Իշխանասիրութիւնը Բռնատէր Դասակարգին

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, 21 Փետրուար 2015

Տասը տարիներ առաջ, 14 Փետրուար 2005 թուականին, ահաւոր պայթումի զոհ դարձաւ Լիբա­նա­նի  նախկին վարչապետ Րաֆիք Հարիրին, որ այդ երկրի կործանարար քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին իր բարեգործութեամբ դարձած էր հռչակաւոր եւ յետ պատերազմին ալ եղած էր այդ երկրի տի­­րական դէմքը` իր հարստութեան ընծայած դերով եւ իր վայելած միջազգային համբաւով ու դիրքով։

Անոր սպանութեան պատճառը կը թուի թէ եղած էր իր անհնազանդ ըլլալու յանդգնութիւնը ընդդէմ սուր­իա­կան իշխանութեան, որ Դամասկոսէն կը վարէր Լիբանանը եւ կ’ուզէր հոնկէ նշանակել անոր նա­խա­գահները։ Հաֆէզ Ասատի փորձառու դիւանագիտութեամբ եւ կարգադրութեամբ Լիբանանի վարչա­պետ ըլլալու հրաւիրուած բարեգործ Հարիրին (1992) դարձած էր թիրախ ամէն տեսակի վատ ամբաս­տա­նութիւններու (2000-2004), անոր իշխանաժառանգ զաւկին՝ Պաշշարի ու իր շուրջ գտնուող մարդոց կող­մէ, որոնք չէին հանդուրժեր տեսնել այդ մեծ մարդուն սէրն ու նուիրուածութիւնը Լիբանանի հան­դէպ։

Հարիրիի սպանութենէն առաջ ու վերջ, իշխանասէր բռնատէրերը արաբական աշխարհի մերթ ուղ­ղա­կի եւ մերթ ալ անուղղակի միջոցներով ահաբեկեցին ու սպաննեցին իրենց անհնազանդ գտնուող յան­դուգն եւ խիզախ ձայնի ազատասէր անձերը։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ այդպիսի բռնատիրութիւն կի­րարկողներու դէմ յառաջացած ժողովրդային շարժումը, որ սկսաւ Լիբանանով եւ անցաւ արաբական աշ­խարհի տարբեր երկիրներով, դարձաւ զոհ ծայրայեղ կրօնամոլութեամբ շարժող մարդոց եւ կորսն­ցուց իր սրբազան նպատակը եւ զիջեցաւ ներքին ու արտաքին դաւադրութիւններով ծնած այն հրէշին որ կոչուեցաւ կրօնամոլ ահաբեկչութիւն, որ ապա դարձաւ Իսլամական Պետութիւն։

Այն իշխանասիրութիւնը որ կիրարկուեցաւ արաբական աշխարհի բռնատէրերուն կողմէ, կը թուի թէ այս օրերուս սկսած է կիրարկուիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք ուրուականի դէմ­քեր ու քօղեր հագած՝ սարսափի տակ կը ջանան պահել յանդուգն եւ խիզախ ձայները մեր ազգի տնտե­սական ապագայով մտահոգ գործիչներուն։ Ինքնաշարժեր պայթեցնելով եւ աջ ու ձախ բացօթեայ ա­հա­բեկելով ու անողոք ծեծի միջոցներ որդեգրելով, անոնք դժբախտաբար կը հետեւին ընթացքի մը, որ ա­ղիտալի արդիւնքներով վերջ գտաւ արաբական աշխարհին մէջ։ Չենք գիտեր որքանո՞վ հարազատ է միլիոնատէր Գագիկ Ծառուկեանի ժողովրդային պահանջքներու պաշտպան կանգնիլը, սակայն բարե­գործութիւնը զոր ան կ’ընէ Հայաստանի մէջ` գիւղացիներուն գործ հայթայթելով եւ ուսումնատենչ երի­տա­սարդութեան կրթաթոշակներ յատկացնելով ու զանոնք իր շուրջ հաւաքելով, մեզի կը յիշեցնէ բարե­գործ ընթացքը Լիբանանի նահատակ վարչապետ Րաֆիք Հարիրիին, որուն դէմ վատ ամբաս­տա­նու­թիւններ եղան ատենօք, ճիշդ այնպէս ինչպէս կը կատարուին այսօր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Գագիկ Ծառուկեանի հասցէին։ Մաղթենք եւ աղօթենք որ իշխանասէր տէրերը Հայաստանի փոր­ձեն լեզու գտնել մեր հայրենի ժողովուրդին խեղճ վիճակով մտահոգ գործիչներուն հետ, փոխանակ ծե­ծով կամ մահով լռեցնելու զանոնք։ Երկու կողմերուն միջեւ պայքարը սկսած է սուր բնոյթ ստանալ եւ նե­րելի չէ որ այս տարի, մա՛նաւանդ այս տարի, որուն ընթացքին աշխարհը մեզ կը դիտէ Հայկական Ցե­ղասպանութեան եւ Չանաքքալէի ճակատամարտի հարիւրամեակները նշող հակադիր հանդիսա­ս­րահ­ներէն, խայտառակ դառնանք որպէս ազգ ու հայրենիք։ Արդէն կը բաւէ որ անցեալին խայտառակ դարձանք երբ նմանը չտեսնուած ահաբեկում կատարուեցաւ մեր Ազգային Ժողովին մէջ, ուր օր ցերե­կով սպաննուեցաւ հայ ազգի նորագոյն սպարապետ Վազգէն Սարգսեանն ու իր հետ Կարէն Տեմիր­ճ­եանն ու միւսները։

Հարիւրամեակի սուրբ եւ օրհնեալ գմբէթին տակ իրաւունք չունին պատսպարուելու մեր հայրենի ժո­ղովուրդի նոր ցաւերուն եւ տառապանքին հանդէպ անհոգութիւն ցոյց տուող իշխանատէրերը։ Միայն գեղեցիկ յայտարարութիւններով կամ խաբուսիկ խօսքերով կարելի չէ մոլորել մեր ժողովուրդը։

Կը պատմուի թէ ժամանակին Լիբանանի անկախութեան կերտիչներէն եւ անոր առաջին նախա­գահ Պըշարա Խուրիին դէմ տեղի ունեցան ժողովրդային մեծ ցոյցեր այդ երկրի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ։ Նախագահը իր ազգային դերին մէջ յաջողած էր` ձեռք բերելով անկախութիւնը Լիբանանի, սա­կայն այդ յաջողութենէն ետք ձախողած էր ժողովուրդին կենսամակարդակը ապահովելու գործին մէջ. ամբոխները դուրս ելած էին լօզունգներով եւ պաստառներով, որոնցմէ մին կ’ըսէր «Պըտնա նէքօլ, ժու’ա­նին», ինչ որ կը թարգմանուի` «անօթի ենք, կ’ուզենք ուտել»։ Ժողովուրդի ձայնին անսաց Պըշա­րա Խուրին եւ հրաժարեցաւ։

Մեր նախագահն ալ անկախութեան կերտիչ եղած է։

Պըշարա Խուրիի օրինակը հոս որպէս խորհուրդ կը յիշենք մեր նախագահին, որ հիմա թէեւ նստած է ձիու վրայ, սակայն կրնայ յանկարծ իջնել ձիէն եւ նստիլ իշու վրայ` իր անխոհեմ արարքներով։

«Հասկցողին հազար բարեւ» կ’ըսէ ժողովրդային առածը։

You May Also Like