Թրքական Տնտեսագիտութիւնն ու Աքսորը

«Մարմարա», Պոլիս, 6 Սեպտեմբեր 2013

Այսօրուան «Սապահ» թերթին մէջ յօդուածագիր Սիւլէյման Եաշար «Կարէլի՞ Է Գրել Տնտեսագիրութեան Գիրք Մը Առանց Անդրադառնալու Հայոց Տեղահանութեան» խորագրին ներքեւ հետաքրքրական յօդուած մը հրատարակած է: Այդ յօդուածին մէջ  հետեւեալը կը գրէ.-

ՙ«Մեր մօտ բոլոր անոնք որոնք տնտեսագիտութեան նիւթին շուրջ գիրքեր կը գրեն, հայկական տեղահանութեան նիւթին երբեք չեն անդրադառնար: Աչքէ անցուցէք անգամ մը Թուրքիոյ մէջ լոյս ընծայուած տնտեսագիտութեան գիրքերը: Հոն ո՛չ մէկուն մէջ գրուած է որ Հայոց տեղահանութենէն ետք անոնց հարստութիւնները որո՞նց ձեռքը անցած է:»

Այս անդրադարձումը ընելէ ետք յօդուածագիրը կը թուէ տնտեսագիտական նիւթի շուրջ գիրք հրատարակած բազմաթիւ անձերու անունները եւ կը յայտնէ թէ անոնց գիրքերուն մէջ մէկ բառ իսկ չկայ թէ Հայոց տեղահանութենէն ետք որո՞նց փոխանցուած են հայերէ մնացած կալուածները եւ նիւթական բոլոր հարստութիւնները:

Ուստի յօդուածագիրը անարժէք կը նկատէ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած տնտեսագիտական բնոյթով գիրքերը եւ հարց կուտայ.  «Այդ անձերուն կողմէ տնտեսագիտութեան պատմութեան վերաբերեալ նիւթերը ճիշդ ձեւով կրնա՞ն ներկայացնել Թուրքիան: Չեն կրնար: Օրինակ Վետաթ Էլտէմի գիրքին մէջ գրուած է որ տեղահանութենէ ետք Թուրքիոյ մէջ Հայ բնակչութեան թիւը 1.2 միլիոն նուազած է: 1927ի մարդահամարին ստուգուած է Թուրքիոյ հողերուն վրայ 77 հազար Հայ մնացած է:» Ուստի հարց կուտայ. «1,2 միլիոն հայերու դրամատուներու մէջ ունեցած դրամները ի՞նչ եղան: Որո՞նք տիրացան անոնց արտերուն, դաշտերուն, պարտէզներուն, անասուններուն, բնակարաններուն: Այդ ապրանքներուն վրայ որո՞նք նստան: Ո՞ր թուրքերն էին որ հայերու այդ ապրանքներուն տիրանալով հարստութիւն դիզեցին: Ի՞նչպէս երեւան ելան հարուստ թուրքերը»: Այս հարցումը ուղղելով յօդուածագիրը անարժէք կը նկատէ մինչեւ այսօր տնտեսագիտական բնոյթով հրատարակուած գիրքերը, նշելով որ այդ գիրքերէն ո՛չ մէկուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի այս կարեւոր նիւթին:

Յօդուածագիրը յետոյ կը պարզէ իր այս գրութեան նպատակը եւ կը գրէ.

ՙ«Այս երկրին մէջ ուր գիտնականներ չեն համարձակիր գրել եւ խոստովանիլ թէ ո՞ր անձերն էին որ անիրաւաբար տիրացան ուրիշներու ապրանքներուն, Թայյիպ Էրտողան անուն Վարչապետ մը ելաւ ու յայտնեց թէ ինք պետութեան կողմէ  փոքրամասնութիւններու ձեռքէն անիրաւաբար խլուած ապրանքները պիտի վերադարձնէ իրենց տէրերուն: Ըսաւ ու գործադրեց իր խոստումը: Հիմա կամաց կամաց պետութիւնը իրենց տէրերուն կը վերադարձնէ Հայերէ, Յոյներէ եւ այլ փոքրամասնութիւններէ գրաւուած ապրանքները: Բայց այս կիրարկութենէն ետք, Վարչապետ Թայյիպ Էրտողանի վրայ յարձակումի բուռն ալիք մը ստեղծուեցաւ: Վարչապետը ցոյց տրուիլ սկսաւ որպէս բռնապետ մը: Մինչդեռ այն անձը որ բռնատէր է, կը ջանայ պետութեան ձեռքը եղած ապրանքներուն թիւը աւելցնել: Այդ ձեւով իր դիրքը աւելի զօրացուցած կ’ըլլայ: Ես կը կարծեմ որ այդ մտածումով շարժող անձերու մտավախութիւնը հաւանաբար սա ըլլալու է.

«Էրտողան պետութեան ձեռք դրած հայկական ապրանքները կը վերադարձնէ իրենց նախկին տէրերուն: Հապա՞ Թուրքերու կողմէ Հայերու ձեռքէն խլուած ապրանքները վերադարձնելու արշաւի մը ձեռնարկէ ան: Այն ատեն ի՞նչ կ’ըլլայ մեր վիճակը»:

You May Also Like