Նոր Դէմք
Կարօ Այալթուն, 13 Փետրուար 2014, Լոս Անճելըս
Հարիւր տարի շարունակ ցեղասպանութեան ստեղծած ծանրութիւնը մեր ուսերուն վրայ ապրեցանք՝ ցասումով, լացով, ապա ատելութեամբ, յետոյ հողային եւ ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութեամբ: Պատմութիւնը պէտք է օգտագործել որպէս գործիք` դասեր առնելով անկէ եւ ոչ թէ ապրիլ արդէն իսկ ապրուած պատմութիւնը: Ժամանակն է ձերբազատուիլ պատմութեան ճիրաններէն եւ նորը ստեղծել, միշտ վերամշակելով նոր քաղաքական մօտեցումներ եւ հնարքներ՝ կարենալ քայլ պահելու համար քաղաղական այլ վիթխարի ազգերու քաղաքականութեան հետ:
Նոր Դէմք
Կարօ Այալթուն, 13 Փետրուար 2014, Լոս Անճելըս
Հարիւր տարի շարունակ ցեղասպանութեան ստեղծած ծանրութիւնը
Հարկ է գիտակցիլ Թուրքիոյ նիւթական եւ զինուժի մակարդակին եւ կշռին: Մեր պայքարի չափանիշը ո՞րքանով կարելի է համեմատել եւ կշռել իրենց մակարդակին եւ ուժին հետ: Արդեօ՞ք երկխօսութենէ բացի ուրիշ ձեւ կայ: Մեր առաջ ունինք հարիւր տարիներու մեզի ժառանգ մնացած փորձառութիւնը մեր քաղաքական կազմակերպութիւններու: Համեմատենք զայն Հրանդ Տինքի քաղաքականութեան, որ հազիւ տասէն տասնհինգ տարուայ կեանք մը ունի: Ապա՝ իր սպաննութենէn վերջ, ա՛լ աւելի թափ առած շարժումը, որ կեանքի բերաւ Թուրքիոյ մէջ բոլոր հոն ապրող ժողովուրդներու բարձրաձայն աղաղակը, արդարութեան ղօղանջը ու արձագանքեց Պոլիսէն մինչեւ Վան, Տէրսիմ եւ Տիարպէքիր: Ուրեմն՝ ունինք քաղաքական յատակագիծ մը, որ բոլորովին յեղաշրջեց Թուրքիոյ բնակչութեան հայոց հանդէպ իրենց ունեցած զգացումները,ոտքի հանելով ամբողջ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները նաեւ պատուաստելով եւ արթնցնելով փոքր հատուած մը թուրք ժողովուրդէն իր մտաւորականութեամբ: Թուրքիոյ ժողովուրդը տեղեկացաւիրխեղաթիւրուած պատմութեան: Լսեց ցեղասպանութեան մասին:
Նախ եւ առաջ պայման է եւ ժամանակն է, առանց մոռնալու եւ գիծ քաշելու մեր հարիւրամեայ դատին վրայ՝ անհրաժեշտ է ազգովին դադրիլ ատելութեան ու թշնամական արարքներէ եւ զգացումներէ: Ատելութեամբ կարելի չէ արդարութեան հասնիլ: Պայման է նաեւ որ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները սկսին մշակուիլ միջ-մշակութային եւ միջ-ընկերային հանդիպումներով եւ նաեւ ինչու չէ՝ միջ-կրօնական եւս, առանց ազդուելու պետական կառոյցներու ստեղծած խոչընդոտներէն: Պէտք է նկատի առնուին այսօրուայ Թուրքիոյ քաղաքական յառաջխաղացքը աշխարհի քաղաքականութեան հետ զուգահեռ: Թուրքիոյ բնակչութեան խճանկարը պէտք է մօտէն ուսումնասիրել եւ անմիջական կապեր հաստատել փոքրամասնութեան պատկանող բոլոր ժողովուրդներու հետ, միշտ փնտռելով “միւս” թուրքը:Արդէն շշուկներ կան որ ստուար թիւով անհատներ եւ կազմակերպութիւններ մեր սփիւռքէն՝ որոնք սկսած են մշակել նախնական կամ տարրական յարաբերութիւններ Թուրքիոյ ժողովուրդի զանազան տարրերու հետ: Անյապաղ պէտք է աճեցնենք այդ թիւը երեւելի ներկայութիւն մը ըլլալու համար հոն: Կազմակերպչական եւ ծրագրային գործօններ պէտք է մշակել Թուրքիոյ բնակչութեան հետ իրենց ներքին ուժերը գործածելով եւ մեր ներդրումը ունենալով իրենց քաղաքական խճանկարին մէջ:
Պահ մը նկատի առնենք որոշ երեւոյթներ: Կարգ մը տուեալներու համաձայն Փոքր Ասիոյ բնակչութեան մէկ մասը, որ դաւանափոխ հայեր են, եւ որոնց թիւը կը հասնի աւելի քան մէկ միլիոնի: Կան նաեւ Լազեր, Ալեւիներ , Քիւրտեր որոնց մէջ կան Զազաներ, Կրմանճիներ, Կորանիներ, Սորանի ցեղախումբեր,որոնք կարեւոր թիւ մը կը կազմեն հոն: Այս հատուածներու հետ համաձայնութեամբ ներքին յեղաշրջում մընոր ընտրութիւններու արդիւնք կրնայ տալ եւ Թուրքիա կրնայ դառնալիսկական տեմոքրաթիք ժողովրդավար երկիր մը:Նոր ընտրութիւններովներկայացուցչական տան մէջ ընդգրկուին բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք բարեկամական յարաբերութիւններ կրնան ստեղծել Հայաստանի հետու պատկերը կը փոխուի: Նախ կը բացուի փակ դուռը, առեւտուրը կը զարգանայ եւ ոչ միայն մեր Արեւմտահայաստանի բնակչութիւնը կ'աճի նոր հայերով այլեւ Հայաստան կ'ունենայ բարեկամ դրացի գործընկեր մը: Այս գաղափարները կրնան պարզմիտ եւ միամիտ երեւնալ շատերու, սակայն նաեւ կարելի չէ անտրամաբանական երազներով եւ անհասանելի ծրագիրներով խաբուիլ եւ առաջնորդել ամբողջ ժողովուրդ մը դէպի անորոշութիւն եւ վիհ: Չեմ գիտեր եթէ տակաւին մեր զանգուածը կ'ապրի այն ցնորքներով որ մօտակայ կամ նոյնիսկ հեռակայ հանգրուանին պիտի ստեղծենք կամ պիտի միացնենք Արեւմտեան Հայաստանը մեր նորօրեայ Հայաստանին: Եթէ կը մտածենք այդ մասին, պիտի նմանինք այն հիւանդ Ալիեւին, որ իրցնորքներով, վերջերս յայտարարած է որ ներկայ Հայաստանը պատմական Ազերպէյճան է եւ թէ պիտի հեռանայ հայը այդ հողերէն:
Ոմանք տակաւին պիտի շարունակեն դատապարտել մեր տեսակէտները որպէս դաւաճանութիւն: Դաւաճանութիւնը հոն է, երբ գիտակցօրէն կ'առաջնորդես ժողովուրդ մը դէպի փլուզում՝ պարզապէս աւանդական ատելութիւն մը յաւերժացնելու նպատակով, քանի որ կարելի չէ դաւաճանել աւանդութեան մը: Մենք պահած ենք աւանդութիւնը աչքի լոյսի պէս, այնքան մը որ մեր աչքի լոյսը կորսնցուցած ենք եւ խաւարած մեր մտքերը: Ատելութեամբ կարելի չէ արդարութիւն ձեռք բերել: Բանական եւ ներկայ պայմաններու լոյսի տակ պէտք է որոնել արդարութեան հասնելու ճամբան:
Մեր աւանդական կառոյցները դժբախտաբար որդեգրած են գործելաձեւ մը՝ վրէժի եւ ատելութեան զգացումը արմատացնելով մեր ժողովուրդին մէջ որպէս թէ ան ըլլայ միակ միջոցը արդարութեան հասնելու: Այս ձեւով նաեւ այս աւանդապահները ստեղծած են եկամտաբեր աղբիւր մը,որպէսզիյաւերժանան հաւաքուած գումարները մեր ատելութեան հետ միասին: Եւ այս մտայնութեան հեղինակները,որպէս ցեղասպանութեան վրիժառու ասպետներ՝ ոչ միայն կը ծրագրեն ծունկի բերելԹուրքիան, այլ նաեւ ստեղծել նոր Արեւմտեան Հայաստան մը, որ պիտի բարգաւաճի տեղւոյն թուրք, քիւրտ եւ ալեւի բնակչութեամբ…: Ծիծաղելի՜տրամաբանութիւն եւ տխո'ւր երեւոյթ:
Ամբողջ ժողովուրդ մը հարիւր տարի ապրեցաւ հոգեբանական անլուծելի հիւանդութեամբ մը, քանի որ անհասանելի երազներով ողողուած էր անոր միտքն ու հոգին կազմակերպուած ղեկավարներու քարոզչութեամբ: Ցնցուած էր ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն,Դժբախտաբար շատ քիչ իրապաշտ հասարակական գործիչներ երեւան եկան,ինչպէս էին Թէքէեան եւ Զաւէն Պատրիարք: Անոնք տարբեր մօտեցում մը եւ հանդարտ մտածողութեամբ յորդորեցին ժողովուրդը, մատնանշելով սերմանուած ատելութեան վնասները: Նկատի առնելով կարողականութեան սահմանները, կարելիութեան սահմաններուն մէջ տեսաներկխօսութեան մը բարիքները:
Այսօր հակառակ որ փակ են սահմանները, սակայն բաց են մեր մտքերը: Առիթը հասուն է, եւ պարարտ է այն հողը, ազդու եւ պիտանի գործելաձեւ մը ստեղծելու, որդեգրելով Հրանդ Տինքի քաղաքականութիւնը մեր այսօրուայ գործելաձեւին մէջ: Ահա նոր հանգրուան մը,որ կրնայ արդարութեան հասնելու մեր ճանապարհը արդիւնաւորել, թարմացնելով նաեւ մեր աւանդականութիւնը իրապաշտութեամբ:
Մեր այսօրուայ նոր քաղաքականութեամբ, յաջորդ հարիւրամեակը կրնայ ստեղծել Փոքր Ասիոյ նոր խճանկարը, որուն մէջ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ'ըլլայնաեւ հայ ազգութեամբբարգաւաճող մեծամասնութիւն մը:
2 comments
I Wish I Could
I wish I had the time to write back to him in Armenian. English is quick; Armenian is the language, according to a friend, now for poetry, alas.
So here it goes. You plus a dozen or more publications and writers always write about our shortcomings and that we should get rid of these. You do not tell us what to do. I do. Yet this site and other Armenian newspapers or sites do not publish my words, except perhaps the "Armenian Weekly" but with reservations.
Time to show us what to do. Like I do.
Ask Mr. Abrahamian, owner/editor of this site, who does not publish my guidelines, in which I write as WE. Meaning including me. I am ready to sacrifice myself for the objective; not just show what to do.
Կտրուածը առողջին չի հասկնար
Դեռ ես մէկը պիտի տեսնեմ որ Հրանդ Տինգի քաղաքականութիւնը կամ հոգեբանութիւնը հասկնայ։ Քիչ մը երթաս Արձախ եւ մնաս իրենց մէջ, քիչ մը յաղթող ժողովուրդի հոգեբանութիւնը վայլես, կրնայ ըլլալ Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւն երբ լսես այլեւս չէս ժպտիր։
Ո՞ր ժողովուրդը ժպտալով, մշակոյթային յարաբերութիւններ մշակելով ոճրագործին հետ, արդարութիւն առած է։ Աւելի շուտ արդարութիւն առնելը ո՞րն է։ Ինչպէս առինք Արձախը այնպէս ալ կառնենք Արեւմտեան Հայաստանը։ Կրնայ ըլլալ հիմա երազ կերեւի, բայց արձախի անկախութիւնն ալ երազ էր։ Պատմութիւնը երկար է։
Comments are closed.