
Կարապետ Թաթուլեանի յիշատակին
Հաճընի դիմադրութեան վերջին օրն է: Թշնամին պաշտպանողական դիրքերէն ներս կը խուժէ բոլոր ուղղութիւններէն, թնդանօթային եւ գնդացիրային աքցանի մէջ առած գիւղաքաղաքը: Կռուողները իրենց դիրքերը լքած, խելացնոր վիճակի մէջ, ելած են փնտռելու իրենց ընտանիքի անդամները:



Կարապետ Թաթուլեանի յիշատակին
Հաճընի դիմադրութեան վերջին օրն է: Թշնամին պաշտպանողական դիրքերէն ներս կը խուժէ բոլոր ուղղութիւններէն, թնդանօթային եւ գնդացիրային աքցանի մէջ առած գիւղաքաղաքը: Կռուողները իրենց դիրքերը լքած, խելացնոր վիճակի մէջ, ելած են փնտռելու իրենց ընտանիքի անդամները:
– Թուրքին չենք ուզեր յանձնուիլ, զարկէ’ք մեզի:
Ահաւասիկ վերապրողներէն վկայութիւններ.
Վերապրող Անմեռ կը նկարագրէ յաւէտ անմոռանալի այդ անիծեալ օրը.
– Եղբա՜յր, մա՜յր, քո՜յր, զաւա՜կ պոռացողները հաշիւ չունէին: Ապա իւրաքանչիւր քայլափոխիդ վիրաւորուածներու հեծեծի՞ւնը, “ եղբայր, գնդակահարէ զիս, որ թուրքին ձեռքը ողջ-ողջ չմնամ”ի աղաչանքնե՞րը, որթատունկերուն տակ նետուած մանուկնե՞րը, որոնք զրկուած մօր գիրկէն, չոր գետնին վրայ “ընղա’, ընղա’” … կը ճչան:
Արամ Պաղպուտարեան ականատեսի իր վկայութիւնը կու տայ.
– Օղլուգեանի տան քով դիրք մը կար, որու մէջ երկու զինուած տղաք կային 12 տարեկան, անոնք երբ տեսան թուրքերուն գալը իրենց վրայ, իրարու կ’ըսէին . “ Եկուր դուն զիս զարկ եւ ես ալ քեզ, փոխանակ թուրքին գնդակէն մեռնելու, աւելի լաւ է իրար սպաննենք”: Ու անոնք զէնքերնին իրարու կուրծքին դնելով՝ մէկ, երկու եւ երեք համրեցին եւ զէնքին բլթակը շարժեցին ու միասնաբար նահատակուեցան մեր աչքին առջեւ:
Յարութիւն Ալթունեան կը գրէ.
– … Տեսայ որ թշնամին մտած է հիւանդանոց եւ վիրաւոր, հաշմանդամ հայրենակիցներս վար կը նետէին պատուհաններէն եւ պատշգամներէն: … Սանամայրս՝ Հայկուհին պատերազմին աշխարհ բերած նորածին Ժիրայրը գրկին, լալագին կը ծռէր ձեռքս համբուրելու, մինչ նորածինը անօթութենէ կը ճչար անվերջ: Արամ Մուշեան սեղմելով սանիկիս կոկորդը կը խեղդէ զայն մօր գրկին մէջ, որպէսզի նորածինի ձայնէն չյայտնուէր մեր կայանը:
Տիկ. Ակիւլինէ Խանճեան-Թաթուլեան կը վերյիշէ:
– … Կաթնտու երախաներ խանձարուրներու մէջ փաթթուած գետինները նետուած էին. Ատոնց վրայէն կոխկռտելով անցանք: Այր մարդիկ իրենց ընտանիքը կարգի շարած մէկ կապարով կը գնդակահարէին՝ թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար:
Տիկին Եղիսաբեթ Պալապանեան կը գրէ.
– Աւելի վերը ախոռ մը մտայ, ուր դեղագործ Յովսէփին եղբայրը՝ իր բոլոր ընտանիքը եւ Միհրան Գայեանինն ալ նոյնպէս, կարգի շարած է սպաննելու համար: Ես ալ անոնց մէջ մտայ միասին մեռնելու համար, բայց ան ձեռքէս բռնելով դուրս հանեց շարքէն, “ես քու արիւնդ չեմ մտներ” ըսելով: Յովսէփը եկաւ ու տեսաւ որ չեն մեռած, թոյնը հանեց ու բերաննին լեցուց:


Այս բոլորով հանդերձ,փետրուար 1920-էն, մութ ամպեր սկսած էին կուտակուիլ Հաճնոյ վրայ: Թուրքերը պաշարելով գիւղաքաղաքը, կ’ազդարարէին զէնքերը յանձնել: Անուղղակի առաջարկներ եղած էին քաղաքը պարպելու ու հեռանալու: Հաճընցիք, տեւապէս կապի մէջ ըլլալով Ատանայի մէջ կայք հաստատած Փարիզի Ազգային պատուիրակութեան կամ ամբողջական Հայաստանի Կիլիկիոյ լիազօր ներկայացուցիչ՝ Միհրան Տամատեանին հետ, կը ստանային հաւաստիքներ թէ ասպետական Ֆրանսան պիտի չլքէր զիրենք, թէ հայկական զինեալ ջոկատներ արդէն իսկ կազմ ու պատրաստ էին օգնութեան փութալու պաշարուած Հաճընին:
Հաճընցիք երկա՜ր սպասեցին ֆրանսական օգնութեան, այն օդանաւներուն որոնք զէնք եւ զինամթերք պիտի հասցնէին իրենց եւ ռմբակոծէին թշնամիին դիրքերը: Անոնք ի զուր սպասեցին իրենց զինեալ հայրենակիցներուն գալուստը, որոնք չկրցան Սիսէն քայլ մը անդին անցնիլ, օգնութեան ձեռք մը երկարելու Հաճընին:
Եւ այսպէս օրերը, շաբաթները, ամիսները սահեցան ու հաճընցին կառչած մնաց իր հողին: Հայ կտրիճները, թիւով ոչ աւելի քան 500 հոգի, զինուորական կազմակերպութեամբ մը դիմադրեցին, շարուէ-շարան յարձակող տասնեակ հազարներու հասնող թրքական բանակներուն եւ խուժանին: Անոնք նոյնիսկ դուրս ելլելով իրենց դիրքերէն գրաւեցին թշնամիին յառաջատար դիրքերը եւ մահ ու աւեր սփռող թնդանօթը: Սակայն՝ ռազմամթերքի եւ սննդանիւթի պակասը, յոգնածութիւնը ընկճեց զիրենք եւ Հաճընցիք ինկան զէնքը ձեռին: Վերջին վայրկեաններուն, խոյանալով թշնամիին վրայ, մի քանի հարիւր զինեալներ ճեղքեցին յարձակող խուժանին շարքերը եւ լեռներու մէջ թափառելէ ետք ապահով հասան Ատանա, հոն հաշիւ պահանջելու ազգին պատասխանատուներէն:
– Ու՞ր էր խոստացուած զէնքի, զինամթերքի եւ կռուողներու օժանդակութիւնը:
– Ինչպէ՞ս կ’ըլլար որ ՝ասպետական՝ Ֆրանսան կը լքէր զիրենք:
– Ինչու՞ Հաճընը պատնէշին վրայ առանձին պիտի մնար կասեցնելու թուրքերու մուտքը դէպի հայկական Կիլիկիան:
Այս եւ նման հարցումներ անպատասխան մնացին: Պատասխանատուներ հաշուի չկանչուեցան: Իրենց պարտականութեան մէջ թերացողներ, անձնական շահ եւ պատիւ փնտռողներ , խօսքի վաճառականներ շարունակեցին իրենց առեւտուրը իսկ հաճընցին, պատուով եւ իր արեան գնով վճարեց ու փակեց բոլորին հաշիւները:
16 հոկտեմբեր 2010
Պէյրութ Լիբանան, Նոր Հաճըն թաղամաս:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, յաւելեալ ոգեւորութեամբ մը Նոր Հաճըն թաղամասի մայր պողոտան ողողուած է հոծ բազմութեամբ: Հաճնոյ հերոսամարտէն վերապրողներու հարիւրաւոր զաւակներ, թոռներ, ծոռեր հաւաքուած են ոգեկոչելու հերոսամարտի 90- ամեակը:
Ամբողջ թաղամասը տօնական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ է: Բարեկամներ ու ծանօթներ կը բարեւեն իրարու, կ՝ողջագուրուին եւ անմիջապէս կը հարցնեն. “ Դու՞ն ալ հաճընցի ես”:
Եկեղեցւոյ դիմաց, ճամբուն եզերքին, հարիսայի կաթսաներէն կը բուրէ հաճնոյ աւանդական ճտապուր-մատաղին հոտը: Ներկաները կ’ուզեն անպայման մասնակցիլ մատաղի պատրաստութեան, տախտակէ երկար շերեփներով խառնելու կաթսաներուն մէջ եռացող կորկոտն ու միսը: Անդին, նեղլիկ թաղերէն մէկուն մէջ խորոված կը պատրաստուի ու կը հրամցուի ներկաներուն:
Ս. Գէորգ եկեղեցին լոյսերու մէջ կը շողայ: Մուտքին, երկար նստարաններու վրայ կը հանգչին ՝հին հաճընցի՝ներ, որոնք կը դիտեն ՝նոր հաճընցի՝ներու խանդավառ եռուզերը: Կը յիշե՞ն արդեօք Հաճնոյ բարբառը: Փորձենք. “Ինչո՞ց ես, աղո”: “ Էրինտ եմ”, կը պատասխանէ ՝միէնծ պոպ՝ մը: Խօսակիցս Հաճնոյ պաշարումը ճեղքող՝վերապրողի մը զաւակն է: Ութամսեայ հերոսամարտին մասին շատ բան լսած է հօրմէն: Արդեօք փոխանցա՞ծ է իրեն յանձնուած աւանդը իր զաւակներուն: Անշուշտ. իր զաւակները եւ թոռները ( պըլըզտէքը) այստեղ են, ժողովուրդին մէջ, կը ՝բիլլեն՝ (կը պտտին):
Ճամբուն վրայ հաստատուած շարժական բեմին վրայ կը կարդանք:
՝Կանգուն է միայն Հաճընը սիրուն՝, Կիլիկիոյ աղէտի երգէն բաժին մը, երբ Հաճըն, շնորհիւ իր քաջարի եւ հնարամիտ ղեկավարութեան, զերծ մնացած էր 1909-ի աւերածութենէն ու ջարդէն: Իսկ 1915-ին, Հաճընի եւ շրջակայքի 30000-էաւելի հայութիւնը տեղահան եղած էր իր սիրուն Հաճընէն:
Ներկաներուն կը հրամցուին տոհմիկ պարեր ու երգեր : Կը կատարուին վերյիշումներ անցեալէն՝ հերոսամարտէն , շեշտելով հաճընցիին անշեղ որոշումը հողին փարած մնալու եւ ի պահանջել հարկին, նահատակուելու: Ուրեմն սիրելիներ.
՝ … Բաժակները եկէք խմենք, կենաց հայերին, կենաց Հաճընին:
՝ … Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա:
՝ … Քայլենք միասին ճամբան փառաւոր, դէպի ապագան, պայծառ լուսաւոր:
Այս տարի, երեք օրերու վրայ երկարող ( ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի) հանդիսութիւններով նշուեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտին 90-ամեակը:
Հաճնոյ հայրենակցական միութեան եւ Հայկազեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ գիտաժողով մը, ուր խօսք առին պատմաբան Ժերար Շալեան, Հաճնոյ վերջին հայ քաղաքապետ՝ Կարապետ Չալեանի թոռը, հետազօտող Ռեմոն Գէորգեան, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Արամ Արքուն, երիտասարդ պատմագէտ Վահէ Թաշճեան, ուսուցիչ եւ խմբագիր Անդրանիկ Տագէսեան, Արարատ օրաթերթի խմբագրապետ Ահարոն Շխրտըմեան եւ լիբանանեան խորհրդարանի երկարամեայ անդամ Եղիկ Ճէրէճեան:
Կիրակի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ պատարագեց Լիբանանի առաջնորդ՝ Գեղամ արք. Խաչերեան: Օրուան պատգամը յստակ էր. Հաճընցին ոչ միայն կռուեցաւ ու զոհուեցաւ իր պաշտելի գիւղաքաղաքին համար, այլեւ ամբողջ Կիլիկիոյ եւ ամբողջական Հայաստանին համար:
Եռօրեայ հանդիսութիւնները առիթ ընծայեցին մեզի խոկալու եւ խորհրդածելու:
Կ՝ըսուի թէ մեռնողներ չեն ծերանար:
Ճիշդ է նաեւ այն արտայայտութիւնը թէ ՝հերոսները չեն մեռնիր՝:
Ահա այս տպաւորութեան տակ, խորհրդաժողովին կը զգայինք ՝ներկայութիւնը՝
– Փաստաբան Պետրոս Թէրզեանին՝ Հաճնոյ հերոսամարտի թնդանօթի հրամանատարին, որ մերժելով թուրքերու անձնատուութեան հրաւէրը, թոյն խմելով վերջ տուաւ իր կեանքին:
– Տօքթ. Արմենակ Հայկազեանին, որ Հաճընէն հեռու, Գոնիայի մէջ ձերբակալուելով տարուեցաւ Խարբերդ ուր նաեւ սպաննուեցաւ:
– Անձնուէր հիւանդապահուհի Վերգին Շխրտըմեանին, բժիշկ եւ գիւտարար Տիրան Թերզեանին, գայմագամ Կարապետ Չալեանին, գրագէտ-բանաստեղծ Մարտիրոս Ոսկեանին …:
Շաբաթ գիշերուայ տօնախմբութեան ՝ներկայ՝ են կտրիճները ամբողջ կազմով: Հոն է Հերոսամարտի հրամանատար, վիրաւոր վիճակին մէջ մինչեւ վերջին շունջը կռուող Սարգիս Ճէպէճեանը: Ներկայ է փոխհրամանատար, ՝վրէժ ՝ ձիաւոր խումբի պետ՝ Արամ Կայծակը: Ա,Բ,Գ,Դ վաշտերու հրամանատարներ՝ Կարապետ Օղուլլուգեանը, Մեսրոպ Շխրտըմեանը, Մկրտիչ Մանասէեանը, Վահան Ալթունեանը: Դիմադրութեան հերոսներ՝ Գասպար Վայէճեան, Ղարա Ճէհէնէմ, Անդրանիկ եւ Սմբատ Գայեան եղբայրները, Կարապետ Թուրսարգիսեան, Ասատուր Սաթճեան, Աւետիս Կէրթմէնեան, Մանուկ (Չաւուշ) Շխրտըմեան, տիկիններ Նուարդ Թէլեան, Եսթեր Մալեան, Ակիւլինէ Խանճեան- Թաթուլեան եւ ուրիշներ եւ ուրիշներ:
Իսկ կիրակի՝ Ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան ժամանակ ՝ կը լսուէր՝ որբանոցի 200 որբերուն վերջին աղերսները եւ Հաճնոյ կառավարչատան առջեւ խռնուած անզէն բազմութեան ճիչը, սուրը ձեռքին յարձակող ոճրագործներուն ի տես:
Իսկապէս տարբեր բան ըլլալու էր Հաճընը, որու համար ութ ամիս դիմադրելէ ետք նահատակուեցան հաճընցիք: Իսկ՝ հաճընցիք հպարտօրէն կը շարունակեն ըսել.
– Հէճընցիին նաթրոն պաշխօ է:
– Հաճընցիին տեսակը տարբեր է:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
– Թէրզեան Ս, “Հաճընի ութամսեայ դիւցազնամարտը” , Պուէնոս Այրէս, 1956, տպ. Արարատ:
– Պօղոսեան Յ.Պ, “Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը”, Լոս Անճէլըս, 1942:
– Մանճեան Յ, “ Հաճըն քաղաքի 1920 թուականի ութամսեայ դիւցազնամարտ”, Կիրովական, 1991, Նարեկացի հրատարակչատուն:
– Սեպուհ Մ, “ Հաճընի ողբերգութիւնը”, Հալէպ, 1960, տպ. Անի:
Գրիգոր Գրաճեանի նախորդ գրութիւնները:-
Մենք Հոս Ենք Եւ Հոս Պիտի Մնանք
Արթնցէ’ք, հայեր, արթնցէ’ք
ՊուրճՀամուտ, ՊուրճՀամուտ
Լիբանանի ’58 –ի Ամառը
Երկու պատերազմ՝ երկու դաշնագիր
Ինչպէ՞ս մոռնանք
Վերադարձ
Առաջին Անգամ
I Come from Hajin
Հաճընէն “կագգոմ”
2 comments
Ինկաւ Հաճընը, կ՛ապրի Հաճընցին
Բիւր յարգանք Հաճնոյ դիւցազնամարտը կերտող քաջակորով կտրիճներուն:
Les ecrits de Krikor Kradjian
Comments are closed.