
Փրոֆ. Պասքըն Օրան, Ռատիքալ, 13 Փետրուար 2011



Ամէն տարի կու գայ, դժբախտաբար: Ըստ «Սապահ» թերթին տուած տեղեկութեանց, Ազգային ապահովութեան խորհուրդը շատ կարեւոր «որոշումներ» ընդուներ է դեկտեմբերի մէջ կայացած իր ժողովին:



Փրոֆ. Պասքըն Օրան, Ռատիքալ, 13 Փետրուար 2011



Ամէն տարի կու գայ, դժբախտաբար: Ըստ «Սապահ» թերթին տուած տեղեկութեանց, Ազգային ապահովութեան խորհուրդը շատ կարեւոր «որոշումներ» ընդուներ է դեկտեմբերի մէջ կայացած իր ժողովին:
Երկրորդ, Ցեղասպանութեան բանաձեւեր որդեգրած երկիրներու դէմ կիրարկուող պոյքոթները պիտի առկախուին: Արդէն սկսած է այս վերջինին գործադրութիւնը: Քսանի հասնող այս երկիրներէն՝ Արժանթինի նախագահը վերջերս հիւրընկալուեցաւ նախագահ Ապտուլլա Կիւլի կողմէ, իսկ Քանատայի առեւտուրի նախարարին այցելութիւնը պիտի կայանայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն:
Սակայն վստահ չեմ, թէ պիտի ցաւինք, թէ ոչ, որովհետեւ երկրորդին պարագային վատնած մեր գերմարդկային ճիգերը պարապի գացած պիտի ըլլան: Նոյնիսկ եթէ միմիայն Ֆրանսայի պարագային նայինք, բաւարար է համոզուելու: Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումի դէմ քրէական օրէնքի հարցը ֆրանսական Ազգային ժողովի օրակարգին բերուած էր հոկտեմբեր 2006-ին: Այդ շրջանին որքա՜ն ազգային ջանքեր վատնած էինք:
Զբօսավայրերու մուտքերուն գրած էինք՝ «Առանձիններուն եւ ֆրանսացիներուն մուտքը արգիլուած է»: Ազգային ժողովի արդարութեան ենթայանձնախումբին կողմէ հրաւիրուած փրոֆ. Եուսուֆ Հալաչօղլուն անդրադարձած էր կատարուելիք աշխատանքին կարեւորութեան եւ՝ նշած, որ օսմանեան շրջանին հայեր աւելի ազատօրէն կ՝ապրէին, քան թուրքերը…
Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ օրէնսդրական տենդագին աշխատանք մը սկսած էր. Տարբեր նահանգներէն երեսփոխաններ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ֆրանսայի դէմ բանաձեւեր յղած էին նախագահութեան: Երեսփոխաններուն տենդագին այս աշխատանքը արձագանգ գտած էր նաեւ Անգարայի քաղաքապետարանին մէջ եւս. պրն. քաղաքապետը սպառնացած էր, որ Ֆրանսայի մէջ բանաձեւը ընդունուելու պարագային, Անգարայի մէջ գտնուող Փարիզեան պողոտային վրայ պիտի կանգնեցնէր ալճերիական ցեղասպանութեան յուշակոթողը:
Գալով մեր պետութեան, անիկա ջնջած էր ֆրանսական «Ալքաթել» եւ «Տասսօ» ընկերութիւններուն հետ կնքուած զինուորական կազմածներ գնելու 449 միլիոն տոլարի հասնող համաձայնութիւնները: Հոկտեմբեր 2006-ի այս բանաձեւերէն ո՛չ մէկը օրինականացաւ, ո՛չ ալ Ֆրանսայի դէմ առնուած պատժամիջոցները մնայուն դարձան: Սակայն այս պարապութիւնը ուրիշ ձեւով մը լեցուեցաւ. Հրանդը սպաննուեցաւ երեք ամիս ետք, 19 յունուար 2007-ին:
Ամէնէն Հատուն Երրորդ Որոշումն Է
ԱԱԽ-ին կողմէ տրուած որոշումներէն երրորդը նոյնութեամբ այսպէս կ՝ըսէ.
«… առնուած քայլերուն ետին պիտի կանգնինք եւ Հայաստանի հետ ստորագրուած փրոթոգոլներուն տէրը պիտի ըլլանք»: Հազիւ թէ պիտի ուրախանանք, բայց լուրին շարունակութիւնը հետեւեալը կ՝ըսէ. «Սակայն, այնքան ատեն որ կովկասներու մէջ յառաջդիմութիւն չարձանագրուիր, անկարելի է ակնկալել որեւէ լուծում»:
Ա՛ռ քեզ բան: Ըստ երեւոյթին, դարձեալ մեր բարեկամ Ազրպէյճանին հաւատարմութիւն կը ցուցաբերենք: Այն «բարեկամ» Ազրպէյճանին, որ կիպրական հարցին մէջ շարունակաբար մեզ կռնակէն դաշունահարած է, Պաքուի մէջ գտնուող թուրք նահատակներու յատուկ համալիրին վրայէն քակած-հանած է թրքական դրօշակն ու ձողը, փակած է մե՛ր իսկ կառուցած մզկիթը:
Մեզի յատուկ սովորութիւն դարձած է, ամէն անգամ որ Ապրիլ 24-ը մօտենայ, ամբողջ պետութեամբ շարժման կ՝անցնինք, որպէսզի ամերիկեան Քոնկրեսը մեզի աննպաստ որոշում մը չընդունի: Այս վիճակին գագաթնակէտին հասած էինք 2009 թուականին: Ապրիլ 24-ին ճիշդ երկու օր մնացած՝ Զուիցերիայէն յայտարարած էինք, որ երկու երկիրներուն միջեւ փրոթոգոլներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Շատ յաջող «գործողութիւն» մըն էր: Շնորհիւ այս գիւտին՝ Օպաման կրցած էր խուսափիլ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ եւ փոխարէնը ըսած էր «Մեծ եղեռն»:
Յաջորդ տարին, այսինքն 2010-ին, կրցանք ուտել ասոր տոկոսէն: Այս տարի ալ կրնանք շարունակել ուտել: Ենթադրելով, որ «Սապահ»ի մէջ լտեսած լուրը ճիշդ է, ԱԱԽ-ը կրնայ ուզած ժամանակ ժողովներ գումարել, սակայն տուած անհեթեթ որոշումներով չի կրնար Թուրքիան ծաղրանքի առարկայ դարձնել: Վարչապետ Էրտողան կրնայ չհաւնիլ արձան մը, սակայն, թալեպաններու նման, չի կրնար ոչնչացնել յուշակոթող մը, որ կոչուած է մարմնաւորելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյացած բաժանումի ցաւը եւ բարելաւելու երկուստեք յարաբերութիւնները:
Այլանդակութիւնը Քանդել, Վերանորոգութիւնը Արգիլել
Աննման մեր երկիրը, եթէ իսկապէս որոշած է այլեւս իր լուրջ սխալները սրբագրել, ընելիք շատ բան ունի.
2) Կոթողներու քանդումը, ամէն պարագայի, եթէ լաւ բան մը չէ, մարդկային ամօթի մը նորագոյն մէկ պարագան թող կանխուի: Երբ ամբողջ Թուրքիան յորդած է ապօրինի շինութիւններով, պարզապէս հայ ձեռներէցի մը՝ Սեւան Նշանեանին կողմէ վերանորոգուած ըլլալուն համար Շիրինճէի այդ սքանչելի գիւղական տնակները պիտի քանդեն եւ Սեւանեանը բանտ նետեն:
3) Ձանձրոյթ պիտի ըլլայ, բայց Հրանդին սպանութեան ետին կանգնողները թող գտնուին: Սպանութեան չորրորդ տարին դատախազութիւնը որոշում տուաւ, որ հետաքննութիւն կատարէ ոստիկաններու եւ զինուորականներու հետ. ներքին գործոց նախարարը այդ մէկն ալ արգիլեց: Եթէ սպաննուողը հայ մըն է, ո՞ր մէկ օրէնքին յօդուածը ոճրագործը անպատժելի կը դարձնէ:
4) Եթէ այս բոլորը պիտի չիրականացուին մօտեցող ընտրութիւններու պատճառաբանութեամբ, վարչապետը առնուազն թող չարծարծէ այս «այլանդակ» հարցերը: Այդքան դժուար ըլլալու չէ, ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ապիկարութիւններուն դիմաց վստահաբար ըսելիք շատ բան կ՝ունենայ: