Ի՞նչ ընել…Որպէս զի Իրականութիւնը Երազ Չդառնայ

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 4 Սեպտեմբեր 2013

Օգոստոս 1, 2013ի արշալոյսը աւետեց ոչ միայն նոր օրուան մը սկիզբը, այլ նաեւ կեանքիս նոր հանգրուանի մը սկիզբը՝ իրականացումովը տարիներո՜ւ փայփայած կարեւոր երազներէս մէկուն: Եւ ի՜նչ նշանակալից սկիզբ, որ ծնունդ կ'առնէր այն մեկնակէտէն ուրկէ սկսաւ արդի աշխարհի պատմութիւնը՝ մեր սրբազան լերան՝ Արարատի գագաթէն: Եւ ի՜նչ երախտագիտութիւն առ Աստուած, ի՜նչ գոհունակութիւն, որ այդ սկիզբը կը տօնախմբէի զաւկիս՝ Ռազմիկին ու խումբ մը բարեկամներուս հետ:

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 4 Սեպտեմբեր 2013

Օգոստոս 1, 2013ի արշալոյսը աւետեց ոչ միայն նոր օրուան մը սկիզբը, այլ նաեւ կեանքիս նոր հանգրուանի մը սկիզբը՝ իրականացումովը տարիներո՜ւ փայփայած կարեւոր երազներէս մէկուն: Եւ ի՜նչ նշանակալից սկիզբ, որ ծնունդ կ'առնէր այն մեկնակէտէն ուրկէ սկսաւ արդի աշխարհի պատմութիւնը՝ մեր սրբազան լերան՝ Արարատի գագաթէն: Եւ ի՜նչ երախտագիտութիւն առ Աստուած, ի՜նչ գոհունակութիւն, որ այդ սկիզբը կը տօնախմբէի զաւկիս՝ Ռազմիկին ու խումբ մը բարեկամներուս հետ:

Արարատէն վերադարձէս, բայց մանաւանդ «Մասիս»ի  մէջ լոյս տեսած նկարէս ետք, հարազատներ ու բարեկամներ կը պնդէին, որ ապրումներս անմիջապէս թուղթին յանձնեմ: Այս յօդուածով իրենց կ'ընդառաջեմ: Բայց հաւանաբար քիչ մը յուսախաբ ընեմ զիրենք, որովհետեւ Արարատի գագաթը նուաճած ըլլալու  ապրումներէս աւելի, այս պահուն իմ մէջ կը գերակշռեն համազգային մտահոգութիւններ, որոնք պարտք կը զգամ բաժնել ընթերցողներուս հետ: Ուղեւորութեանս առաջին ինը օրերը, որոնք զիս տարին Լոս Անճելեըսէն Երեւան, Ախալցխա, Կարս, Անի, Պայազիտ, Արարատի կատար, Վան ու Ախթամար, բոլորովին տարբեր ապրումներ յառաջացուցին իմ մէջ, քան մնացեալ ութը օրերը, որոնք անցուցի Հայաստանի մէջ:  Այդ ութը օրերու ականատեսի վկայութիւններս եւ  ունեցած խօսակցութիւններս հայրենակիցներուս հետ, փաստեցին առկայութիւնը ահազանգային իրավիճակի մը, որ ո՛չ գերեալ Արարատի եւ ո՛չ ալ ազատ Արագածի կատարները նուաճած ըլլալու ապրումներս կրնային սքօղել: Իրավիճակ մը՝ որու ահաւորութիւնը պէտք է մտահոգէ ամէն մէկ սրտցաւ հայ, ընթացք տայ համազգային հրապարակային անկեղծ ու անշահախնդիր քննարկումներու եւ բոլորս մղէ լուծման եղանակներու եւ դարմաններու անմիջական որոնման: Այս մտահոգութիւնն է, որ զիս կը ստիպէ առաջին հերթին խորհրդածելու ուղեւորութեանս երկրորդ մասին՝ այն իրականութեան որ մեր ձեռքին է,  ու ապա միայն առաջին մասին՝ երազ դարձած իրականութեան, որ ձեռքէ տուինք մօտ հարիւրամեակ մը առաջ:

Նախ պարզենք մեր մտահոգութեանց տուն տուող գլխաւոր երեք պատճառներ միայն: Թէեւ նախկինի մէջ բարձրաձայնած ենք այդ մասին, սակայն անոնց հրատապութիւնը պէտք է ստիպէ բոլորս, լուծման գործնական քայլեր առաջադրելու: Հոսկէ կու գայ մեր խորագիրը՝ «Ի՞նչ ընել»:

Ա. Ահագնացող Արտագաղթը

Անկարելի է այլեւս ուրանալ կամ անտեսել մե անկախութեան եւ նոյնիսկ գոյութեան սպառնացող այն ահաւոր վտանգները, որոնք հետեւանքն են Հայաստանէն ահագնացող արտագաղթին: Ի՜նչ անկախութիւն, երբ հայրենիքը կիսով կը դատարկուի ու կը զրկուի իր գոյութեան կռուան զաւակներէն: Ասոր  գլխաւոր պատճառը յստակ է՝ երկրէն ներս տիրող անտառային օրէնքի կիրարկումն ու անոր հետեւանք անարդարութեանց շարանը:

Երբ նախարարներու կամ օլիկարխներու «իւրայինները» կը ստիպեն մանր ձեռնարկատէրին, իր օրապահիկէն բաժին հանել իրենց, ի գին  սպառնալիքներու եւ վնասներու, ապա այդ ձեռնարկատէրը ճառահատ կը փակէ իր ձեռնարկը ու կը բռնէ գաղթի ճամբան: Ան փորձով գիտէ, որ անօգուտ է հայրենի դատարաններէն արդարութիւն ակնկալելը, երբ արդարամիտ դատաւորներ գործէ կ'արձակուին ու նոյնիսկ Եւրոդատարանի մէջ շահուած դատերը կ'անտեսուին:

Երբ դասախօսը ճնշումի կ'ենթարկուի, որովհետեւ կը մերժէ «ազդեցիկ»ի մը անարժան զաւկին բարձր նիշ տալ, ապա իր կոչումին արժանապատուութեան նախանձախնդիր անձը չի կրնար տանիլ այս իրավիճակը ու երկիրը կը կորսնցնէ ապագայ սերուցքը պատրաստող արժանաւոր դաստիարակներ:

Երբ իրենց տուներու բակի, որ ծրագրուած է որպէս խաղավայր ծառայելու երեխաներու առողջ աճման, «ազդեցիկ»ի մը կողմէ բռնագրաւուելուն ու ինքնաշարժի լուացման կայանի մը եւ կամ անօրինական շինարարութեան մը վերածուելու դէմ բողոքի ելլողները կը խոշտանգուին ու կը բանտարկուին, ապա անոնք իրենց ապագան տարբեր երկրի ու միջավայրի մէջ կ'ուզեն կերտել:

Երբ տիրող անարդարութեանց դէմ բողոքի իր ձայնը բարձրացնող ու ամէն սպառնալիքի դիմաց անկոտրում կամք ցուցաբերող քաղաքացիին հարազատները, իշխանութեան կողմէ ճնշումի կ'ենթարկուին «կարգի բերելու» իրենց հարազատը, ի գին սպառնալիքներու ու տուժումներու, ապա անոնց առջեւ քիչ մը աւելիով բացած կ'ըլլան արտագաղթի ճամբան:

Տասնեակէ մը աւելի անգամներ, երբ «թաքսի» վարորդներու հարց տուի թէ անցած մի քանի տարիներու հետ բաղդատած, այս տարի ի՞նչպէս կը զգան,  բոլորի պատասխանն ալ «աւելի վատ» էր: Բացայայտ է, որ հարցը չի սահմանափակուիր միայն տնտեսական մտահոգութիւններով, այլ նաեւ հոգեմտաւոր արժէքներու անկման պատճառած հետեւանքներով: Երբ չկայ խղճամիտ մօտեցում նոյնիսկ հոն՝ Հայ Եկեղեցիին մէջ, որու կոչումներէն մին   ժողովուրդի խիղճը ըլլալն է, ապա այդ ժողովուրդը խոցելի կը դառնայ ամէն տեսակի վտանգներու: Տխրահռչակ բարձրաստիճան  հոգեւորականներու, իրենց կոչումին բոլորովին անյարիր վարքն ու սանձարձակ գործունէութիւնը,  կարեւոր պատճառներէն մին է այս բարոյալքման մթնոլորտի տարածման ու անոր հետեւանքներուն:   

Բ. Ահագնացող Արտաքին Պարտքը

Հայաստանէն ահագնացող արտագաղթին հետ, կ'ահագնանայ նաեւ անոր արտաքին պարտքը, ծանրաբեռնելով ապագայ սերունդները ի շահ իշխանութիւնը գրաւած նոյն վաշխառուներուն, որոնք պատճառ կը դառնան երկրի դատարկման:

1998 թուին Հայաստանի կառավարութեան/հանրային արտաքին պարտքը կը կազմէր $787 Միլիոն: 2008ին այն աճած էր $1.58 Պիլիոնի, իսկ այս տարուան դրութեամբ ուռճացած է $3.93 Պիլիոնի (չհաշուած յաւելեալ $3.95 Պիլիոնի սեպհական պարտքը):

Կը տեսնէ՞ք հակասականութիւնը Սերժ Սարգսեանի 2008ին ջատագոված «Յառաջ Հայաստան» լոզունգին: Կը սահմռկինք մտածել, թէ հինգ տարիէն ո՞ւր կրնայ յանգիլ այս տարուան նախագահական ընտրութիւններուն իր ջատագոված «Ապահով Հայաստան»ը: Իր նախորդի՝ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան տարիները, մեր յօդուածներէն մէկուն խորագրով, որակած էինք «Վատնուած Տասնամեակը»: Դարձեալ կը սահմռկինք մտածել, թէ ի՞նչպիսի  բնութագրում պիտի տանք Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն, եթէ անիկա շարունակուի ընթանալ անցած հինգ տարիներու ուղիով:   

Ահագնացող արտաքին պարտքի առնչութեամբ, զանազան խաւերէ ու շրջանակներէ կը լսենք տարօրինակ մէկնաբանութիւն մը, որ իբր թէ եթէ Հայաստանի  բնակչութեան թիւը մէկ միլիոնէն վար իյնայ, ապա այդ պարտքը պիտի ներուի ու չեղեալ յայտարարուի: Ասիկա ոչ միայն մեծ ՍՈՒՏ մըն է, այլ կը մատնէ զայն տարածողներու չարակամութիւնը՝ բնակչութեան կորուստի դիմաց նիւթական շահ ապահովելու պատրանքը:   

Գ. Ահագնացող Բնապահպանական Աղէտը

Կարծէք բաւարար չէին ահագնացող արտագաղթի ու արտաքին պարտքի չարիքները, որոնք կը դատարկեն երկիրն ու կը ծանրաբեռնեն ապագայ սերունդները, անոնց վրայ կ'աւելնայ ընդերկրեայ հանքերու սանձարձակ շահագործման պատճառաւ, ապագայ սերունդներու առողջութեան սպառնացող վտանգները: Հայաստանի ընդերքի հարստութեան անխիղճ «սեփականաշնորհման» որպէս արդիւնք, անոր տէր դարձած վաշխառուները,

իրենց անմիջական շահին հետամուտ, կ'անտեսեն հեռակայ վնասները, որ այդ հանքերու սանձարձակ ու անօրէն շահագործումը կը պատճառէ ժողովուրդին: Հանքերու արտահանման համար գործածուած թունաւոր նիւթերը կ'երթան խառնուելու որոգման ջրերու եւ ստորգետնեայ ջրամբարներու հետ, թունաւորելով ռչ միայն երկրի արօտավայրերն ու բուսականութիւնը, այլ նաեւ անոնցմէ սնուող անասուններ ու մարդիկ: Աւելին, անտառային տարածքներու բռնաբարումը, հիտրոկայաններու սանձարձակ կառուցումը, Երեւանի կեդրոնի պեթոնապատումը եւ այլ անիրաւութիւններու հեռակայ վնասներու անտեսումը, վստահաբար պիտի յանգի ահաւոր հետեւանքներու, ի հեճուկս երկրի ու ժողովուրդի ապահովութեան:

Ի՞նչ Ընել

Դժբախտաբար ժողովրդային մակարդակի վրայ ըմբռնուած մեր վերեւի մտահոգութիւնները, մեծաւ մասամբ կ'անտեսուին ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողներու կողմէ, ըլլան անոնք քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական թէ այլ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին: Կարծէք անոնք Պոլսոյ ամիրայական ու քաղքենի դասակարգը ըլլային, որոնք իրենց անձնական շահերուն հետամուտ, կ'անտեսէին տեղի պարզ ժողովուրդին ու գաւառներու հայութեան ահազանգները, կարծելով թէ իրենք անհասանելի են անոնց սպառնացող վտանգներէն ու գալիք արհաւիրքէն: Անոնց այս անտարբեր մօտեցման շարունակութիւնը  պէտք է հրահրէ  անհրաժեշտութիւնը հետեւեալ քայլերուն.

ա.- Անյապաղ, ամէն առթիւ հրապարակաւ բողոքել եւ ընդդիմանալ կատարուող անիրաւութեանց դէմ, դիմակազերծել պատասխանատուները եւ ի յարկի պարագային իրաւական հետապնդման ենթարկել զանոնք:

բ.- Կազմակերպել միջոցառումներ, նիւթապէս թէ բարոյապէս թիկունք կանգնելու այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք Հայաստանի տարածքին կը պայքարին յանուն երկրի ու ժողովուրդի շահերուն եւ ընդդէմ զանոնք շահագործողներուն:

գ.- Զարկ տալ Հայաստանի մէջ ծաւալող ժողովրդային անհնազանդութեան շարժումներուն: Եթէ Մահաթմա Կանտիներու, Մարթին Լուտեր Քինկերու եւ Նելսըն Մանտելաներու նմանները մտահոգ ըլլային միայն իրենց սեփական բարեկեցութեամբ ու  կեանքի ապահովութեամբ, ապա անոնց յաջորդած սերունդները տակաւին պիտի տուայտէին գաղութատիրութեան, մարդկային իրաւազրկութեան եւ ցեղապաշտութեան ճիրաններուն մէջ: 

դ.- Կազմակերպել հայութեան ապագայով սրտցաւ եւ մտահոգ հայերու համազգային համախմբում մը Երեւանի մէջ, 2014ի ամռան ամիսներէն մէկուն ընթացքին,  գլխաւոր օրակարգ ունենալով՝ Սփիւռքի ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, հայրենի հողի վրայ ծաւալող ժողովրդային անհնազանդութեան շարժումներուն:

Կարելի չէ անտարբեր ու ձեռնածալ մնալ, ի տէս հայութեան սպառնացող վերեւի չարիքներուն: Կարելի չէ ակնկալել, որ Հայաստանի ու մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, մեր զաւակներն ու նորահաս սերունդները պիտի կարենան պահել իրենց հայկական ինքնութիւնը, ի տես մեր սերունդի անտարբեր ու ամուլ կեցուածքին: Կարելի չէ հայ ինքնութեան գիտակցութիւնը ունենալ ու չընդվզիլ այս բոլոր անիրաւութեանց դէմ եւ չփորձել առաջքը առնել սպասուող աղէտներուն:

Գերեալ Արարատի ու Արեւմտեան Հայաստանի ճակատագիրը պէտք է զգաստացնէ մեզ, անյապաղ դիմելու գործնական քայլերու, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԱԼ ՉԴԱՌՆԱՅ ԵՐԱԶ:

You May Also Like