Իշխանութիւն-Ժողովուրդ Կորսուած Վստահութիւնը

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 6 Մարտ 2018

Այս յօդուածը պատրաստուած էր նախքան հայրենական իրադարձութիւնները, ինչ որ աւելի կը բնորոշէ անոր այժմէականութիւնն ու թափանցիկութիւնը:- Խմբ.

Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը կը հանդիսանայ հիմնական գործօն մը:

Ընկերային կեանքին մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն է:

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 6 Մարտ 2018

Այս յօդուածը պատրաստուած էր նախքան հայրենական իրադարձութիւնները, ինչ որ աւելի կը բնորոշէ անոր այժմէականութիւնն ու թափանցիկութիւնը:- Խմբ.

Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը կը հանդիսանայ հիմնական գործօն մը:

Ընկերային կեանքին մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն է:

Պետութիւններու միջեւ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը միայն բարիք մըն է:

Իշխանութիւն-ժողովուրդ կապերուն մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը չափանիշ է համակեցութեան ու համախոհութեան:

Ուրեմն.

Ուր չկայ վստահութիւն, հոն կը տիրէ ապակայունութիւն:

Ուր կը բացակայի վստահութիւնը, հոն կ’իշխէ հակամարտութիւն:

Աշխարհի պատերազմները, յեղափոխութիւնները կամ յեղաշրջումները առաջացած են (եւ կը ծագին) վստահութեան պակասէն, ոչ միայն իրարու նկատմամբ անհանդուրժողութենէն, այլեւ՝ եւ գլխաւորաբար, իրարու դէմ գոյացած թշնամութենէն:

Պատմական հոլովոյթները վկայ, բոլոր տեսակի իրադարձութիւններն ու տեղաշարժերը, որոնք կը դրսեւորուին ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, պատճառելով աղէտներ ու պատուհասներ, մարդկային զոհեր, աւերներ ու բնաջնջումներ,  «մեղք»ը պէտք է փնտռել կորսուած, անտեսուած կամ շահագործուած վստահութեան մօտ:

Դժբախտաբար, վստահութիւնը, այս օրերուն, շատ աւելիով հեռացած է մարդկութենէն թէ ընկերութնէն, խորթացած է իր էութենէն ու բովանդակութենէն, որովհետեւ չարութիւնը, բրտութիւնը, ոխակալութիւնը, բռնութիւնը եւ ատելութիւնը այլընտրանք չեն ձգեր, բացի զիրար յօշոտելէ ու բզքտելէ, ոչնչացնելէ եւ այլափոխելէ:

Եթէ ասոնք են տրամադրութիւնները իրարու նկատմամբ կամ դէմ, ուր վստահութիւնը լիովին ոտնակոխուած է, ապա, պարզ է, չարագործները ու չարագործութիւնը միշտ «պատրաստ» վիճակի մէջ են:

*****

Պատմութիւնը շատ չգրգռելու համար, մտաբերենք Արաբական աշխարհի մէջ ծագած «արաբական գարուն»ներու գործողութիւնները, երբ բռնապետներ զգետնուեցան, տապալեցան ու տեղահանուեցան, իրե՛նց ժողովուրդէն: Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք՝

– Շահագործած էին իրենց իշխանութիւնները

– Արիւնաքամած՝ իրենց ժողովուրդը

– Կողոպտած՝ իրենց երկիրը

– Բռնաբարած՝ իրենց հայրենիքը

– Վարկաբեկած՝ իրենց դիրքերը

Ինչո՞ւ այս բոլորը տեղի ունեցան:

Միթէ պարզ չէ՞.

Վստահութեան չգոյութիւնն էր պատճառը:

Ա՛յն վստահութիւնը, որ ժողովուրդը կորսնցուցած էր իր պետական աւագանիին հանդէպ:

Ա՛յն վստահութիւնը, որուն այնքան այրող կարիքը ունէր ժողովուրդը:

Ա՛յն վստահութիւնը, որ ժողովուրդին համար սրբութեան համազօր իրականութիւն էր:

Ա՛յն վստահութիւնը, որուն միջոցով տուեալ երկիր մը կրնար իր գոյութիւնը պահել:

Այո՛, անկասկած, ժողովուրդները կորսնցուցած էին իրենց հաւատքը իրենց ղեկավարներուն եւ իշխանաւորներուն նկատմամբ, որոնք կեղեքած էին թէ՛ զիրենք, թէ՛՝ երկիրը, դառնալով միահեծան բռնակալներ, արիւնարբուներ:

*****

Չկարծել թէ՝ վստահութիւն-հասկացողութիւն կայ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, ընդհակառակը, ուժգնօրէն բացակայ է ան, մեծապէս վնասելով այդ երկիրներու բարօրութեանց ու ժողովուրդներու բարեկեցիկութեանց: Վստահութեան անհետացումն է, որ երկու երկիրներու երիտասարդները կը լքեն իրենց հայրենիքը, կը չուեն այլուր, մեծ մասը՝ անվերադարձ: Լիբանանի մէջ, ուր փտածութիւնը համատարած է, դառնալով  «տիրական իշխանութիւն», ոչ մէկ ձեւով կը սանձուի, կը զսպուի, կ’արգելակուի, աւելի եւս խորանալով ու տարածուելով:

Ամենէն փոքր ու համեստ հաստատութենէն մինչեւ մեծագոյնն ու պատասխանատուն, փտած ու նեխած են միանգամայն: Կաշառքը «սովորական» սովորութիւն մըն է, «բնական» արհեստավարժութիւն:

Փորձեցէք պաշտօնական հիմնարկէ մը ներս որեւէ գործողութեան կամ ձեւակերպութեան ձեռնարկել. դժոխքի հետ գործ ունենալը շատ աւելի… հաճելի ու պատուաբեր պիտի ըլլար:

Իսկ եթէ պատահի որ տուեալ թղթածրարը կը կարօտի  «լուրջ» աշխատանքի կամ «սրբագրութեան», կը նշանակէ թէ՝  «վերջդ կու գայ», թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ նիւթապէս, տարիներու վրայ ձգձգուելով ու քսակդ ալ սպառելով:

Խօսի՞նք խորհրդարանական եւ կառավարական շրջանակներու մասին, որոնք համարեա ոչինչով օգտակար են ժողովուրդի կարիքներուն ու պահանջքներուն: Պատկերը մեր դիմացն է: Ամիսներէ ի վեր, հրապարակները  «ողողուած» են խայտաբղէտ գործադուլներով ու դասադուլներով: Լուծում կա՞յ: Եղա՞ւ: Պիտի ըլլա՞յ:

Շուտով նոր խորհրդարան կը ձեւաւորուի: Բան մը կրնա՞յ փոխուիլ:

Ի՜նչ անհեթեթ հարցում, պիտի մտածուի:

Ի՜նչ անիմաստ ակնկալութիւն, պիտի ըսուի:

Իսկ այս քաոսը եւ քաոսավարերը ինչի՞ կ’առաջնորդեն, եթէ ոչ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ, իսկ այս վերջինը՝ հիասթափութեան եւ արտագաղթի, որոնք անյագօրէն եւ անընդհատօրէն կը շարունակուին:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա, անվստահութիւնը խելակորոյս սահմաններու հասած է: Արտահոսքի կամ հայաթափումի գլխաւոր պատճառը վստահութեան կորուստն է, ի սպա՜ռ կորուստը, որուն համար կը դիմուի… հայրենալքումի եւ հայրենափախուստի:

Շատ-շատեր, որոնք, կամայ թէ ակամայ, կը դիմեն արտահայաստանեան… արկածախնդրութեան, իրենց այս քայլը կը բացատրեն կամ կ’արդարացնեն ոչ թէ միայն տնտեսական տագնապով, գործազրկութեամբ ու թշուառութեամբ, այլ՝ գլխաւորապէս իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած ըլլալով իրենց իրերայաջորդ իշխանութիւններուն նկատմամբ :

Այս անվստահութիւնը երկա՜ր պատմութիւն է, որ սկսած էր երէկ, շարունակելի՝ այսօր, իսկ վա՞ղը… ժամանակն ու պայմանները կ’որոշեն անոր «ճակատագիր»ը:

Արձանագրելի է, որ անվստահութեան այս ահաւոր հիւանդութիւնը  «բուժելու» համար, տակաւին «բուժող»ներ ու «բուժուող»ներ չեն գտնուած, հետեւաբար, անվստահութեան թափը կը շարունակուի, մէկ կողմէն՝ անվստահելիները պահելով, միւս կողմէն՝ վստահելիները հետզհետէ չէզոքացնելով եւ անշքացնելով:

Թերեւս, վստահութեան նկատմամբ շարունակուող եւ ընդարձակուող այս ժխտական հոգեբանութիւն-վերաբերմունքին պատճառով, այսօր, ընդդիմութիւն չկայ Հայաստանի մէջ, իսկ եթէ կայ, երկչոտ ներկայութիւն մըն է:

*****

Հայաստանի նոընտիր նախագահը՝ Պրն. Արմէն Սարգսեան, իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն՝ իր առջեւ պիտի գտնէ հսկայածաւալ ու հսկայակազմ թղթածրարներ, որոնց բարեկարգումը ու բարելաւումը պիտի կարօտին անմիջական ու կառուցողական ճիգերու:

Այդուհանդերձ, գերխնդիրը կը մնայ ԳԼԽԱԳԻՐ գերխնդիր.

– Վստահութիւնը պիտի վերականգնի՞

– Վստահութիւնը պիտի դրոշումի՞

– Վստահութիւնը պիտի փոխադարձուի՞

– Վստահութիւնը պիտի հաստատուի՞

– Վստահութիւնը պիտի ներշնչուի՞

Ասկէ ուրիշ հարցադրում մը. իշխանաւորներ՝

– Կ’ըմբռնե՞ն անվստահութեան բերած (ու բերելիք) վնասներուն տարողութիւնը

– Գիտակի՞ց են իրենց վարած գործելաձեւերու ձախողութեանց

– Կը տեսնե՞ն իրենց նկատմամբ տածուած հակակրութեանց հետեւանքները

– Համոզուա՞ծ են իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւններու լրջութեան

– Արժանի՞ են գտնուելու իրենց դիրքերուն վրայ:

 

 

You May Also Like