
Հին քաղաքակրթութիւններու մօտ, կար փիլիսոփայի կամ դասատուի մը գաղափարը, որ ունէր բազմատեսակ պարտականութիւններ, տարբեր ընկերութիւններէ ներս:
Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ, ընդհանրապէս տղամարդիկը իրաւունքը ունէին հետեւելու ուսման, որոնցմէ միայն հարուստ դասակարգի պատկանողները ունէին անձնական իւրայատուկ ուսուցիչներ, իսկ աղքատ դասակարգի մարդիկ կը յաճախէին փոքր ուսումնարաններ կամ կը հետեւէին իրենց հօր կամ ազգականի արհեստին:



Հին քաղաքակրթութիւններու մօտ, կար փիլիսոփայի կամ դասատուի մը գաղափարը, որ ունէր բազմատեսակ պարտականութիւններ, տարբեր ընկերութիւններէ ներս:
Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ, ընդհանրապէս տղամարդիկը իրաւունքը ունէին հետեւելու ուսման, որոնցմէ միայն հարուստ դասակարգի պատկանողները ունէին անձնական իւրայատուկ ուսուցիչներ, իսկ աղքատ դասակարգի մարդիկ կը յաճախէին փոքր ուսումնարաններ կամ կը հետեւէին իրենց հօր կամ ազգականի արհեստին:
Այս ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ է, որ կարգ մը աշակերտներ դարձած են մեծ թագաւորներ, համեստ ղեկավարներ, լուրջ աշխարհակալներ, եւ խոհեմ կայսրեր: Եւ անոնց յաջողութիւնները հպարտանք պատճառած է ուսուցիչներուն:
Ճիշդ է, որ անցեալին չկային արհեստագիտական դիւրութիւններ, սակայն մարդիկ ստեղծած էին պայմաններ, որոնց միջոցով իրենք զիրենք կը մղէին ձգտելու լաւագոյնին:
Ի՜նչ լաւ կ’ըլլար այսօրուան մեր դիւրին եւ արհեստագիտութեամբ լեցուն աշխարհին մէջ, անձնական դասատու փիլիսոփաներու ներկայութիւնը. դասատուներ որոնք մեզի պիտի կարենային ուղղել՝ դառնալու յաջող եւ փայլուն անհատներ:
Այս բոլոր մտորումները, պարզապէս որովհետեւ շատ յաճախ կը լսէի մեր «մեծերուն» կողմէ արտասանուած հետեւեալ մեղադրանքի բառերը ուղղուած մեզի՝ երիտասարդութեան, «անտարբեր երիտասարդներ»:
Ճառեր եւ դասախօսութիւններ՝ սփիռքահայ երիտասարդի անտարբերութեան մասին, հայրենիքին, լեզուին եւ պատմութեան հանդէպ:
Երկար մտածելէ ետք, եկայ այն եզրակացութեան, որ մեր այս «մեծերը» այս հարցին լրջօրէն չեն մօտենար, այլ անոնք մեզ կը դիտեն եւ կը դատեն մակերեսայնօրէն:
Իսկապէ՞ս սփիւռքահայ երիտասարդը անտարբեր է:
Այո՛, մասնաւորաբար Հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան մէջ:
Սակայն այս հարցը կը պահանջէ լուրջ առարկայական մօտեցում եւ հետապնդում:
Ինչո՞ւ կոչել «անտարբեր երիտասարդներ» երբ մեր մեծերը մեզի հանդէպ անտարբեր են: Ինչո՞ւ չհասկնալ մեր «անտարբեր երիտասարդները» երբ անոնք կեանքի այլ մարզերու մէջ անտարբեր չեն, այլ բծախնդիր, հետեւողական եւ պատասխանատուութիւն ստանձնող անհատներ:
Հայ երիտասարդը այսօր պէտք ունի mentor-ներու, պէտք ունի ճիշդ եւ լուրջ ձեւով ուղղուելու դէպի հայրենասիրութիւն: Փորձառու դաստիարակները անհրաժեշտ են, որպէսզի իմանայ եւ հասկնայ իր պարտականութիւնը հայ գաղութին մէջ, իբրեւ հայ երիտասարդ: Պէտք է հասկնայ որ վաղուան մեր ղեկավարը ինքն է եւ այդ մէկը իրականացնելու համար պէտք է ըլլայ լաւ հայ:
Կ’ըսեն, թէ հայ ըլլալը շատ դժուար է, արդեօ՞ք որովհետեւ լաւ մարդ ըլլալու կողքին, նաեւ պէտք է ըլլանք լաւ հայեր:
Այս գրութիւնս «բաց նամակ» մըն է փոխանցուած մեր «մեծերուն», որոնց հանդէպ ունիմ մեծ յարգանք, սակայն ինչպէս որ իրենք կը հաւատան, թէ սփիւռքահայ երիտասարդը կրնայ աւելին փոխանցել հայութեան եւ հայ գաղութին, նոյնպէս ալ ես եւ իմ նմաններս, կը հաւատանք, որ մեր «մեծերը» կրնան մեզի աւելի լաւը տալ, շատ աւելի լաւ ձեւով:
Ո՛չ մէկ ցաւ կամ վիրաւորանք թող պատճառէ այս հարցը, որովհետեւ բարձրաձայն եւ անկեղծօրէն արտայայտուելով է, որ մեր «մեծերը» մեզի կրնան լսել եւ հասկնալ:
Ո՞վ ըսաւ թէ հայ երիտասարդը չի սիրեր երբ լսէ կամ ընթերցէ Րաֆֆիին «Խենթը» կամ «Խաչագողի Յիշատակարանը», Պետրոս Դուրեանի՝ «Լճակը», Շահան Շահնուրի՝ «Նահանջը Առանց Երգի», Նար Դոսի՝ «Սպաննուած Աղաւնին», Արամ Հայկազի՝ «Կարօտ»-ը:
Ո՞վ ըսաւ որ հայ երիտասարդը հետաքրքրուած չէ Հայոց Պատմութեամբ, հայկական ճարատապետութեամբ, երաժշտութեամբ, եւ արուեստով:
Արդեօ՞ք եթէ այս բոլորը աւելի արդիական եւ հետաքրքրական ձեւով փոխանցուի հայ երիտասարդին, ան աւելի լաւ պիտի չճանչնա՞յ իր պատմութիւնը, աւելի ամուր պիտի չկապու՞ի իր ազգին ու պատկանելիութեան, պիտի չշարունակէ՞ նախնիներուն երթը, եւ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ պիտի չ’աւելցնէ՞ հայազգի արուեստագէտի, զօրավարի, ղեկավարի, եւ կամ երաժիշտի նոր անուններ:
Ինչպէս որ «Մէկ ձեռքով կարելի չէ ծափել», այնպէս ալ «անտարբեր երիտասարդը» պիտի չկարենայ նորութիւն բերել հայ կեանքէն ներս, առանց մեր մեծ դաստիարակներու օգնութեան եւ առաջնորդութեան:
Մենք պիտի չկարենանք մեր ձեռքերով ծափել, եթէ անշուշտ մեր մեծերուն ձեռքերը չմիանան մեզի:
Մենք պէտք ունինք ձեր առաջնորդութեան , իսկ դուք՝ մեր ուժերուն եւ երազներուն:
3 comments
Congratulations
Splendid article. Gassia, you put your finger on the wound. I hope it echoes with whom it may concern.
Young and Old
Thank you, Gassia. Well said and timely.
Years ago there was a popular phrase in North America: Generation Gap. We are suffering from a generation gap, specially in overseas communities where the Armenian young are born and raised while, in many cases, their parents come from the Middle East, Armenia, Iran, former Soviet republics.
I hope your call results in gatherings and eventually concrete actions.
Younger and Older Armenians
Comments are closed.