Թրքական Նոր Կրթական Անիրաւութիւն

Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, 22 Յունուար 2014

Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ  կառավարութիւնը վերջերս դպրոցականներու մակարդակը որոշելու համար «Նախակրթութենէ Լիսէի Ուսուցման Անցք» անունով դրութիւն մը հաստատած է, որ  կը կիրարկուի  Թուրքիոյ  բոլոր դպրոցներու աշակերտներուն համար:

 

Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, 22 Յունուար 2014

Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ  կառավարութիւնը վերջերս դպրոցականներու մակարդակը որոշելու համար «Նախակրթութենէ Լիսէի Ուսուցման Անցք» անունով դրութիւն մը հաստատած է, որ  կը կիրարկուի  Թուրքիոյ  բոլոր դպրոցներու աշակերտներուն համար:

 

Այս նոր դրութեան հիման վրայ, աշակերտները քննութիւններու կ’ենթարկուին  հիմնական  դասանիւթերէն 12 քննութիւններու: Քննութեան  նիւթ եղող դասանիւթերէն մին ալ «Կրօնք եւ Բարոյագիտութիւն» (Din ve Ahlak) դասն է: Թուրքիոյ փոքրամասնութեան վարժարաններու ոչ-իսլամ աշակերտները  այս դասանիւթէն զերծ կացուցուած էին, սակայն քննութիւնը յանձնեցին  իրենց կրօնքին համաձայն:

Երբ քննութիւններու   արդիւնքները  հրապարակուեցան, տեսնուեցաւ  որ  ոչ-իսլամ աշակերտները մեծապէս տուժած են:  Հակառակ որ կրօնքի եւ բարոյագիտութեան  դասերէն զերծ ձգուած էին, «քննութիւներու չեն մասնակցած աշակերտներ» նկատուելով անոնք, որպէս  քննութեան նիշ "զերօ"  ստացան: Այսպիսով ոչ-իսլամ աշակերտները քննութեան ընդհանուր նիշերու կորուստով մեծ չափով վնասուեցան:

Անարդար ու սխալ կիրարկումով տուժեցին բոլոր ոչ-իսլամ աշակերտները: Այս կացութիւնը ստեղծեց նաեւ ոչ-իսլամ աշակերտներու  ծնողքներու մօտ լուրջ անհանգստութիւն  եւ  մտահոգութիւն մը: Պէտք է որ անպայման այս անարդար  նոր դրութիւնը օր առաջ սրբագրուի եւ բարեփոխուի, այլապէս Թուրքիոյ  ոչ-իսլամ քաղաքացիները անգամ մը եւս ինքզինքնին  պիտի զգան իրենց պետութեան կողմէ լքուած ու զատորոշուած քաղաքացիներ: 

You May Also Like
Read More

Երկու Դրօշակ

Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, 2 Մարտ 1910 Նիկոսիոյ Փաֆոս Կէյթ շրջանին մէջ կը գտնուի մարոնի համայնքի եկեղեցիներէն մէկը: Նկատի…
Read More