ամենայնդէպս, այդպիսի ճակատագրական որոշում մը ենթակայ է ընդհանուր քուէարկութեան իրաւունքի (suffrage universel):
Սենաթոր Ինան յարձակողական դիրք որդեգրեց Պրիւքսելի ղեկավարներուն եւ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենային նկատմամբ, յայտնելով, թէ շատ սուղի պիտի նստի որոշումներու որեւէ ուշացում. առաջինին պարագային՝ Եւրոպայի անդամակցութեան որոշումը եւ երկրորդին պարագային՝ զինուորական եւ ռազմական կազմածներու արգելքի վերացումի հարցը:Եւրոպային սպառնաց գոցել տարանցիկ առեւտուրի երթեւեկը Եւրոպայէն Անատոլ եւ դէպի արաբական երկիրներ: Թէ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպան վարկեր բանալու եւ ներդրումներու իրենց խոստումները եթէ չյարգեն… avant qu’il ne soit trop tard… զարմանք պատճառելով միջազգային մեծ պիզնեսի ներկայ ղեկավարներուն:
Խօսք առնողներէն ամենաիրապաշտն ու տրամաբանականը եղաւ՝ ըստ իս՝ սենաթոր Ուսթինելը, որ թուեց Թուրքիոյ տնտեսութեան բարգաւաճումը տառապեցնող ազդակները, այսինքն Know-how, կազմակերպչական կարողութիւնները եւ տեխնոլոկիա: Այս երեքը՝ կը կազմեն ըսաւ, Թուրքիոյ Kot-ը ճեղքը կամ gap-ը (բացը, պակասութիւնը կամ թերութիւնը): Մենք կը փափաքինք լուծուած տեսնել մեր այս Kot-ին բացը, միանալով Եւրոպային:
Այս Kot-ին բացը թուրքերը կը պարտին այս բացակայ հայ սերունդներուն, որոնք 1915-ին բնաջնջուեցան, պաղարիւնութեամբ, ու բոլոր մակարդակներու թուրքեր, մինչեւ այսօր չէն համարձակիր ընդունիլ այս մեծ ոճիռը: Այդ Kot-ին զանազան երեսներուն մշակոյթը կը պարտէր, երեք հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայուն, դրացի յոյնին, հրէային եւ այլ քրիստոնէայ փոքրամասնութիւններուն որոնք դարեր ապրած են Օսմանեան տիրապետութեան տակ:
Համալսարանական օրերս, 1963-ին, կը յիշեմ երբ թրքական պետութիւնը հիմնեց իր State Planning Organization-ի կազմակերպութեամբ, առաջին հնգամեայ փլանը, 1963-1967: Տնտեսական բարգաւաճման այս ծրագրին կորիզը կը կազմէր Մագրոտնտեսական բարելաւման թիրախներ, OECD-ի պետութիւններու օժանդակութեամբ (Consortium for Aid to Turkey and Greece) ֆոնտ մը, որուն նպատակներէն մին պիտի ըլլայ վերեւ յիշուած Kotի թերութիւնը աստիճանաբար չքացնել:
Թուրքիան կը գտուի երկընտրանքի կացութեան մը առջեւ, ինչպէս 1977-ին, նոյնպէս այ այսօր 1998ին: Ան մաս կը կազմէ ՆԱԹՕ-ի զինուորական էսթապլիշմընթին առանց անդամ ըլլալու Եւրոմիութեան համայնքին, Իր տնտեսութեան բարգաւաճման կարիքները, վերջին տարիներու քաղաքական տիրող անկայունութիւնը, իր ցամաքատարածքի ծաւալն ու այլազգ «այտենթիթին», մտահոգութիւն կը պատճառեն Պրիւքսելի ղեկավարներուն: Նախապէս՝ կարելիութիւնը կար մօտենալու արաբական երկիրներուն: Ներկայիս ռազմական սթրաթեժիք դաշինք մը կնքելով Իսրայէլի հետ, ան ստեղծած է արաբական երկիրներու զայրոյթը: Երկու տարիէ ի վեր իբր թէ թիկունք կանգնելով Ազրպեյճանի, ան կը ճգտի Կասպից ծովու նաֆթամուղիները ուղղել դէպի Ճեյհան: Այս քայլը ստեղծած է նոր առեղծուած Կովկասի մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի, ֆրանսայի, Թուրքմենիստանի, Ղազախստանի ու Հայաստանի միջեւ:
Մէկ բան յստակ է. լուսարձակի տակ առնենք Թուրքիոյ արտաքին տնտեսական փոխ-յարաբերութեանց պարագան, «միանալ», անդամակցիլ, մաս կազմել այն բոլոր խմբաւորումներուն որոնք կը նպաստեն Թուրքիոյ տնտեսութեան, պետական անվտանգութեան եւ այլ ցամաքատարածքի ամբողջականութեան»:
* *
Քանի քանի Protocole-ներ ստորագրուած են 1918 էն ի վեր ի նպաստ Հայոց, ի ներկայութիւն եւ ընդհանրապէս ի բացակայութիւն հայերու ներկայացուցիչներու: Անոնցմէ որո՞նք գործադրուեցան ի նպաստ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակականութեան: Այսքա՞ն պիտի փոքրանային Հայաստանի պետութեան սահմանները: Այսքա՞ն պիտի նուազէր հայ ժողովուրդին բնակչութեան թիւը նախկին դարու սկիզբէն մինչեւ այսօր: երեք հազարամեայ այս ժողովուրդը այսքան քիչ բնակչութիւն պիտի կազմէ՞ր 20-րդ դարու սկզբին:
Որքան ճշգրիտ է 19-րդ դարու Անգլիացի տնտեսագէտ John Stewart Mills-ի հետեւեալ խօսքերը, իր Principles of Economic Policy հատորին մէջ.
«An enemy lays waste a country by fire and sword and destroys or carries away nearby all the movable wealth existing in it. Earthquakes devastate in a short time cities, villages and living traces: all the inhabitants are ruined, and yet, in a few years after, everything is much as it was before.
The vis medicattix naturae applies to all nations that have a challenge for survival and perennity.
The possibility of a rapid repair of their disasters mainly depends on whether the country has been depopulated. It its effective population have not benn extirpated at the time, and are not starved afterwards; then, with the same skill and knowledge which they had before, with their land and its permanent improvements undestroyed…they have nearlyall the requisites for their former amount of production… they will in a short time have raised as great a produce, and acquired collectively as great wealth and as great capital as before»:
Գրաւեալ Հայաստանի հողատարածքին յատակը նաֆթ չկար: Սակայն նաֆթին հասնելու համար պէտք էր այդ հողամասներէն անցընել Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծը յաջողացնելու համար նաֆթի ծարաւ Գերմանիոյ Միջին Արեւելքի ծրագիրը: Չէ որ Գերմանիան դաշնակից ունէր Թուրքիան Համաշխարհային Ա. ժատերազմին… ուրեմն՝ դիմել ցեղասպանութեան:
Եթէ Արեւմուտքը արտաքնապէս ցոյց տայ որ կը մտահոգուի այս դիրքորոշումներէն, նոյն այս Արեւմուտքը դէր մը, մենաշնորհ մը տրուած ըլլալ կը թուի Թուրքիոյ որ Միջին Արեւելեան կնճռոտ քաղաքական հարցերուն իրաւարարը դառնայ ան: Սակայն, հարց տանք այդ Արեւմուտքին թէ, մինչեւ հիմա ո՞րքանով կրցաւ կամ պիտի կարողանայ խաղաղութիւն հաստատել Միջին Արեւելքի մէջ երբ միջազգային համայնքը, 1948-էն ի վեր չէ կարողացած խաղաղութեան գործընթացը առաջ տանիլ Միջին Արեւելքի մէջ, գոնէ՝ քայլ մը: Թուրքիան կարող է հասնիլ յաջող առաքելութեան մը: Թուրքիա խզած չէ Իսրաէլի հետ իր ռազմական սթրաթեժիք դաշինքը տակաւին, ոչ ալ կը խզէ: Իսկ այդ իրաւարարը ո՞րքանով կը վարձատրուի եւ ի՞նչպէս պիտի հատուցում ստանայ: Սպասենք եւ տեսնենք:
Նոյն այդ Արեւմուտքը կը սպասէ որ շուտով Կասպից Ծովէն եւ Թիւրքմենիստանէն նաֆթ եւ կազ պիտի մատչելի դառնան իրենց տնտեսութիւնը բարգաւաճելու, սարք ու զինամթերք արտադրելու եւ սպառողական քաղաքացիներու լոյս եւ տաքութիւն հայթհայթելու, եթէ Ռուսիայ դադրեցնէ իր նաֆթամուղիներու մատակարարումը Ուքրանիայէն: Իսկ Ռուսիան նաֆթամուղիներու այլ ուղիներ պիտի արտօնէ՞ եթէ աննպաստ է ռուսական պետութեան շահերուն այդպիսի ծրագիրներու գործադրութիւնը:
Իսկ ներքին կացութեան նայելով՝ կը նշմարենք քաղաքական ու զինուորական էսթապլիշմընթին մենամարտը: Մինչեւ ու՞ր կրնայ հասնիլ այս լուռ՝ բայց լուրջ պայքարը, թէ եղածը կատակերգութիւն մըն է: Որ մէկ ըմբիշտը պիտի յաղթէ: Առանց այս զինուորական էսթապլիշմընթին, Թուրքիոյ գոյութիւնը ո՞րքանով ապահոված է ներկայ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Առանց այդ հովանոց-հենարանին, արդեօք Նաթօին ղեկավարութիւնը պիտի ընդունի՞ պահել Թուրքիան որպէս զինուորական անդամ:
* *