«ի՜նչ հաճելի է հայերէն լսել»

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 4 Օգոստոս 2011

Կիրակի, 4 յուլիս 2011-ի պաշտամունքին ընթացքին մէկ կողմէն կը քարոզեմ Պրազիլի Սան Փաւլոյի Հայ աւետարանական կեդրոնական եկեղեցւոյ մէջ, իսկ միւս կողմէն` դէմս նստած տարիքոտ հայ կին մը կը գրաւէ ուշադրութիւնս: Թէեւ կեդրոնացումս չի շեղիր, սակայն միտքիս մէջ անցեալի հետ առնչուած յիշողութիւնս արթուն կը մնայ:
 

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 4 Օգոստոս 2011

Կիրակի, 4 յուլիս 2011-ի պաշտամունքին ընթացքին մէկ կողմէն կը քարոզեմ Պրազիլի Սան Փաւլոյի Հայ աւետարանական կեդրոնական եկեղեցւոյ մէջ, իսկ միւս կողմէն` դէմս նստած տարիքոտ հայ կին մը կը գրաւէ ուշադրութիւնս: Թէեւ կեդրոնացումս չի շեղիր, սակայն միտքիս մէջ անցեալի հետ առնչուած յիշողութիւնս արթուն կը մնայ:
 

Ճիշդ էր, որ հայկական եկեղեցւոյ մէջ հայ ժողովուրդին ուղղուած էր քարոզս, բայց անհրաժեշտ էր քարոզին փորթուգալերէնի թարգմանութիւնը, որպէսզի աւելի լաւ ընկալուի պատգամը: Այդ կը կատարէր Արմէնը: Արմէն Պէյրութի Նազարեան վարժարանը յաճախած եւ 12 տարեկանին` 1978 թուականին Պրազիլ գաղթած էր. հայերէնը բաւականին արմատացած էր իր մէջ` մինչեւ Պրազիլ գաղթելը, հետեւաբար դիւրութեամբ կրցաւ թարգմանել քարոզը, բայց ուշագրաւ էր ժողովուրդին աչքերուն մէջ թափանցող անձկութիւնն ու կապուածութիւնը` հայերէնին, քան` փորթուգալերէնին:

Պաշտամունքէն ետք տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշը: Պրազիլահայ գաղութին համար յուլիս ամսուան ընթացքին եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն մէջ կիրակի օրերը տեղի կ՛ունենայ խորովածի ճաշկերոյթ: Եկեղեցւոյ սրահին պատին վրան զետեղուած էին բոլոր հոգեւոր հովիւներուն նկարները, որոնք ուժ, ներշնչում եւ առաջնորդութիւն տուած էին այս համայնքին ու եկեղեցւոյ: Եկեղեցին երախտապարտ է իր հոգեւոր առաջնորդներուն, որոնք մեծ աւանդ փոխանցած են իրենց: Բայց կը շարունակեմ դիտել… կը հասնիմ եկեղեցական ժողովներու անդամներուն անուանացանկին, որոնք նաեւ իրենց ծառայութիւնը մատուցած են եկեղեցւոյ. եւ հոն տիկնանց վարչութեան մէջ կը գտնեմ Հելտալիա Կայծակեան անունը:

Եկեղեցւոյ ներկայ հովիւին` վեր. Աբրահամեանին դառնալով կ՛ըսեմ. «Ես կը ճանչնամ այս կինը: 1970-ին Պէյրութ եկաւ եւ մեր Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի ատենամարզանքին մեներգեց»: Ճիշդ էր յիշողութիւնս, ան երիտասարդ երաժշտագէտ-երգչուհին էր, որուն հայրը` Ճորճ Կայծակեան, մեր դպրոցին տնօրէնութիւնը վարած էր երեսունական թուականներուն, որմէ ետք գաղթած էր Պրազիլ: Այդ տարին ծնողները Հելտալիան դարձեալ Պէյրութ բերած էին տեսնելու համար իրենց ծննդավայրն ու դպրոցը, եւ կ՛երեւի` վերջին անգամ ըլլալով… Այդ օրերուն` մեր պատանեկան տարիներուն, Հելտալիա Կայծակեանին ելոյթն ու բեմականութիւնը, կայծն ու մեկնաբանութիւնը իրենց յատուկ դրոշմը ձգած էին մեր յիշողութեան մէջ: «Այդ անկիւնի սեղանը նստած է», ըսաւ վեր. Աբրահամեան` ցոյց տալով ինծի այդ նոյն կինը, զոր պաշտամունքին ընթացքին նկատած էի եւ` մտաբերած, թէ տեղ մը տեսած էի զինք:

Մօտեցայ Հելտալիային եւ նստելով իր քովի աթոռին վրայ` ըսի. «… կը յիշեմ քեզ, երբ Պէյրութ եկար եւ երգեցիր մեզի»: Հելտալիային աչքերը քիչ մը շփոթեցան, վերջապէս աւելի քան քառասուն տարիներ անցած էին այդ ելոյթէն, բայց տարիներու ընթացքին ան կրցած էր երկար ճամբայ կտրել ու նուաճած էր վաստակ ու դիրք: Ան իր կարեւոր նպաստը բերած էր հայ ու պրազիլական արուեստի շրջանակներուն մէջ: Այսօր ան բաւական բան կորսնցուցած էր իր 1970-ի «հմայքէն», ինչ որ բնական է, բայց տակաւին կը շարունակէ իր երաժշտական հետաքրքրութիւնն ու մասնակցութիւնը բերել տարբեր առիթներով:

Խօսակցութեան ընթացքին Հելտալիա տեղ մը կանգ առաւ անցեալի յուշերուն մէջ թափառելէն եւ ըսաւ. «Այսօր հայերէնով քարոզին կը հետեւէի եւ ոչ թէ` թարգմանութեան. ի՜նչ հաճելի է հայերէն լսել»:

Հելտալիային հետ այդ օր ժողովուրդը ապրեցաւ «հայերէն լսելու» գոհունակութիւնը եւ նաեւ` «հայերէն խօսելու» ջանքը:

Պրազիլ այսօր ունի աւելի քան 25 հազար հայերէ կազմուած գաղութ մը: Հայութեան մեծ մասը կ՛ապրի Սան Փաւլոյի մէջ: Մամուլի չգոյութիւնը մեծ բաց մը կը ձգէ գաղութին ազգային, քաղաքական, մշակութային կեանքին եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ, ու տակաւին միայն մէկ հատիկ հայկական վարժարան մը «կը գոյատեւէ» այս հսկայ ու տարածուն քաղաքին մէջ: «Հայ դպրոցը հայերէն կը սորվեցնէ, բայց հայերէն խօսիլը պէտք է առօրեայ դառնայ հայ տուներուն մէջ», Տաթեւ արք. Ղարիպեանն է, բնիկ Հալէպէն, պրազիլահայ թեմի առաջնորդը, որուն առաջնորդութիւնը աշխուժ է եւ լաւատես: Բայց սրբազանը նաեւ իրապաշտ է, «շատ քիչ են հայ ընտանիքները, որոնք հայերէն կը խօսին տան մէջ», կ՛եզրակացնէ ան:

Սփիւռքահայ մեր կեանքերուն խոշոր «քաշքշուքն է» այս իրականութիւնը, հայերէն խօսողներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի. կամա՞յ, թէ՞ ակամայ, բայց չէ՞ որ «հաճելի է հայերէն լսելը»… բայց յուսահատական «երեսին» միւս կողմը կայ, ուրիշ երեւոյթ մը, որ քաջալերական է:

Ստեփան-Նորայր Շահինեան Սան Փաւլօ ծնած 32 տարեկան հայ երիտասարդ մըն է, որ մասնագիտացած է ճարտարապետութեան եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ: Անոր հայրը` Հրայր Շահինեանը, 1963-ին Հալէպէն եկած է Պրազիլ. թէեւ մօտաւորապէս յիսուն տարիէ ի վեր Պրազիլ կ՛ապրի, բայց Հրայրը շատ լաւ հայերէն կը խօսի տան մէջ թէ դուրսը. «Հալէպի արմատն է,- կ՛ըսէ Հրայր,- որ զօրաւոր կերպով իր տեղը շինած է իմ եւ ընտանիքիս կեանքին մէջ»: Ստեփան-Նորայր օժտուած է լուսանկարելու տաղանդով. արուեստ մը, որ ան ժառանգած է իր ընտանիքէն, յատկապէս մեծ հօրմէն` Աւետիս Շահինեանէն. Աւետիս Շահինեան եղած է Հալէպի հանրածանօթ լուսանկարիչներէն մէկը: Ստեփան հրատարակեց Հայաստանի եւ Արցախի եկեղեցիներուն եւ մշակութային կոթողներուն նուիրուած եռալեզու (անգլերէն, սպաներէն եւ փորթուգալերէն) հատոր մը: Ան լաւ հայերէն կը խօսի, աւելի՛ն. ան անդրադարձած է, թէ հայերէնը եւ հայութիւնը «պէտք էր տեսնէի իմ աչքերով: Գիտէի, որ շատ մը պատասխաններ պիտի գտնէի շատ պարզ իրավիճակներու մէջէն, տարօրինակ երեւոյթներէ, ժպիտներէ ու արցունքներէ, բարեկամութիւններէ, դիպուածով կամ այլ, բայց անպայմանօրէն պիտի գտնէի հողէն, որ կը կազմէր իր արմատները` աւելի քան 4000 տարիներու պատմութեամբ լեցուն»:

Ստեփան-Նորայրի համար ոչ միայն հաճելի է հայերէն լսելը, այլ նաեւ` ապրիլն ու վկայելը, եւ ան այս հպարտութեամբ կը բաժնեկցի իր շրջապատին հետ, իր մշակոյթը` իր ամբողջականութեամբ:

Եթէ արեւմտահայերէնը այսօր կորսուելու վտանգին ենթարկուած լեզուներուն շարքին կը դասուի, այս պիտի նշանակէր, թէ պէտք ունինք արթնութեան եւ նոյնքան` հպարտութեան: Արթնութիւնը ոչ միայն «հաճելի է հայերէն լսել»ով եւ գիտակցելով, որ անոր «արմատները աւելի քան 4000 տարիներու պատմութեամբ լեցուն են», այլ անպայմանօրէն պահել զայն որպէս ազգային աւանդ, ժառանգ եւ մեծ հպարտութիւն:

Հելտալիան եւ Ստեփան-Նորայրը երկու տարբեր սերունդներու մէկական ներկայացուցիչներ են, որոնց համար հայերէն լսելը հաճելի է, բայց նաեւ շատ աւելին… «Շատ աւելին» ժառանգին ու արմատին անդրադարձն է, բայց նաեւ կապուածութիւնը հայը պիտի պահէ արթուն եւ հպարտ: Հոն հայերէն խօսիլը ոչ միայն հաճելի պիտի ըլլայ, այլ նաեւ` տեւական եւ գործածական:

Եւ հայը այսօր պէտք ունի այս «… շատ աւելիին»:

You May Also Like