Իշխանափոխութիւն՝ Իր Խայտաբղէտ Երեւոյթներով

Պ. Աղպաշեանի այս ակնարկը արձանագրուած էր երբ  Բ. նախագահը կալանաւորման ենթակայ էր եւ հեղինակը կը զգուշացնէր,  «ժողովուրդը կողմնակից էր նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բերման որոշումին ու զայն ամբաստանելու գործին, բայց, միեւնոյն ժամանակ մտահոգ, թէ ան կրնա՞յ մետասաներորդ պահուն «արդարացուիլ», այնքան ատեն որ Հանրապետականներ արդէն գործի լծուած են, իսկ արտաքին կողմեր նոյնպէս հետամուտ են Քոչարեանը «անպարտ» յայտարարելու քարոզչութեան:» – Խմբ.

Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, Օգոստոս 2018

Հայաստան վերջին այցելութիւնս, անտարակոյս, քիչ բաներով կը յիշեցնէր նախորդները, ի տես՝

– Զբօսաշրջիկներու առատութեան, հայ թէ օտար
– Մայրաքաղաքին առաւել գունագեղութեան ու պէսպիսութեան
– Ճաշարանային եւ ընկերային վայրերու աչքառու ճոխութեան ու փարթամութեան
– Գլխաւոր պողոտաներու երթեւեկի ահաւոր խճողումին (յատկապէս՝ ինքնաշարժներու)
– Նորակառոյց շէնքերու ու համալիրներու բազմացումին
– Հայկականի կողքին, արեւելեան եւ արեւմտեան համադամներու առատութեան

Մէկ խօսքով, վերոյիշեալ առումներով, Հայաստանը մեծ ոստումներով կը յառաջդիմէ, զբօսաշրջիկներ ներքաշելով երկրէն ներս:

Պ. Աղպաշեանի այս ակնարկը արձանագրուած էր երբ  Բ. նախագահը կալանաւորման ենթակայ էր եւ հեղինակը կը զգուշացնէր,  «ժողովուրդը կողմնակից էր նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բերման որոշումին ու զայն ամբաստանելու գործին, բայց, միեւնոյն ժամանակ մտահոգ, թէ ան կրնա՞յ մետասաներորդ պահուն «արդարացուիլ», այնքան ատեն որ Հանրապետականներ արդէն գործի լծուած են, իսկ արտաքին կողմեր նոյնպէս հետամուտ են Քոչարեանը «անպարտ» յայտարարելու քարոզչութեան:» – Խմբ.

Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, Օգոստոս 2018

Հայաստան վերջին այցելութիւնս, անտարակոյս, քիչ բաներով կը յիշեցնէր նախորդները, ի տես՝

– Զբօսաշրջիկներու առատութեան, հայ թէ օտար
– Մայրաքաղաքին առաւել գունագեղութեան ու պէսպիսութեան
– Ճաշարանային եւ ընկերային վայրերու աչքառու ճոխութեան ու փարթամութեան
– Գլխաւոր պողոտաներու երթեւեկի ահաւոր խճողումին (յատկապէս՝ ինքնաշարժներու)
– Նորակառոյց շէնքերու ու համալիրներու բազմացումին
– Հայկականի կողքին, արեւելեան եւ արեւմտեան համադամներու առատութեան

Մէկ խօսքով, վերոյիշեալ առումներով, Հայաստանը մեծ ոստումներով կը յառաջդիմէ, զբօսաշրջիկներ ներքաշելով երկրէն ներս:

Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել հայաստանցիներուն անխառն ուրախութիւնը եւ մեծ խանդավառութիւնը իշխանափոխութեան կայացումով, որ իրենց տուած է վերապրելու նոր ժամանակաշրջան մը,հեռու բռնատիրական մթնոլորտէն ու ճնշումներէն:

Ճիշդ է, այդ ոգեւորութիւնը հասարակաց եւ ընդհանրական է, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը, վերջապէ՜ս, դուրս եկած է տիրող իշխանաւորներու համակարգէն, բայց, բոլորին մօտ ալ կայ, մեղմ ըսած, որոշ զգուշաւորութիւն մը, սպասողականութիւն մը:

Լա՛ւ, յետոյ ի՞նչ խորհրդածելով.

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համաժողովրդական ղեկավարը, պիտի կարենա՞յ «հայաստանեան նաւ»ը անցնցում եւ անխորտակ առաջնորդել, ի դէմս այն լեռնակուտակ մարտահրաւէրներուն, որոնք ցցուած են երիտասարդ (եւ ինչ որ տեղ) անփորձառու կառավարութեան առջեւ:

Չէ՞ որ փտածութիւնը ամենուրէք է եւ ոչ միայն իւրաքանչիւր հարցի ու թղթածրարի ետին, այլեւ… ուղեղներու մէջ:

Տակաւին կայ այն մտավախութիւնը, որ՝ հասարակութեան լայն խաւերուն համար, տխրահռչակ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մէկ մասը կը գործէ թէ՛ Ազգային Ժողովին մէջ, թէ՛ կը «դեգերի» անկէ դուրս, մեծամասնութեան կարծիքով, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ցուցմունքներով եւ միջամտութեամբ:

Այո՛, ժողովուրդին մեծ մասը գոհ է նախորդ իշխանութեան տապալումէն, բայց, առնուազն, վերապահ է այն գործելաձեւերէն, երբ բացայայտուած եւ հաստատուած յանցագործներ (ինչպէս՝  «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն՝ Արա Վարդանեան, գնդապետ Մանուէլ Գրիգորեան, Սաշիկ Սարգսեան եւ զաւակունք, նաեւ ուրիշներ) երաշխաւորագիներով ազատ կ’արձակուին, մինչ ուրիշներ արդէն խոյս տուած են կամ աներեւոյթացած:

Աւելին, ժողովուրդը կողմնակից էր նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բերման որոշումին ու զայն ամբաստանելու գործին, բայց, միեւնոյն ժամանակ մտահոգ, թէ ան կրնա՞յ մետասաներորդ պահուն «արդարացուիլ», այնքան ատեն որ Հանրապետականներ արդէն գործի լծուած են, իսկ արտաքին կողմեր նոյնպէս հետամուտ են Քոչարեանը «անպարտ» յայտարարելու քարոզչութեան:

Ժողովուրդը իրաւունք ունի նման մտմտուքի մէջ իյնալու, վախնալով որ՝ ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւններու լոյսին տակ, իշխանափոխութեան բարեկարգչական գնացքին երթը կրնայ թեքիլ եւ երկիրն ու ժողովուրդը արիւնաքամած յանցապարտները… պրծնին, փրկութեան ճամբայ բանալով հերթագրուած մնացեալներուն:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ ռուսական կողմին հետեւողականութիւնն ու աչալրջութիւնը՝ Հայաստանի մէջ պատահած իրադարձութիւններուն, ուղղակի թէ անուղղակիօրէն զգուշացումներու սլացքներ արձակելով, «չափ ու սահման» պահելու:

Հայկական Բանիկ գիւղին մէջ պատահածը – անակնկալ զինարձակումներ՝ ռազմափորձերու քօղին տակ, բաւական մեծ աղմուկ հանեց, քանի նախապէս չէր զգուշացուած բնակչութիւնը, հետեւաբար, ռուսական զօրագունդը ընդունեց իր «սխալ»ը եւ ներողութիւն խնդրեց Հայաստանէն:

Հայաստան չբաւականացաւ ասորմով, ատոր մէջ տեսնելով վտանգաւոր ոտնձգութիւն եւ մեխ՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ, որուն ռուսական կողմը հաշտ աչքով չնայեցաւ, իսկ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով, զգաստանալու ոճի նշանակութեամբ ինքնապաշտպանական պատասխան մը տուաւ:

Բացառուած չէ, որ ռուսական կողմը, Բանիկ գիւղի փորձով, Հայաստանին յիշեցուց, որ «ես հոս եմ», նաեւ՝ յիշեցնել տալով Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ օրինակները: Ասիկա հաւանականութիւն մըն է, որ բնաւ ալ հեռու չէ իրականութիւն ըլլալէ:

Այդուհանդերձ, Հայաստանը պէտք է մնայ իր հաւասարակշիռ ու սթափ քաղաքականութեան մէջ, հաւասարաչափ հեռաւորութիւն պահելով բոլորին հետ, երբեք չմոռնալով աշխարհագրական իր «փափուկ» դիրքը տարածաշրջանին մէջ:

Այս բոլորը կը նշանակեն, թէ իշխանափոխութիւնը պէտք է պահէ իր բարենպաստ եւ օգտաշատ դերը, որուն առաջին կարգին՝ բռնապետական ոլորտէն հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը ձերբազատելու պատմական քայլը ամրագրելով, քանի անոր յաջորդող եւ յաջորդելի քայլերը նոյնպէս ճակատագրական են, որոնց նկատմամբ պէտք է որդեգրել չափազանց ուշադիր կեցուածք, արթուն պատրաստակամութիւն եւ ամրակուռ հաւատք:

¡¡¡

Անվիճելի է, որ Հայաստանը մուտք գործած է աշխարհայնացումի լայն դռնէն ներս, գիտակցաբար թէ ոչ, խանդավառելով հայ ժողովուրդին մեծ մասը, առանց անդրադառնալու որ կայ մետալին միւս երեսը:

Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր միւս երեսը, եթէ ոչ արուարձաններն ու շրջանները, աւաններն ու գիւղերը, որոնց մեծ մասը անմխիթար թողլքուած վիճակի մէջ է, պետական հոգատարութենէ համարեա զրկուած:

Սփիւռքահայը արդեօք տեղեա՞կ է այդ տխուր իրավիճակէն, այցելած կամ ծանօթացա՞ծ է անոնց անբաղձալի կեցութեան, թէ իրեն համար Երեւանն է հիմնականը, իր շքեղութեամբ ու փառաւորութեամբ, իր պերճանքով ու պճնանքով:

Երեւոյթներ, որոնք քաղաքամայրի մը համար, կրնան ըլլալ բարենիշներ, բայց, երբ ատոնք կը չափազանցուին, պատմական, մշակութային եւ ազգային կառոյցներու հաշուոյն, արդէն անոնք համազօր կը դառնան սրբապղծութեան:

Օրինակ. Ազգային Օփերան, համաշխարհային տարողութեամբ կոթողային պարծանք մըն է եւ, ի՞նչ՝ անիկա շրջապատուած է հաճոյքի ու քիմքի կրպակներով, այն աստիճան որ զայն դիտելն ու վայելելը… անկարելի է, իսկ շրջափակը՝ Յովհաննէս Թումանեանի պատուանդան- արձանին շուրջ, մանկախաղերու… “լիւնափարք” է:

Ի դէպ, այս մասին օրին գրած էի ու քննադատած Քոչարեանական իշխանութիւնը (բայց, որո՞ւ հոգը): Այսպիսի բազմաթիւ “նմոյշ”ներ կարելի է բերել, որոնց շատերը քանդուած ու շինուած են, “անտէր” բնակիչներու բնակարաններու հաշուոյն, որոնք անհատոյց դուրս շպրտուած են, որովհետեւ՝ Հիւսիսային պողոտայ պիտի շինուի (եղե՜ր) եւ Աբովեան հրաշագեղ պողոտան պիտի հատուի եւ անշքացուի, պարզապէս համաշխարհայնացումին յարմարուելու ի հաճոյութիւն:

¡¡¡

Ինչպէս ըսի, ժողովուրդը գերագոյն ցնծութիւն կ’ապրի, իշխանափոխութիւնը, աւելի ճիշդ՝ նախորդ իշխանութիւնները ի սպառ “կրողին ծոցը” տեսնելով, իր ամբողջական համակրանքը յայտնելով նորին, հետեւաբար, Մայիսէն ի վեր խնճոյք սարքելով ու խրախճանք կազմակերպելով, երգ յօրինելով, բանաստեղծութիւն գրելով, լոզունգ յայտարարելով, գովազդ հրապարակելով, եւ հազար ու մէկ արտայայտամիջոցներով Նիկոլ Փաշինեանը մեծարելով:

Սփիւռքահայը երբեմն նման տեսարաններ փառաբանելու… “վարպետ” է, ինչպէս Փաշինեանի Պրիւքսէլ այցելութեան առիթով, անտեղի ցուցադրականութիւններ եւ անիմաստ մսխումներ կատարելով (օրինակ իրենց ինքնաշարժերու թուահամարներուն վրայ Նիկոլին անունը սեղմագրելով, շօշափելի գումարներու փոխարէն, մինչդեռ այդ նիւթականով կարելի էր Հայաստանին օգտակար դառնալ՝ փոքր, այլապէս կարեւոր նպաստով մը):

Իմ մասնակի եւ առանձնակի զրոյցներուս ժամանակ ժողովուրդին համեստ թէ գիտակից դասակարգերուն հետ, միշտ կ’անդրադառնայի անոնց հոգեկան ապրումներուն եւ լիուլի կը բաժնեկցէի անոնց հրճուանքներուն, որոնք արդարացի էին, բայց, միեւնոյն ժամանակ դիտելի կու տայի.

Հիմա որ հասած էք ձեր մուրազին, առանց դուրս գալու ձեր իրաւացի նուաճումին հոգեպարար էութենէն, չէ՞ք կարծեր որ, այդ բոլորին զուգահեռ եւ աւելի իւրաքանչիւր հայաստանցի պէտք է, իր կարողութեան ու կարելիութեան սահմանին մէջ, զօրավիգ կանգնի նոր իշխանութեան պետականութեան ու կառավարական գործի ամրացումին, որովհետեւ ատիկա համաժողովրդային պարտականութիւն մըն է:

Շատերուն մօտ այդ ըմբռնողութիւնն ու հասունութիւնը կային, սակայն, այնքան ատեն որ նոր “շոք”ին դրական ազդեցութեան տակ էին, չէին կրնար զսպել իրենց… պոռթկումները:

Իսկ մտացի ու լրջախոհ հատուածները, որոնք մեծ մասամբ գրիչի ու միտքի մարդ էին եւ ինծի գրչակից մտերիմներ, հարիւր տոկոսով համաձայն էին ու պատրաստ, իրենց ազգային-քաղաքացիական յանձնառութեամբ մասնակցելու այդ երթին (բայց, այս մասին՝ յաջորդիւ):

 

1 comment
  1. Յարգելի Պրն. Աղպաշեան

    Յարգելի Պրն. Աղպաշեան ձեր գրութիւններուն եւ «վերլուծութիւններուն» վաղուց ծանօթ եմ։ Ցաւոք սրտի դուք միշտ գիտակցաբար անտեսած էք մեր հայրենիքի իրադարձութիւնները որոնք տեղի ունեցած են 1998-էն առաջ։ Այնպէս որ ձեր գրութիւնները կը մնան կողմնապահութեան եւ ոչ անաչառ մտածելաձեւի մէջ, որ յարգանքի արժանի չէ լայն հասարակութեան կողմէ։

Comments are closed.

You May Also Like