Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը

Ներքոյիշեալ երկու յօդուածները ուղարկուած Թուրքիոյ պետական հարուածէն առաջ, էլեքթրոնային նամակատուփին հետ առնչուած թեքնիք պատճառներու բերումով չէին հրատարակուած. յապաղումով կը ներկայացնենք ներողամտութիւնը խնդրելով թարգմանիչին՝ Լիբանանաբնակ Գրիգոր Կէօքճեանին:- Խմբ.
 
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ  “ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ” ՈՐՈՇՈՒՄԸ
 
Սէտաթ Լաչիներ, “Հապերտար”, 2 Յունիս 2016
 
Գերմանիան Հայկական պնդումները ճանչցող 29րդ պետութիւնը եղաւ:  Գերմանիոյ խորհրդարանը միայն մէկ բացասական քուէով ընդունեց հայկական պնդումները:
 
Ուսումնասիրելէ ետք որոշումը կրնամ ըսել որ ցարդ առնուած ամենածանր որոշումն է…Որոշումին բովանդակութիւնը լեցուն է ծանր մեղադրանքներով… Հազիւ արմատական հայ մը կրնար գրած ըլլալ նման որոշում մը…
 
Հոն կը պնդուի թէ Օսմանցի հայերուն գրեթէ ամբողջութիւնը բնաջնջուած է. նոյնպէս տեղահանութեան եւ ջարդի ենթարկուած են քաղդէացիներն ու ասորիները…
 
Մէկ խօսքով ծանր որոշում մը…
 
Գերմանիոյ ընդունած որոշումը ցոյց կու տայ որ հայկական լոպիները հասած են բախտորոշ հանգրուանի մը դարձուածքին:  “Ֆրանսական յաղթանակէն” 15-16 տարի ետք Գերմանիոյ նոյն կէտը հասնիլը մեծ յաջողութիւն կարելի է նկատել հայերուն համար: Որովհետեւ Գերմանիան դաշնակիցն էր Օսմանցիին եւ վկան Անատոլուի մէջ պատահածներուն:  Այսպիսի երկրի մը խորհրդարանին մէջ առնուած որոշումը անվիճելի կարեւորութիւն կ՚ունենայ…

Ներքոյիշեալ երկու յօդուածները ուղարկուած Թուրքիոյ պետական հարուածէն առաջ, էլեքթրոնային նամակատուփին հետ առնչուած թեքնիք պատճառներու բերումով չէին հրատարակուած. յապաղումով կը ներկայացնենք ներողամտութիւնը խնդրելով թարգմանիչին՝ Լիբանանաբնակ Գրիգոր Կէօքճեանին:- Խմբ.
 
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ  “ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ” ՈՐՈՇՈՒՄԸ
 
Սէտաթ Լաչիներ, “Հապերտար”, 2 Յունիս 2016
 
Գերմանիան Հայկական պնդումները ճանչցող 29րդ պետութիւնը եղաւ:  Գերմանիոյ խորհրդարանը միայն մէկ բացասական քուէով ընդունեց հայկական պնդումները:
 
Ուսումնասիրելէ ետք որոշումը կրնամ ըսել որ ցարդ առնուած ամենածանր որոշումն է…Որոշումին բովանդակութիւնը լեցուն է ծանր մեղադրանքներով… Հազիւ արմատական հայ մը կրնար գրած ըլլալ նման որոշում մը…
 
Հոն կը պնդուի թէ Օսմանցի հայերուն գրեթէ ամբողջութիւնը բնաջնջուած է. նոյնպէս տեղահանութեան եւ ջարդի ենթարկուած են քաղդէացիներն ու ասորիները…
 
Մէկ խօսքով ծանր որոշում մը…
 
Գերմանիոյ ընդունած որոշումը ցոյց կու տայ որ հայկական լոպիները հասած են բախտորոշ հանգրուանի մը դարձուածքին:  “Ֆրանսական յաղթանակէն” 15-16 տարի ետք Գերմանիոյ նոյն կէտը հասնիլը մեծ յաջողութիւն կարելի է նկատել հայերուն համար: Որովհետեւ Գերմանիան դաշնակիցն էր Օսմանցիին եւ վկան Անատոլուի մէջ պատահածներուն:  Այսպիսի երկրի մը խորհրդարանին մէջ առնուած որոշումը անվիճելի կարեւորութիւն կ՚ունենայ…

 
Երկրորդ,  Գերմանիան քաղաքական եւ մշակութային “հինդերլանտ” (ներքնատարածք) ունեցող երկիր է. այսինքն Ֆրանսայի նման Գերմանիան պիտի ազդէ եւ իր ետեւէն  քաշէ ուրիշ երկիրներ:  Մէկ խօսքով՝ այլ երկիրներ եւս նման որոշումներ պիտի առնեն ազդուելով եւ քաջալերուելով Գերմանիայէն:
 
Ամենէն կարեւորը, Գերմանիան Եւրոմիութեան բանալի պետութիւն է, Խորհրդարանէն սկսեալ մինջեւ Յանձնաժողով Եւրոպական Միութեան բոլոր խորհուրդներուն  մէջ շատ մեծ է Գերմանիոյ ազդեցութիւնը:  Եւրոմիութեան մէջ հայկական հարցին վերաբերեալ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ հաւանական գործակցութիւն մը հայերուն  համար “յաջողութիւններու” նոր դուռ պիտի բանայ: 
 
Եթէ գալու ըլլանք թրքական ճակատին…տուածնիս ծանօթ հակազդեցութիւններ են միայն – դեսպանը տուն կանչել, պոռալ եւ աղմկելու նման բաներ:  Որոշ ժամանակ անց ամէն ինչ կը մոռցուի:
 
Ֆրանսայի պարագային տեսանք թէ որքան անազդեցիկ մնացած էր Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը.  մնաց որ հայկական պնդումները ճանչցող երկիրներուն թիւը օր ըստ օրէ աճ կ՚արձանագրէ.  մանաւանդ որ ասոնք որեւէ երկիրներ չեն, այլ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նման մեր յարաբերութիւններուն մէջ մեծ կարեւորութիւն ունեցող երկիրներ…
 
Ամէն մարդու այլեւս յստակ դարձած է որ ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները ոչ մէկ գին ունին վճարելիք:  Թուրքիոյ չոր ու ցամաք հակազդեցութիւնները  այլեւս ո՛չ մէկ երկրի վախ կը պատճառէ, եւ այս պատճառով Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը նորանոր որոշումներու դուռ պիտի բանայ:
 
Միւս կողմէ, այսպիսի պարագաներուն շատ աւելի բացայայտ կը դառնայ որ Թուրքիան ինչպիսի մակերեսային մօտեցում ունի հարցերու նկատմամբ:  Թէ՛ իրենց տան պարտականութիւնը լրիւ չկատարող եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհը “թուրքի թշնամի” յայտարարող քաղաքագէտներ փոխանակ մեր երկրին նպաստ մը բերելու, ճիշդ հակառակը վնաս կը պատճառեն:
 
Աւելի քան 16 տարի է որ հայկական հարցին վրայ կ՚աշխատիմ.  հետեւեալ եզրակացութեան եկայ որ առանց հայկական հարցը գիտնալու դժուար է հասկնալ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումը եւ անոր յաջորդող Հանրապետութեան շատ մը մասնայատկութիւնները:
 
Եթէ չկարենանք լաւ հասկնալ փոքրամասնութեան պահանջները, այս պահանջներուն անպատասխան մնալը պետութեան կողմէ, հայ զինեալ կազմակերպութեանց մեթոտներն ու գաղափարախօսութիւնը, պետութեան սխալները եւ օտար պետութեանց միջամուխ ըլլալը, այսօր դժուար թէ հասկնանք քրտական հարցն ու ՔԱԿ-ին կողմէ իրականացուող ահաբեկչութիւնը: Մէկ խօսքով Թուրքիան ստիպուած է լաւ հասկնալ հայկական հարցը: Եթէ ասիկա հասկցուի, վստահ եմ որ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ առողջ երկխօսութեան մը ուղին պիտի բացուի:  Եւ սակայն ասիկա յաջողցնելու համար հարկ է որ ուսումի եւ գիտութեան հանդէպ յարգանք եւ անթերի աշխատող  ակադեմական կեանք մը ունենանք:  Մինչդեռ  Թուրքիան վերջերս վերածուած է երկրի մը, ուր մտածումի ամենապարզ ազատութիւններն իսկ վտանգուած են.  եւ ճիշդ ալ այս պատճառով շատ իրապաշտ չի թուիր որ այսպիսի երկիր մը իր ներկայ վիճակով հայկական հարցը լաւ վերլուծելով կարենայ աշհարհին ներկայացնել իր խնդիրը:
 
Ուշագրաւ պարագայ մըն է նաեւ այն փաստը որ Գերմանիոյ մէջ ապրող 3 միլիոն թուրքեր Գերմանիոյ քաղաքականութեան մէջ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունին ի նպաստ Թուրքիոյ: Ճիշդ հակառակը, յատկանշական է խորհրդարանի թուրք ծագումով պատգամաւորներուն հայանպաստ դիրքորոշումը:
 
Այստեղէն կը բացայայտուի այն իրողութիւնը որ թուրքիան անփոյթ գտնուած է իր սփիւռքին նկատմամբ եւ անկարող եղած ազգային իր տեսակէտները փոխանցել անոնց:  
 
Ո՛չ հարդի բոցի նման հակազդեցութիւններ ո՛չ ալ ազգայնամոլական յայտարարութիւններ կրնան համոզել հաւաքականութիւնները, թուրք ըլլան անոնք թէ ոչ:  
 
Որոշումին նախօրեակին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին խօսք առնողները  նոյնիսկ նիւթին չէին տիրապետեր. իսկ սփիւռքի թուրքերուն կողմէ գերմաներէնով հրատարակուած հայկական հարցին վերաբերող գիրքերուն թիւը խղճալի է: Երբ այս դիտանկիւնէն նայինք կը դժուարանանք հասկնալու թէ Գերմանիոյ մէջ ապրող 3 միլիոննոց զանգուածը ծնունդով հա՞յ է թէ՞ թուրք…
 
Վերջաւորութեան,  կ՚ուզեմ քանի մը նախադասութիւններով ծանօթացնել հայկական հարցին վերաբերող գիրքս որ այս շաբաթ լոյս տեսաւ,  “Հայկական հարցը – ըմբոստութիւն, տեղահանութիւն եւ վրէժ” խորագիրով գիրքը կը բաղկանայ 339 էջերէ, Քարընճա հրատարակչատունէն:  Աշխատութեանս մէջ 1915-ի դէպքերը չեմ որակած իբրեւ “ցեղասպանութիւն”:  Ընդունելով հանդերձ տեղի ունեցած ողբերգութեան մէջ Օսմանեան պետութեան սխալներն ու մեղքերը, կը հաւատամ որ հարցը միմիայն ցեղասպանութիւն բառով կարելի չէ բացատրել: 
 
Գիրքին մէջ անդրադարձ կը կատարուի ահաբեկչութեան, ըմբոստութեան, մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման եւ օտար պետութիւններու միջամտութեան.  Անշուշտ պիտի չպատմեմ ամբողջ գիրքը, սակայն հոն կը պատմուի հայկական վրիժառու Նեմեսիս գործողութեան, հայրենադարձութեան ծրագիրին եւ նացի-դաշնակ գործակցութեան ուշագրաւ երեւոյթներուն:  Գիրքին մէկ  գլուխը կը քննարկէ գերմանացիներուն կողմէ գործադրուած քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան որ կը կոչուի Հէրէրօ եւ Նամաքուա (էջ 97-111):  Քանի նիւթը բացուած է, կը մաղթեմ որ հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած Գերմանիոյ խորհրդարանը ամենակարճ ժամանակին ընդունի նաեւ Հէրէրոի ցեղասպանութիւնը:
 
ՍԱՐԴԻ  ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
 
Ահմէտ Ալթան,  “Հապերտար”, 24 Մայիս 2016
 
Սարդի տեսակ մը կայ որ երբ որսը բռնէ իր թոյնը կը ներարկէ անոր մէջ, թոյնը որսին ներքին բոլոր գործարանները հալեցնելով հեղուկի կը վերածէ….իսկ սարդը կը սնանի ծծելով այդ հեղուկը եւ սպաննելով իր որսը: Այսօր, Թայյիպ Էրտողան,  յայտարարելով որ պիտի “չենթարկուի սահմանադրութեան” եւ ստեղծելով “կատարուած իրողութիւն” մը, օրէնքի դէմ յեղաշրջում գործադրելով կը հետեւի այս “սարդի քաղաքականութեան” որ դէպի “բռնապետութիւն” կ՝առաջնորդէ:
 
Նախ՝ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ թոյնը կը հոսեցնէ, որ շատ պարզ բայց շատ ազդու թոյն մըն է, որ կը կոչուի “քիւրտի ատելութիւն”:
 
Միմիայն այս թոյնով Էրտողան ձեւով մը կը յաջողցնէ աշխարհիկ կարգերը ոչնչացնելով կրօնամէտ բռնապետութեան մը ճամբան բանալ:
 
Այս թոյնով նախ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (ՄՀԲ – Գորշ գայլեր Գ.Կ) հեղուկի վերածեց, նախագահը՝ Տէվլէթ Պահչելին ներառեալ բոլոր գործարանները ծծելով սպառեց այս կուսակցութիւնը:
 
Ազգայնականներն ալ նոյն թոյնով հալեցնելով իր կազմին միացուց:
 
Յետոյ, անհասկնալի ձեւով մը Էրտողանին քով երթալով “զիս ալ թունաւորէ” ըսող ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնն  (ՃՀԲ) ալ թոյնով ներարկելով հեղուկի վերածեց զայն  “անձեռնմխելիութեան քուէարկութեան”  ընթացքին:
 
ՃՀԲն եւ ՄՀԲն հեղուկի վերածուելէ ետք խորհրդարանն ալ հեղուկի վերածուեցաւ եւ դարձաւ ենթակայ Էրտողանի հրամանին:
 
Նախապէս արդէն հեղուկի վերածելով ոչնչացուցած էր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱՔԲ):  Այսպիսով Էրտողանին դէմ ոչ խորհրդարան ոչ ալ քաղաքական կուսակցութիւն մնաց:  Բոլորը միասին հեղուկի վերածուելով կեր դարձան եւ ճամբան բացին Էրտողանին դէպի բռնապետութիւն:
 
Բնականաբար կայ միակ ուժ մը որ չ՝ազդուիր եւ չ՝ոչնչանար  այս թոյնէն:
 
Քիւրտերը:
 
Քիւրտերու քաղաքական կուսակցութիւնը՝ ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը  (ՀՏԲ) հեղուկի չի վերածուիր:  Ներկայ դրութեամբ կենդանի միակ կարծր օրկանիզմը համարուող ՀՏԲն եւ քիւրտերն են որոնք արգելք կը հանդիսանան որ ամբողջ կազմակերպութիւններով եւ կուսակցութիւններով հալող եւ ոչնչացող թուրքիա մը կլլուի եւ մարսուի Էրտողանին կողմէ:
 
Էրտողանին, կողմնակիցներուն եւ շատոնց ԱՔԲին ծոցը մտած ազգայնականներուն ամենազայրացածն ալ այս իրականութեան բացայայտուիլն է: Աւելին, իրականութիւնները  բացատրելով մարդիկը զգուշացնողները չեզոքացնելու նպատակով Էրկենէքոնի քատրերն ալ իրենց միացուցին … իսկ անոնց վրայ կցելով իրենց “ենթակառոյցներէն”  հասած ուժերը թրքական տիպի “կէսթափօ” մը գործի պիտի լծեն:
 
Քիչ մը աւելի լռելով սպասողական վիճակի մէջ գտնուողներ վերջնականապէս պիտի զրկուին խօսելէ երբ այդ կէսթափօն սկսի գործել:
 
Փոխանակ պայքարելու որ ՀՏԲցի երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը չվերցուի, ԱՔԲին յանձնուած Քըլըչտարօղլուն կ՝ըսէ, “եթէ հարկ ըլլայ բանտ կը մտնենք”,  սակայն իրեն գէշ լուրը տամ, եթէ զարգացումները այս ընթացքով շարունակուին, “առանց հարկ ըլլալու” ալ բանտի ճամբան պիտի երեւի ՃՀԲցի երեսփոխաններուն զանգուածային կերպով:
     
Հոս նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ թէ “բանտ մտնել” այլ արգելք ըլլալ որ օրէնքը սպաննուի եւ բանտերուն ճամբան բացուի մարդոց առջեւ:
 
Այսօր, ով որքան ուզէ թող բարկանայ, ազգայնականներ որքան որ ուզեն թող զայրանան իրենց դիմակին վար առնուելուն համար, մեր դէմ գտնուող իրականութիւնը հետեւեալն է ներկայիս, թուրքիան փրկուելու համար կարօտ է ՀՏԲին:
 
Ճիշդ ալ այս պատճառով Էրտողան կուզէ ոչնչացնելՀՏԲն, եւ դարձեալ այս պատճառով, տակաւին դատարանը որեւէ քայլի չդիմած, անոր տալիք վճիռը կանխելով,“այս օրերը  իրենց լաւ օրերն են, աւելի գէշ պիտի ըլլան” ըսելով ՀՏԲ-ցիներուն ձերփակալուելու աւետիսը կուտայ կուսակիցներուն:
 
Միակ ուժը որ չէր կարողացած քաղաքականապէս հեղուկի վերածել կը ծրագրէ ճզմել եւ բզիկ բզիկ ընել իրեն ենթակայ դատական համակարգը գործի լծելով:
 
ՀՏԲին ոչնչացումը աղէտ մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար զանազան առումներով:
 
Առաջինը, յետայսու  մեծ քաղաքները թիրախ դարձնելու ուղուածութեամբ ՔԱԿին եւ Թուրքիոյ միջեւ ոչ մէկ ապահովական պատ գոյութիւն պիտի ունենայ:
 
Էրտողան որ տեւապէս իբրեւ “ահաբեկիչ” կ՝որակէ ՀՏԲն, ընդհակառակը, Թուրքիոյ մէջ ահաբեկջութեան դէմ պայքարող միակ ուժը եղած է:
 
ՀՏԲին ոչնչացումը պատճառ պիտի դառնայ բրտութեան մեծ ալիքի մը սկզբնաւորութ-եան:  Հետեւաբար, “մեզի քաղաքական կեանքի կարելիութիւն չեն տար, պիտի չտան ալ, մեզի հետ միասնաբար ապրիլ չեն ուզեր”  ըսող քիւրտերուն եւ զինեալ պայքարին կողմնակիցներուն թիւը ձիւնագնդակի մը պէս պիտի աճի:  “Թուրքիոյ մասնատումէն շատ վախցողներ” ճամբան հարթած պիտի ըլլան թուրքիոյ իսկական մասնատումին եւ նպաստած քրտական զինեալ պայքարին “անկախութեան շարժումի” մը վերածուելուն:  
 
Փոխադարձ բռնութիւնները պիտի տարածուին ամբղջ երկրի տարածքին եւ պիտի արձագանքէն փողոցներուն մէջ:
 
Երկրորդը, ո՛չ մէկ լուրջ ուժ պիտի կարողանայ դէմ դնել կրօնամէտ բռնապետութեան մը դիմաց:  Կրօնամէտ բռնապետութեան ուղղուող ճանապարհը եւ բռնապետութեան նոյնինքն կանգառը լեցուն է բռնութեամբ եւ մահով:  Եթէ ՀՏԲն մէկ կողմ շպրտուի մենք այդ ճամբայէն պիտի ուղղուինք դէպի այդ կանգառը:
 
Այսօր հարկ է որ ամբողջ թուրքերը պահ մը կենան եւ լրջօրէն մտածեն:  Ինչ պիտի ընեն այս պայմաններուն մէջ. Ինչ պիտի ըլլայ իրենց նախընտրութիւնը:  Դէպի արիւնոտ բռնապետութեան մը ուղին պիտի բանան? : Միմիայն ժողովրդավարութենէն չէ այլ աշխարհիկ կարգերէն եւ ներքին համերաշխութենէն հրաժարելով կամաւորապէս պիտի ցատկէն? բռնութեան դժոխքին արիւնոտ բոցերուն մէջ:
 
Թէ ոչ, սա պահուն միակ “կենդանի”  օրկանիզմը համարուող ՀՏԲին եւ քիւրտերուն հետ միասնաբար շարժելով դարձեալ պիտի տիրանան իրենց կենսունակութեան, որպէսզի առաջքը կտրեն բռնապետութեան եւ խալիֆայութեան:
 
Ասիկա էական որոշում մըն է որ պիտի ճշդէ մեր ապագան: Իսկ ժամանակը շատ արագ կը սպառի:  Ճիշդ այդ նշանաւոր երգին նման “կամ հիմա կամ երբեք” …
 
Կամ Էրտողանին մարդոց եւ անոնց յանցակից ազգայնականներուն կողմէ ձեր արիւններուն ներարկուած “քիւրտի թշնամութեամբ” հեղուկի վերածուելով պիտի հալիք արիւնի տոպրակի մը մէջ … եւ կամ հաւասար եւ ազատ կեանքի մը համար ձեռք ձեռքի  պիտի տաք ՀՏԲին եւ քիւրտերուն հետ:
 
Թուրքեր իրենց բոլոր կազմակերպութիւններով եւ կուսակցութիւններով հալեցան:  Ըստ երեւոյթին, դարձեալ կեանքի դառնալու համար կարիքը ունին քիւրտերուն իբրեւ հակաթոյն:
 
Ձեզի համար շատ “համեղ” թուացող թոյնը? պիտի  կլլեք, թէ ոչ ձեզի բաւական լեղի թուացող դեղը պիտի առնեք:  Մահու եւ կենաց հարց է:  Իսկ այս հարցումը իսկութեան մէջ ուղղուած է քեմալականներուն:
 
Ժողովրդավարները արդէն պաշտպաններն են ՀՏԲի գոյատեւման:  Իսկ ազգայնականները  որ մեծ հաճոյքով կը խմեն այդ թոյնը կ՝շխատին որ բոլորն ալ խմէն անկէ:
 
Տակաւին “համեմատաբար” տատամսող բայց իսկապէս մեծ զանգուած մը կը մնայ՝ “չ՝ազգայնացած” քեմալականներն են անոնք:
 
Պիտի կարենաք? ձեզի համար այդքան նուիրական “արդիականութեան եւ աշխարհիկութեան”  միացնել ժողովրդավարութիւնը որ ձեր կեանքը փրկող հակաթոյնը պիտի ըլլայ,  եւ պայքարիլ ՀՏԲին հետ միասնաբար:  Թէ ոչ պիտի չկարենաք ընել:
 
Քեմալականները տեւական ուզեցին որ այս երկիրը կառավարողներն ու ապագան վճռողները իրենք ըլլան:  Այս անգամուն թէեւ չկրցան “կառավարել” սակայն “ապագան ճշդելու” աննախադէպ ուժի տիրացան:
 
Գիտեմ որ քեմալականները չեն սիրեր պայքարիլ եւ հրաժարիլ իրենց նախկին սովորութիւններէն, եւ միշտ կը բաւարարուին ուրիշները մեղադրելով:  Դժուար չէ ենթադրել որ այս կենսական ընտրանքին  առջեւ բաւական պիտի դժուարանան:
 
Փոխանակ որոշում մը կարենալ տալու  կրնաք նոյնիսկ մահը նախընտրել:  Եւ սակայն կեանքը ձեզ բերաւ եւ այս խաչմերուկին վրայ ձգեց:  Հիմա ընտրեցէք ձեր ողին: Ձեզի համար “համեղ” թուացող այդ “թոյնէն” եթէ խմէք, հեղուկի պիտի վերածուիք եւ այդ արիւնէ տոպրակին մէջ ընտանեօք  պիտի տապլտկիք ցաւատանջ:
 
Ա՛յս է աղաղակող իրականութիւնը. իսկ կեանքը անգութ է եւ բաւական ծաղրածու: Ձեր ճակատագիրը, ապագան “աշխարհիկութիւնը” եւ ազատութիւնը հիմա կախեալ է քիւրտերէն որոնց արհամարհած եք դուք տարիներով:
 
Ձեր տալիք որոշումը պիտի վճռէ ոչ թէ միայն ձեր այլ երկրին ալ ապագան: 
 
Եւ մի մոռնաք, որոշում տալու համար շատ ալ ժամանակ չունիք:
 
You May Also Like