«Իմ Կեանքի Հաւատամքը»: Հեղինակ՝ Ռոմեն Կոզմոյեան:

Գրախօսական

 Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 1 Յուլիս 2016

Գիրք կարդալը իմ նախասիրած զբաղմունքը ըլլալով հանդերձ, երբ կարգը եկած է գրախօսելու, յաճախ դժուարացած եմ այդ ընել, նոյնիսկ ինծի ծանօթ եւ կամ մտերիմ հեղինակներու գործերու պարագային, պարտքի տակ մնալով անոնց: Ուրեմն ինչո՞ւ կը գրուի այս գրախօսականը Ռոմեն Կոզմոյեանի ցարդ հեղինակած առաջին գրքի՝ «Իմ Կեանքի Հաւատամքը» հատորի հրատարակութեան առթիւ, որ լոյս տեսած է 2015-ին, Երեւանի «Մուղնի» հրատարակչութիւնէն:

Բայց նախ, ո՞վ է Ռոմեն Կոզմոյեանը: Մասնագիտութեամբ դիւանագէտ է: Երկար տարիներ աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան մէջ, որպէս Արեւելեան Երկիրներու բաժնի վարիչ: Պաշտօնավարած է նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Խորհրդային Միութեան դեսպանատան մէջ: Ապա Հայաստան վերադարձին, վարած է նոյն Կոմիտէութեան նախագահի տեղակալի պաշտօնը: Թոռն է Սարդարապատի թանգարանին մէջի Մահապարտներու գունդի նկարի կեդրոնին գտնուող հոգեւորականին՝ Տէր Ղեւոնդին, աւազանի անունով՝ Արմենակ Մատնիշեանին եւ զարմիկը նոյն նկարի վարի շարքի աջէն երկրորդին՝ կամաւոր Մուկուչ Մատնիշեանին:

Իսկ ի՞նչ են այն համոզումները, որոնք կը կազմեն Ռոմեն Կոզմոյեանի «Կեանքի Հաւատամքը»:

– Ամէն հայի համար նրա Հաւատն ու Աստուածը պէտք է իր հայրենիքը լինի, իր ժողովուրդը, իր հողն ու ջուրը:

– Ես դաստիարակուել էի այն պատմութեամբ ու բարոյականութեամբ, որ յանուն հաւատի ու գաղափարի, առաւել եւս, հայրենիքի շահի, մօր արիւնով ատրուշան է հանգցուել:

– Ես միշտ գտել եմ առանց բախման ապրելու ճարը:

– Մեր ուժը մեր հաւաքականութեան մէջ է, մեր միասնականութեան մէջ է, որ միշտ օդի ու ջրի նման պէտք է եղել հային: Այսօր այն պէտք է մեր երկրին՝ խիստ անհրաժեշտ միասնութիւն ու միասնականութիւն, մէկ դրօշի տակ համախմբուելու պարտադրանք: Ժամանակը ցոյց տուեց, որ դրօշները, խորհրդանշանները երբեք յաւերժ չեն: Վաղը կարող է մեր դրօշի վրայ մէկ գոյն աւելանալ, (պակասել՝ բացառում եմ), իսկ մեր գործն է պահել, պահպանել մեր հողը, գուրգուրալ այն, զօրակցել մեր ժողովրդին, պահել մեր ինքնութիւնը, հասկացողութիւնները, որոնք մէկ բառով դառնում են դրօշ: Հաւատում եմ ու հաւաստում, թէ այսօրուայ մեր հայրենիքը համայն հայութեան օրրանն է, տունը, օճախը:

– Սփիւռքը օր-օրի կորցնում է առանց այդ էլ իր սակաւ միատարրութիւնը, սնուելով միայն մէկ զարկերակից եւ պտտուելով միայն մէկ առանցքի՝ Հայրենիք շուրջ, որը եւ հանդիսանում է Սփիւռքը պահպանող առաջին եւ ամենահզօր ազդակը:

Աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ երկարող յուշագրութիւններէ քաղուած վերեւի մէջբերումներուն ընդմէջէն կրնաք պատկերացնել, թէ ի՞նչպիսի գործունէութիւն ծաւալած է Ռոմեն Կոզմոյեանը, յանուն հայութեան եւ հայրենիքի շահերուն՝ կամուրջներ նետելով անխտիր բոլորին: Իր յուշապատումները հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականներու մասին, արտացոլացումն են իր հաւատամքին: Ինք անկեղծօրէն կը հաստատէ, որ «իմ կեանքի լիբանանեան պատերազմի շրջանը իւրայատուկ է եղել, որի ժամանակ առաջին հերթին ես ինձ եմ ճանաչել ծայրայեղ վիճակներում, որ հզօր երկրի քաղաքացի ու պաշտօնեայ լինելու հպարտութւինն եմ ունեցել, աշխատանքիս արդիւնքն եմ տեսել, չերկարեմ, այդ շրջանն ինձ համար աստեղային է եղել»: Այս հաստատումը մեզի կը յուշէ Մարթին Լուտէր Քինկի մէկ խօսքը՝ «անհատի մը ծայրագոյն արժեչափը ոչ թէ յարմարաւէտ ժամանակներու մէջ անոր ցուցադրած կեցուածքն է, այլ՝ մարտահրաւէրներու եւ հակամարտութեանց մէջ»: Եւ Ռոմեն Կոզմոյեանի գործունէութիւնը լաւագոյն փաստն է իր հաւատամքին՝ յանուն ազգային շահին, վեր մնալ ամէն տեսակի խտրականութիւնէ եւ հասնիլ նոյնիսկ անոնց, որոնք կը վարանէին ընդունիլ Կոմունիստ Հայաստանի նուէրները:

Վստահ ենք, որ անոնք որոնք պիտի ընթերցեն Ռոմեն Կոզմոյեանի «Իմ Կեանքի Հաւատամքը» գիրքը, իրենց իւրայատւկ տպաւորութիւնը պիտի կրեն անկէ, որովհետեւ բազում են այն գրառումները, որոնք զանազան յիշատակներ պիտի արթնցնեն անոնց մէջ եւ խորհրդածութեանց շարան մը պարգեւեն: Մանաւանդ, անոնց մօտ, որոնք  նոյնիսկ մասամբ ծանօթ են հոն նշուած դէպքերուն եւ դէմքերուն: Երկար է շարանը հայրենի թէ սփիւռքահայ անուանիներու, որոնց հետ շփուած է Պրն. Կոզմոյեանը: Թուենք միայն մի քանին: Խանզատեան, Կապուտիկեան, Քոչար, Սարոյեան, Մավեան, Ծառուկեան, Վահեան, Ադդարեան, Իշխան եւ այլ յարգելիներ: Այս գրախօսականով մենք տուինք մեր կրած ընդհանուր տպաւորութեան համառօտ պատկերը, առանց անդրադառնալու այլ տպաւորութեանց, որոնք նոյնքան ուսանելի, հաճելի, յուզիչ եւ ոգեւորիչ են: 70 յօդուածներէ բաղկացած հատորի 275 էջերը կարելի է կարդալ «մէկ շունչով», որովհետեւ Պրն. Կոզմոյեանի ոճը շատ հեզասահ է, իսկ լեզուն՝ շատ հարազատ ու մտերմիկ: Անգամ մը որ ընթերցողը սկսի կարդալ, պիտի կապուի եւ պիտի չուզէ գիրքը վար դնել, յաջորդ յօդուածի պարունակութեան անմիջապէս տեղեկանալու հետաքրքրութենէն մղուած: Բայց ամբողջ գիրքը կարդալէ ետք, անպայմանօրէն պիտի ուզէ վերընթերցել որոշ հատուածներ, որոնք «մէկ շունչէն» աւելին կը պահանջեն, կարենալ թափանցելու համար անոնց խորքը:

Եւ վերջապէս, պատասխանենք առաջին պարբերութեան մէջի մեր հարցումին, թէ ինչո՞ւ կը գրուի այս գրախօսականը: Պարզապէս շեշտելու համար յոյժ կարեւորութիւնը, որ ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողները պարտին ըլլալ «անաչառ, անկողմնակալ ու երեւոյթներին հեռանկարային պրիզմայով նայելու» ատակ անձնաւորութիւններ: Իսկ երբ ղեկավար դիրքերէ անցած են «հանգստեան», ըլլան նաեւ անկեղծ: Այդ «խոստովանանքը» կ'ընէ հեղինակը, հաստատելով թէ՝ «Տպաւորութիւններս ու գրառումներս խիստ անհատական ու մտերմիկ են, զերծ պայմանականութիւններից ու դիւանագիտական նպատակայարմարութիւնից: Վերջինս ստիպուած եմ գործադրել պաշտօնի բերումով, իսկ թղթի հետ ուզում եմ լինել անկեղծ ու անաչառ»:

Այդ անկեղծութենէն վստահաբար պիտի օգտուին ապագայ ղեկավարներ եւ հուսկ՝ ազգը: Պատանեկան տարիներէս աղօտ կերպով կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Անդրանիկ Ծառուկեանի մէկ արտայայտութիւնը, ղեկավար դիրքերէ հեռացածներուն անկեղծութեան պահերուն յայտնած մտքերուն կամ կատարած խոստովանութեանց կարեւորութեան մասին: Եթէ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ, ակնարկը Կարօ Սասունիի կողմէ պատմութեան կարգ մը մութ էջերը լուսաբանելու մասին էր, հաւանաբար ի տես այդ մութ էջերու պատճառած պառակտումներուն եւ եղբայրասպանութիւններուն, որոնք կը ճնշէին իր խղճին վրայ: Որքա՜ն տարբեր կրնար ըլլալ մեր ճակատագիրը, եթէ մեր մէջ չպակսէին անկեղծանալու յանդգնութիւնը ունեցող ղեկավարներ: Փոխանակ պատմութիւնը խեղաթիւրելու գնով ժամանակաւոր «համբաւ» շահելու բայց հետագային բացայայտուելով բարոյալքուելու եւ այպանուելու, անոնց հանդէպ յարգանքն ու ակնածանքը պիտի խորանար ու գոյատեւէր:  

You May Also Like