Ի՞նչպիսի Ազգ Ենք

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 15 Սեպտեմբեր 2012
 
Ազգերու պատմութեան մէջ կը պատահին դէպքեր, որոնք անկիւնադարձային նշանակութիւն կ'ունենան, յեղաշրջելով տուեալ ազգի մարդկանց մտայնութիւններն ու կեանքերը: Արցախեան շարժումն ու Հայաստանի անկախացումը այդպիսի ճակատագրական տարողութիւն ունեցող դէպքեր են, որոնց ականատեսներն ու մասնակիցներն ենք ազգովին: Չենք խորհիր, որ անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին, աշխարհի վրայ կար հայ մը, որու մտածելակերպը չազդուեցաւ այս երկու նուաճումներէն, սկզբնական շրջանի խանդավառութիւնէն մինչեւ ներկայի մտահոգիչ վիճակը: Ու մեր այսօրուան մտահոգիչ վիճակն է, որ մեզ կը մղէ լուծումներու որոնման եւ առաջին հերթին հարց տալու թէ ի՞նչպիսի ազգ ենք:
 

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 15 Սեպտեմբեր 2012
 
Ազգերու պատմութեան մէջ կը պատահին դէպքեր, որոնք անկիւնադարձային նշանակութիւն կ'ունենան, յեղաշրջելով տուեալ ազգի մարդկանց մտայնութիւններն ու կեանքերը: Արցախեան շարժումն ու Հայաստանի անկախացումը այդպիսի ճակատագրական տարողութիւն ունեցող դէպքեր են, որոնց ականատեսներն ու մասնակիցներն ենք ազգովին: Չենք խորհիր, որ անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին, աշխարհի վրայ կար հայ մը, որու մտածելակերպը չազդուեցաւ այս երկու նուաճումներէն, սկզբնական շրջանի խանդավառութիւնէն մինչեւ ներկայի մտահոգիչ վիճակը: Ու մեր այսօրուան մտահոգիչ վիճակն է, որ մեզ կը մղէ լուծումներու որոնման եւ առաջին հերթին հարց տալու թէ ի՞նչպիսի ազգ ենք:
 

Պիտի կարենա՞նք ամրապնդել մեր այս նուաճումները, թէ անգամ մը եւս ձեռքէ պիտի տանք զանոնք: Այն ինչի որ ականատես կ'ըլլանք երկու տասնամեակներէ ի վեր, դժբախտաբար մեզ չի յուսադրեր, որ ճիշտ ուղիի վրայ ենք: Ինչո՞ւ: Որովհտեւ մեր համոզումով, ազգ մը իր ապագան կը կերտէ իր իտէալներու պատկերով: Եւ նկատելով, որ ազգ եւ պետութիւն կերտելու եւ զարգացնելու իտէալները, դժբախտաբար մեր ժողովուրդի մտածելակերպին մէջ առաջնահերթութիւն չեն, հետեւաբար իրաւունք ունինք մտահոգուելու: Բացատրենք մի քանի օրինակներով, թէ ի՞նչ են մեր մտահոգութեանց տուն տուող գլխաւոր պատճառները:
 
Ընտանիք եւ Ազգ
 
1934ին Շահան Շահնուր կը հրատարակէր «Ազատն Կոմիտաս» յօդուածը, ուր կ'ըսէր. «Եթէ աչքի առջեւ ունենանք սա յառաջատուութիւնը- անհատ, ընտանիք, ազգ, մարդկութիւն- կը տեսնենք որ Հայը կեցած է երկրորդ հանգրուանին: Այսօր կան տարանջատ ընտանիքներ, բայց դեռ չկայ Ազգն Հայոց»: Որքա՜ն այժմէական կը հնչէ այս միտքը, հակառակ մօտ 80 տարիներու հեռաւորութեան: Եթէ 1920-1930-ական թուականներուն դժուար էր ակնկալել, որ իրենց օրապահիկի եւ գոյատեւութեան պայքարով կլանուած Եղեռնէն վերապրած ու տեղահանուած սերունդները, հասկնային Շահնուրի ախտաճանաչման տարողութիւնը. եթէ նոյն տարիներուն, փորձենք հասկնալ եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու եւ այլ կազմակերպութիւններու իրենց ազդեցութեան գօտին ժողովուրդին վրայ տարածելու մարմաջին հետամուտ գործունէութիւնը. ապա ինչպէ՞ս արդարացնել անցնող տասնամեակներու եւ մանաւանդ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, բացայայտ պակասը Ազգն Հայոց գաղափարի, ազգային շահի եւ ազգասիրական գիտակցութեան: Այդ տարիներու տխուր պատկերները բան մը չի փոխեցի՞ն մեր մտածելակերպին մէջ, որ կը շարունակենք ընթանալ նոյն ճանապարհով: Հասնելու համար ու՞ր: Նոյն պառակտուած վիճակի՞ն: 
 
Շահնուր իրաւացի է նոյնիսկ այսօր, ի տես սակաւաթիւ օլիկարխ-ընտանիքներու աւատապետական, ազգասիրական գիտակցութիւնէ զուրկ, ազգաքանդ գործունէութեան: Շահնուր իրաւացի է նոյնիսկ այսօր, ի տես հայրենի երկրի հարստութիւնները կեղեքող ընչաքաղձ, վաշխառու ղեկավարներու: Շահնուր իրաւացի է նոյնիսկ այսօր, ի տես հայաթափման գնով իսկ իրենց անձնական-իշխանական շահերուն հետամուտ իշխանաւորներու: Շահնուր իրաւացի է նոյնիսկ այսօր, ի տես ազգային-պետական թանգարաններէ ու հաստատութիւններէ անհետացող ազգային գանձերու, որոնք վստահաբար կ'երթան անհատներու տուները զարդարելու: Շահնուր իրաւացի է նոյնիսկ այսօր, ի տես համատարած խարդախութիւններով իրենց լուծը ժողովուրդին վրայ պարտադրող բռնապետերու, ի հեճուկս ժողովուրդի զարգացման:
 
 
Անձնական Օրինակով Առաջնորդութիւն
 
Շատ բնական է, որ մարդ արարածը, մանաւանդ կանուխ տարիքին, իր ինքնութիւնը կը կազմաւորէ ու կը հետեւի այն մարդոց, զորոնք կ'ընտրէ որպէս օրինակելի տիպարներ իր կեանքին: Անոնց վարուելակերպը բնազդօրէն կ'ամրապնդուի իր ենթագիտակցութեան մէջ: Ու սակաւաթիւ են անոնք, որոնց կը յաջողուի գիտակցական տարիքի մէջ ճեղքել եւ դուրս գալ իրենց բնական թուացող այդ ինքնութեան սահմաններէն, մշակելով իրենց ինքնուրոյն անհատականութիւնները: Ասկէ մեկնած, երբ կը նայինք մեր շուրջը եւ կը տեսնենք մեր ինքնութեան խարիսխ հանդիսացող հայրենի հողի ու հայրենի պետութեան ղեկավարներու վարուելակերպը, ինչպէ՞ս կրնանք չյուսախաբուիլ ու չմտահոգուիլ ի տես անոնց այպանելի ընթացքին:
 
Այսօր դժբախտաբար, գէթ մեր սերունդի մարդոց համար, որոնք սփիւռքեան ափերուն դաստիարակուեցան իտէալական հայրենիքի մտապատկերով ու Խորենացիի աւանդած հայ ազգային արժանիքներու եւ նկարագրային գծերու յատկանիշերով, ահաւոր փլուզում մը կ'ապրինք մեր հոգիներուն մէջ, ի տես վատնուող այն առիթներուն, որոնց իրագործումով կրնայինք իրականացնել մեր շատ մը իտէալներն ու անկատար տենչերը: Ի՞նչպէս չյուսախաբուիլ ի տես Արցախի զաւակ ղեկավարներու, առաջնորդութեամբ Ռ. Քոչարեան-Ս. Սարգսեան զոյգին, չարաշահումներուն եւ անհաշիւ հարստացման, ի հեճուկս նոյնինքն Արցախի տկարացման: Անոնց հարստահարած բազմահարիւր միլիոններով կարելի չէ՞ր գէթ մասամբ վերաբնակեցնել Արցախը եւ ամրապնդել մեր դիրքը: Ի՞նչպէս չյուսախաբուիլ ի տես 1988ի ահաւոր երկրաշարժէն գրեթէ 24 տարիներ ետք, մօտ 6000 ընտանիքներու ժամանակաւոր տնակներու մէջ տուայտման, երբ նոյն շրջանի քաղաքապետը տիրացած է անհաշիւ հարստութեանց եւ իր սանձարձակութիւններով քաղաքէն եւ երկրէն դուրս կը վանէ քաղաքացիները: Դժբախտաբար կարելի է այս շարքը շատ երկարել, նշելով շատ մը օլիկարխներու անմարդկային արարքները, հասնելով մինչեւ Հարսնաքար եւ Ռուբէն Հայրապետեան: Ի՞նչպիսի ապագայ կարելի է սպասել Հայաստանի վերնախաւին տիրացած այսպիսիներու առաջնորդութիւնէն: Մտահոգիչ չէ՞:
 
Բարձրացիր Բարձրացուր
 
Ահաւասիկ չարչրկուած նշանաբան մը եւս, զոր յաճախակիօրէն կը կրկնենք եւ ոչ միայն չենք գործադրէր, այլ հակառակին ալ ատակ ենք: Մեր մէջ նախանձն ու անվստահութիւնը այնքան արմատացած է, որ պաշտօնի հասնելու համար կ'ոտնակոխենք ամէն իտէալ ու հասնելէ ետք ալ կ'ոտնակոխենք մեր ստորադասները, զանոնք նկատելով որպէս սպառնալիք մեր դիրքին: Այնքան կլանուած ենք մեր անձնական ու հատուածական շահերով, որ արգելք կը հանդիսանանք մեր եւ մեր շրջապատի զարգացման ու հետեւաբար մեր ազգային յառաջընթացին: Հայաստանի օլիկարխներն ու իրենց մենաշնորհները դասական մէկ օրինակը չե՞ն այս ախտին: Իր օրով, Խորենացին իսկ հալածուեցաւ շրջապատի վերնախաւէն, ու թերեւս Պատմահայր չդառնար, եթէ Սահակ Բագրատունի մը առիթը ընծայած չըլլար իրեն, կերտելու Հայոց Պատմութիւնը, որ որպէս դասագիրք, 1400 տարիներու վրայ սերունդներ դաստիարակեց հայկական ինքնութեամբ:
 
Արդեօք քանի՜ քանի՜ շնորհալի տաղանդնեդու երկունքը վիժեցաւ ու տակաւին կը վիժի այս մտայնութեան պատճառաւ: Ո՞ւր են այսօրուան Սահակ Բագրատունիները: Դժբախտաբար մենք այնքա՜ն կլանուած ենք մեր անձնական շահերով, որ մտահան կ'ընենք թէ երբ կ'առաջնորդուինք «ճանաչել զիմաստութիւն եւ խրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» նշանաբանով, մենք կը յառաջդիմենք: Բայց երբ «ուր հաց, հոն կաց» նշանաբանը կ'որդեգրենք որպէս վարգագիծ, պարզապէս գոյութիւն մը քարշ կու տանք, մսխելով անցեալէն ժառանգուած դրամագլուխը: Ինչո՞ւ կը դժուարանանք գիտակցիլ այս իրականութեան եւ միշտ անմիջական եւ դիւրին պատառի տեսքը մեզ ետ կը վանէ ու կը զրկէ ճաշ պատրաստելու եւ զայն ըմբոշխնելու գոհունակութիւնէն: Ինչո՞ւ մէկ օրուան համար քանի մը հազար դրամ կաշառքի խայծը, կը մթագնէ մեր դատողութիւնը, ու մենք կ'ընտրենք առաջնորդներ, որոնք մեզ կը կեղեքեն իրենց պաշտօնավարութեան հինգ տարիներու ընթացքին: Մտահոգուելու իրաւունք չունի՞նք:
 
Ո՞ր օրուան կը սպասենք գիտակցելու, որ ազգովին վայրէջքի մէջ ենք եւ այս ընթացքով հակամէտ ենք ենթարկուելու նոր աղէտներու: Ի՞նչպիսի ազգ ենք, որ հակառակ հազարաւոր տարիներու մեր պատմութեան, կը թերանանք դասեր քաղել հոնկէ, յօգուտ մեր ազգի յառաջդիմութեան: Ինչո՞ւ համար երբ դժուարութեանց եւ մարտահրաւէրներու դէմ հանդիման կու գանք, կը նախընտրենք հետեւիլ Ուիլեըմ Սարոյեանի խօսքերուն եւ աշխարհի տարածքին փոքրիկ փոքրիկ Հայաստաններ կերտել, որոնք վստահաբար պիտի չքանան քանի մը սերունդներ ետք, փոխանակ անսալու Չարենցեան պատգամին՝ «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ քո ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ուժի մէջ է»: Ի՞նչպիսի ազգ ենք:
 
 
 
 
 
1 comment
  1. Kloukh Kordzots Hotvadz

    Abris Harut, hazar abris!
    Housam mer ghegavarnere guh gartan ays hotvadze ou nman hotvadzner, gank garnen ou gstapin.
    Nergayis Hay joghovourtuh masamp guh gelle ays khaydaragoutyouneruh ee kin Artsakhi…aynkan aden teh ays ghegavarnere garogh en Artsakhuh bahbanel. Vay yegadz e ayn orvan teh up muh hogh gorsentsenenk mer Sourp Artsakhen.Togh lav kidnan mer ays ghegavarneruh te yerp joghovourte zayrana, hedevanke inch glla!

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Նոր Մարտահրաւէրներ

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս,  18 Մայիս 2018 Սահմանադրութեան մեծ յաղթանակի տօնակատարութիւնները վերջացան եւ հիմա կը կանգնինք դէմ յանդիման…
Read More