Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 22 Նոյեմբեր 2014
Մեր պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, մեր անձնական երազներու հետապնդման կողքին, մեր մտածումներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր նաեւ «Մեծ Երազ»ը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ազատ ու անկախ հայրենի պետականութեան, մեր պատմական գրաւեալ հողերու ազատագրման եւ մեր երկիր վերադարձի երազը: Այդպէ՛ս կը դաստիարակուէինք ու կը հաւատայինք:
Եկաւ այն սպասուած պատմական պահը, երբ մեր «Մեծ Երազ»ը իրականացնելու առիթները պարզուեցան մեր առջեւ: Հարիւր հազարներու միասնական կանչերն ու երթերը պտղաւորուեցան ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամակցումով: Հազարաւոր հայորդիներու պայքարով ու կեանքերու զոհաբերումով ազատագրուեցաւ Արցախը: Աշխարհացրիւ հայութեան կիզակէտը դարձաւ Հայաստան աշխարհը:
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 22 Նոյեմբեր 2014
Մեր պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, մեր անձնական երազներու հետապնդման կողքին, մեր մտածումներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր նաեւ «Մեծ Երազ»ը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ազատ ու անկախ հայրենի պետականութեան, մեր պատմական գրաւեալ հողերու
Եկաւ այն սպասուած պատմական պահը, երբ մեր «Մեծ Երազ»ը իրականացնելու առիթները պարզուեցան մեր առջեւ: Հարիւր հազարներու միասնական կանչերն ու երթերը պտղաւորուեցան ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամակցումով: Հազարաւոր հայորդիներու պայքարով ու կեանքերու զոհաբերումով ազատագրուեցաւ Արցախը: Աշխարհացրիւ հայութեան կիզակէտը դարձաւ Հայաստան աշխարհը:
Բայց … սկզբնական շրջանի այս խանդավառութիւնէն ետք սկսանք ականատես դառնալ այնպիսի երեւոյթներու, որոնք անյարիր էին մինչ այդ պահը ընդունուած մտայնութեան եւ աւանդուած ուսմունքներուն: Սկսանք հարց տալ թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ազգի համար բախտորոշ պահին, հայրենի հողի ազատագրման ճակատագրական կոչին այդքան սակաւաթիւ սփիւռքահայեր արձագանքեցին: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ կողք կողքի թշնամիին դեմ պատերազմի ելած ընկերներ, հասարակաց թշնամիէն աւելի սկսին զիրար ատել, զիրար ջեզօքացնելու աստիճան: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ իր կեանքը վտանգելու գնով պատերազմի մեկնած հայրենասէրը, տուն վերադարձին դառնայ այնքան անձնասէր, որ չտատամսի յօգուտ իր գրպանին կողոպտելու հարենիքը: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ բազում հազարաւորներ ոտքի հանող վեհ գաղափարներ մէկ օրէն միւսը լքուին ու արհամարհուին: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ամբողջ ազգ մը գերին դառնայ պատեհապաշտ խմբակի մը:
Արդեօ՞ք մինչ այդ ընդունուած հասարակաց ըմբռնումներն ու արտասանուած խօսքերը պարզապէս շղարշ էին, որ կը ծածկէին իրականութիւնը: Արդեօ՞ք մարդիկ չէին հաւատար իրենց արտասանած խօսքերուն, բայց եւ այնպէս կ'արտասանէին պարզաապէս խաբելու համար իրենց շրջապատը: Արդեօ՞ք Յովհաննէս Թումանեանի ու Աւետիք Իսահակեանի, Եղիշէ Չարենցի ու Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի ու Սիլվա Կապուտիկեանի, Համօ Սահեանի ու Վահագն Դաւթեանի պատգամները պարզապէս վայրկեանական գոհացման համար էին եւ ոչ թէ կեանքի ուղեցոյց: Արդեօ՞ք քաղաքակրթութեան օրրան համարուող, հազարամեակներու ճանապարհ կտրած ու պատմութեան հարուստ փորձ կուտակած նոյն ազգն ենք մենք: Արդեօ՞ք հակառակ մեր մեծաշռինթ հայրենասիրական խօսքերուն, ափրիկեան Պոթսուանայի, Ղանայի կամ Սենեկալի չափ ալ չկա՞նք, որ տէր կանգնինք մեր երկրին ու ժողովուրդին: Արդեօ՞ք ինքնախաբէութիւն էր այդ բոլորը, որ յօդս ցնդեցաւ իրականութեան հետ առաջին բախումէն իսկ:
Ո՞րն է ելքը մեր ապրած այս յուսախաբութիւններուն: Պատասխանը տուած էր Խորենացին աւելի քան 1500 տարիներ առաջ իր «Հայոց Պատմութիւն»ով, ցոյց տալով «փոքր ածու»է մեծ ազգ դառնալու
Պատասխանը տուած էր նաեւ Րաֆֆին մօտ 150 տարիներ առաջ: Կարդացէք մեր այս յօդուածի աւարտին զետեղուած ու մեր խորհրդածութեանց ներշնջում հանդիսացած հատուածները Ռաֆֆիէն: Ըստ իրեն, պատասխանը Ինքնաճանաչութիւնն է: Սոկրատեան «Ծանի՛ր զքեզ»ը: Նախ ճանչնալ ինքզինք ու ապա ազգը: Ճանչնալ մասնիկը ու ապա ամբողջը: Ու ըստ այնմ ապրիլ եւ ստեղծագործել: Ըստ Ռաֆֆիի, ինքնաճանաչութեան հայրը (բարի) նախանձն է, իսկ մայրը՝ դժգոհութիւնը: Ամէն մէկ հայ պէտք է բարձրաձայն հարց տայ. «այ՞ս էր իմ Մեծ Երազը»:
Դժբախտաբար հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը բացասական պատասխան պիտի տայ այս հարցին, Եղեռնի հետեւանքով պապենական հողէն տարագրուած հայէն մինչեւ վերջին տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած հայը: Ուրեմն բոլորս պարտինք բարձրաձայնել մեր դժգոհութիւնը այն բոլոր առատաւոր երեւոյթներու եւ առատաւոր մարդկանց դէմ, մանաւանդ ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողներուն, որոնք պատճառ կը դառնան համազգային յուսախաբութեանց:
Չի՛ բաւեր ինքնաճանաչման միջոցաւ պատռել ինքնախաբէութեան շղարշը, այլ պէտք է անցնիլ անկէ անդին: Վերեւի խորագրի «Անդին»ը այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու կոչ է: Կոչ ընդվզման՝ փոքրամասնութեան մը դէմ, որ օտարին գործիք ծառայելով
Երբ սրտցաւ անձնաւորութիւններու հետ կը քննարկենք Հայաստանի ու հայութեան ներկայիս պարզած վիճակը, բոլորն ալ մտահոգ կը գտնենք: Դժբախտաբար հարցը հոն չի վերջանար: Աւելի վտանգաւորը անոնց ապրած յուսախաբութիւնն է, ի տես կատարուած իրողութեան եւ այս անելէն դուրս գալու անյուսութեան:
Ինչպէ՞ս չմտահոգուիլ ի տես երկրէն ներս տիրող համատարած անարդարութեան ու եղծումին: Ինչպէ՞ս չմտահոգուիլ ի տես պետութեան ահագնացող արտաքին պարտքին, երբ միաժամանակ միլիառաւոր տոլարներու հարստութիւն դուրս կը բերուի երկիրը կողոպտող սակաւապետերու (օլիկարխներու) կողմէ: Ինչպէ՞ս չմտահուուիլ երկրի ընդերքը անխնայ շահագործողներու յառաջացուցած բնապահպանական ու առողջապահական սպառնալիքներով: Ինչպէ՞ս չմտահոգուիլ ի տես Հիւսիսային պողոտայի հարիւրաւոր հազարներ արժած դատարկ բնակարաններուն, երբ երկրաշարժէն 26 տարիներ ետք հազարաւոր ընտանիքներ տակաւին անմարդավայել պայմաններու տակ կ'ապրին: Ինչպէ՞ս չմտահոգուիլ մանաւանդ, հայրենի երկրէն ժողովուրդի
Ժամանակը եկած չէ՞ լրջօրէն վերանայելու մեր ազգային առաջնահերթութիւնները Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, ի տես մեր պետական այրերու թէ սփիւռքի ղեկավարներու վարած ձախող քաղաքականութեան կործանիչ արդիւնքներուն: Ո՞ր օրուան եւ ի՞նչի կը սպասենք: Ինչո՞ւ համար մենք մեզ կը տանինք անելանելի վիճակի, սպասելով որ կ'իրականանայ Պարոյր Սեւակի խօսքը՝ «երբ չի մնում ելք ու ճառ, խենթերն են գտնում հնար»: Ինչո՞ւ համար համատարած ինքնախաբէութեամբ մեր ճակատագրի հետ խաղ կը խաղանք, փոխանակ համատարած դժգոհութեամբ ու ընդվզումով, եւ լուրջ ծրագրաւորումով, մեր ճակատագրին տէրր դառնալու:
Րաֆֆի
Ինքնախաբէութիւն
Ծանի՛ր զքեզ
Ինքնախաբէութի՜ւն… դա մի շատ հասարակ բառ է, բայց նրա մէջ թաքնուած են մարդու բոլոր թշուառութիւնները: Տեսնում ես մէկը յիմար է, բայց կարծում է, թէ խելք ունի: Միւսը երկչոտ է, կարծում է, թէ առիւծի սիրտ ունի: Երրորդը ոչինչ չէ սովորել, բայց իրան հանճար է երեւակայում: Չորրորդը չարագործ մէկն է, բայց իրան առաքինութեան տիպար է համարում: Այս բոլորը առաջ է գալիս ինքնախաբէութիւնից:
Ինքնախաբէութիւնը մի աչք միայն ունի եւ նա ամէն բան լաւ կողմից է տեսնում. նրա միւս աչքը կոյր է տգեղութիւններ, այլանդակութիւններ եւ մոլութիւններ տեսնելու համար: Եւ այս պատճառով այն թշուառականը, որ մի այդպիսի ողորմելի դրութեան մէջ է գտնուում, միշտ գոհ է իր վիճակից, որովհետեւ իր մէջ թերութիւններ չէ տեսնում: Եւ նրա համար նա միշտ անշարժ է մնում. ոչ մի ձգտում դէպի առաջադիմութիւն եւ ոչ մի պահանջ կեանքից չունի. իրան ամէն բանով լիացած է համարում:
Ինքնախաբէութիւնը բարոյական ինքնասպանութիւն է. մի մեռելութիւն է, որի մէջ մարդկային բոլոր կրքերը հանգիստ են…
***
Ինքնախաբէութեան հակառակն է ինքնաճանաչութիւնը. նրա հայրը նախանձն է, իսկ մայրը՝ դժգոհութիւնը: Նա ոչինչ բանով բաւական չէ: Նա շատ բան ունի, բայց միշտ մտածում է, թէ սակաւ ունի: Նա միշտ դէպի վեր է նայում, աշխատում է բարձրանալ: Նա ըմբռնել է ընդհանուր մարդկային կատարելութիւնները. նա ծանօթ է բարձր եւ վսեմ գաղափարների հետ, եւ իրան համեմատելով կատարելագործուած ընդհանրութեան հետ, գտնում է շատ փոքր եւ փոքր…: Դրա համար միշտ
Երանելի է այն մարդը, որ այսպէս է զգում: Այստեղից է առաջ գալիս տոկուն աշխատութիւնը, դա է ոգեւորում մարդուն դէպի անդադար առաջադիմութիւն. դա է ծնում հանճարները, արհեստը, գիտութիւնը եւ աշխարհի բարօրութիւնը:
Դժգոհութիւնը իր վիճակից՝ մի ազնիւ գրգիռ է, որ տանում է դէպի նրա բարւոքումը:
***
Որպիսի բնաւորութիւններ յայտնուում են անհատների մէջ, նոյնպիսիք եւ յայտնուում են ամբողջ ժողովուրդների եւ ազգերի մէջ: Որովհետեւ բոլորը կազմուած է մասներից. ինչ որ մասներն են, այն եւ բոլորն է:
Կան ազգեր, որ շատ գոհ են իրանց վիճակից, կարծում են, թէ ամէն բան ունեն եւ իրանց թերութիւնները չեն տեսնում: Կան նաեւ ազգեր, որքան առաջ են գնում, որքան արդիւնաբերում են, որքան կատարելագործուում են, ա՛նքան դժգոհ են…
1 comment
Know Thyself
Sireli Harut Der Tavitian
Every word met its target– me. You are so right. I feel so ashamed.
Thank you.
Comments are closed.