
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ
Թուպա Չանտար հեղինակն է «Հրանդ» խորագրեալ կենսագրական մեծածաւալ գիրքին: Յօդուածը գրի առնուած էբաւական աղմուկ բարձրացուցած ոճիրի մը առիթով, որ վերջերս կատարուեցաւ Պոլսոյ մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու, հակառակ իր ընտանիքին ընդդիմութեան, 24-ամեայ հայուհի մը, փախչելով տունէն, քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կնքէ 28-ամեայ իսլամ երիտասարդի մը հետ: Որպէսզի հաշտութիւն գոյանայ կողմերուն միջեւ, հարսին եղբայրը ի զուր կը ջանայ համոզել զոյգը, որ պաշտօնապէս պսակուի եկեղեցւոյ մէջ եւս. երբ չի յաջողիր, ճարահատ, կը սպաննէ հարսն ու փեսան: Գ. Կ.



Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ
Թուպա Չանտար հեղինակն է «Հրանդ» խորագրեալ կենսագրական մեծածաւալ գիրքին: Յօդուածը գրի առնուած էբաւական աղմուկ բարձրացուցած ոճիրի մը առիթով, որ վերջերս կատարուեցաւ Պոլսոյ մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու, հակառակ իր ընտանիքին ընդդիմութեան, 24-ամեայ հայուհի մը, փախչելով տունէն, քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կնքէ 28-ամեայ իսլամ երիտասարդի մը հետ: Որպէսզի հաշտութիւն գոյանայ կողմերուն միջեւ, հարսին եղբայրը ի զուր կը ջանայ համոզել զոյգը, որ պաշտօնապէս պսակուի եկեղեցւոյ մէջ եւս. երբ չի յաջողիր, ճարահատ, կը սպաննէ հարսն ու փեսան: Գ. Կ.
Հրանդ Տինք Եւ Ոճիր Մը Եւս
Անցեալ շաբաթ Պոլսոյ մէջ սպաննուեցաւ նոր ամուսնացած երիտասարդ զոյգ մը, քրիստոնեայ հարսին՝ Սոնէյ, (Սոնա) եւ իսլամ փեսային՝ Զեքերիա, փշաքաղիչ պատմութիւնը տեղ գտաւ մեր մամուլին առաջին էջերուն վրայ: Ողբերգական այս դէպքին վերաբերող լուրերու եւ մեկնաբանութիւններու տարափին տակ դժուար է, որ զերծ մնայինք «ապականած տեղեկատուութենէ»: Արդարեւ, նախ իբրեւ սուրիանի ներկայացուած հարսը պիտի վերափոխուէր հայ արմատներով սուրիանիի մը, եւ ի վերջոյ՝ հայու մը: Ինչ կը վերաբերի փեսային, որ կը կարծուէր, թէ թուրք իսլամ մըն է, պիտի յայտնուէր իբրեւ քիւրտ. բայց վերջին հանգրուանին պիտի յստականար, որ խորքին մէջ ան ալ դաւանափոխ եղած ծագումով հայ մըն էր:
Աննման մեր երկրին մէջ, ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը ոճիր գործելու աստիճան լուրջ հարցեր ըլլալով հանդերձ, միտքերը միշտ կը պղտորուէր այս նիւթի կապակցութեամբ: Խնդիրին ծայրը մինչեւ 1915-ները երկարելով՝ բնական էր, որ այսպէս ըլլար, որովհետեւ այդ թուականին «մեռնողներուն» եւ դաւանափոխութեան պատճառով «մնացողներուն» հարցին մասին ազատօրէն ո՛չ կը խօսուէր, ո՛չ ալ կը գրուէր: Հոս տարօրինակ թուացողը այն էր, թէ կրօնական եւ ազգային պատկանելիութեան տարբերութիւններու պատճառով գործուած սարսափելի այս ոճիրը դարձեալ կապուած էր Հրանդին անուան հետ:
Տողերը զարմանքով կարդացուած յօդուածի մը մէջ յօդուածագիրը զուգահեռ կապ մը կը գտնէր ոճիրին եւ իր՝ Հրանդին հետ ունեցած վիճայարոյց հարցազրոյցի մը միջեւ, նախքան անոր սպանութիւնը: «Հրանդին յիշատակին հանդէպ ունեցած իր յարգանքը արգելք հանդիսացեր է, որ անիծեալ ըլլա՛ ըսէ եւ, փոխարէնը, կրծեր է շրթունքները»…:
Հրանդին հետ երկխօսութիւնը կը սկսի՝ «Եթէ աղջիկդ իսլամ տղու մը սիրահարէր, ի՞նչ կ՝ընէիր» նիւթով: Հակառակ անցնող երկար ժամանակահատուածին, յիշողութեան զարմանալի պայծառութեամբ մը, փոխանցուած տեսակէտները Հրանդէն հաստատելու միջոց չունինք, որովհետեւ ան սպաննուեցաւ բոլորիս աչքերուն առջեւ, եւ այս երկրի բոլոր խղճի տէր մարդոց համար տակաւին պառկած է այդ մայթին վրայ:


… Ամուսնութեան սեղանին շուրջ երիտասարդները “Այո՛” կը պոռան ոգեւորութեամբ, եւ ամբողջ պարի ընթացքին զիրար կը համբուրեն… Ճիշդ այդ վայրկեանին առջեւս կեցած երկու մանուկներ իրարու հարց կու տան, “Այո՛, ի՞նչ տեսակ հարսանիք է, ամէն մարդ կու լայ”: Կը նայիմ Արմենակ քեռիիս, որ կու լայ… Մերիններուն կը նայիմ… խնամիներուն կը նայիմ: Մեծամասնութիւնը կու լայ: Յայտնի չէ, թէ ո՞վ՝ ուրախութենէն, ո՞վ տխրութենէն…: Ես չլացի այդ գիշեր. ո՛չ ալ պարեցի… պարտք ձգեցի ապագայ ժամանակի մը: Այս պահին վերջը կախեալ է Ժանեթէն եւ Եիւքսելէն: Եթէ յաջողին եւ իւրաքանչիւրը կարենայ իր ինքնութիւնը ապրիլ, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակները կարենան ապրիլ իրենց “մայր” ինքնութիւնը, կ՝ելլեմ, կ՝երթամ եւ կը պարեմ: Իսկ եթէ չյաջողին, կ՝երթամ եւ ես ալ կու լամ՝ ճիշդ քեռիիս կեցած տեղը»:
Ինքնութեան Շարունակութիւնը
Ինչպէս որ ամփոփ այս գրութեան մէջ կը տեսնուի, խառն ամուսնութիւններու նկատմամբ Հրանդին մտահոգութիւնը կը բխէր ինքնութիւնն ու մշակոյթը պահպանելէ՝ իբրեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութեան անդամ մը: Ասիկա ի զօրու է բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար, եւ դժուար չէ զայն հասկնալ: Արդարեւ, Թուրքիոյ ցարդ տեսած եւ տեսնելիք ամէնէն իրական եւ բարդոյթներէ զերծ զաւակներէն հանդիսացող Հրանդն ալ ամենայն հանգստութեամբ արտայայտած է ի՛ր իսկ ընտանիքին մէջ ապրուած այս կացութեան վերաբերեալ մտածումներն ու զգացումները՝ առանց մտահոգուելու սխալ հասկցուելէ:
Որովհետեւ 1915-էն ետք Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան մէջէն բարձրացած առաջին ձայնն է, առաջին աշխարհական բանբերն է ան: Շատ լաւ գիտնալով հանդերձ այս երկրի փոքրամասնութիւններուն պարտադրուած դաժան կեանքը, նաեւ գիտէր, որ իր նախնիներուն լռութեան դատապարտուած պատմութիւնը խնայուած էր թուրք եւ իսլամ մեծամասնութենէն:
1996 թուականին թուրք մամուլին կողմէ հանրութեան մէջ տարածուող Ասալա–ՔԱԿ կապակցութիւնը հայերու հետ առնչակցելու փորձերը ջրելու նպատակով կը սկսի «Ակօս»ը հրատարակել. նպատակադրած էր կամաց–կամաց պատմել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ մէջ ապրիլ իբրեւ փոքրամասնութիւն: Դարձեալ դառնանք գիրքին. «Վստահ եմ, որ մեզմէ շատերուն կեանքին մէջ դրուագ մը կայ, որ կապուած է փոքրամասնութիւններու հետ, որոնք այսօր անուշ յիշատակի վերածուած են: Կասկած չունիմ, որ ձեր այս փոքրամասնութիւնները հառաչանքով կը յիշէք եւ կը կարօտնաք ժամանակ առ ժամանակ»:
«Հօրս վարպետը հայ մըն էր», «Մեր թաղի Մարի մամիկը այնքան համով փլաքի կ՝եփէր, որ մատերնիս կը լզէինք», «զինուորական ընկերոջս՝ Գէորգին հետ սրտակից եղբօր պէս էինք». Վստահ եմ նման անկեղծ պատմութիւններ անպակաս են ձեր առօրեայ խօսակցութեանց մէջ: Այնպէս որ, մենք արդէն շատոնց վարժուած ենք, որ ձեր այս անկեղծ եւ անցելայուշ փաղաքշանքներով դուք անտեղեակ էք, որ խորքին մէջ մեզ կ՝ապտակէք: Եւ նոյնիսկ մենք մեզ կը համարենք իբրեւ ձեր հնութիւնը… եւ կամ ժամանցի առարկան…»:
Հայ Մնալու Ջանքը
Սակայն եւ այնպէս, առանց խորքը իջնելու, մակերեսային այս հետաքրքրութիւնը տեսակ մը եսասիրութիւն է: Բուն հարցը հետեւեալն է. ինչո՞ւ կորսուեցան: Իսկապէս, ինչո՞ւ կորսուեցան: Այս հարցումը երբեք իրեն ուղղելու առիթը չունեցողներս, պիտի ուզէինք, որ 21-րդ դարու Թուրքիոյ մէջ, Հրանդին պարտադրուած կեանքէն վերջ, առնուազն հարցուցած ըլլայինք: Եւ դարձեալ կը շարունակեմ Հրանդին ձայնով. «Մենք, Անատոլուի հողերուն վրայ չորս հազար, հինգ հազար տարիէ ի վեր ապրող ժողովուրդ մըն էինք, եւ օր մը անհետացանք այս հողերէն: Կտրուեցաւ մեր յարաբերութիւնը այս հողերուն հետ:
Ժողովուրդի մը մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը սերտօրէն կապուած է անոր ապրած հողին, եւ երբ կտրուի արմատներուն հետ կապը, այդ ժողովուրդը կը դադրի ժողովուրդ ըլլալէ: Ա՛յս է բուն պատճառը, որ սփիւռքը տակաւին իր արմատները կը փնտռէ 1915-ին մէջ, որովհետեւ անկէ ետք ան չկրցաւ որեւէ տեղ արմատներ արձակել: Ձեզի կը խօսիմ “հայ մնալու” ջանքի մը մասին: Անկարող էք հասկնալ ասոր իմաստը, որովհետեւ այս հողերուն վրայ իբրեւ թուրք մնալու ջանքի մը մտավախութիւնը երբեւիցէ չէք ունեցած»:
Ինչպէս յայտնի կը դառնայ, ամօթ է ըսելը, երկրին 99 տոկոսը կազմող մեծամասնութեան անդամներուս համար անծանօթ մտահոգութիւններ ունի եղեր Հրանդ: Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր ժողովուրդներէն մէկը համարուող հայերը վերածուեր էին 60 հազարի հասնող փոքրամասնութեան մը, եւ տակաւ փոքրանալով՝ լրիւ կորուստէ մտավախութիւնը ունի եղեր Հրանդ, իր ողջութեան օրերուն:
Սպանութեան տարելիցին մօտեցող այս օրերուն, երբ իր անունը ոճիրի լուրով մը կապակցուելով կը տրուի, իբրեւ՝ “դաւաճան ձեռք մը Հրանդը կռնակէն զարկաւ: Եղբայր մը իր քրոջ վրայ սիրոյ գնդակը արձակեց, որովհետեւ իսլամ տղայ մը կը սիրէր”: Երբ մեծամասնութեան մը պատկանողի հանգստութեամբ եւ բարձրէն նայողի դիրքով նման բազմիմաստ նմանաբանութիւններու կը դիմենք, այս կը նշանակէ, թէ խորքին մէջ այս երկրի քաղաքացին մեծամասնութիւն մը ըլլալու մտավախութիւնը ունի եւ ո՛չ թէ փոքրամասնութիւն: