Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 18 Օգոստոս 2012
Տարբեր է, երբ աշխարհի հրաշալիք նկատուող կոթող մը կը դիտես մօտէն եւ իրողապէս կը զգաս քանդակին ստեղծագործական հմայքն ու անոր մշակութային եւ պատմական արժէքը: Այս զգացումը ունեցայ յուլիս 2012-ին, երբ կը դիտէի Իտալիոյ Փիզա քաղաքին նշանաւոր կոթողը` ծռած աշտարակը… Իր հմայքով ան իսկապէս արժանի է աշխարհի եօթը հրաշալիքներուն շարքին ըլլալու:
Բայց հետաքրքրական է հետեւիլ պատմութեան զարգացումներուն, յատկապէս եկեղեցւոյ զանգակատան (իմա` ծռած աշտարակին), որուն զանգակները վերցուած են` նուազեցնելու համար ընդհանուր ծանրութիւնը: Շինարարութիւնը սկսած է 1173¬ին, երբ փոքր «ծռութիւն» մը նշմարուեցաւ առաջին երեք յարկերու ամբողջացումէն ետք: Ծռութեան պատճառը հողին բաղկացուցիչ մասնիկներուն տկարութիւնն է. անհրաժեշտ նկատուած է աշխատանքները կասեցնել` սպասելով հողին ամբողջական կազմաւորման: Կայ նաեւ պատմութեան այլ վարկած` զանգակատան աշխատանքներու ընդհատման: Իտալիոյ Թուսքանի շրջանը, ուր աշտարակը կը գտնուի, եղած է երկար տարիներու վրայ տեղի ունեցած պատերազմական գօտի, ուստի մարդուժի անբաւարարութեան պատճառով դանդաղած են նաեւ շինարարական աշխատանքները:
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 18 Օգոստոս 2012
Տարբեր է, երբ աշխարհի հրաշալիք նկատուող կոթող մը կը դիտես մօտէն եւ իրողապէս կը զգաս
Բայց հետաքրքրական է հետեւիլ պատմութեան զարգացումներուն, յատկապէս եկեղեցւոյ զանգակատան (իմա` ծռած աշտարակին), որուն զանգակները վերցուած են` նուազեցնելու համար ընդհանուր ծանրութիւնը: Շինարարութիւնը սկսած է 1173¬ին, երբ փոքր «ծռութիւն» մը նշմարուեցաւ առաջին երեք յարկերու ամբողջացումէն ետք: Ծռութեան պատճառը հողին բաղկացուցիչ մասնիկներուն տկարութիւնն է. անհրաժեշտ նկատուած է աշխատանքները կասեցնել` սպասելով հողին ամբողջական կազմաւորման: Կայ նաեւ պատմութեան այլ վարկած` զանգակատան աշխատանքներու ընդհատման: Իտալիոյ Թուսքանի շրջանը, ուր աշտարակը կը գտնուի, եղած է երկար տարիներու վրայ տեղի ունեցած պատերազմական գօտի, ուստի մարդուժի անբաւարարութեան պատճառով դանդաղած են նաեւ շինարարական աշխատանքները:
Աշտարակը ութ յարկ է` յիսունհինգ մեթր բարձրութեամբ, ունի երկու հարիւր իննսունեօթը սանդուխ: Ծռութիւնը, դժբախտաբար, շարունակուած է իւրաքանչիւր տարի` մէկ միլլիմեթր տարողութեամբ, հակառակ այն բոլոր շինարարական փորձերուն, որոնք ի գործ դրուած են կասեցնելու շարունակուող ծռութիւնը: Անիկա աւելի շեշտուած է 1999-2001 տարիներուն, երբ շեղումը հասած է աւելի քան հինգուկէս աստիճանի: Բարեբախտաբար, 2008 թուականին կարելի եղած է շինարարական ձեւերը գտնել եւ այսօր կարելի է ըսել, թէ աշտարակը աւելի քան երկու հարիւր տարի պիտի գոյատեւէ` առանց յաւելեալ ծռելու: Այսօր Փիզայի աշտարակը խրոխտ կանգնած է, թէկուզ` 3.99 աստիճան ծուռ, բայց` ապահով գալիք օրերու որեւէ փորձանքէ եւ նորանոր շեղումներէ:
Երբ կը շարունակես դիտել Փիզայի աշտարակը եւ կը սքանչանաս կոթողին ստեղծագործական աշխատանքին վրայ, հակառակ քիչ մը ծուռ վիճակին, անպայման մտքիդ մէջ կամրջում մը կը կատարուի մեր հայկական իրականութիւններու տարբեր երեւոյթներու եւ այդ աշտարակին միջեւ: Երեւոյթներ` ազգային, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային տարբեր բնագաւառներու մէջ` հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, որոնք սխալ են: Եւ այդ օր դիմացս կանգնած Փիզայի կոթողին հետ բաղդատելով` «ծռած» ու տակաւին «ծռող» իրականութիւններ, որոնք կը մտահոգեն եւ կը վտանգեն մեր ներազգային եւ համահայկական իրավիճակները` տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Կը շարունակեմ դիտել ու հմայուիլ աշխարհի հրաշալիք նկատուած այդ ճարտարապետական կոթողով, միեւնոյն ատեն հարց տալով. «Արդեօք հա՞յն ալ չի կրնար կասեցնել իր անհատական եւ հաւաքական կեանքի ծռութիւնը…»: Պէտք է կենալ ամուր` նայելով ինքնավստահութեամբ եւ վճռակամութեամբ լի վաղուան, թէկուզ` քիչ մը ծռած, բայց միշտ աւելի չծռելու տրամադրութեամբ: Արդեօք հայը կարողութիւնը եւ միտքը չունի՞ շտկելու այն բաները, որոնք ծռած են իր կեանքին մէջ:
Եթէ Իտալիա կատարած իմ ճամբորդութեանս ընթացքին Փիզայի աշտարակը առաջին կարեւոր նշմարն էր, բայց կայ նաեւ երկրորդը, որուն եւս պէտք է նայիլ…
Մայրաքաղաք Հռոմի հայկական ներկայութեան մէջ իր կարեւոր տեղն ու իմաստը ունի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին` կառուցուած 1602 թուականին: Անոր կողքին կայ Լեւոնեան վարժարանը` 1883 թուականին կառուցուած, եւ անոր կողքին կանգնած խաչքարը` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու: Երեք կոթողներ` քով քովի կանգնած, կը վկայեն հայուն վերապրումին ու շարունակականութեան
Հայ եկեղեցին Հռոմի մէջ կերտած իր աւելի քան 410 տարիներու պատմութեամբ տակաւին ամրոցն է քրիստոնէական եւ ազգային հաւատքին ու աւանդին: Իսկ Լեւոնեան վարժարանը` իր աւելի քան 130 տարիներու ծառայութեամբ տակաւին կը շարունակէ մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի կարեւոր առաքելութիւնները… Բայց կայ նաեւ խաչքար-յուշակոթողը` Հայ դատի ու պահանջատիրական ուղիին վրայ հայը միշտ զգաստ պահելու կոչով մը: Այս երեք կոթողները միասնաբար մէկ վկայութիւն կը կազմեն, ինչ որ տեսայ Վարուժան Ահարոնեանին մէջ, եւ որուն հանդիպեցայ նոյնինքն Լեւոնեան վարժարանին մէջ:
Վարուժան ծնած է Հռոմ եւ լաւ ներկայացուցիչ մըն է սփիւռքահայու, յատկապէս` ներկայ ժամանակներու իրականութեան: Մայրը Իտալիա հաստատուած է Հայաստանէն գալով, իսկ հայրը` Լիպիայէն: Ան քաղաքական գիտութեանց մէջ մասնագիտացած երիտասարդ մըն է, որ լաւ հայերէն կը խօսի. «Տունը հայերէն կը խօսինք, քիչ մը արեւելահայերէն, քիչ մը արեւմտահայերէն, բայց` հայերէն», կ՛ըսէ:
Վարուժան կ՛աշխատի Լեւոնեան վարժարանին մէջ, որ ներկայիս ունի աւելի քան տասներկու աշակերտ: Անոնք կը պատրաստուին եկեղեցական առաջնորդութեան` հայկական տարբեր գաղութներուն մէջ ծառայելու համար: Վարուժանին աշխատանքը առաւելաբար կ՛ընդգրկէ վարժարանի մատենադարանին առաքելութիւնը. այդ վայրը կարեւոր հիմք է մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի, «չծռող» դրոշմներով լի: Վարուժանին հետ զրուցելով` տեսայ, որ հայը կրնայ «չծռիլ» իր արժէքներէն եւ աւանդէն: Վարուժան երիտասարդ հայն է, որ հաւատացած է իր ըրած աշխատանքին կարեւորութեան, բայց նաեւ` իր ազգային ինքնութեան եւ անոր մշակութային արժէքին:
Բայց մեր հայրենի եւ սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջ տակաւին կան «ծռած» եւ «ծռող» օրակարգեր:
Թէեւ հպարտ ենք անկախացած հայրենիքով եւ անոր պետականութեամբ, բայց նաեւ մտահոգ ենք անոր մէկը միւսին ետեւէն զիրար հրմշտկող «ծռած» ու մնայուն կերպով «ծռող» իրավիճակներով: Սփիւռքեան համահայկական ընդհանուր իրավիճակին մէջ եւս կան նմանօրինակ, տարբեր տարողութեամբ, բայց «ծուռ» կամ «ծռած» իրավիճակներ:
Ինչ ձեւով ու պարունակով ալ փորձենք վեր առնել մեր հայկական համընդհանուր երեւոյթները եւ ի՛նչ պրիսմակով ալ ուզենք դիտել «ծուռ» եւ «ծռած» մեր ազգային բոլոր իրականութիւնները, կը մնայ մէկ կարեւոր եւ հրատապ առաքելութիւն ու մարտահրաւէր` «կրնա՞նք շտկել» ծանրն ու ծուռը:
Եթէ ախտաճանաչումը առաջին կարեւոր քայլն է ծռած երեւոյթներու կասեցման, սխալներուն նկատմամբ ներողամտութիւնը երկրորդ հանգրուանն է, ուրեմն շտկելու համար պատրաստակամութիւն, հոգի ու միտք ի գործ դնելը կը կազմեն գործընթացի ամբողջականութեան հասցնող ու կարեւոր օղակը:
Եթէ պիտի կառչինք շտկելու առաքելութեան, այս կը նշանակէ, թէ պարտինք պատրաստել եւ լիցքաւորել «հողը» եւ աշխատիլ նոյնինքն հողին «կազմաւորման» ուղղութեամբ, ինչպէս եղած է Փիզայի աշտարակի պարագային:
Հայուն «հողը» կը պատրաստուի մարդակերտումի եւ հայակերտումի անհրաժեշտ գրաւականներով: Իսկ հայուն հողին կազմաւորումը կը կայանայ ազգակերտման իրականութեան մէջ: Եթէ ազգակերտումի հրամայականը հայրենի մակարդակի վրայ պիտի նշանակէր Հայաստանի հզօրացումն ու անոր պետականութեան եւ ընկերային-տնտեսական վարչաձեւի կազմաւորումը, ապա սփիւռքի մակարդակի վրայ` հայապահպանման մեծ, ամբողջական եւ ընդհանրական առաքելութեան կառչիլն ու անոր ի խնդիր ամէն ինչ ընելը:
Իտալիայէն երկու նշմար… Բայց մէկ մեծ ու կարեւոր աշխատանքային հրամայական` «Կրնա՞նք շտկել»:
Եթէ Լեւոնեան վարժարանը եւ մեր բոլոր ազգային եկեղեցական կառոյցները այսօր կը շարունակեն գոյատեւել` ի գին մեծ զոհողութիւններու, ուրեմն տակաւին կը հաւատանք «շտկելու» կարեւորութեան: Շտկել սխալը, ծուռը, ծռելու ենթական: Շտկելով է, որ կարելի է պահել արժէքը:
Արժէքը` հայ մարդուն, հայ ինքնութեան եւ հայ ազգին: