Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 12 յունուար 2019
Սիրելի՛ Աւետիս Ռազմիկ (Փոշօղլեան),
Յուսամ լաւ ես: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ քեզ եւ որդիներդ՝ ամանորին եւ Ս. Ծննդեան առիթներով՝ մաղթելով ամէն լաւն ու բարին, մասնաւորաբար վերջնական կայքի հաստատում Մայր Հայրենիքին մէջ:
«Արարատ»ի թիւերը կը կարդամ թղթային տարբերակով՝ զանոնք Գրիգոր Տաքէսեանին կարգադրութեամբ ստանալով: Այս պատճառով, թերթերը յաճախ ինծի կը հասնին ուշացած, հետեւաբար՝ ընթերցումն ալ կ’ուշանայ, կարդացածներուս արձագանգումն ալ:
Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 12 յունուար 2019
Սիրելի՛ Աւետիս Ռազմիկ (Փոշօղլեան),
Յուսամ լաւ ես: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ քեզ եւ որդիներդ՝ ամանորին եւ Ս. Ծննդեան առիթներով՝ մաղթելով ամէն լաւն ու բարին, մասնաւորաբար վերջնական կայքի հաստատում Մայր Հայրենիքին մէջ:
«Արարատ»ի թիւերը կը կարդամ թղթային տարբերակով՝ զանոնք Գրիգոր Տաքէսեանին կարգադրութեամբ ստանալով: Այս պատճառով, թերթերը յաճախ ինծի կը հասնին ուշացած, հետեւաբար՝ ընթերցումն ալ կ’ուշանայ, կարդացածներուս արձագանգումն ալ:
Քանի մը օր առաջ «Արարատ»ի 29 նոյեմբեր 2018-ի թիւին մէջ կարդացի «Յուշերէն ետք՝ փուշեր (Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան հռչակման առթիւ)» վերնագրուած գրութիւնդ: Համաձայն եմ Հայաստանի հանրապետութեան սովետական շրջանի գնահատականներուդ մեծագոյն մասին, թէեւ այդ վարչակարգն ալ ունէր սեւ ու գորշ կողմեր, որոնց վերաբերեալ հարեւանցիօրէն արտայայտուած ես: Ինչեւէ: Բուն գրութեանս նպատակը ուրիշ է սակայն:
Կը յուսայի, որ պատմաբանի անաչառութիւնդ, այլեւ մինչեւ այդ մասնագիտութեան ձեռքբերումը ուսանիլդ Կիլիկիոյ Աթոռի դպրեվանքին մէջ գոնէ քեզի համար շատ աւելի պարզ պիտի ընէր Մայր Աթոռի այժմու անարժան գահակալին դէմ պայքարին էութիւնն ու վերջնանպատակը՝ Հայ Եկեղեցւոյ, մասնաւորաբար անոր Մայր Աթոռին բարեկարգութիւնը: Սակայն, շատ ցաւեցայ երբ նկատեցի, թէ դուն ալ ինկած ես ապատեղեկատուութեան թակարդը: Երեւի փառք պէտք է տանք, որ իմ ալ մասնակցած «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումին անդամները ուղղակիօրէն չես մեղադրեր Ճորճ Սորոսէն նիւթապէս առատօրէն օգտուելու, սեռամոլագարներ ըլլալու կամ զանոնք պաշտպանելու, աղանդաւորութեան, նոյնիսկ Թուրքիոյ գործակալներ ըլլալու հիմնազուրկ ամբաստանութիւններով:
Սոյն գրութեանդ մէջ կը գրես, թէ «կաթողիկոսին ֆիզիքական ապահովութիւնը վտանգուած է»: Այս յերիւրանքը կը կրկնես նոյն պարբերութեան աւարտին: Այդ մէկը դուն ո՞ւր տեսար: Եթէ ակնարկութիւնդ կը վերաբերի Գնդեվանքի դէպքին, ապա, սիրելի՛ս, այդ ինքն է՝ Գարեգին Բըըը-ն, որ գետակը կը հրէր շարժումի մասնակիցներէն մէկը, որն ստիպուած եղաւ ձեռքը նետել անոր վիզի շղթային: Դուն նման վիճակի մէջ գտնուա՞ծ ես, կրնա՞ս նման վիճակ երեւակայել: Կարծեմ քեզի համար բաւարար պէտք է ըլլար Վայոց Ձորի Քննչական Վարչութեան եզրակացութիւնը այդ տեսանիւթերը ՄԱՆՐԱԶՆԻՆ ստուգելէ յետոյ, որ Գարեգին Բըըը-ին ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար այդ օրը: Սակայն դուն հալած իւղի տեղ ընդունած ես Տէր Վահրամ կոչուած ողորմելի չ-քահանաներու ապատեղեկատուութիւնը:
Կը շարունակես. «… մարդիկ սկսան մտածել հայոց հայրապետը հայ ժողովուրդէն պաշտպանելու մասին»:
Պատմաբանդ պէտք է այստեղ խուսափեր երեք անճշդութիւններէ.
Ա. Քու «մարդիկ» կոչածներուդ մէջ կան քսան տարի ու աւելի ժամանակ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կողոպտած ու կեղեքած ՀՀԿ-ական եւ ՀՅԴ-ական թափթփուքներ, որոնց ապօրինութեանց մասին հարիւրաւոր էջեր գրած ես նոյն թուականներուն: Հիմա անոնք՝ հայ զինուորին տուփեղէնի մսեղէնով իրենց գազանները կերակրող մարդանման գազանները քեզի համար «մարդի՞կ» դարձան… Չեղա՛ւ, Աւետի՛ս, բնա՛ւ չեղաւ…
Բ. Գարեգին Բըըը-ն կը կոչես «հայոց հայրապետ»: Երանի՜ այդպէս ըլլար եւ մենք անոր օրհնութիւնն ստանալու համար զիրար հրմշտկէինք, ինչը կ’ընէինք երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի օրերուն, եւ ամէն մէկս մեր գործով զբաղէինք, քան ահագին ժամանակ եւ միջոցներ վատնէինք հայրապետ կոչուած, իրականութեան մէջ ռոպերթասերժիկական մաֆիայի մէկ օղակն եղած այդ արարածը Ս. Լուսաւորչի գահէն վար առնելու համար: Գոնէ գործածէիր անոր պաշտօնական տիտղոսը՝ «Ամենայն հայոց կաթողիկոս»: Զայն «հայոց հայրապետ» կոչելով՝ բացայայտ համակրանք ցոյց կու տաս այդ անպիտան եւ եկեղեցաքանդ արարածին, ինչը պատասխանատուութիւն կը պահանջէ նաեւ պատմութեան դատաստանին առջեւ:
Գ. Կը գրես, թէ «հայ ժողովուրդէն» է որ Գարեգին Բըըը-ն պէտք է պաշտպանուի: Պահ մը դուն քեզի ինչո՞ւ հարց չես տար, որ եթէ նոյնիսկ այդպէս է իրականութիւնը, ապա ինչո՞ւ «հայ ժողովուրդը» պէտք է այնքան զզուած ըլլայ իր հայրապետէն (sic!), որպէսզի մտածուի այդ ողորմելին պաշտպանել հայ ժողովուրդի զայրոյթէն (Համացանցէն կրնաս եզրակացնել, թէ այդ արարածին անժողովրդականութիւնը կը գերազանցէ 80 տոկոսը հայութեան, 10 տոկոս մըն ալ լման անտարբեր է նման արարածի գոյութեան կամ չգոյութեան նկատմամբ): Եթէ այդ հայրապետ կոչածդ սիրուած ըլլար ժողովուրդէն, վերջինս ԱՆՊԱՅՄԱՆ կը փոխադարձէր այդ սէրը եւ ոչ թէ կը պահանջէր անոր գահընկեցութիւնը: Փաստօրէն, դուն քեզ հակասած ես՝ տուրք տալով անտրամաբանութեան:
Շարունակութեան մէջ կը գրես, թէ Վազգէն Ա.ի օրերուն, «ոչ ոք կը ժպրհէր վիրաւորել հոգեւոր պետը»: Շա՛տ ճիշդ ես: Եւ ինքդ ալ կու տաս այդ փաստին բացատրութիւնը՝ անմիջապէս գրելով. «Ան կը վայելէր յարգանք ու պատկառանք ժողովրդային ու պետական շրջանակներէ»: Իսկ, սիրելի՛ Աւետիս, լաւ պէտք է գիտնաս, որ մարդիկ, ներառեալ հանրապետութեան նախագահներն ու հայրապետները, յարգանք ու պատկառանք կը վաստակին իրենց գործունէութեամբ եւ ոչ թէ ժողովուրդը արհամարհելով, զայն կողոպտելով եւ զայն իշու կամ ստրուկի տեղ դնելով, ինչը կատարեց ռոպերթասերժիկագարեգինական մաֆիոզ իշխանախաւը: Այդ վարչակարգի ապօրինութեանց մէջ դոյզն իսկ չես տեսներ Գարեգին Բըըը-ի ստոր մասնակցութիւնը եւ օրհնութիւնը այդ ապօրինութեան բուրգերու գագաթ, կեղծ ընտրութիւններով իրենց բռնատիրութիւնը հաստատած/շարունակած նախագահներուն, անոնց խնկարկու խորհրդարաններուն եւ այլ պետական անձերուն, որոնց հասցէին, կրկնեմ, տասնամեակներով ի՜նչ վատ խօսքերով չարտայայտուեցար նոյն «Արարատ» օրաթերթին մէջ թէ այլուր ելոյթներուդ մէջ: Հիմա ի՞նչ պատահեցաւ, որ յանկարծ չտեսնելու եւ չլսելու կու տաս Գարեգին Բըըը-ի այդ օրինազանցութիւնները եւ ըստ էութեան այդ հակայեղափոխական թափթփուքը կը պաշտպանես, աւելին՝ զինք կը հաւասարեցնես Հայ Եկեղեցւոյ, մոռացութեան տալով, որ ան այս Եկեղեցւոյ Մայր աթոռի նուիրապետութեան գլուխն է միայն եւ ոչ թէ չորս նուիրապետական աթոռներ ունեցող Հայ Եկեղեցւոյ միակ պետը՝ ինչպէս ինծի կը թուի թէ կ’երեւակայես…
Իսկ դուն դիտեցի՞ր նախորդ տարուան 15 դեկտեմբերին Գարեգին Բըըը-ի պաշըպոզուքներուն կազմակերպած կատաղի յարձակումը «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամներուն ու անոնց ինքնաշարժներուն վրայ՝ Վաղարշապատի մէջ՝ ասողիկ, համբարձում եւ այլ չքահանաներու ու մաղաքիա չ-վարդապետներու ղեկավարութեամբ եւ դիւանապետ/դիւապետ արշակ չ-եպիսկոպոսի ընդհանուր ծրագրաւորումով: Դուն, դպրեվանք ուսանածդ, արդեօք այդպէ՞ս պատկերացուցած կամ հասկցած ես քրիստոնէութեան էութիւնը, որ կարելի է ամփոփոել մէկ բառով՝ ՍԷՐ: Պատահածը հերթական անգամ կ’ապացուցէր, որ հայ ժողովո՛ւրդը պէտք է պաշտպանել Գարեգին Բըըը-ի աղանդի հետեւորդներէն եւ ոչ թէ այդ արարածը՝ «հայ ժողովուրդէն»: Միւս կողմէ, ինչո՞ւ առ այսօր, դէպքէն շուրջ մէկ ամիս ետք իսկ, ձայն-ծպտուն չհանեցիր այս աղաղակող խայտառակութեան մասին, թէ՞ դուն ալ սկսած ես հետեւիլ կապիկի երեք դիրքերուն՝ չեմ տեսած, չեմ լսած, չեմ խօսիր…, ինչը համազօր է պատեհապաշտութեան եւ սազական չէ իսկական մտաւորականի, ինչպէս քեզ գիտէի:
Կը գրես, թէ «այս օրերուն», հայրենական պետութեան մէջ «կը վխտան աղանդներ, այլադաւան եւ այլակարծիք մարդիկ»: Պահ մը դուն քեզի ինչո՞ւ հարց չես տար, թէ Գարեգին Բըըը-ի գահակալութենէն աւելի քան 19 տարի ետք, ինչո՞ւ հայրենական պետութեան մէջ այսօր պէտք է աղանդները վխտային: Այդ յոյժ ցաւալի փաստը չի՞ վկայեր իբրեւ հոգեւոր պետի Գարեգին Բըըըը-ի ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ մասին: Ինչո՞ւ այս մասին եւս կը լռես, փոխանակ անաչառ գտնուելու, ինչպէս քեզ մինչեւ հիմա ճանչցած էի…
Շատ կը ցաւիմ, սիրելի՛ Աւետիս, որ այս գրութեամբդ մեծապէս կորսնցուցիր այն համարմունքը որ քու նկատմամբ ունէի շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր: Այս ցաւը շատ ծանր կը տանիմ, հաւատա՛ սիրելիս:
Լաւագոյն մաղթանքներով ու եղբայրաբար՝ Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 12 յունուար 2019, իրիկուն
Յ. Գ. Գարեգին Բըըը-ի գահընկեցութեան պայքարին մասին ՍԴՀԿ մամուլը առ այսօր ունեցաւ հակասական հրապարակումներ. մինչ Սագօ Արեանը իր լարախաղացութեամբ կը փայլի, Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանը գոնէ կ’ակնարկէ Գարեգին Բըըը-ի անպէտք ու մաֆիոզ արարած ըլլալուն, իսկ դուն այդ արարածը կը պաշտպանես: Այս հակասական կարծիքները ՍԴՀԿ պաշտօնաթերթերու մէջ՝ ցոյց կու տան, որ այս կուսակցութիւնն ալ ժամանակավրէպ դարձած է, ինչպէս թրքերէն ասացուածքը կ’ըսէ՝ «ամէն գլուխէ ձայն մը կը լսուի», եւ ինչպէս մեր ընկերը՝ Յովսէփ Նալպանտեանը անցեալ աշնան Երեւանի մէջ քեզի եւ ինծի կը հաստատէր հերթական անգամ, ՍԴՀԿ-ը աւելի լաւ կ’ըլլայ որ ինքնալուծարուի եւ առանց աւելի մեծ խայտառակութեան իր տեղը գտնէ հայոց պատմութեան մէջ:
1 comment
Kevork Yazejian
Սիրելի Պարոն Եազըճեան,
Շատ կը ցաւիմ գրելու թէ, այս օրերս բոլորդ ալ սկսէր էք ժողովուրդին անունով խօսիլ, բոլորդ ալ սկսեր էք մեր Կաթողիկոսին վրայ ցեխ նետել, բոլոր կուսակցութիւնները ոտնակոխեցիք, ձեզմե զատ ուրիշ լաւ Հայ չմնաց այլևս:
Նախ և առաջ խնդրեմ բացատրեցէք, ո՞վ է ձեզի այդ իրաւունքը շնորհել որ դուք Էջմիածնի ներքին գործերուն մէջ խառնուիք:
Յստակ է որ վերջին ժամանակները դուք անցեալի Եազըճեանը չէք, բոլոր կուսակցութիւններէն ձեր ձեռքերը լուացեր էք, Հայ ազգը անդունդի ճանապարհը բռներ է քանի որ Հայ կուսակցական ղեկավարներուն մեծ մասը աղանդաւոր դարձեր է. խնդրեմ քաջութիւնը ունեցէք հայտարարելու թէ դուք ո՞ր աղանդին կը ծառայէք, մեր Կաթողիկոսին պաշտպանելու տեղ աղանդաւորներուն կը պաշտպանէք, բացատրեցէք:
Ձեր անտեղի զրպարտութիւնները մէկ կողմ դրած, նոյնիսկ որ ձեր բոլոր քննադատութիւնները տեղին ըլլան, մի՛ մոռանաք, «Մենք մեր հիւանդ ոչխարը օտարին առողջ գայլին հետ չենք փոխանակելու»: ԱՄՕԹ Է, ԱՄՕԹ, ոչ մէկերնիդ ձեր ոտքերը ձեր վերմակէն դուրս մի երկարէք, ԱՄՕԹ Է:
Լավ իմացէք, բոլոր ձեր […] իմաց տուէք, մենք, այսինքն ժողովուրդը, այլասէր Կաթողիկոսի կարիքը չունի: Էջմիածնի ներքին գործերուն մէջ թող մարդ իր քիթը չմտցնէ. մենք, այսինքն ժողովուրդը, բացարձակապէս այդ ոտնձգութեան դէմ է:
Ձեր թոյնը մեր իսկական թշնամիին վրայ թափեցէք:
Comments are closed.