«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 27 Նոյեմբեր 2013
Լիբանանահայ ընկերային-մշակութային եւ ազգային-հասարակական կեանքը, հաւատալ թէ ոչ, ընդունիլ թէ ոչ, ծածանող ու տատանող վիճակ մը կը բոլորէ, առնուազն իր որակային կամ մակարդկային արժէչափերով։
Ձեռնարկներու ու հաւաքներու թիւին կամ յաջորդականութեան չէ մեր ակնարկութիւնը, քանի անոնք երբեմն իրար խաչաձեւելու չափ խայտաբղէտ են, այլ՝ հեռաւոր թէ մօտիկ ապագայի հետ անոնց համեմատութեան, որոնցմէ շատ բան զիջած են այսօրուանները, իրենց զանազան կողմերով եւ երեսներով,ինչպէս՝
– Նիւթերու եւ առիթներու ընտրութեան մեծամասնութեան անհրապոյր եւ անհետաքրքիր ըլլալու խորհրդածելի իրողութիւնը
«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 27 Նոյեմբեր 2013
Լիբանանահայ ընկերային-մշակութային եւ ազգային-հասարակական կեանքը, հաւատալ թէ ոչ, ընդունիլ թէ ոչ, ծածանող ու տատանող վիճակ մը կը բոլորէ,
Ձեռնարկներու ու հաւաքներու թիւին կամ յաջորդականութեան չէ մեր ակնարկութիւնը, քանի անոնք երբեմն իրար խաչաձեւելու չափ խայտաբղէտ են, այլ՝ հեռաւոր թէ մօտիկ ապագայի հետ անոնց համեմատութեան, որոնցմէ շատ բան զիջած են այսօրուանները, իրենց զանազան կողմերով եւ երեսներով,ինչպէս՝
– Նիւթերու եւ առիթներու ընտրութեան մեծամասնութեան անհրապոյր եւ անհետաքրքիր ըլլալու խորհրդածելի իրողութիւնը
– Յաճախող հասարակութեան մեծամասնութեան նոյնը ըլլալու մտահոգիչ պատկերը
– Դասախօսներու կամ բանախօսներու մեծամասնութեան «ներածուած» ըլլալու անըմբռնելի երեւոյթը
– Երիտասարդ սերունդին մեծամասնութեան տագնապեցուցիչ բացակայութիւնը
– Մասնագիտական ասպարէզներու մեծամասնութեան նկատմամբ անբնական վերաբերմունքը
Այս բոլորը ինչի՞ կ'առաջնորդեն, եթէ ոչ թուլացումի ու նահանջի, կրաւորականութեան եւ անտարբերութեան, որոնք սկսած են զգացնել իրենց թանձրութիւնը, դառնութիւնն ու ահաւորութիւնը։
Վերոնշեալ (նաեւ այլ) ազդակներէն իւրաքանչիւրը ունի իր պատճառներն ու հետեւանքները, շարժառիթներն ու ազդեցութիւնները, որոնք կը կարօտին լուրջ քննարկումներու ու վերանայումներու։
Սակայն, ամենէն տարօրինակը այն է, երբ հրապարակային հանդիսութիւններու ու գործունէութիւններու կայացման առիթով, «հիւր» զեկուցողներ կը հրաւիրուին կամ կայ հեւք մը զանոնք հիւրընկալելու, կարծես թէ տեղական «ուժեր» չկան, գաղութը ամլացած է կամ համապատասխան թեկնածուներ չկան։
ճշդենք. ո՛չ ոք դէմ է Հայաստանէն թէ արտասահմանէն անուանի մտաւորականներ, փորձագէտներ, գիտնականներ կամ հեղինակութիւններ հրաւիրելու, մանաւանդ երբ անոնք իրենց մասնագիտական կալուածներուն մէջ նորարարական են, իրենց մտածողութեամբ, տրամաբանութեամբ եւ աշխարհագիտելիութեամբ։
Կար ժամանակ, երնէ՜կ ժամանակ, երբ լիբանանահայ մտաւորականութիւնը «հիւր» էր ԱՄԵՆՈՒՐԷՔ, իր խօսքը լսելի դարձնելու, իր փորձը փոխանցելու, իր գաղափարները արտայայտելու, իր վաստակը արժեւորելու։
Ի՞նչ կը նշանակեն այս ընդգծումները։
Անշուշտ, լիբանանահայ մտաւորականութիւնը սպառած չէ իր առաքելութենէն, թէկուզ անոր թիւի նուազումով, բայց, կան թէ՞ չկան տակաւին արժանաւորներ, որոնք կրնան մեր բեմերուն «զարդ»երը կազմել, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս եւ իր կոչումին հարազատութեամբ։
Անցնող տարիներուն եւ յատկապէս վերջին շրջանին, անգամի մը համար հայեացք թող նետուի գաղութային կեանքին վրայ, տեսնելու թէ քանի՞ լիբանանահայ մտաւորական՝ իր մասնագիտութեամբ, բեմ բարձրացած է (կամ բարձրացուա՞ծ)։
Ասկէ՝ ուրիշ մտորում մը եւս. ինչո՞ւ լիբանանահայ երիտասարդութեան տեղ չի տրուիր, դեր չի վստահուիր, իր մասնագիտական գծով «մտաւորական» ըլլալու եւ իր նպաստը բերելու հրապարակային ելոյթներով եւ երեւումներով։
Չկա՞ն այդպիսիներ։ Կա՛ն։ Պէտք է գիտնալ ընտրել ու քաջալերել, վստահիլ եւ առաջադրել, եւ ոչ թէ բաւարարուիլ հատուկենտ կամ պատահական մասնակցութիւններով եւ կամ՝ գեղարուեստական յայտագիրի մը մէջ դեր տալով (թէեւ այս «ճիւղ»ն ալ սկսած է խամրիլ)։
Ո՞վքեր պիտի ընեն ասոնք։
Միթէ պարզ չէ՞։
Ա՛յն կազմակերպութիւնները, որոնք տակաւին կը յաւակնին հաւատալ հայակերտութեան, սերնդափոխութեան եւ յանձնառութեան սլացքին, նախ՝ ինքզինքնին վերանորոգելով, ապա՝ երիտասարդութիւնը առաջմղելով։
Ինչո՞ւ այս մտմտուքը եւ ա՛յս հանգրուանին։
Պարզապէս անոր համար, որ կարծես նորոյթ (՞) դարձած է ամէն ինչ Հայաստանին առնչել եւ անկէ ակնկալել գաղութային մեր կեանքը կենդանացնելու ու հունաւորելու… կայծն ու խայծը։
Ինչպէս խորհրդահայ, նաեւ անկախական շրջանին, բնական ու պարտադիր է, որ սփիւռքահայութիւնը ապրի ու վերապրի հայրենամերձութիւնն ու հայրենակառչածութիւնը, ամրակուռ տարբեր միջոցներով ու կարելիութիւններով, բայց ներելի չէ որ այդ բոլորը իրականանան Սփիւռքի այս կամ այն գաղութի հաշւոյն։
Մեր փնտռածը, պահանջածը ա՛յս է, որ պէտք է ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր հայուն, շրջանակին ու գաղութին, եթէ կ'ուզուի մեզայատուկ ինքնութիւնն ու գոյութիւնը պահել, մեր միջավայրային կենդանութիւնն ու կենսունակութիւնը շարունակել, առանց պորտախզուելու հայրենի իրականութենէն։
Դժբախտաբար, հայրենիքի որոշ ոլորտներու մէջ, ոմանք չեն տեսներ (կամ չեն ուզեր տեսնել) այս մերկապարանոց իրականութիւնը եւ կը կարծեն թէ՝ բարեմտաբար թէ անգիտակցաբար, Սփիւռքին կու տան ուժ, կորով ու լիցք, տեսակաւոր «պատիւ»ներ ընելով, առանց անդրադառնալու, որ այդ ձեւով կարելի չէ Սփիւռք պահել կամ զօրակցիլ անոր, ոչ ալ շքանշաններու փառատօններ սարքելով ու հրաւէրներ բաշխելով։
Այս անհամութեան եւ անհեթեթութեան կրկնուողութեան տենչը, անկախաբար Սփիւռքի նկատմամբ «անլրջանալու» դիտաւորութենէն, արդեօք «շքանշանաբաշխ» կողմերը չի՞ մղեր հասկնալու, թէ՝ ոչ բոլոր պարագաներուն ատոնք բարենիշ, չափանիշ ու խորհրդանիշ են, մնաց որ՝ անգամի մը համար լսելու են հայ հասարակութեան տեսակէտը այս մասին…։
Իսկ այս բեմադրութեան մեծամասնութիւնը (որովհետեւ կան յարգելի պարագաներ ալ), ի՞նչ վարկանիշ կրնայ ունենալ, ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ եւ, վերջապէս, ո՞ւր պիտի հասնի հոսքը, այնքան ատեն որ՝ Հայաստանը ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ Սփիւռքը, կ'անգիտանայ անոր նրբութիւնները, յետոյ, եւ միայն շա՜տ յետոյ, սկսի «մետալ»ներ ապսպրել ու տպել, որովհետեւ Սփիւռք ճանչնալը եւ հասկնալը ո՛չ այցելութիւններով, ո՛չ ծանօթութիւններով, ո՛չ «գիտեմ»ութեամբ կը սկսի ու կը վերջանայ։
Իսկ Սփիւռքը՝ պէտք է հեռու մնայ Հայաստանը նկատելէ լոկ իր զգացականութեան աղբիւրը, որ գովելի ըլլալով հանդերձ, ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ է այլեւս մնալ այդ հորիզոնականին վրայ, ի դէմս պետականութեան մը, որուն այնքան պէտք ունեցած ենք եւ՝ ունինք։
Հայրենի բազմաթիւ մեծամեծներ, իրենց շքանշանները վերադարձուցին (ու կը շարունակեն), ի հարկէ, ամէն ոք իր պատճառը կամ ինքնարդարացումը ունենալով, ուրեմն, այս «շքանշանախաղ»ը գէթ Սփիւռքի պարագային, կա՛մ պէտք է դադրեցնել կամ ալ՝ վերարժեւորել։
Գիտէ՞ք ինչու, որովհետեւ այն տպաւորութիւնը սկսած է ձեւաւորուիլ ու դրսեւորուիլ, որ, այս ընթացքով, Սփիւռքը հետզհետէ կը մղուի «կենսաթոշակ»ի (լիբանանեան ժողովրդային խօսքով՝ «թախաուիտ»), յատկապէս իր մտաւորականութեամբ ու ազգային գործիչներով։ Իսկ ո՞վ կ'ընդունի այս անփառունակութիւնն ու վարկաբեկութիւնը Սփիւռքին նկատմամբ, ատոնք ըլլան ներհայաստանեան թէ արտահայաստանեան կողմեր կամ ձայներ…։
Ասիկա մտածել կու տա՞յ, տուա՞ծ է, հայրենական ու սփիւռքեան… ղեկավարներուն։
Ո՞վ գիտէ։ Who knows։ «Քթօ զնայէթ»։
Յ. Գ. Մենք լիբանանահայ պարունակով ու ակնոցով խորաչափեցինք շարունակուող եւ գործադրուող սովորամոլական այս անհանդուրժելիութիւնը, բայց, ատիկա «հասարակաց» է ԲՈԼՈՐ այն հայագաղութներուն համար, որոնք կը գտնուին նոյն վիճակին մէջ եւ նոյն վերաբերմունքին կ'արժանանան – «կենսաթոշակ»ային հոգեբանութեան դատապարտելի արմատաւորումով։
1 comment
Helpful and Interesting Article
Every Armenian should read this article.
Comments are closed.