Իրագործելի Եւ Իրականացնելի Ծրագրային Քայլերու Հետքերով

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Մարտ 2016

Որեւէ կազմակերպութիւն, ի՛նչ բնոյթի, գունաւորումի, պատկանելիութեան, արեւելումի կամ ուղղուածութեան ըլլայ, չի կրնար սոսկական ու պարագայական, կրաւորական ու պահպանողական դերակատարութեան մէջ գտնուիլ կամ իր գոյութիւնը պահպանել եւ կամ՝ իր գործունէութիւնը արդարացնել : 

Խօսքը կը վերաբերի ազգային բոլոր ձեւի ու կարգի կառոյցներուն, որոնք հայ ժողովուրդին (իմա՝ սփիւռքահայութեան) ծառայելու նուիրականութեան մէջ կը գտնուին եւ այդ մղումով կը գործեն : 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Մարտ 2016

Որեւէ կազմակերպութիւն, ի՛նչ բնոյթի, գունաւորումի, պատկանելիութեան, արեւելումի կամ ուղղուածութեան ըլլայ, չի կրնար սոսկական ու պարագայական, կրաւորական ու պահպանողական դերակատարութեան մէջ գտնուիլ կամ իր գոյութիւնը պահպանել եւ կամ՝ իր գործունէութիւնը արդարացնել : 

Խօսքը կը վերաբերի ազգային բոլոր ձեւի ու կարգի կառոյցներուն, որոնք հայ ժողովուրդին (իմա՝ սփիւռքահայութեան) ծառայելու նուիրականութեան մէջ կը գտնուին եւ այդ մղումով կը գործեն : 

Կը շեշտենք այս հրամայականութեան վրայ, որովհետեւ, վերջին տարիներուն, ազգային կառոյցներու գործունէութեանց մէջ, սկսած է նշմարուիլ որոշ նահանջատիրութիւն, նոյնիսկ պարտուողականութիւն, կենսունակութեան թուլացում, մակընթացութեան յամեցում : 

Պէտք է ըլլալ անաչառ եւ առարկայական ընդունելու այս տխուր իրավիճակին զգալիութիւնն ու շօշափելիութիւնը, ի տես հոն նկատուող տատանումներուն ու խարխափումներուն : 

Բնական է, մեր ակնարկութիւնը երբեք չերթար բոլոր ազգային կառոյցներուն, բայց, ատիկա չի նշանակեր, թէ չկայ մեր մատնանշած մտահոգութիւնը… քիչ մը բոլորին մօտ, քիչ մը ամէն գաղութի մէջ : 

Սփիւռքը, անյետաձգելիօրէ՛ն, կարիքն ունի վերանորոգուելու, վերարժեւորուելու, վերակենդանանալու ու վերալիցքաւորուելու : 

Իսկ ասոնք ինչպէ՞ս կրնան դրսեւորուիլ եւ իրականանալ, երբ՝ լճացումի, տեղքայլումի, նահանջումի եւ յամեցումի գործօնները կրնան արգելակել եւ սանձել անոր ուժականութիւնը, առողջականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը : 

Պարզ չէ՞ որ՝ պէտք է ազգային մեր կառոյցներուն տրուի նոր աւիւն, աւիշ եւ շունչ, առանց ուրանալու անցեալէն աւանդուածը կամ կտակուածը : 

Այո՛, Սփիւռքը, անհրաժեշտօրէ՛ն, կարիքն ունի մասնագիտական մարդուժի, ճարտարագիտական մտուժի եւ արհեստավարժական խելուժի, յարմարուելու, համակերպուելու ու քայլ պահելու ա՛յն իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն հետ, որոնք կը պահանջեն համապատասխան կեցուածք ու դրուածք : 

Սակայն, այդ բոլորը ինչպէ՞ս ձեռք կը ձգուին, կ’իրականանան կամ կը ձեւաւորուին, երբ ՈՐՈՇ հորիզոնականներու վրայ կը նշմարուին քարացած ու կաղապարուած ուղեղներ, ժամանակավրէպ գործունէութիւններու բիծեր կ’արձանագրուին, առողջացումի եւ երիտասարդացումի գործօնները կը մնան խօսքային սահմաններու, թղթային պարունակներու եւ օդային կարգախօսներու մէջ : 

Ասկէ՝ էական պահանջք ու հրամայական առաջադրանք կը դառնան դուրս գալը այդ անջրպետներէն, ինքնավերանորոգուելու, ինքնարժեւորուելու եւ ինքնաբացայայտուելու գնով լծուելու այնպիսի ազդու ներգործութիւններու, ընտրելու այնպիսի հատու միջոցներ, կազմակերպուելու այնպիսի հզօր գործօններով, որոնք ոչ միայն հայու գոյութենականութիւնը ապահովող ազդակներ կրնան դառնալ, այլեւ՝ վերապրումը երաշխաւորող ամրակուռ լծակներ : 

Համոզուած պէտք է ըլլալ, որ՝ ի դէմս բիւրաւոր մարտագրաւներուն, հայ ժողովուրդը ստիպուած ու պարտաւորուած է գործելու ու շարժելու ա՛յս սկզբունքներով ու հեռանկարներով :

Թէեւ մեր այս մատնանշումներն ու խորհրդածութիւնները բազմաթիւ անգամներ արծարծուած ու քննարկուած, վերլուծուած ու մեկնաբանուած հարցեր հանդիսացած են, սակայն, այս մէկը մեզ դարձեալ մղեց անդրադառնալու անոնց, այս անգամ՝ վերջերս հրապարակուած «Մամլոյ Հաղորդագրութիւն»ի մը առիթով, որ կը պատկանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան : 

Անմիջապէս մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հաղորդագրութեան ենթախորագիրը.

«Անցնող հարիւր տարիներուն Միութիւնը սատար հանդիսացած ըլլալով հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութենէն վերապրումի եւ վերականգնումի ճիգին, ԱՅԺՄ ԻՐ ՀԱՅԵԱՑՔԸ ԿԸ ՍԵՒԵՌԷ ԳՈՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ՝ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ»

Գիտակցաբար, գլխագրային ընդգծումի ենթարկեցինք վերջին բաժինը, որովհետեւ հոն ուրուագծուած է ՀԲԸ Միութեան տեսադաշտային ու գործադաշտային ամբողջ էութիւնը, նոր ժամանակներու մատուցումով, բայց, նոյնքան եւ աւելի, իր ապագայական անշեղելի ուղղութիւններով : 

Վեց հիմնական կէտերով, դէպի 21րդ դարու ընդմէջէն ընթացող ՀԲԸ Միութիւնը, հայ ազգին կայուն ապագայի հիմերը կը հետամտի իրականացած տեսնել ծրագրային հանգրուաններով, միացեալ ու միաձոյլ ՄԷԿ փաթեթի ձեւաւորումով ու հիմնաւորումով : 

Կասկած չկայ, որ այդ վեց կէտերը, իրենց համազգային ու համահայկական բնոյթներով, բովանդակութիւններով ու խորացումներով, ՀԲԸ Միութեան պիտի տան բարենշային նոր որակ ու չափանշային նոր մակարդակ, որ պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ անոր հիմնադրութեան եւ հիմնադիրներու օրինակելի աւանդին վրայ, նաեւ՝ այն ներդրումներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնք Միութեան տուին ապրելու եւ վերապրեցնելու նպատակասլացութիւն մը : 

Ամբողջովին բաժնելով հիմնակէտերուն տրամադրութիւնները եւ զանոնք իրականացնելու հնարաւորութիւններն ու պարտաւորութիւնները, սփիւռքեան թէ հայրենական բեւեռներու վրայ, որոնց քննարկումը եւս արժանի են լուրջ ու համապարփակ արժեւորումի, շեշտադրելի եւ անդրադառնալի նկատեցինք Սփիւռքին հետ առընչուած բաժինը : 

Ինչո՞ւ այս մէկը. պարզապէս անոր համար, որ Սփիւռք պահած ու սնուցած, Սփիւռքին ծառայած ու նուիրուած, Սփիւռքէն ծնած ու հասունցած, Սփիւռքով խմորուած ու թրծուած ՀԲԸ Միութիւնը այս հաւատամքով ու դաւանանքով, ոգիով ու կոչումով դարձաւ դրօշակակիրն ու ջահակիրը իր ժողովուրդին : 

Այսօրուան Սփիւռքը շա՜տ բան կը պարտի այն Միութեան, որ պահեց ու զօրացուց զայն, խնամեց ու կրթեց, կառուցեց ու շէնցուց, զօրակցեցաւ ու լիցքաւորեց, զայն կանգուն ու կենսունակ դարձնելու  «պետականացած» նախանձախնդրութեամբ : 

Սակայն, ժամանակները փոխուելով, պայմանները յեղաշրջուելով, պահանջքները կուտակուելով ու, մանաւա՛նդ, մարտահրաւէրները սրուելով, Միութիւնը՝ աւանդականին վրայ ուզեց կառուցանել արդիականը, պատմականին վրայ՝ նորարարականը, հայապահպանականին վրայ՝ վերակազմակերպչականը, սակայն, միշտ հետեւելով հիմնադիրներու եւ անոնց հետեւորդներու ուղեգիծին եւ անսալով անոնց վերանորոգելի կանչին : 

Իսկական վերազարթօնքային ուղի մը, «նոր կողմնորոշումով (որովհետեւ) ՀԲԸՄը կը վերականգնէ 20րդ դարու սեմին իր հիմնադիրներու սկզբնական ռազմավարութիւնը եւ տեսլականը, որ պարտադրաբար փոփոխութեան ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան պատճառով», կը հաստատէ «Մամլոյ հաղորդագրութիւն»ը : 

Ասկէ՝ «Միութիւնը ինքնավստահութեամբ առաջ կընթանայ (կամ կ’ուզէ ընթանալ՝ Պ.Ա.) 21րդ դարու յատուկ մարտահրաւէրներուն դէմ, որպէսզի ապահովէ հայ ազգին համար կայուն ապագայի մը հիմերը» կը շարունակէ հաղորդագրութիւնը : 

Երկու պարագաներուն ալ՝ ճի՛շդ բնորոշում եւ անշե՛ղ կողմնորոշում, պարզապէս անոր համար, որ իր արմատներուն վերակառչելու եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու վճռակամութեամբ, Միութեան ղեկավարութիւնը, միանշանա՛կ, գործելու եւ արդիւնաւորելու, կազմակերպելու եւ առաջնորդելու, յանձնառութեան տակ դրած է ինքզինք : 

Բնական պէտք է նկատել այս ընտրանքը, երբ աշխարհը՝ իր աշխարհակալումի ու համաշխարհայնացումի թաւալքով, ոչ միայն աւերներ կը գործէ ու կը պատճառէ, այլ՝ կը խեղաթիւրէ, կ’աղաւաղէ ու կը բռնաբարէ նուիրականութիւններ, աւանդութիւններ ու սրբութիւններ : 

Նման «ներխուժում»ներու պարագային, կարելի՞ է ձեռնածալ նստիլ, անտարբեր մնալ կամ կրաւորական դառնալ, երբ անոնք կրնան մթագնել ու խաւարել ամէն ինչ որ մարդկութեան բարօրութեան ու բարեկեցիկութեան ծառայութեան մէջ կը գտնուին : 

Որոշապէս՝ ոչ : 

Այդ սկզբունքով ու մեկնարկով ալ, ՀԲԸ Միութիւնը հրապարակ կու գայ իրականացնելի ծրագրային յայտագիրով մը, ուր վեց հիմնակէտերու մէջ խտացուցած է իր գործընթացին ուղին, սակայն, բոլորը մէկ ամբողջութեան մը մէջ ներկայացնելով, նկատի ունենալով անոնց անքակտելիութիւնն ու անխզելիութիւնը, յատկապէս Սփիւռք-Հայաստան առանցքներէն ներս : 

Ի հարկէ, իւրաքանչիւր կէտ ունի իր կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը, առաջադրութիւնն ու հրատապութիւնը, ինչպէս՝ ազգային առաքելութեան ծիրի հիմնաւորում եւ տարածում, արհեստավարժական կառոյցներու հզօրացում, ներդրումներու ու հիմնադրամներու ապահովում, կամաւորներու ու համակիրներու ցանցի վերաշխուժացում, համագործակցութեան ու համադրութեան առանցքներու ամրապնդում : 

Այս առիթով, դարձեալ կը կրկնենք, խիստ ուշագրաւն ու խորհրդածելին, առաջին կէտն է, ուր արձանգրուած է.

«Վերաշխուժացնել հայկական Սփիւռքը՝ անոր մէջ հրահրելով հայ ազգը վերակազմելու ձգտումը» : 

Զոյգ ընդգծումները մերն են, որովհետեւ ասոնք սկսած են թուլնալ կամ խամրիլ, հոգ չէ թէ ճիգեր կային զանոնք կենսունակ պահելու, սակայն, ոչ բաւարար արդիւնաւէտութեամբ : 

Պէտք է ընդունիլ, նաեւ հաստատել, որ հայկական Սփիւռքը, այս կամ այն ձեւով, այս կամ այն մակարդակի վրայ, արձանագրեց տատանումներ ու խարխափումներ, աւելի ճիշդ՝ հազիւ թէ կրցաւ ինքզինք վերանորոգել եւ վերակազմակերպել, անհրաժեշտ սլացքներով եւ յղացքներով : 

Բարեգործականը, հայաստանեան թէ սփիւռքեան մակարդակներու վրայ, հակառակ իր ունեցած գործօն դերակատարութիւններուն եւ ազդու մասնակցութիւններուն, կը գիտակցէր, որ՝ Սփիւռքը պէտք ունի վերանորոգ շիճուկի ու վերընթաց շարժի, որուն համար պէտք էր զօրակոչի ենթարկել համակողմանի այն բոլոր թեւերը, որոնք կրնան Սփիւռքի աշխուժութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը շօշափելի եւ արդիւնաւորելի իրականութեան վերածել : 

Այս կէտերը շեշտելի եւ ընդգծելի են, միանգամա՛յն, որովհետեւ, իրօ՛ք, հայկական Սփիւռքը՝ ի դէմս բազում ու խայտաբղէտ իր դժուարութիւններուն ու մարտակոչերուն, չի կրնար սովորամոլական, անցեալական կամ պարագայական գործելաձեւի սահմաններուն մէջ մնալ, որ, արդէն, վաղո՜ւց, սկսած էր իր տխուր ու մռայլ հետքերը ձգել սփիւռքահայութեան վրայ : 

Արդեօք որեւէ կազմակերպութիւն, ի՛նչ ուղղուածութեան պատկանած ըլլայ (եւ է՛ ), իր ինքնարժեւորման վերաքննութիւնը կամ վերատեսութիւնը կատարա՞ծ է եւ ի՞նչ գործնական քայլերով : 

Պատասխանը վարդագոյն ու գօտեպնդիչ ըլլալէ շատ հեռու է, իսկ ատոր համոզուելու համար, կարիքը կա՞յ բանգէտ կամ բազմագէտ ըլլալու, երբ չոր իրականութիւնը մեր առջեւն է : 

ՀԲԸ Միութիւնը ա՛յս անբաղձալի ուղին է որ շրջանցած է, խորապէս գիտակցելով անոր անհրաժեշտութեան ու հաւատալով անոր փոփոխութեան, առաջին հերթին, ախտորոշելով անոնց ուրուագծային կէտադրումը, ապա, զանոնք բառնալու հաւանականութիւնները, ի վերջոյ, գործնամիտ, գործնաշէն ու գործնամէտ ազգային-քաղաքական փլաթֆորմ մը կազմելու : 

Եթէ Սփիւռքը բարեկարգչական ու բարեփոխական սկզբունքներով չգործէ, հաւատալ պէտք է, կրնան սայթաքումներն ու գահավիժումները քայքայել հայ ժողովուրդի լինելութեան գրաւականները, Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան : 

Բարեգործականը, ըստ իս, Սփիւռքը նման փշոտ ճակատագիրէ մը հեռու պահելու, այլապէս ալ՝ առողջականացումի մը մղելու համար, կը փորձէ կայուն ապագայի մը հիմերը որոնել, որուն համար անհրաժեշտ են նաեւ յուսադրող ցուցանիշեր ու վստահեցնող գործօններ, հայ ազգը վերակազմելու ձգտումով, ինչպէս կը յուշէ հաղորդագրութիւնը : 

Յամենայն դէպս, Բարեգործականի շրջանակի թէ ոեւէ բանիմաց եւ իրատես հայորդիի համար, այս նախանձախնդրութիւնը ու պատրաստակամութիւնը, արժանի են ե՛ւ լուրջ ուշադրութեան ե՛ւ իրաւ քաջալերութեան, որովհետեւ ատոնք են որ կրնան եւ ի վիճակի են Սփիւռքը դուրս բերել իր մակընթացութենէն եւ ոլորապտոյտէն: 

1 comment
  1. Bottom line

    I read most of this very long essay.  I hope I did not miss something essential.  The message seems to be that the Diaspora should revivify itself. 

    Diasporans worked hard and long to maintain their Armenianness, and did so for a very particular sine qua non reason: That a glorious day would come when we would be (1) INDEPENDENT and (2) when independent, build a democratic and fantastic homeland.  Number (1) is now achieved, but instead of number (2), the worst among us grabbed the reins of power and rule over the country despotically.

    Among those in the Diaspora who support this regime, and hence this state of affairs, is the AGBU.  As such, however long an assay AGBU representative write, they will not be able to stimulate any sort of awakening in the Diaspora.  If the AGBU cannot bring itself to speak up against the regime ruling Armenia, cannot bring itself to note that the regime stole the recent referendum, cannot desist from propping and congratulating the banana republic, then no one will listen to the AGBU's message, because no Armenian wants a banana republic, and no Armenian will exert any sort of effort to perpetuate a banana republic. 

    If the AGBU is serious about waking the Diaspora up, it should, necessarily, itself snap out of its own reverie.

Comments are closed.

You May Also Like