24 Մարտ 2015-ին Պէյրութի «ՌԱՏԻՕ-ՍԵՒԱՆ» կայքը շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեանին հետ Հայկական Պահանջատիրութեան մասին: Ստորեւ կը ներկաացնենք այդ հաղորդման սղագրուած տարբերակը keghart.com-ի ընթերցողներուն:-Խմբ.
Ի՞նչ կը պահանջուի Անգարայէն:
Հարիւր տարի ետք, ի՞նչ կը պահանջուի, ի՞նչ կը պահանջենք արդի Թուրքիոյ հանրապետութենէն:
Այս հարցը կամ հարցադրումը, ինքնին ունի երկու երես կամ կողմ, թէկուզ ընկալուած ու դասականացած յստակ կամ հասարակաց պատասխանով մը՝
Հայ ժողովուրդին ցեղասպանուած ու տարագրուած ըլլալու իրողութիւնը եւ, անոր յաջորդական զարգացումներու լոյսին տակ, ժառանգորդներու որդեգրած ու որդեգրելի ուղեգիծին ու հետապնդած ծրագիրներուն ճշդումը կամ յստակացումը:
24 Մարտ 2015-ին Պէյրութի «ՌԱՏԻՕ-ՍԵՒԱՆ» կայքը շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեանին հետ Հայկական Պահանջատիրութեան մասին: Ստորեւ կը ներկաացնենք այդ հաղորդման սղագրուած տարբերակը keghart.com-ի ընթերցողներուն:-Խմբ.
Ի՞նչ կը պահանջուի Անգարայէն:
Հարիւր տարի ետք, ի՞նչ կը պահանջուի, ի՞նչ կը պահանջենք արդի Թուրքիոյ հանրապետութենէն:
Այս հարցը կամ հարցադրումը, ինքնին ունի երկու երես կամ կողմ, թէկուզ ընկալուած ու դասականացած յստակ կամ հասարակաց պատասխանով մը՝
Հայ ժողովուրդին ցեղասպանուած ու տարագրուած ըլլալու իրողութիւնը եւ, անոր յաջորդական զարգացումներու լոյսին տակ, ժառանգորդներու որդեգրած ու որդեգրելի ուղեգիծին ու հետապնդած ծրագիրներուն ճշդումը կամ յստակացումը:
ՆԱԽ՝ հարիւր տարուան ընթացքին, կարգախօսներէն ու լոզունգներէն անդին, ի՞նչ եւ որմէ՞ պահանջեցինք եւ ինչպէ՞ս մեր իրաւունքները ներկայացուցինք կամ պաշտպանեցինք, յաչս թրքական իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս՝ աշխարհին:
Կրցա՞նք երկխօսութեան մէջ մտնել թրքական կողմին հետ, անիկա ըլլայ պետական, հասարակական կամ մտաւորական, համակարգուած, համադրուած ու ներդաշնակուած ուժերով, յիսնամեակով շահուած եւ իրագործուած խաղաթուղթերը փոխարինելով նորերով, աւելի ազդու ու շօշափելի տուեալներով հանդէս գալու ու, կամաց-կամաց, ինչպէս միջազգային շրջանակներէ ներս, նաեւ թափանցելու թրքական հանրային կեանքէն ներս:
Պատասխանը՝ միանշանակ դրական չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ, 1965էն մինչեւ 2015 ժամանակաշրջանին, միաձոյլ աշխատանքներու ու գործելաձեւերու բնորոշիչ եւ մղիչ հաւաքական ուժը պակսեցաւ մեր մօտ, աւելին՝ Հայաստանի անկախութենէն ետք, պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, թէ՝ 2009ին, Զուիցերիոյ մէջ, հայկական-թրքական փրոթոքոլային տխրահռչակ արձանագրութիւնները ի՞նչպիսի բեկում ու մասնատում առաջացուցին Սփիւռքի մէջ, իսկ անոնց ի սպառ ջնջումին կամ յետս կոչման յայտարարութիւնը տեւեց շուրջ… վեց տարի:
Կը նշանակէ թէ՝ հայ ժողովուրդը, ի Սփիւռս ու Հայաստան, տակաւին չէ կրցած բռնցքուիլ ու մէկանալ, ի դէմս Թուրքիոյ ներկայանալու միացեալ ճակատով ու միանման թղթածրարով, որպէսզի թրքական իշխանութիւնները չշահագործեն հայ ժողովուրդին բազմագլուխ, բազմաբեւեռ ու բազմատեսակ մասնակցութիւնները, հետեւաբար, տկարացնեն անոր թեզը:
ԵՐԿՐՈՐԴ՝ մենք ո՞րքան լուրջ ու հետեւողական աշխատանք տարինք, ձեւը, միջոցը ու հնարքը գտնելու՝ հասնելու թրքական պատմական արխիւներուն, որոնք հայ դատի իրաւացիութեան եւ իրաւագիտութեան համար կրնան դառնալ անփոխարինելի աղբիւրներ:
Ահաւասիկ իսկական մարտահրաւէր մը, զոր պէտք էր յաղթահարել քաղաքական, դիւանագիտական թէ իրաւաբանական խողովակներով եւ կամ գտնելու այն բանալի կողմերը, որոնք, գէթ ներկայիս կամ ապագայի հաշւոյն կրնան նպաստել՝ հասնելու այդ «մութ դարակներուն ու պահեստանոցներուն», առանց մոռնալու օտար այլ պետութիւններու մօտ ալ հետապնդելու այդ ծրագիրը, մանաւանդ անոնց՝ որոնք հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին, Պոլսոյ մէջ, ունէին իրենց ներկայացուցիչները՝ Ամերիկա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Ռուսիա, Իտալիա, եւայլն, թէեւ, անաչառ ըլլալու համար, փորձեր կատարուած են, սակայն, վերջին յիսուն տարուան չափանիշով, ատոնք… անբաւարար են:
Ի՞նչ կը ներկայացնէ Հայկական Պահանջատիրութիւնը:
Վերջին յիսուն տարիներուն, ամենէն աւելի կրկնուած ու վանկագրուած բառ-հասկացողութիւնը Պահանջատիրութիւնն է, որ իր մէջ կը պարփակէր – ու կը բովանդակէ, բազմաթիւ պահանջքներ, իրենց զանազան դրսեւորումներով ու տարբերակներով, ճանաչումէն մինչեւ ընդունում, ոգեկոչումէն՝ հետապնդում, դատապարտումէն՝ հատուցում:
Այդ բոլորը, ճիշդ է, միշտ հնչեցին ու մնացին ի պատուի, իւրաքանչիւրը արժանանալով համապատասխան ազգային-հասարակական վերաբերմունքի կամ մեկնաբանութեան, բայց, արդեօք ատոնց վրայ յաճախ յամենալը, ընդհանրապէս ներհայկական տարազումներով ու բանաձեւումներով, առանց ՆՈՐ բովանդակութիւն ու բնորոշում տալու անոնց, կրնայի՞ն յաւելեալ «թռիչք» տալ հայկական Ցեղասպանութեան:
Մեր կարծիքով՝ ո՛չ:
Ինչո՞ւ, պարզապէս անոր համար, որ աւանդական ձեւով ու դասական գործընթացով այլեւս կարելի չէ հայկական Պահանջատիրութիւն ըսել ու անցնիլ, այնքան ատեն որ անիկա այլեւս կ’ենթադրէ, այլեւ կը պահանջէ, լայն տարողութեամբ ու միջազգային չափանիշով զայն մեկնաբանել ու մատուցանել քաղաքական, իրաւական, օրէնսգիտական, ցեղասպանական, փորձագիտական ճանաչողական հիմունքներով, անշուշտ, գլխաւորաբար կազմուած ցեղասպանագէտ, իրաւագէտ, դիւանագէտ եւ օրէնսգէտ տարրերէ:
Դժբախտաբար, մենք տակաւին Պահանջատիրութիւն կը յորջորջենք ու կը բարձրաձայնենք, շատ քիչ տեղ տալով անոր արդի եւ ամրակուռ առանցքներուն, ինչ որ կը թուլացնէ անոր արդիւնաւէտութիւնն ու նպատակասլացութիւնը, նաեւ՝ շարունակականութեան երաշխաւորութիւնը:
Նոր սերունդը պէտք է դաստիարակել ու լիցքաւորել Պահանջատիրական այն հրամայականներով, որոնք զինք կը խթանեն աւելի ուժգնօրէն կառչած մնալու անոր հիմունքներուն, փոխանակ մնալու անոր զգացականութեան սահմաններուն մէջ, իրենց անցողակի կամ հպանցիկ դառնալու հաւանականութեամբ եւ անոնց բերած վտանգներով:
Ինչո՞ւ նոր սերունդը պիտի մտածէ, երբեմն ալ՝ փսփսայ, թէ՝ «ինչ պիտի ընենք այդ հողերու վրայ», «ո՞վ պիտի երթայ հոն»: Իսկ ասիկա միթէ չի ՞ նշանակեր, թէ հոս եւս կայ պակասաւորութիւն մը, թերութիւն մը, որուն «յանցաւոր»ը ինք չէ, այլ Պահանջատիրութիւնը զրկել է իր վերանորոգ բովանդակութենէն ու կենդանութենէն, զայն պահելով իր «կրաւորականութեան» մէջ:
Ի վերջոյ, պէտք է ըլլայ իրատես եւ առարկայական. շուտով հարիւրամեակ կը բոլորենք, Հայաստանէն ներս թէ Սփիւռքի տարածքին, որոշապէս խայտաբղէտ կազմակերպութիւններով, ձեռնարկներով ու հաւաքներով, որոնք կրնան նշանակելի իրագործումներ ըլլալ, սակայն, գերկարեւորը եւ գերհիմնականը այն են, թէ արձանագրելի արդիւնքէն ի՞նչ նուաճելի արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգուին եւ ի՞նչ հեռանկար պիտի ստեղծուին, որպէսզի հատուցումի Պահանջատիրութիւնը մնայ պատնէշի վրայ, գործադրելի եւ իրականալի հետեւանքներով, նոր սերունդին հերթափոխութեամբ ու հերթականչութեամբ: