Հայացուց Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, Մայիս 2014
Ապրիլ 24-ի մը քննարկումը
Պասքըն Օրան, Radikal
Ճիշդ կ՝ըլլայ որ հայեր այլեւս նոր հանգրուանի մը անցնին, այսինքն համատեղ գործակցութեամբ ծրագիրներու հանգրուան. ասիկա ամենամեծ հարուածն է որ կարելի է տալ թուրքիոյ բոլոր ժխտողականներուն եւ ամենալուրջ զգուշացումը ընել մարդկային խիղճին:
Ես ''մոխրագոյն'' մըն եմ, եւ այս պատճառով շատ ընդունելութիւն չեմ գտներ ո'չ սեւերուն ո'չ ալ ճերմակներուն մօտ: ''Հայկական ջարդեր'' բառեզրը գործածելուս պատճառով (առաւել, պետութեան ներողութիւն խնդրելու եւ հատուցում կատարելու պարտաւորութեան պահանջովս) կ'անհանգստանան թուրքերը, իսկ ''Հայոց ցեղասպանութիւն'' բառեզրը չգործածելուս պատճառով կ'անհանգստանան հայերը եւ ներկայիս կարգ մը թուրքիացիներ:
Հայացուց Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, Մայիս 2014
Ապրիլ 24-ի մը քննարկումը
Պասքըն Օրան, Radikal
Ճիշդ կ՝ըլլայ որ հայեր այլեւս նոր հանգրուանի մը անցնին, այսինքն համատեղ գործակցութեամբ ծրագիրներու հանգրուան. ասիկա ամենամեծ հարուածն է որ կարելի է տալ թուրքիոյ բոլոր ժխտողականներուն եւ ամենալուրջ զգուշացումը ընել մարդկային
Ես ''մոխրագոյն'' մըն եմ, եւ այս պատճառով շատ ընդունելութիւն չեմ գտներ ո'չ սեւերուն ո'չ ալ ճերմակներուն մօտ: ''Հայկական ջարդեր'' բառեզրը գործածելուս պատճառով (առաւել, պետութեան ներողութիւն խնդրելու եւ հատուցում կատարելու պարտաւորութեան պահանջովս) կ'անհանգստանան թուրքերը, իսկ ''Հայոց ցեղասպանութիւն'' բառեզրը չգործածելուս պատճառով կ'անհանգստանան հայերը եւ ներկայիս կարգ մը թուրքիացիներ:
Սուգը մինչեւ երբ
Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումները մեր մօտ տակաւին նորածին կարելի է համարել, սակայն արդէն իսկ սկսած է ինքզինք կրկնել. հարկ է կանխել որ Հոկտեմբեր 10-ի մը չվերածուին (Աթաթիւրքի մահուան թուականը -Գ.Կ.): Գերեզմանատուներու մէջ կազմակերպուած ոգեկոչումները կէտէ մը անդին կը դառնան սովորական, պաշտօնական, նոյնիսկ ձանձրացուցիչ: Քաղաքական գիտութեան մէջ ''Գաղափարաբանութեան ժխտական գործընթացը'' համարուող պարագան, այսինքն նպատակին հակառակը կրնայ ստեղծել: Պոլսոյ եւ քաղաքակիրթ տարբեր քաղաքներու մէջ այդ օր խորհրդանշական ոգեկոչում մը կ'ըլլայ, գերեզմաններու ալ այցելութիւն կը տրուի: Սակայն գլխաւոր ձեռնարկը որ պիտի ազդէ եւ տպաւորէ հայերն ու 76 միլիոն թուրքիացիները միաժամանակ պէտք է կեդրոնանայ տարբեր հունի մէջ: Արտասահմանէն գալիք հայերու հետ համատեղ գործակցութիւն պէտք է իրականացուի, hամատեղ խորհրդաժողովներ եւ արուեստի ձեռնարկներ, եւ մասնաւորաբար օսմանահպատակ հայերու բնակատեղիներու միացեալ այցելութիւններ եւ պտոյտներ պէտք է կազմակերպուին:
Անպայման պանդոկ չպահանջող հիւրերը կարելի է հիւրասիրել յարմարաւէտ բնակարաններ ունեցողներու մօտ. եւ 1915-ին հայապատկան 2538 եկեղեցիներէն, 451 վանքերէն, այդ օրերուն 173 հազար աշակերտութիւն հաշուող 1996 դպրոցներէն եւ դեռ քանի հատ որբանոցէն կարելի է ամէն տարի մի քանի հատ զատել եւ այցելել:
Սակայն պէտք չէ միայն փլատակներով բաւարարուիլ, այլ Աղըրնասցի (Կեսարիա) մեծն Սինանի եւ Պոլսեցի Պալեաններու կերտած կոթողներէն քանի մը հատին ալ այցելութիւն տալ. օրինակ Սիւլէյմանիյէ մզկիթին, Պէյլէրպէյի պալատին, Տարբհանէ-ի Ամիրէին, Միհրիմահ Սուլթան մզկիթին, Չըրաղանի պալատին, Տաւութփաշա զօրանոցին, Պայազէտի աշտարակին, Աքարէթներուն, Վալիտէ մզկիթին եւ Տոլմապահչէ պալատին …
Այսպիսով, սա մեծ ճշմարտութիւնը պէտք է օրակարգի բերուի եւ 76 միլիոնին յայտարարուի որ, օսմանցի հայերուն կրած կրօնա-ազգային մաքրագործումը որ մարդկային յանցագործութիւն կը համարուի, ո՛չ միայն հայերը այլ մասնաւորաբար Անատոլուն մատնած է ողորմելի վիճակի: Այսօր քիւրտերուն ինքնակառավարման համար տարուող բարեփոխութեան աշխատանքները այդ օրերու Բարձր Դրան համար դժուար գործադրելի թուացած էր, ուրեմն աւելի դիւրին ճամբան ընտրուած էր ոչնչացնելու համար Անատոլուի ամենամեծ քաղաքակրթութիւնը եւ այսպիսով ամլութեան մատնուած եւ խոպան դարձած էր այդտեղի մարդն ու հողը:
Արտերկրի հայերը ինչպէ՞ս կ'ուզեն ոգեկոչել Ապրիլ 24-ը, կ'ուզե՞ն զօրակցիլ այսպիսի գաղափարի մը. անոր չենք կրնար խառնուիլ. սակայն, կարծիքովս այս բաները թուրքիացիներուն (եւ ամբողջ աշխարհին) պատմելու ամենաազդեցիկ ճամբան այս է: Եթէ մենք կարողանանք այս ցաւալի օրը մոմավառութենէն եւ սուգէն կամաց-կամաց փոխադրել երկու հաւաքականութիւններու միչեւ գործակցութեան, հաւանութեան արժանացած կ’ըլլանք նաեւ ամբողջ աշխարհին կողմէ հետզհետէ որդեգրուող ‘’երկրորդ ուղիին’’, այսինքն ոչ-պաշտօնական երկրորդ ճամբան: Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիան հասցուցած կ’ըլլանք շատ կարեւոր հանգուանի մը, որովհետեւ երբ պետութեան յօրինած ‘’բունը անոնք մեզ ջարդեցին’’ պատմութիւնը սկսաւ ծիծաղելի դառնալ, այս անգամ ստեղծեցին ‘’մուքաթէլէ’’ այսինքն ‘’երկուստեք կոտորած‘’ բառեզրը, եւ ըստ երեւոյթին պիտի չկարենան ձերբազատուիլ այսպիսի խեղճութիւններէն:
Ինքզինք բնորոշել իբրեւ իրաւազրկուած
Ամէն մարդ կամ հաւաքականութիւն ինքզինք երկու ձեւով կը բնորոշէ. Ա. Որու դէմ ըլլալով եւ Բ, Ինչ ըլլալով : Աւելի դիւրին եւ տարածուածն է առաջինը, որ անձը կամ հաւաքականութիւնը կէտէ մը անդին ամէն բանէ առաջ ի'ր իսկ աչքին առջեւ կը մաշեցնէ: Շատ մը հայերու զայրոյթը գրգռելու հաւանականութիւնը աչքի առնելով ըսեմ որ հայեր յաւիտեանս չեն կրնար շարունակել այս առաջին բնորոշումով որ յառաջացած էր թուրք պետութեան խայտառակ ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով, առ նուազն 1965 թուականէն սկսեալ:
Այս նիւթին կապակցաբար Հրանդ հետեւեալը գրած էր 2004-ին, ''Հայ ժողովուրդը պէտք է այլեւս ձերբազատուի այն սխալէն որ հայ ինքնութեան առկայութիւնը կը պայմանաւորէ ֆրանսացիին, գերմանացիին, ամերիկացիին եւ մանաւանդ թուրքին ցեղասպանութեան ընդունման կամ մերժման հետ (…) Հայ ինքնութեան ազատագրումը ''թուրք''էն շատ պարզ է, չզբաղուիլ ''թուրք''ով … եւ այլեւս Հայաստանի վրայ կեդրոնանալ: Թուրքէն պարպուելիք այդ թունաւոր արեան տեղ լեցնելիք մաքուր արիւնը կը գտնուի հայուն Հայաստանի հետ ստեղծելիք ազնիւ երակին մէջ'': Անշուշտ մեծապատիւ մեր դատարանը վերջին նախադասութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով, ''թրքութիւնը նախատելու'' յանցանքով դատապարտած էր Հրանդը, այդ ալ առանձին … Այս վճիռը տուողներուն թոռները շատ պիտի խպնին ապագային:
Կեանքի մէջ ամէն բան հանգրուաններու յաջորդականութեամբ յառաջ կու գայ, անգամ մը որ ուղեգիծի վրայ դնես պայման չէ որ հեզասահ մինչեւ վերջ մէկ ամբողջութեան մէջ հասնի: Հակառակ որ անմեղ եւ բոլորովին անտեղեակ անձեր (թուրք դիւանագէտները) սպաննելը շատ անմարդկային էր, սփիւռքը Հայ Գաղտնի Բանակի հանգրուանը գործադրեց 1973 էն 1985-ի միջեւ, որպէսզի աշխարհ այլեւս իմանայ 1915-ի խայտառակութիւնը: Լաւ, հայերու դիտանկիւնէն յաջողութեամբ ընթացաւ, այս ալ շատ լաւ. սակայն վերջը այս փուլը ինքզինք սպառեց որովհետեւ նոյնիսկ հայերուն սկսաւ վնաս պատճառել. զայն սկսողները իրե'նք վերջացուցին:
Խորհրդարաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ընդունած որոշումներն ալ այսպիսի հանգրուան մըն է. տակաւին չէ բայց շատ մօտ ապագային պիտի դառնայ սովորական, նոյնիսկ սկսաւ կորուստներ արձանագրել Ֆրանսայի եւ ԵՄԻԱ-ի մէջ քաղաքական եւ իրաւական իմաստով: Որքան որ ալ դժուար թուի , աւելի ճիշդ կ'ըլլայ որ հայեր նոր հանգրուան մը թեւակոխեն. Այսինքն վերը բացատրուած համատեղ գործակցութեամբ ծրագիրներու հանգրուանին: Ա'յս է որ ամենածանր հարուածը պիտի իջեցնէ թուրքիոյ բոլոր ժխտողականներուն եւ ամենալուրջ զգուշացումն ու նպաստը պիտի բերէ մարդկային խիղճին: Մօտեցող 2015 թուականը անվտանգ անցընելու համար մեր պետութիւնը ամօթալի ծրագիր մը որդեգրած է Ազրպէյճանի գործակցութեամբ, ահա ա'յս ծրագիրին տրուելիք ամենալաւ պատասխանն է ասիկա: Հայկական հարցի առնչութեամբ, Համիտիէ գունդերը ինչ որ էին Ապտիւլհամիտի ժամանակ, այսօր ալ Ազրպէյճանը նոյն բանն է Էրտողանի համար:
Քրտական հարցին հետ առնչութիւն
Իթթիհատ եւ Թերաքքին Ա. Աշխարհամարտին մասնակցեցաւ պարզապէս չեղեալ համարելու համար փետրուար 8, 1914 թուականին ստորագրուած Ռուս-Օսմանեան համաձայնագիրը որուն համաձայն հայերուն պաշտպանութիւնը կը տրուէր ռուսերուն, եւ հայերը բնաջնջած է պարզապէս որովհետեւ հայերը էութիւնն էին այս համաձայնութեան: Լաւ, բայց Բարձր Դուռը ինչու ստիպուած էր ստորագրելու այս փաստաթուղթը. պարզապէս որովհետեւ 1850-ականներէն ի վեր յամառօրէն մերժած էր հայկական հարցին մէջ ինքնակառավարման բարեփոխումներ մտցնել:
Հարկ է որ ասիկա շատ լաւ հասկնանք եւ հասկցնենք որպէսզի հիմակուընէ տեսնուի թէ քրտական հարցին մէջ ալ ինչպիսի պարտութեան մը կ'առաջնորդուինք:
*****
301 բանուոր մեռցուր, սակայն մի' դպչիր 301րդ յօդուածին
Պելտա Կիւրսել, Radikal
“Այն անձը որ թուրք ազգը, թուրքիոյ հանրապետութիւնը, թուրքիոյ
Հրանդ Տինք, 2002 թուականին Ուրֆայի մէջ տուած բանախօսութեան մը ընթացքին ըսած էր, “Ես թուրք չեմ, այլ թուրքիացի հայ”: Այս յայտարարութեան համար, թրքութիւնը նախատելու ամբաստանութեամբ, ան 301րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն դատի կանչուեցաւ եւ 3 տարի տեւող դատավարութենէն ետք անպարտ արձակուեցաւ: Փետրուար 13, 2004-ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ գրած էր, “Թուրքէն պարպուելիք այդ թունաւոր արիւնին տեղ պիտի գայ լեցնելու այն արիւնը որ կը գտնուի հայուն Հայաստանին հետ կազմելիք ազնիւ երակին մէջ”: Դարձեալ թրքութիւնը նախատելու ամբաստանութեամբ եւ 301րդ յօդուածով դատ բացուեցաւ իր դէմ եւ 6 ամսուայ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Այս միջոցին, կարգ մը թերթեր եւ յօդուածագիրներ (որոնց շարքին Էմին Չէօլաշան) Հրանդ Տինքը ուղղակի թիրախ դարձնող յօդուածներ հրապարակելով զինք սպաննութեան տանող ճամբան հարթեցին:
Իբրեւ եզրակացութիւն որ չափազանց կարեւոր է, մեր ազգին որեւէ վտանգ չսպառնալու համար ճամբուն մէջտեղը սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք: Աւելին, յետմահու շարունակուող դատավարութեամբ է որ հաստատուեցաւ բանտարկութեան իր վճիռը: Այսպիսով փրկուած եղաւ մեր փառքն ու պատիւը, եւ ո՛չ մէկ վնաս հասաւ մեր թրքութեան, փառք Աստուծոյ:
Հիմա մեր դէմը 301 մը եւս կայ: Ա՛յս 301-ը գրաւոր յօդուած մը չէ որ հակառակիլը յանցանք համարէ: Այս 301-ը Սոմայի աղէտին զոհ գացած անձերուն թիւն է. այլեւս գոյութիւն չունի 301 մարդ, 301 հայր, 301 եղբայր, 301 ընկեր, 301 սիրելի: Չես կրնար հաշուել եթէ ուզես հաշուել, չես կրնար մտածել եթէ ուզես մտածել. 301 օճախ մարեցաւ.
Այո՛, ո՛չ մէկ բան պիտի ըլլայ. ցուցադրութեան համար քանի մը հատ յանցաւոր պիտի գտնուի, իբրեւ թէ կարգադրութիւններ պիտի ըլլան, (տուժող) ընտանիքներուն չնչին օգնութիւններ պիտի ղրկուին եւ վերջը ոչինչ: Բոլորդ եւ բոլորս շատ լաւ գիտենք որ վերջաւորութիւնը այսպէս պիտի ըլլայ:
Ա՛յս երկրին մէջ 301 մը կայ որ ի զօրու է մարդու մը կեանքը խլելու, սակայն միւս 301-ը անզօր է նոյնիսկ մէկ հոգի իր աթոռէն վար առնելու, որովհետեւ անզօր, տկար, առանձին եւ ճարահատ է: Այս երկրին մէջ արդարութիւնը 301-րդ յօդուածին կողքին է, սակայն 301 հանքագործին կողքին չէ. որովհետեւ տարբեր են մեր առաջնահերթութիւնները: 0րինակի համար թուրք ըլլալն է առաջնահերթութիւնը. ազգութիւնը կարեւոր է մանաւանդ թուրք ըլլալ շատ կարեւոր է: Հանքագործ ըլլալ անկարեւոր է, իսկ եթէ ան մահացած մէկն է, երբեք կարեւոր չէ:
Աստուած մի արասցէ, եթէ ձեր բերնէն կամ գրիչէն թրքութիւնը վիրաւորող նուազագոյն բան մը սպրդի դատի կը կանչուիք, նոյնիսկ եթէ մահանաք ձեր դատը կը շարունակուի, եւ ի վերջոյ կը ստանաք արդար պատիժը ձեր գործած ահաւոր յանցանքին համար: Սակայն եթէ որեւէ դեր ունեցած եք 301 հոգիի մահուան մէջ, քանի մը դժուար օրեր անցընելէ ետք (օրինակ, երկու օր միեւնոյն շապիկը հագուելու ստիպողականութեան տակ մնալով դժբախտաբար) թիւրաւ ձեր հին կեանքին կրնաք վերադառնալ, կարծես ոչինչ պատահած ըլլար:
Երբ 301 լսէի միշտ Հրանդը կը յիշէի, այլեւս թէ Հրանդը եւ թէ Սոման պիտի յիշեմ, մէկ ալ արդարութեան գոյութիւն չունենալը այս հողերուն վրայ: